Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն «Աղբերու Կուտակումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղբերու կուտակումը եւ մեր առողջութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բժիշկ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ հակառակ...
















