ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ` Լիբանանի Նախագահ
Իսրայէլեան բանակին եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ 12 օգոստոս 1982-ին հաստատուած զինադուլը յաջորդող օրերուն ընդհանուր առմամբ յարգուեցաւ: Վերահաստատուած զգուշաւոր խաղաղութիւնը առիթ մը տուաւ որ Լիբանանի կիսաւեր ու արիւնաքամ մայրաքաղաքը փորձէ շունչ քաշել, այնքան` որքան որ կ՛արտօնէր զինուորական եւ պարենաւորման սեղմ պաշարման վիճակը: Աղէտահար Պէյրութ նաեւ փորձեց գնահատումը կատարել նախորդող օրերուն մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, որոնք հետեւանք էին ռմբակոծումներուն: Մարդկային զոհերուն թիւը կը հասնէր հինգ հարիւրը, կային բազմահազար քանդուած բնակարաններ, իսկ կարգ մը թաղամասեր ամբողջովին աւերակի վերածուած էին, հիմնովին փոխելով Պէյրութի պատկերը:
«Ազդակ» օրին, 14 օգոստոս 1982-ի թիւով եւ «Զինադուլ թիւ 11» խորագիրով ակնարկով կ՛ըսէր, որ զինադուլը մեծ դժուարութեամբ ծնաւ եւ արեւմտեան Պէյրութ շատ սուղ գին վճարեց անոր տիրանալու համար:
Պարզաբանելով, «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ Իսրայէլի մէջ Պեկինի կառավարութիւնը իրաւասութեան սահմանազանցում տեսաւ իր պաշտպանութեան նախարարին` Արիէլ Շարոնի հրահանգած զինուորական գործողութեանց մէջ եւ, առ այդ, որոշեց իսրայէլեան օդուժին շարժումները ուղղակիօրէն ենթարկել վարչապետին հսկողութեան եւ որոշումներուն:
Երկրորդին թատերաբեմը հանդիսացաւ ՄԱԿ-ը, ուր Միացեալ Նահանգները առաջին անգամ ըլլալով միացան Ապահովութեան Խորհուրդի միւս անդամներուն եւ պահանջեցին զինուորական գործողութեանց ամբողջական դադրեցումը, որպէսզի կարելի ըլլար վերջ տալ լիբանանեան մայրաքաղաքի պաշարումին:
Իսկ երրորդ եւ ամէնէն յատկանշական երեւոյթը պարզուեցաւ Լիբանանի մէջ, ուր խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատ երեսփոխաններ ժողովի հրաւիրեց օգոստոս 19-ին, կատարելու համար հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:
Շարունակելով` «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ թիւ 11 զինադուլը զատորոշող գլխաւոր տուեալը անոր վրայ դրուած գրաւին տարողութիւնն էր:
Այդ զինադուլը յարգելու իր յանձնառութեամբ` Իսրայէլ պիտի տար ապացոյցը քաղաքական լուծում մը գտնելու իր պատրաստակամութեան: Զինադուլին գոյատեւումէն կախում ունէր յատկապէս ամերիկեան նախաձեռնութեան վայելած վարկին նուիրագործումը: Իսկ եթէ թիւ 11-ը չկարենար տոկալ մինչեւ նոր նախագահին ընտրութիւնը, լիբանանեան խորհրդարանին վիճակուած այդ անդամալուծումէն անպայման պիտի տուժէր օրինականութեան վերջին կռուանը` հանրապետութեան նախագահութիւնը:
Եզրափակելով` «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ զինադուլէ մը աւելին էր օգոստոս 12-ին կայացած զէնքերը վար դնելու ընդհանուր համաձայնութիւնը: Իսրայէլ կը յուսար, որ պիտի սկսէր պաղեստինեան ուժերուն հեռացումը պաշարուած Պէյրութէն: Միացեալ Նահանգները ունէին այն ինքնավստահութիւնը, որ վերջապէս կրցած էին քակել լիբանանեան գորդեան հանգոյցին դժուարին ծալքերէն մէկը: Իսկ Լիբանան կ՛ուզէր հաւատալ, որ իր զաւակները պիտի կարենային ազգային համերաշխութեամբ հիմը դնել իրենց զօրաւոր պետականութեան:
