Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պետականին Կողքին, Ժողովրդային Զօրակցութեան Բացայայտումը

November 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_111815

Երեքշաբթի, 17 նոյեմբերին Պոլսոյ Պաշաքշեհիր շրջանին մէջ գտնուող «Ֆաթիհ Թերիմ» մարզադաշտին մէջ Թուրքիա-Յունաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին, թուրք համակիրները մերժեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Փարիզի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու անմեղ զոհերուն յիշատակը: Անոնք հակազդեցին այդ հրաւէրը անարգող գոռոցներով եւ բացագանչեցին «Ալլահուաքպար» ու «Նահատակները չեն մեռնիր, հայրենիքը պիտի չմասնատուի»:

Մթնոլորտի առումով, Պոլսոյ մարզադաշտը հակապատկերն էր Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին, ուր Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ազգային խումբերու համակիրները միասնաբար երգեցին «Մարսէյէզ»-ը, ապա մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արձանագրուած զոհերուն յիշատակը:

Թուրքիան մէկ կողմէ առերեւոյթ մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին,  Ուաշինկթընի հետ ձեռնարկած է Սուրիոյ հետ իր սահմանին «փակումը ամբողջացնելու գործողութեան», սակայն միւս կողմէ սերտ յարաբերութիւններ ունի ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու հետ. անոնց հետ կը կատարէ քարիւղի առեւտուր, իր սահմանին ճամբով կ՛ապահովէ անոնց զէնքերու, զինեալներու եւ ֆինանսական միջոցներու մատակարարումը:

Թուրքիա-Յունաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումը ի յայտ բերաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ սերտ յարաբերութիւնները միայն պետական մարմիններու մակարդակի վրայ չեն, այլ նաեւ գոյութիւն ունի ՏԱՀԵՇ-ին ու անոր ահաւոր արարքներուն համակրող ու զօրակցող ժողովրդային ենթահող մը, որուն ծնունդը կարելի է վերագրել Թուրքիոյ իշխող իսլամական Արդարութիւն բագաւաճում կուսակցութեան 13-ամեայ ներքին քաղաքականութեան:

Փարիզի յարձակումներու հեղինակներուն եւ ընդհանրապէս ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու տարանցիկ երկրին ազգային խումբին համակիրներուն ժխտական վերաբերմունքը պիտի չվրիպի Ֆրանսայի իշխանութիւններուն եւ ծագումով ֆրանսացի քաղաքացիներուն ուշադրութենէն, մանաւանդ որ, մասնաւորաբար վերջիններուս մօտ ազգայնական զգացումները հասած են իրենց գագաթնակէտին, եւ անոնց հանդուրժողականութիւնը ստացած է լուրջ հարուած:

 

 

Նախորդը

ԳՈՀԱՐ-ի Համերգները Լիբանանեան Մամուլին Ընդմէջէն. ԳՈՀԱՐ-ի Սիմֆոնիք Նուագախումբն Ու Երգչախումբը Կրցան Իրենց Համերգներուն Ընդմէջէն Վերականգնել Հայ Ժողովուրդին Դարաւոր Պատմութիւնը

Յաջորդը

Օպամա. «Փութին Սուրիական Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ Կառուցողական Գործընկեր Է»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.