Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ Ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 7-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Հայատառ մամուլը` իր իրագործումներով եւ դժուարութիւններով»: Յայտագիրը պատրաստող եւ ներկայացնող Րաֆֆի Տէմիրճեան իր մուտքի բաժինին մէջ յայտնեց, որ մամուլը ունի ընկերութիւնները առաջնորդող դեր, քաղաքական մտածողութիւն զարգացնող պատասխանատուութիւն, ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու առաքելութիւն եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու մարտահրաւէր, իսկ հայատառ մամուլը` հայոց լեզուի եւ հայութեան պահպանման աշխատանք: Տէմիրճեան հաստատեց, որ հայատառ մամուլը զարգացումներուն հետ պէտք է քայլ պահէ, որպէսզի տէր կանգնի իր ընթերցողներուն:
«Բաց քննարկում» յայտագիրի հիւրն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան առաջին հերթին ներկայացուց հայատառ մամուլի դաշտը, բովանդակութեան խնդիրները, ընդհանուր պատկերն ու ձեւաւորումները:
Գանտահարեան ըսաւ, որ միջազգային մամուլը, շեշտակի կերպով հայ մամուլը, ի մասնաւորի սփիւռքահայ մամուլը տագնապի մէջ է, եւ այստեղ խնդիրը միայն հասանելիութեան ու մարդուժի հետ առնչուած չէ, այլ` կենդանի պահելն է, իր արծարծած թեմաներու հրատապութիւնը պահելն է, լուրը առարկայական տալն է, հայոց լեզուի տիրապետումն է, այսօրուան բաց համակարգին հաւաստացիութիւնը ապահովելն է, մաքրազտումը կատարելն է, վերլուծական քննարկումներ տալն է:
Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ հայաստանեան մամուլը ունի որոշ կայքեր, որոնք կրնայ ըլլալ որ լրատուութիւններու եւ թեմաներու արծարծման համահայկական օրակարգերը պէտք եղած չափով չեն բարձրացուցած, սակայն արհեստավարժութեան եւ վերլուծական միտքը զարգացնելու իմաստով բաւական բարձր մակարդակ ունին, ի տարբերութիւն սփիւռքահայ մամուլին:
Լիբանանահայ տպագիր մամուլին դժուարութիւնները ներկայացնելէ ետք, Շահան Գանտահարեան նշեց, թէ, հակառակ բազմազան դժուարութիւններուն, լիբանանահայ մամուլը տակաւին կ՛առանձնանայ թէ՛ իբրեւ թուաքանակ, եւ թէ իբրեւ որակ սփիւռքահայ մամուլին մէջ: Ան շեշտեց, որ այժմէականութեան իմաստով այսօրուան արագակշռոյթ վիճակին մէջ տպագիր մամուլը լուր թողարկելու իր առաքելութեան մէջ ուշացած է:
Խօսելով արդի պայմաններուն մասին` Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ այսօրուան բաց համակարգը` կայքերու եւ ընկերային ցանցերու անհատականացուած լրատուութիւն կատարելը, փոխներգործութիւն ապահովելը, քննարկում կազմակերպելը, անմիջապէս եղած մտածումը հրապարակայնացնելը եւ հազարաւոր մարդոց հասանելի դառնալը ամբողջ մշակոյթի մը արմատական փոփոխութեան նախադրեալներն են. մենք ամբողջ արժէքաբանութեան փոփոխութեան ականատեսն ենք, երբ կը կատարուին արժեհամակարգի փոփոխութիւններ:
Մամուլի աշխատակիցներու գնահատումներուն անդրադառնալով` Շահան Գանտահարեան յայտնեց. «Մամուլի խմբագիրները, լրագրողները, թղթակիցները, աշխատակիցները կարելի չէ անջատել մեր ազգային կառոյցներու անձնակազմերու իրավիճակէն: Եթէ կ՛ուզենք, որ մեր ազգային կեանքի ասպարէզները գրաւիչ դառնան, ճշդուած չափանիշներով որակը բարձրանայ, ապա պէտք է ըլլայ համապատասխան վարձատրութիւն, որպէսզի ասպարէզը գրաւիչ դառնայ: Ժամանակը անցած է, որ միայն գիտակցական մօտեցումով եւ դաստիարակութեան իբրեւ արդիւնք մեր ազգային կառոյցներուն շուրջ կարենանք համախմբել մեր որակաւոր ուժերը: Դարը մասնագիտութեան դար է, եւ մասնագիտութիւնը կը պահանջէ համապատասխան վարձատրութիւն, եթէ մենք կ՛ուզենք լուրջ ոստում կատարել ազգային տարբեր մարզերը ղեկավարելու կոչուած երիտասարդ մարդուժ համախմբելու առաջադրանքին դիմաց»:
Լիբանանահայ մամուլի ազատութեան սահմաններուն մասին, Գանտահարեան նշեց, որ` «այսօրուան բազմակարծութիւնն ու բաց համակարգը բնականաբար նոր օրինաչափութիւններ կը ստեղծեն, եւ կ՛ենթադրեմ, որ այսօրուան դրութեան ընդհանուր գիծերու մէջ, երբեմն բացթողութիւններ կ՛ըլլան, երբեմն ալ անտեղի մերժումներ կամ ալ հրապարակումներ կը կատարուին, բայց ընդհանուր գիծերու մէջ եթէ այսօր տեսակէտ յայտնուած է, եւ այդ տեսակէտը նոյնիսկ եթէ չի բաժներ նշեալ կուսակցութեան քաղաքական գիծը, բայց չունի խծբծանք, վիրաւորանք, եթէ տեսակէտը հիմնաւորումներ ունի, հաւատացած եմ, որ մամուլին մէջ տեղ պէտք է գտնէ, եւ այս երեւոյթը չի բացակայիր լիբանանահայ մամուլին մէջ»:
Շահան Գանտահարեան աւելցուց. «Եթէ կարենանք կուսակցական վարքագիծի գերակայութեամբ տեղ տալ բազմակարծութեան եւ կառուցողական քննադատութեան, մամուլը կը մնայ աւելի կենդանի, կը մնայ աշխուժ եւ քայլ մը յառաջ կ՛երթայ դէպի գրաւչութիւն»:
«Բաց քննարկում» յայտագիրին ընթացքին ներկայացուեցաւ թերթերու ընթերցանութեան հետ կապուած հարցախոյզին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ ընթերցողներու հարցը, Հայաստանի կառոյցներու հետ գործակցութեան, դպրոցներու մէջ մամուլի տարածման կարեւորութեան, սփիւռքահայ մամուլը թուայնացնելու աշխատանքներու ընթացքը, թերթօն վերահրատարակելու կարելիութիւններուն եւ այլ խնդիրներու հետ կապուած հարցեր:
Յայտագիրին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սարգիս Նաճարեան, Համբիկ Մարտիրոսեան եւ բազմաթիւ հայորդիներ:
«Բաց քննարկում»-ի յաջորդ յայտագիրը պիտի սփռուի հինգշաբթի, 19 նոյեմբերին: Յայտագիրին քննութեան առարկայ պիտի դառնայ օտար ամուսնութեան երեւոյթը: