Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով կը սկսինք հրատարակել «Ազդակ»-ի յօդուածագիրներէն Աւօ Գաթրճեանի յօդուածաշարքը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի կուսակցութեան 125-ամեայ երթին ընդմէջէն անոր դերն ու արժէքը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ:
Ներածական
Որեւէ կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ միութիւն ընկերային անհրաժեշտութեան մը արդիւնքն են, որոնք մտայղացումն են կեանքի նպատակը հետապնդող, գաղափարակից քանի մը անհատներու, բայց այդ չի նշանակեր, որ կազմակերպուած կուսակցութիւնները անհատական ստեղծագործութիւններ են, որովհետեւ իրենց մտածումները, որքան ալ նոր, որքան ալ զիրենք նախորդող մտքերուն ու գաղափարներուն հակադրուող եւ նոյնիսկ տարօրինակ ըլլան, այդ մտայղացումները հասարակական կեանքի արտացոլացումներն են: Ակներեւ են սակայն անհատները իրենց ապրած հասարակական կեանքը կռահելու ու ընկալելու, ինչպէս նաեւ ընկերային պահանջներուն ուղղութիւն տալու կարողականութեամբ:
1890-ին, վերոյիշեալ բնութագրուած եղանակող ու օրինաչափութեամբ, ծնաւ յատկապէ՛ս հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան գերակշիռ դարբինը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր հրածին ու արիւնով մկրտուած հիմնադիրներով: Անոր ծնունդը խտացումն ու ամփոփումն էր դարերէն եկող հայոց կարիքին, ազատագրական մաքառումներու անհրաժեշտութեան: Ծնաւ հայ քաղաքական մտածողութեան հակադիր տեսակէտները համադրելով ու իր երիտասարդ տեսլապաշտ հիմնադիրներուն` Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի անհատական զիրար ամբողջացնող արժանիքներուն շնորհիւ` իր շուրջ համախմբելով գործող բոլոր յեղափոխական տարրերը, եւ յեղափոխական կռիւի տարտղնուած ճիգերն ու առաջին փորձերը դրաւ ազգային ազատագրական պայքարի ընդհանուր հունին մէջ: Որդեգրեց կազմակերպական ապակեդրոնական սկզբունք: Մշակեց Արեւմտահայաստանի մէջ տնտեսական եւ քաղաքական ազատութիւն ձեռք բերելու քաղաքական նպատակ եւ անոր իրականացման համար ընդունեց մարտավարական զանազան միջոցներ: Իր կարմիր դրօշին տակ համախմբելով հայ մտաւորականը, հայ մարտիկն ու բանուորը: Ծնաւ ազնիւ ժողովուրդի արգանդէն անբիծ` ջնջելու անոր մորմոքն ու կսկիծը:
Ակնյայտ իրողութիւն է, որ կազմակերպութիւն մը կամ գաղափարական շարժում մը անկասկած կը ստեղծուի որոշ նպատակ մը իրագործելու ձգտումով եւ անհրաժեշտաբար պէտք ունի իր գաղափարները տարածող քարոզչական ու դաստիարակչական ամէնէն ազդու զէնքերուն` գրաւոր եւ բանաւոր խօսքին: Այս իրողութենէն մեկնելով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) հետզհետէ ծաւալող իր գործունէութեան համար անմիջական անհրաժեշտութեան կարիքը զգաց «գաղափարական գրականութեան» մը ստեղծումին:
Այնուհետեւ, «դաշնակցական գրականութիւնը» ճամբայ բացաւ նաեւ ազգային-քաղաքական եւ տեսական մակարդակի վրայ սպասուած եւ անհրաժեշտ նկատուած զարթօնքին` իբրեւ հայութեան մտաւոր ու հոգեկան ազատագրման հիմնական ազդակներէն մէկուն:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն պարզ գործիչը իր ներդրումը ունեցած է «դաշնակցական գրականութեան» ստեղծման աշխատանքին մէջ: Այսօր, գործածուող շատ կարգախօսներ, որոնք խոր ազդեցութիւն ձգած են դաշնակցական մտածողութեան վրայ, կու գան այդ գրականութենէն, ինչպէս` Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յարատեւ կռիւ»-ի եւ «Յաւելեալ արեան» գաղափարները, Խաչատուր Մալումեանի «Դէպի Երկիր» կարգախօսը, որ միշտ խթան կը հանդիսանայ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը ուղղելու դէպի հայաստանակեդրոն աշխատանքին:
