Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հպանցիկ Մտորումներ Գրականութեան Ու Զահրատի Մասին

Նոյեմբեր 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

markarsharabkhanianՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Յաճախ երբ Զահրատի մասին մտածեմ ու զինք փնտռեմ գրադարանիս մէջ, ընթերցումներուս ու երեւակայութեանս ազդեցութեանց տակ մտովին կը ճամբորդեմ Պոլիս ու իր տարեկիցներն ու գրչակիցները կը մտաբերեմ, որոնց մէջ կ՛իյնան նաեւ իր նախորդ մօտակայ սերունդի սքանչելի տղաքը, որոնք հիմնադիրները հանդիսացան յետեղեռնեան պոլսահայ գրականութեան:

Միտքս  կու գան մանաւանդ Կարպիս Ճանճիկեանը եւ Հայկազուն Գալուստեանը, որոնք նորաոճ փոքր ու իմաստալի քերթուածներով իրենց բնատուր ապրումները տուին եւ նոր ուղի բացին պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան մէջ:

Իրենց նորարարութիւններուն հետեւեցան նաեւ երիտասարդ ուրիշ բանաստեղծներ:

Ամէն անգամ երբ Զահրատ կարդամ, ինքնաբերաբար միտքս կու գան Ռոպեր Հատտէճեանն ու Զարեհ Խրախունին (առաջինը արձակագիր, երկրորդը բանաստեղծ):

Հատտէճեանին հանդէպ հիացում ունիմ: Իր վաստակը միշտ ներկայ է գրադարանիս մէջ: Հատտէճեանը իր վէպերով, իր «Յուշատետր»-երով, իր գրական յուշագրութիւններով ու քննադատութիւններով, իր հոյակապ լեզուով, իր «Մարմարա»-ով ուղղակի զարմացուցած է զիս զմայլանք պատճառելու աստիճան, երկար տարիներէ ի վեր: Իր վաստակին առջեւ անվերապահ  խոնարհումի արժանի է ան:

Սակայն, ի՛նչ մեղքս պահեմ, Խրախունիէն շատ գիրք չունիմ: Իրեն ծանօթ եմ սակայն, ինչպէս նաեւ` իր բանաստեղծութեանց, որոնք արդարեւ խորիմաստ բանաստեղծութիւններ են:

Իսկ Զահրատը, առանց բաղդատականի, ուրիշ գիծ է: Ան ունի մտածելու իր ինքնուրոյն եղանակը, գրելու ոճը, որ իր ընթերցողը յաճախ անակնկալի կը բերէ:  Այսպէս է իրաւ գրականութիւնը: Ամէն գրող իր սեփական աշխարհն ու արտայայտուելու ոճը ունի: Կեանքը ըմբռնելու իր յատուկ կարողութիւնը, որ անձնական է, անկասկած:

Գրականութեան մէջ ճշմարտութիւնը աւելի գեղեցիկ է, քան ինքը` ընդունուած գեղեցկութիւնը, որուն «գեղեցիկ գրականութիւն» անունը կը տրուի` փոխանակ զայն ճշմարիտ եւ իրաւ գրականութիւն կոչելու, որ խորքին մէջ մարդուն կեանքն է: «Արուեստը արուեստի սիրոյն» եւ կամ գեղեցկութիւնը գեղեցիկի սիրոյն բացատրութիւնները իմ նախընտրած գրականութեանց մէջ աննպատակ են ու անտեղի: Ամէն բանէ աւելի անոնց մէջ գտնուող իրական ու գոյութիւն ունեցող կեանքն է, որ գնահատելի է ինծի համար:

Քանի մը օրով ու առիթով վերստին Զահրատով կլանուած մնացի: Ահա՛ իմ հասկցած ու հաւատացած Զահրատը:

Ուշի

 

Նախորդը

Սփիւռքահայ Գրողները Ի Պատուի

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?