Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Ակնարկ` Անցեալին. Բեկորներ Հայոց Պատմութեան Կամ «Հայկական Մրցադաշտը` Պատերազմի Եւ Յեղափոխութիւններու Միջեւ», Անահիտ Տէր Ղուկասեան «L’Echiquer arménien entre guerres et révolutions, 1878-1920» Editions Karthala, Paris, 2015 (Բ. Մաս)
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ «Այս գիրքին այլազան թեմաները կը համապատասխանեն պատմագէտի իմ ուղեծիրս հանգրուանած համալսարանական իրադարձութիւններու: Յանձնառու պատմագէտի ուղեծիր, որ սկիզբ առած է Փարիզի 19-րդ քաղաքամասի Տէ Պուա փողոցի նախակրթարանէն, Պելլվիլէն Փրէ-Սեն-Ժերվէ տարածուող ժողովրդական, կենսալի թաղի մը կեդրոնին, գրաւուած` յոյն, հրեայ, հայ, իտալացի, սպանացի գաղթականներու խուռներամ բնակչութեամբ: Թաղի կեդրոնական` «Տօներու հրապարակ»-ը յիշատակներուս մէջ իսկապէս արժանի կը մնայ իր անունին: Դպրոցիս 1930-ական տարիներու...


