Գործիչներու կարգ մը պատգամներն ու խորհուրդները հետագային կարգախօսներու վերածուած են. բացի անոնցմէ` առաջ եկած են այլ կարգախօսներ եւս, որոնք ծնունդ առած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովներէ, յեղափոխական երգերէ, «Դաշնակցական գրականութեան» գիրքերու խորագիրներէ եւ այլն, օրինակ` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ազատութիւն կամ մահ» (Մահ կամ ազատութիւն), «Սուրբ գործ», «Պատիւ ունեցողը թող գայ», «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», «Դաշնակցութիւնը գործի կուսակցութիւն է», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» եւ այլն:
Տեղին է նշել, որ այս պատգամները կարգախօսի վերածուած` 125 տարիներ թրծեցին սերունդներ, պատերազմի դաշտերուն, հանդիսութիւններուն, ձեռնարկներուն` մեր թուլցած հոգիները ամրացնելու, տկարացած սիրտերը զօրացնելու, պղտորած միտքերը բիւրեղացնելու, տգիտացած ուղեղները զարգացնելու: Միւս կողմէ, սակայն, փոքր համայնապատկերով մը մեզի կը ներկայացնեն մարդկութիւնը, հայութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին, եւ վերջապէս, հայոց պատմութեան մէջ 1890-էն սկսած, երեք դարեր շարունակ իր դրոշմը ձգած ՀՅ դաշնակցութեան 125 տարիները:
Ուստի, այս մեկնակէտէն ելլելով է, որ նախաձեռնեցինք ՀՅԴ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, ՀՅԴ ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐ` ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԳ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ ԾՐԱԳԻՐ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ, ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՅ ԴԱՏ եւ այլ հասկացութեանց խորհուրդներ եւ պատգամները դաշնակցականներու մօտ աշխատութիւնը:
Ուսումնասիրական այս աշխատասիրութիւնը մեզի կը ներկայանայ իբրեւ ՀՅ դաշնակցութեան յաջորդաբար փորձառութիւն ձեռք ձգած գաղափարներ` խուսափելով, սակայն, անցեալն ու ինքզինք շարունակ կրկնելէ: Ան հարազատ արտայայտութիւնն է տարիներու ժամանակահատուածին սերունդի դաշնակցական շառաւիղի ոգիին:
Արդարեւ, իբրեւ բանաձեւուած միտք եւ հաւաքական մտածողութիւն Դաշնակցութեան հայեացքը եւ պատկերացումը լաւագոյնս կ՛ապացուցեն ազգային հեռահար տենչերու իրականացման ուղին, եւ առաւելաբար կը բնութագրեն դաշնակցական աշխատանքի եւ աշխարհահայեացքի ամբողջական պարունակը:
Դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները կարգ մը հասկացութեանց շուրջ կը յատկանշուին ոճով մը, մեզի ցուցմունք կու տան, մեր հորիզոնները կ’ընդարձակեն, փորձառութիւն կը ներկայացնեն:
Այս համեստ աշխատասիրութեամբ փորձ մը կը կատարենք տարբեր դիտանկիւնէ ներկայացնելու դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները, Դաշնակցութեան ծրագրին մէջ զանազան հասկացութեանց ընդգրկուող, որպէսզի աւելի ամուր հիմերու վրայ դրած ըլլանք վերը կատարած մեր հաստատումները:
Վերջապէս, 125 տարիներու վրայ երկարող եւ յաւելուող տարիներու թիւը չէ բնականաբար Դաշնակցութիւնը մեծցնողը, այլ` սկիզբէն ի վեր իր անկոտրում պայքարը, «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» կերտելու յամառ երազանքը, սերունդներ դաստիարակելու իր հմտութիւնը, ընդհանուրը անձնականէն աւելի վեր դասելու գաղափարը, անսակարկ նուիրումով ու ոչ եսակեդրոն աշխատելաոճը, ընկերվար, ժողովրդավար ու ապակեդրոն գաղափարաձեւը, եւ աւելին ու աւելին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի առիթով մենք խիստ կարիքը կը զգանք ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ գանձին` իբրեւ լուսաւոր եւ պողպատեայ ուսումնական ամպիոն:
———————
Ա.
Հայ ազատագրական շարժման եւ հայ յեղափոխութեան ռահվիրայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 125 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ եղաւ նուիրումի, կամքի ու վճռական գործի հարուստ կենսագրութեամբ հսկայ կազմակերպութիւն մը: Այս ազգային կուսակցութեան կտրած ճանապարհը, անոր պատմութեան իւրաքանչիւր էջը կերտուած է ժողովուրդի ծոցէն ծնած հազարաւոր զաւակներու արիւնով, քրտինքով ու գաղափարով:
Երեք դարերու վրայ երկարող, մէկ ու քառորդ դար կեանք ունեցող այս կաղնին տակաւին կը գոյատեւէ հաստատ ու կայուն քայլերով:
ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիրները իրենց խօսքով, գրիչով եւ գործով ստեղծեցին Դաշնակցութիւնը, որ քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալէ աւելի, դարձաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան եւ ազգային արժէքներու պաշտպանման ջահակիրը:
Դաշնակցութիւնը եղած է ու է յեղափոխական կուսակցութիւն, ոչ թէ միայն իր մղած փառապանծ մարտական գործունէութեամբ, այլ նաեւ այն պատճառով, որ արմատական հոգեփոխութիւն մտցուց հայ ժողովուրդի մտածելակերպին եւ նկարագրին մէջ, որ մինչ այդ իր դժբախտ նկարագրին հետ հաշտուած, քաղաքական տեսլականէն զուրկ ու կրաւորական ընթացքով վերածուած էր լոկ կրօնական համայնքի: Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեամբ ջնջեց օտարի աւիւններով բաժնուած մեր ազգի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները:
Դաշնակցութեան գաղափարական շէնքի կերտման մեծ վարպետ Քրիստափոր Միքայէլեան ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութիւնը հայ ժողովուրդին այսպէս կը պատգամէր. «Կուսակցութիւնն է ժողովրդի համար եւ ոչ թէ ժողովուրդը` կուսակցութեան համար»: Իսկ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը ուղղելու դէպի հայաստանակեդրոն աշխատանքին, մենք կը կարդանք հրեղէն պատգամը հայ յեղափոխութեան անզուգական առաջնորդին` յաւերժօրէն ներշնչող, յաւերժօրէն հարազատ. «Համարձակութիւն է հարկաւոր` իշխողների լպիրշ երեսին շպրտելու համար իրենց պատշաճ տեղը մարդկային հասարակութեան մէջ, բայց այդ բաւական չէ: Իշխողների կազմակերպուած ուժի դէմ հակադիր ուժ ստեղծելու համար անհրաժեշտ են.
ա) Ընդհանուր դրութեան եւ շահերի պարզ գիտակցութիւն,
բ) Ոչ մի տեսակ զոհողութիւններից յետ չկանգնեցնելու անյողդողդ վճռողականութիւն,
գ) Համաձայնութիւն, համերաշխութիւն` կռուելու կոչուող տարրերի մէջ:
Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին, ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին:
Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով` յարատեւի, ահա դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը: Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ուժ, չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով:
Համակ բարոյականութիւն ու սկզբունքայնութիւն` իրաւամբ կոչուած աշխարհիկ սուրբ Սիմոն Զաւարեանը, Դաշնակցութեան կիզակէտի կեդրոնացումը կը բնորոշէ հետեւեալ տողերով. «Դաշնակցութեան մէջ, անհատներից, խմբերից կոմիտէներից սկսած մինչեւ Բիւրօ եւ Պատասխանատու մարմին, չկայ խնդիր իրաւունքի եւ իշխանութեան, այլ միմիայն պատասխանատուութեան պատրաստակամութեան` կատարելու կազմակերպութեան որոշումներն ու ընկերների խնդիրները»: Իսկ կուսակցութեան գործելաձեւի` արդարութեան, ճշմարտութեան ու յառաջդիմութեան եւ դաշնակցականի պարտականութեան ու պարտաւորութեան համար Զաւարեան այսպէս կը գրէ. «Դաշնակցականը` իբրեւ ազատագրութեան զինուոր, պիտի պայքարի ամէն կարգի կեղեքման դէմ, պիտի պաշտպան հանդիսանայ, որպէսզի մէկի աշխատածը չյանձնէ միւսին, որպէսզի մին չդրուի առանձնաշնորհեալ պայմանների մէջ` միւսի համեմատ:
«Կեղեքումներն ու ճնշումները լինելով շատ եւ բազմակողմանի` պայքարը մղելու է կշռուած ու կազմակերպուած ձեւով: Ո՛չ միայն ճշդելու է կեղեքման ձեւերի էականն ու հիմնականը, այլ աւելի եւս անհրաժեշտ է որոշել փոփոխութեան այն միջոցները, որոնք հասունցած եւ հնարաւոր են գործադրութեան համար:
«Իսկ այդ ամէնը գնահատելիս, հաշուի պիտի առնել ոչ միայն մեր միջավայրի պայմանները, այլեւ` ուրիշ երկրների փորձերը: Արդարութեան, ճշմարտութեան ու յառաջդիմութեան մասին մարդկութեան ստեղծած իտէալը մինչեւ օրս եղած է մեր առաջնորդող լուսատու աստղը»:
Դաշնակցական գործի հմուտ վարպետ, շարժիչ ուժ ու ղեկավար Ռոստոմ Դաշնակցութեան յեղափոխական ըլլալը կը բնորոշէ նշեալ տողերուն մէջ. «Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետոյ` գաղափար: Աւելի ճիշդ` յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար»: Իսկ գործի կուսակցութիւն ըլլալը Ռոստոմ ուղղակիօրէն կը գրէ, որ` «Եթէ Դաշնակցութիւնը այդքան խօսի, նա գործ չի կատարի»:
ՀՅ դաշնակցութեան անբաժան երրորդութիւնը` Քրիստափոր Միքայէլեան, Ստեփան Զօրեան` Ռոստոմ եւ Սիմոն Զաւարեան մեծ գրականութիւն թողած են մեզի եւ տուած` խորհուրդներ ու պատգամներ, որպէսզի իւրացնենք ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութիւնը: Իւրաքանչիւրին արտակարգ նկարագիրն ու գաղափարները սուր ձեւով ազդած են կազմակերպութեան հաւաքական գործունէութեան վրայ: Թէեւ բնաւորութեամբ տարբեր, բայց զիրար ամբողջացնող, հիմնադիր երրորդութիւնը ներդաշնակութիւն մը կազմած է` դառնալով կազմակերպութեան երրախորհուրդ սիւները: Ինչպէս նաեւ ե՛ւ միտքը, ե՛ւ կամքը, ե՛ւ խիղճը զուգահեռաբար:
Արդարեւ, ՀՅ դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը հիմնադիրներու ընդմէջէն ցոյց կու տայ, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը եկաւ փաստելու, թէ այս կուսակցութիւնը յաջողեցաւ միացնել ու գործի լծել հայ ժողովուրդի ցիր ու ցան տարրերուն ամէնէն կենսունակ հատուածները` աշխատաւորութիւնը, մարտնչող ուժերը եւ մտաւորական դասը: Այս բոլորը խտացումն է ՀՅԴ-ի զինանշանին, որ ցայտուն կերպով կ’արտացոլայ մեզի: Երեք նուիրական առարկաներ, որոնք կը խորհրդանշեն երեք տարբեր բնագաւառներուն եւ ուժերուն ու այդ երեքին համադրութիւնը, միաձուլումը գործի դրուած է սրբազան Դատի մը իրագործման համար: Այս է գաղտնիքը վերջապէս ՀՅԴ-ի անսասանութեան, ուժականութեան, երիտասարդացման եւ դէպի յառաջ միշտ քալելու ու ազգանուիրութեան եւ հայրենասիրութեան անսահման զոհողութեան:
Հուսկ, ՀՅԴ-ի հիմնադիր երրորդութեան վերոնշեալ այս կուռ եւ միահիւսուած գաղափարականութիւնը, բարոյականութիւնը եւ յեղափոխական կազմակերպական գործի ամբողջականութիւնը դարձաւ այն գերակշիռ պատկերը, որ շարունակեց Դաշնակցութեան հետագայ բոլոր սերունդներու մէջ եւ հանդիսացաւ անոր բնութագիրը, էութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը: Հետեւաբար Դաշնակցութեան յաջողութիւնը 125 տարիներու վրայ կը կայանայ իր սկզբունքային ու հետեւողականութեան մէջ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
(Շար. 1)