***
Իսրայէլեան ուժերու կողմէ Պէյրութի արեւմտեան գօտիին եւ հարաւային արուարձաններուն դէմ ի գործ դրուած պաշարումը պարենաւորման եւ առողջապահական տեսակէտէն սուր տագնապներ ստեղծեց պաշարուած շրջաններու բնակչութեան համար, որ մեծամասնութեամբ կը մնար շրջաններուն մէջ, հակառակ անտանելի կացութեան:
Սննդանիւթերու եւ ջուրի քանակութիւնները մեծ նուազում արձանագրած էին, մանաւանդ պաշարման սեղմումի վերջին շրջանին: Քաղաքացիներ տասը օր շարունակ սննդական յոռեգոյն վիճակի մատուած էին, իսկ ըմպելի ջուրի պակասը անտանելի վիճակի մատնած էր ժողովուրդը:
Արեւմտեան գօտիէն ու հարաւային արուարձաններէն դէպի այլ ապահով շրջաններ գաղթը պատճառ դարձաւ պաշարուած շրջանները առողջապահական աղէտէ փրկելու, սակայն միւս կողմէ, սննդանիւթի պակասի հետեւանքով, համաճարակները իսկական վտանգ մը կը սպառնային այդ շրջանին մէջ ապրող բնակչութեան:
Պէյրութի արեւմտեան գօտիէն ներս բնակող կարգ մը բնակիչներու նախաձեռնութեամբ աղբերը կրաղիւսով ծածկուեցան: Նման աշխատանք մը բնակիչները զերծ պահեց այդ աղբերու սպառնացած վտանգներէն, սակայն կրաղիւսը ամէն պաշարուած շրջաններու մէջ ապահովուած չէր, հետեւաբար այդ նիւթէն զուրկ շրջանները զուրկ մնացին նաեւ առողջապահական պաշտպանութեան նուազագոյն միջոցներէն:
Արեւմտեան Պէյրութի երբեմնի խճողուած փողոցները անանցանելի դարձած էին քանդումներու եւ ռումբերու մնացորդներու պատճառով: Ամբողջ թաղամասեր քանդուած էին:
Կարգ մը վիրաւորներ կորսնցուցած էին իրենց ձեռքերն ու ոտքերը: Մեռեալները անճանաչելի դարձած էին:
Արեւմտեան Պէյրութի կէսը կամ քանդուած էր եւ կամ ծանրօրէն հարուած ստացած: Հազուագիւտ էին այն շէնքերը, որոնց վրայ ռումբի հետքեր չկային:
***
Սահմանադրականօրէն, հանրապետութան նոր նախագահի ընտրութեան թուականը կը մօտենար եւ «Ազդակ», 16 օգոստոս 1982-ի թիւով եւ «Միակ ելքը» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ Լիբանան եւ լիբանանեան տագնապով շահագրգռուած ամէն կողմ իր գրաւը դրած է հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեան վրայ:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ եթէ Լիբանանի պարագային նախագահական ընտրութիւնը կոչուած էր առաջքը առնելու սահմանադրական պարապի մը ստեղծումին, շրջանային թէ մեծապետական ուժերու պարագային ատիկա միակ ելքն էր լիբանանեան ծուղակէն դուրս գալու համար:
«Ազդակ» կը նշէր, որ Լիբանան իսկական ծուղակ մը եղաւ բոլոր անոնց համար, որոնք այս երկրի պայթուցիկ հակասութեանց մէջ ուզեցին գտնել Միջին Արեւելքի ամբողջ շրջանին վրայ իրենց լուծումները պարտադրելու զօրաւոր խաղաթուղթ մը: Երկարամեայ իր տագնապով` Լիբանան բոլորն ալ բերաւ այն դառն համոզումին, որ զէնքի ուժով կրնան հաւասարակշռութիւններ խախտել եւ կացութիւններ շրջել, բայց չեն կրնար որեւէ լուծումը պարտադրել:
«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով որ որքան ալ շահագրգռուած ըլլան արտաքին ուժերը, վերջին հաշուով խօսքը կը պատկանի նոյնինքն լիբանանցիներուն, որոնց ընտրութենէն կախում ունէին մնացեալ բոլոր ուժերուն վերապահուած ընտրութիւնները: Կը բաւէր որ այս երկրին զաւակները իրենք ունենային համապատասխան նախանձախնդրութիւնը, որպէսզի լիբանանեան տագնապով մօտէն թէ հեռուէն շահագրգռուած, մեծ թէ փոքր բոլոր ուժերը իրենք եւս մատնուէին անելը շարունակելու նոյն փորձութեան:
Լիբանանահայութեան կեցուածքը յստակացնելով «Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով.
«Ութամեայ տագնապին առաջին իսկ օրերէն մենք հետեւողականօրէն կառչած մնացինք քաղաքական այս մօտեցումին, ամէն ցնցումի դէմ յանդիման շեշտելով որ այս հայրենիքին հակասութիւնները չեն կրնար լուծուիլ զէնքի ճամբով: Այսօր եւս լիբանանեան ծուղակին դառն փորձառութիւնը ապրելէ եւ անոր բոլոր հետեւանքները կրելէ ետք, մենք պահանջողն ենք որ Լիբանան ի՛նք ընտրէ ազգային համերաշխութեան ուղին, իր հարցերուն քաղաքական լուծումներ գտնելու սահմանադրական կարգերու ելքը, որպէսզի իրեն հետ ամբողջ շրջանը կարենայ տեսնել որ լիբանանեան ծուղակը անխուսափելի չէ…»:
***
Լիբանան ներխուժած իսրայէլեան բանակը, որ մասնագիտացած էր յաղթական կայծակնային պատերազմներու մէջ, ժամանակին կը յաղթանակէր քանի մը օրուան մէջ` մեծաթիւ եւ կանոնաւոր բանակներու դէմ մղած իր պատերազմներուն ընթացքին: Բայց Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակը դէմ յանդիման կը գտնուէր աննախատեսելի հրոսակային դիմադրութեան: Հակառակ անոր որ Իսրայէլ չէր խնայած իր միջոցները եւ կը գործածէր ամէն հնարաւորութիւն: Շուրջ 80 հազար զինուոր, հարիւրաւոր հրասայլեր եւ զրահապատներ կռուի դաշտ նետուած էին. ծովուժը, թնդանօթները, հրթիռները գործի մղուած էին` առանց խտրութեան բնաջնջելու համար գիւղեր եւ քաղաքներ, հոն գտնուող ֆետայիները հեռացնելու համար: Մինչեւ յուլիսի վերջաւորութիւն եօթէն տասը հազար հոգի «ահաբեկիչներուն» համակրելու յանցանքով արգելափակուած էին:
Հարաւային Լիբանանի մէջ ֆետայական կեդրոններն ու զինամթերքը գրաւուեցան, սակայն պաղեստինեան դիմադրութեան զինուորական ենթակառոյցը տակաւին կանգուն էր:
Գալիլիոյ համար խաղաղութիւն կոչուող յարձակումին գլխաւոր նպատակներն էին Պաղեստինի ազատագրական շարժումը բնաջնջել եւ մաքրագործել հարաւի գաղթակայանները, անոնց բնակիչները մղելով դէպի հիւսիս եւ յատկապէս Պեքաայի հովիտը լայնածաւալ գաղթի մը: Հարցը կը շարունակէր ինքզինք պարտադրել եւ անհրաժեշտ էր զինուորական նոր գործողութիւններու ձեռնարկել, պաղեստինցի ժողովուրդին ստիպելու համար, որ հեռանայ դէպի արաբական այլ երկիրներ:
Սակայն Գալիլիոյ համար խաղաղութիւն որակուած գործողութիւնը աւելի շեշտեց իսրայէլեան պետութեան մեկուսացումը: Իր մղած բոլոր պատերազմներէն ասիկա առաջինն էր որ արեւմտեան հանրային կարծիքին մեծամասնութեան կողմէ դատապարտուեցաւ: Առաջին անգամ ըլլալով հրէական սփիւռքը մտահոգութեան հարցումներ ուղղեց Իսրայէլի հաշիւներուն արդիւնքին մասին, մինչ իսրայէլացի հարիւրաւոր մտաւորականներ հրապարակաւ դատապարտեցին ռազմապաշտ նախաձեռնութիւնը, զոր վնասակար կը նկատէին նոյնինքն իսրայէլեան պետութեան ապագային հաշուոյն: Նաեւ` իսրայէլացի քաղաքացիներուն մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կը նկատէր, որ Լիբանանի վրայ կատարուած ներխուժումը անարդար էր եւ դէմ կ՛արտայայտուէր Պէյրութի վրայ կատարուելիք յարձակումի մը:
