Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Գրողները Ի Պատուի

Նոյեմբեր 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

 

eliz1-11-11-2015

Նախորդ շաբաթ ներկայ եղանք երկու իրադարձութիւններու, որոնց ընթացքին պատւուեցան սփիւռքահայ երկու գրողներ, արձակագիր` Մովսէս Պչաքճեանը եւ բանաստեղծ Զահրատը:

Նոյեմբեր 3֊ի կէսօրին սփիւռքի նախարարութիւնը գրող Մովսէս Պչաքճեանը պատուեց շքանշանով մը: Մօտ 40 հոգի հաւաքուած էին սփիւռքի նախարարութեան սենեակներէն մէկուն մէջ, ձուաձեւ սեղանի մը շուրջ: Մուտք գործեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ  գրաւեց իր դիրքը սեղանին գլուխը: Ան խօսեցաւ Մովսէսի ուսուցչական, եկեղեցասիրական եւ գրական գործունէութեան մասին, դրուատեց զայն եւ ապա անոր յանձնեց Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան նախարարութեան մետալը: Այս առթիւ խօսք առին` Մերուժան Տէր Գուլանեանը, Սուրէն Դանիէլեանը, Թորոս Թորանեանը, Մարգար Շարապխանեանը, Գրիգոր Ջանիկեանը, Վահագն Սարգսեանը եւ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Բոլորն ալ շնորհաւորեցին Մովսէսը եւ անդրադարձան անոր վաստակին եւ  խրախուսեցին զայն, որ շարունակէ գրել: Աւարտին խօսք առաւ Մովսէսը, շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ խոստովանեցաւ, որ որոշ ժամանակէ ի վեր դադրած էր գրելէ առողջական պատճառներով, սակայն հիմա աւելի լաւ կը զգայ եւ պատրաստ է կրկին ստեղծագործելու:

Կը զարմանամ, որ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ Մովսէսի իւրայատուկ լեզուին եւ արտայայտչական ոճին, որ ըստ ինծի, իր ամէնէն յատկանշական առաւելութիւնն է…

Հաւաքէն ետք մտանք նախարարին աշխատասենեակը, որ փոքր թանգարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ: Սփիւռքի տարածքին իր շրջագայութիւններու ընթացքին նախարարին ստացած յուշանուէրները դասաւորուած են պատերուն վրայ, սեղանիկներու վրայ եւ նոյնիսկ պատերուն տակ: Այս յուշանուէրներու աշխարհագրութիւնը այնքան այլազան է, որ ինքնաբերաբար կը տխրինք: Աշխարհի զանազան անկիւնները ծուարած հայերը, այսպէս թէ այնպէս, տակաւին կը կառչին իրենց ինքնութեան…

Նոյեմբերի 5֊ին Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ յայտնի բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, մէկ տարի ուշացումով: Բանաստեղծի կնոջ` Անայիսի ներկայութիւնը ապահովելու համար եղած է այս ուշացումը: Յոբելեանը կազմակերպուած էր Գրողներու միութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Գրողներու միութեան տան մեծ սրահին մէջ: Բեմին խորքը փակցուած Զահրատի նկարը մտածել կու տայ ինծի, որ իսկապէս վայելուչ եւ գեղադէմ եղած է ան:

Ձեռնարկը  տեւեց երկուքուկէս ժամ: Ոմանք չսպասեցին անոր աւարտին` սրահը լքելու համար: Ափսոսացինք, որ մեր ժամանակակից բանաստեղծները, գրաքննադատներն ու մտաւորականները ներկայ չէին: Սրահը մեծ մասամբ լեցուած էր երիտասարդներով, հաւանաբար` բանասիրականի ուսանողներ: Զահրատը լայն ճանաչում ունի հոս եւ լաւ համբաւ կը վայելէ: Արդեօ՞ք Գրողներու միութենէն օտարացումով կարելի է բացատրել այս բացակայութիւնը: Միայն Պոլիսէն յատուկ այս առիթով եկած յայտնի ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի` Զահրատի բանաստեղծութիւններուն մեկնաբանութիւնը լսելու համար իսկ կ՛արժէր ներկայ ըլլալ: Ան թափանցած է բանաստեղծի գործին էութեան եւ պարզ ու հաղորդական ոճով  կենդանացուց Զահրատի բանաստեղծութիւնները: Հանդիսավարը եւ գլխաւոր բանախօսը Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեանն էր, որ արժեւորեց բանաստեղծին վաստակը եւ անդրադարձաւ անոր իւրայատկութիւններուն: Խօսք առին` Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանը, գրող, թարգմանիչ Արեւշատ Աւագեանը, հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեանը եւ գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանը:

Իր սրտի խօսքը ըսաւ նաեւ գրողին կինը` Անայիս Եալտըզճեանը, որ Պոլիսէն Երեւան ժամանած էր այս առիթով: Ամէն անգամ որ կը հանդիպիմ մահացած գրողի մը այրիին, որ իր կեանքի նպատակակէտը դարձուցած է իր հանգուցեալ ամուսնոյն ստեղծագործութիւնները միշտ կենդանի պահելը, կը յուզուիմ: Նման երեւոյթներ շատ են մեր ժամանակակից իրականութեան մէջ:

Մասնագէտ չեմ, բայց ինծի կը թուի, որ Զահրատ այն քիչերէն է եւ թերեւս միակը, որ յաջողեցաւ բանաստեղծական նոր շարժումները անցընել իր հոգիի եւ հայկական աւանդութեանց ու լեզուի բովէն եւ ստեղծեց ուրոյն վաստակ եւ աշխարհ: Հետեւաբար ան հետեւորդ չէ, այլ առաջնորդ` իր ընտրած ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ:  Այս առիթով կրկին կը հաղորդուինք իր բանաստեղծութիւններուն եւ իր խորունկ միտք բանիին հետ: Համացանցին վրայ կը գտնենք ասմունքողներու ամբողջ հոյլ մը, որ փորձած է մեկնաբանել Զահրատը:

 

 

 

 

Նախորդը

Պոլսահայ Նորագոյն Գրականութիւնը` Միասնական Տանիքի Տակ

Յաջորդը

Հպանցիկ Մտորումներ Գրականութեան Ու Զահրատի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?