Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ` «Սրբալոյս Միւռոնի Խորհուրդը Եւ Միւռոնօրհնութեան Իմաստը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Նոյեմբեր 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4975

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 16 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սրբալոյս միւռոնի խորհուրդը եւ միւռոնօրհնութեան իմաստը» նիւթով դասախօսութիւնը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան նիւթը` հաստատելով, որ ըստ ՀՕՄ-ի ծրագիր-կանոնագիրին, ԼՕԽ-ը բարեսիրական կազմակերպութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ան նաեւ պահապանն է հայ մշակոյթին, լեզուին եւ եկեղեցւոյ: Գէորգեան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի 2014-2016 երկամեայ ծրագիրին, որուն մէջ կ՛ընդգրկուի նաեւ միւռոնօրհնութեան արարողութեան ծանօթացումը: Ան հայութեան կնիքը խորհրդանշող միւռոնին անդրադառնալէ ետք, կենսագրական գիծերը ներկայացուց օրուան դասախօսին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պսակ աբղյ. Թեբիրճեանին, որ այժմ կը պաշտօնավարէ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ` իբրեւ փոխտեսուչ:

Հայր սուրբը սկսելով իր դասախօսութեան նախ եւ առաջ յստակացուց, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն մէջ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը իւրայատուկ արարողութիւն մըն է, որ խթան կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի հաւատքի վերանորոգման: Ան լուսարձակի տակ առաւ Աստուածաշունչ մատեանին պատկերացումները միւռոնօրհնէքի մասին, ուր Ս. միւռոնը, դրուագներու ընդմէջէն, կ՛արտայայտուի իբրեւ ձիթենի, օծման իւղ, իւղ կամ անուշահոտ իւղ, որոնք հիմնականին մէջ կը բաժնուին երեք տարբեր գլխաւոր մասերու` քահանաները օծելու, տօնական առիթներու եւ մեծարանքի, յարգանքի ու պատուելու համար:

Հայր սուրբը նշեց, որ միւռոնը կամ մեռոնը, որ ձիթապտուղի իւղային նիւթ մըն է, յառաջացած է յունարէնէ, իսկ անոր գործածութիւնը շատ հին է հայ եկեղեցւոյ մէջ: «Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետ Ս. Մեռոնը բաժնած էր չորս իւղերու` աւազանեան իւղ, մանուկներու իւղ, հիւանդներու իւղ եւ վախճանելոց իւղ, սակայն այսօր մենք միայն կը գործածենք երեքը», ըսաւ հայր սուրբը:

Յաջորդաբար ան մանրամասնօրէն բացայայտեց Միւռոնի պատրաստութիւնն ու միւռոնօրհնութեան հոլովոյթը, որուն համար նախ եւ առաջ կը ծեծուին 42 հունտեր, արմատներ եւ ծաղիկներ: Այս հոլովոյթին ներկայացումը աւելի տպաւորիչ դարձնելու համար հայր սուրբը ցուցադրեց երկու տեսերիզներ, որոնք անգամ մը եւս ներկաներուն մօտէն ծանօթացուցին միւռոնի պատրաստութեան եւ օրհնութեան զոյգ արարողութիւնները:

1939-էն սկսեալ մինչեւ օրս կատարուած միւռոնօրհնէքի արարողութիւնները հերթականութեամբ թուելէ ետք, հայր սուրբը շեշտեց, որ այս տարի Անթիլիասի մայրավանքի Մայր խորանին վրայ տեղի ունեցաւ 11-րդ միւռոնօրհնէքը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Աւարտին հայր սուրբը պատասխանեց  ներկաներուն ուղղած հարցումներուն, ապա  դաստիարակչական յանձնախումբը անոնց բաժնեց թերթիկ մը, որ կը բովանդակէր հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն մտածումները սրբալոյս միւռոնի մասին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 2015-ի Բարեփոխումները, Կուսակցութիւնները Եւ Ժողովուրդը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?