Նոյնիսկ զինուորական ամբողջական յաղթանակի մը պարագային, Իսրայէլ պիտի չկարենար լուծել այն հարցերը, որոնց լուծումին համար կը մղուէր ենթադրաբար: Ամէն բան ցոյց կու տար, որ Իսրայէլ պիտի չկարենար շուտով դուրս գալ անողոք ոլորապտոյտէն:
***
Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան սեմին, եւ շարունակուող զինադուլի ու ամերիկացի բանագնաց Ֆիլիփ Հապիպի ծրագիրի գործադրութեան պայմաններուն տակ «Ազդակ», 23 օգոստոս 1982-ի թիւով եւ «Ձիթենիի ճիւղը» խորագիրով խմբագրականով կ՛ըսէր, որ նոր նախագահի մը ընտրութեան հարցը գրաւած է բոլորին ուշադրութիւնը, բայց Լիբանան կը նմանի վառօդի տակառի մը վրայ կեցած մարդուն, որ կ՛ապրի որեւէ վայրկեան պայթումի զոհ երթալու մղձաւանջը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ տարիներ անլուծելի մնացած Գորդեան հանգոյց մը սկսած է քակուիլ եւ իրեն հետ քակել տագնապին բոլոր հակասութիւնները, որոնք բախումի մթնոլորտ կը ստեղծեն` նոյնիսկ լուծումի մը յանգելու իրենց ընթացքին մէջ:
Շարունակելով` «Ազդակ» կը նշէր, որ Լիբանան պէտք ունի իր բոլոր հատուածներուն եւ քաղաքական հոսանքներուն առաւելագոյն ողջմտութեան, որպէսզի հայրենիքին մեծ տագնապը վերջնականապէս փրկելու իրենց ճիգին մէջ նոր անտեսումներ չգործուին, անտեղի վերագրումներ չպատահին եւ, մանաւա՛նդ, ոչ մէկ խոչընդոտ մնայ ազգային համերաշխութեան հասնելու ճամբուն վրայ:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ ձիթենիի ճիւղին կառչելու ողջմտութիւնն է անիկա: Իր տագնապին երկար ու անձկալից տարիներու ընթացքին, Լիբանան ոչ մէկ ատեն մօտ զգաց իր նոր ու լաւագոյն կեանքը աւետող ձիթենիի ճիւղին: Առաջին անգամ ըլլալով, զէնքերէն ու ռումբերէն աւելի զօրաւոր կը հնչէր քաղաքական իրապաշտութիւնը, կարելի լուծումներ գտնելու եւ անհրաժեշտ զիջումներով անոնց շուրջ համաձայնելու ողջմտութիւնը: Զինուորական լուծումներ պարտադրելու ամէն փորձ վերջին հաշուով մատնուեցաւ նոյն անելին եւ միայն քաղաքական տիալոկի ճամբով ելք մը գտնուեցաւ օտար բանակներու ժամադրավայր դարձած այս հայրենիքի տագնապին:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ ողջմտութիւն կը պահանջուի նախագահական ընտրապայքարէն, որ անձերէն եւ հոսանքներէն շատ աւելի մնայուն կռուան մը` անկախ Լիբանանի պետական օրինականութիւնը հարցականի տակ առած էր: Հայրենիքին կամքը խորհրդանշող առաջին նախագահութիւնը ուժ է` իրեն զօրավիգ կանգնող լիբանանցիներու միասնականութեամբ:
