Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը

Նոյեմբեր 17, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

G20 Liderler Zirvesi

Փարիզը ցնցած ահաբեկչական ալիքը Ֆրանսայի սահմաններէն շատ արագ դուրս եկաւ եւ համակեց ամբողջ աշխարհը: Այն թերահաւատութիւնը, որ իսլամական ծայրայեղականութեան տարազին տակ կիրարկուող արշաւանքները կը մնան սահմանափակուած միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ եւ նոր խալիֆայապետութիւն հաստատելու կոչուած ահաբեկիչները չեն վերածուիր վերահսկողութենէն դուրս եկող գործիքներու, հիմնովին շրջուած է ներկայ պահու դրութեամբ:

Նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման մասին են վերլուծումներու ընդհանուր ընդգծումները: Եւ այս առումով հետեւեալ պատկերը կը նախանշէ, թէ ժամանակի առումով որոշ հանգրուանի մը համար ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանան իրադարձութիւնները:

Ֆրանսան եւ իրեն հետ արեւմտեան ուժեր արդէն կը նախապատրաստուին իրենց սահմանափակ գործողութիւնները ահաբեկիչները հարուածելու նպատակով ընդարձակելու եւ բեմականացումէն անդին ճակատագրական հարուած հասցնելու. կը թուի, որ վերահսկողութենէ դուրս եկած գործիքը չէզոքացնելու միտող հարուածներու մասին է խօսքը: Այսինքն, մօտաւորապէս այն թափը, որ ռուսական օդուժը շաբաթներէ ի վեր կը կիրարկէ կեդրոնանալով իրեն համար ռազմավարական գօտիներու վրայ:

Արդիւնքը նման գործողութիւններու տարողունակութեան բարձրացման կ՛ըլլայ այն, որ արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Ռուսիան ու նոյնինքն Արեւմուտքը (ներկայ պահու դրութեամբ Ֆրանսայի առաջնորդութեամբ) միեւնոյն ուժգնութեամբ կը հարուածեն ՏԱՀԵՇ-ի ռազմական կեդրոնները:

Տարբեր խնդիր է այն, որ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ Արեւմուտքի ռազմական քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, աջակցիլ-խոչընդոտել խաղի տեսքով Եւրոպայի մէջ պումըրանկի հզօր ազդեցութիւն սկսած է գործել: Առ այս պահը ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական ալիքէն զերծ են Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը. այս վերջինը կը բացակայի նոյնիսկ ՏԱՀԵՇ-ի բանաւոր յայտարարութիւններուն թէ հաղորդագրութիւններուն մէջ:

Ահաբեկչութեան արտահանումը Միջին Արեւելքէն առայժմ կեդրոնացած է դէպի Եւրոպա: Եւ եթէ շարունակուի ՏԱՀԵՇ-ի գործիքի տեսութիւնը, ապա զայն գործիքաւորողը յատկապէս ծրագիրներ ունի ինչպէս Միջին Արեւելքի, այնպէս նաեւ Եւրոպայի համար:

Շարունակենք վարկածի տրամաբանութիւնը եւ տեսնենք, թէ այստեղ ո՞ր ուժն է,  պետութիւնը, սահմանամերձ շրջանը, ՏԱՀԵՇ-ին գործնական, զինուորական եւ ֆինանսական աջակցութիւն տուած, որպէսզի անարգել թափանցէ Իրաք եւ Սուրիա: Եւ այժմ գաղթականներու զանգուածային խմբաքանակներ ուղարկած Եւրոպա, նախ եւ առաջ մարդկային աղէտ, ճգնաժամ եւ իբրեւ այդպիսին համաեւրոպական տագնապ ստեղծած:

Իրադարձութիւններուն հետեւողները վստահաբար համոզուած էին, որ մարդկային տագնապի սահմաններուն մէջ պիտի չաւարտէր այս խաղը: Եւ եթէ դէպի Իրաք ու Սուրիա, կամ այլ խօսքով միջինարեւելեան տարածքներու վրայ ահաբեկչական գործիքը կը թափանցէր Թուրքիայէն թելադրուած, ապա նոյն կեդրոնը գաղթականներու ալիքին առընթեր ահաբեկչական ալիքը կ՛արտահանէր դէպի Եւրոպա: Գաղթականներու հոսքին ներթափանցման նպատակով, միացած են «գաղթական ահաբեկիչ»-ներ: Թուրքիան այս երկրորդ ճգնաժամի ստեղծման համար հերթական անգամ ստանձնեց տարանցիկի դեր եւ օժանդակեց այդ տարրի Եւրոպա արտահանման:

Մարդկային տագնապի թէ ահաբեկչական ալիքի ստեղծած իրավիճակներու մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները այնքան քաղաքականացուած են, որ միջազգային լրատուադաշտը, նոյնինքն եւրոպականները ներառեալ, տագնապներու ստեղծման պատասխանատուութիւնը չկեդրոնացուցին Անգարայի վրայ: Պատճառահետեւանքային վերլուծման որեւէ առարկայական փորձ չի  կրնար անտեսել Անգարայի պատասխանատուութիւնը մարդկութիւնը հարուածող այս երեւոյթներու ախտորոշման ընթացքին:

Քսաններու խմբակի ժողովը Թուրքիոյ մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ: Թուրքիոյ նախագահը Փարիզի պատահարները կ՛որակէ մարդկութեան դէմ կատարուած արարքներ եւ հերթական փորձ կը կատարէ քրտական շարժումներն ու ՏԱՀԵՇ-ի համահաւասարեցնելու:

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման ընթացքն է, որ կ՛արձանագրուի: Ահաբեկչութիւններ եւ հակահաբեկչական ճակատներ: Այս ընդհանուր յարաբերակցութիւնն է բեւեռացման նոր միտումը: Ահաբեկչութիւն յղացքի իւրայատուկ ընկալումները թերեւս այնքան սուր խնդիր չեն: Աւելի մտահոգիչը ահաբեկիչներուն աշխարհագրական տարբեր միջավայրեր թափանցման եւ անոնց արտահանման գործին հիմնովին նպաստող պետութեան նկատմամբ թիւր ընկալումն է: Հարուածուող երկիրներու ներկայացուցիչները տագնապի դիմակայման ձեւերը  կը քննեն հարուածողներու գլխաւոր հովանաւորին հետ: Եւ եթէ միջազգային լրատուադաշտը չ՛ուզեր տեսնել այս իրականութիւնը, ապա հայկականը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ առնէ այս փաստը:

«Ա.»

Նախորդը

Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Մարզային Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ա. Սէ. Միլան Կ՛ուզէ Վերստին Իր Կազմին Միացնել Իպրահիմովիչը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?