***
Երկուշաբթի, 23 օգոստոս 1982-ին լիբանանեան խորհրդարանը հանրապետութեան նախագահ ընտրեց շէյխ Պեշիր Ժըմայէլը: Ընտրութեան նիստը տեղի ունեցաւ Ֆայատիէի զինուորական վարժարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ 62 երեսփոխաններու: Առաջին քուէարկութեամբ շէյխ Պեշիր ստացաւ 58 ձայն, իսկ երկրորդ քուէարկութեամբ` 57 ձայն, իսկ քուէատուփին մէջ ձգուած միւս թուղթերը ճերմակ էին: Նկատի ունենալով որ երկրորդ քուէարկութեան, քուէներու պարզ մեծամասնութիւնը բաւարար է նախագահի մը ընտրութեան համար, խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատ յայտարարեց ընտրութիւնը շէյխ Պեշիր ժըմայէլի:
Մամլոյ առաջին յայտարարութեան ընթացքին շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ յայտարարեց, որ ձեռք կ՛երկարէ իւրաքանչիւր լիբանանցիի, արաբի, պետական անձնաւորութեան եւ բարեկամի, Լիբանանի վերակառուցման աշխատանքին մէջ գործակցելու համար:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նիստէն ետք, քուէարկութեան արդիւնքին դէմ դժգոհութեան արտայայտութեան բացասական արարքներ կատարուեցան, յատկապէս` նիստին ներկայ եղող երեսփոխաններու բնակարաններուն եւ գրասենեակներուն դէմ, թէ՛ Պէյրութի արեւմտեան գօտիին եւ թէ հիւսիսի մէջ: Թրիփոլիի մէջ զինեալ տարրեր գրաւեցին քանի մը ոստիկանատուներ:
***
Ամերիկացի պատուիրակ Ֆիլիփ Հապիպի ծրագիրի գործադրութեան իբրեւ առաջին քայլ, պաղեստինեան ուժեր օգոստոս 21-էն սկսեալ Պէյրութէն սկսան հեռանալ դէպի արաբական երկիրներ:
Առաջին հերթին զինուորական փոխադրակառքերով պաղեստինցի զինեալները նաւահանգիստ փոխադրուեցան, ուր, ներքին ապահովութեան ուժերու կողմէ ինքնութեան ստուգումէ ետք նաւեր բարձրանալով Կիպրոս փոխադրուեցան: Այնուհետեւ Կիպրոսէն անոնք Ամման եւ Պաղտատ փոխադրուեցան: Պաղեստինեան ուժերու այլ խումբ մը Հարաւային Եմէն մեկնեցաւ: Յաջորդող օրերուն պաղեստինցի զինեալներ փոխադրակառքերով Սուրիա փոխադրուեցան:
Այնուհետեւ Պէյրութ ցամաք ելան բազմազգեան` ֆրանսական, իտալական եւ ամերիկեան ուժերու զօրաբաժիններ:
Բազմազգեան ուժերը կոչուած էին սահմանափակ ժամանակ մը Լիբանան մնալու եւ յստակ առաքելութիւն մը ամբողջացնելու, յատկապէս` լիբանանեան պետութեան օժանդակելու եւ այդ` քաղաքական լուծման ծրագիրը ամբողջացնելու, Պէյրութի տագնապը լուծելու եւ պատերազմական գործողութեանց թատերաբեմ հանդիսացած շրջաններու խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը վերահաստատելու, նախապատրաստելով իսրայէլեան ուժերու վերջնական հեռացումը:
Բազմազգեան ուժերու պահանջին պատճառները բազմաթիւ էին. կարեւորագոյնը այն էր, որ անոնք կրնային զսպիչ ուժ հանդիսանալ եւ պէտք եղած պարագային հակազդել իրենց ուղղուած յարձակումներուն:
Բազմազգեան ուժերու ծրագիրին ամէնէն կարեւոր կէտը լիբանանեան բանակի մասնակցութիւնն ու ծրագիրին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելն էր: