Յօդուածներ

125 Տարիների Անկասելի Երթը

125 Տարիների Անկասելի Երթը

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ-ԱՊՈՒՍԷՖԵԱՆ «Դե՛հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէք, Արիւն, քրտինք երկունք մտէք, Տանջանք, զրկանք լեզու առէք Դաշնակցութեան ճամբայ բացէք»: 125 տարի առաջ էր: Յեղափոխութեան դար էր: Ժողովրդին ազատագրելու տենչով պայքարի ելած ազատատենչ երիտասարդների մի խմբակցութիւն` արմենականներ, հնչակեաններ, սոցիալ-դեմոկրատներ ասպարէզ իջան իրենց ժողովրդին իրաւազուրկ, կեղեքուած, ստրկային վիճակից ազատագրելու, նրա ճակատագրին նոր ուղղութիւն տալու: Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն էր այդ խմբակցութեան անունը, որը շուտով...

Գրաքննութիւն Եւ Ինքնագրաքննութիւն

Գրաքննութիւն Եւ Ինքնագրաքննութիւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Տեղեկատուական մարզի, մանաւանդ մամլոյ աշխատակիցներու առաքելութիւնն ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս` հակամարտութիւններու, տագնապներու, ներքին խռովութիւններու շրջաններուն մէջ, սկիզբէն իսկ Գողգոթայի նմանած է: Մարդկային տարրական իրաւունքներու, մամլոյ եւ կարծիքի ազատութիւններու, ընդհանրապէս ժողովրդավարութիւններու մասին պղտոր գաղափար ունեցող բռնատէրեր եւ մենատիրական վարչակարգեր հալածած են եւ, անշուշտ, տակաւին նոյն թափով ու ոգիով կը շարունակեն հալածել տեղեկատուական մարզի աշխատակիցներ` լաւագոյն պարագային զանոնք...

Ինքնագրաքննութիւն Եւ Ինքնականոնակարգում

Ինքնագրաքննութիւն Եւ Ինքնականոնակարգում

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արդի Եգիպտոսի մէջ մամլոյ աշխատակիցին` լրագրողին, յօդուածագիրին պաշտօնը այսօր բաւական դժուար է, սակայն, հակառակ բոլոր արգելքներուն, Գահիրէի մամուլը կը ձգտի ինքնականոնակարգումի միջոցով վստահելիութիւն նուաճել: Անգլիական «Կարտիըն» թերթի կայքի ընթերցողներու կարծիքներու բաժնի խմբագիր Սթիւըն Փրիչարտ անդրադարձած է Խալետ Սալահի, որ գլխաւոր խմբագիրն է Եգիպտոսի ամէնէն ժամանակակից լրատու գործակալութիւններէն մէկուն: Խալետ Սալահ անհաւանական ժիհատական մը կը թուի: Գահիրէի իր...

Ակնարկ.  9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

Ակնարկ. 9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

9 դեկտեմբերը այսուհետեւ կը նշուի իբրեւ հայկական նախաձեռնութեամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած ՄԱԿ-ի օրացոյցին ներառուած յատուկ օր: Այս տարուան 11 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն նախագիծը ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, 9 դեկտեմբերը կը հռչակէր Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր: Նման բանաձեւի ամրագրման մէջ հայկական առնչութիւններու ընդգծման փորձը հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն առիթ կու տայ: Նախ...

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, հեռաւոր Սքանտինաւեան ափերուն վրայ գտնուող Շուէտի հայկական գաղութը Սոտէրթալիոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշեց ՀՅԴ-ի 125-ամեակը, կազմակերպութեամբ Շուէտի ՀՅԴ կազմակերպութեան ու ՀՅԴ ՇԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Ներկայ էին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արշակ Քաֆաֆեան, Շուէտի մէջ Հայաստանի  դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Կեդրոնական Եւրոպայի Սքանտինաւիոյ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի հայր...

Մոնթեվիտէօն Տօնախմբեց ՀՅԴ-ի 125-Ամեակը

Մոնթեվիտէօն Տօնախմբեց ՀՅԴ-ի 125-Ամեակը

Մոնթեվիտէօ շրջանի երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուեցաւ ՀՅԴ-ի 125-ամեակի փառաւոր տօնախմբութիւնը: Ինչպէս արդէն 15 տարիէ ի վեր սովորութիւն դարձած է, նախքան տօնախմբութեան բուն ծրագիրին անցնիլը, յարգանքի տուրք կը մատուցուի «Վռամեան» ակումբի շրջափակը գտնուող շրջանի մահացած ընկերներուն նուիրուած յուշակոթողին մօտ: Ներկայ էին Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլնճեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հարաւային...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Լիբանանի Անկախութեան Իւրայատուկ Տօնակատարութիւն

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Լիբանանի Անկախութեան Իւրայատուկ Տօնակատարութիւն

Այս տարի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը երկու տարբեր նախաձեռնութիւններով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Արդարեւ, հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015-ին, վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները կարգապահ շարքերով մեկնեցան Լիբանանի Ազգային թանգարան: Այս այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Լիբանանի պատմութեան, անոր ներկայացուցած արժէքին եւ ունեցած հարստութեան: Թանգարանի մուտքին աշակերտները դիմաւորուեցան պաշտօնէութեան կողմէ եւ դիտեցին  թանգարանին մէջ ցուցադրուած գաճէ արձանները, դրամները, կուժերը եւ պատմական արժէք ներկայացնող իրերը:...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ծնողական Մարմինի Ճաշկերոյթը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ծնողական Մարմինի Ճաշկերոյթը

Գոհաբանութեան տօնին առթիւ Հայ աւետարանական քոլեճի ժրաջան Ծնողական մարմինը` գլխաւորութեամբ Վիքի Պապիկեանի, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան 6:30-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ կարճ պաշտամունքէ մը ետք, զոր կ՛առաջնորդէր եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանը, եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ ընթրիք մը ունեցաւ ծնողաց, դպրոցի անձնակազմին, բարեկամներու եւ աշակերտութեան համար: Հաճելի ժամեր անցան, տեղի ունեցան հայկական շուրջպար, ընկերային խաղեր եւ վիճակահանութիւն: Դպրոցի տնօրէն...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ճաշի Հաւաքոյթը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ճաշի Հաւաքոյթը

Ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, «Վիա Վենիւ» ճաշարանին  մէջ տեղի ունեցաւ Եղիշէ  Մանուկեան ազգային քոլեճի  Տիկնանց յանձնախումբին վերամուտի  առիթով կազմակերպած ճաշի հաւաքոյթը` նախագահութեամբ Ռեբեքա Կէօզիւպէօիւքեանի եւ ներկայութեամբ քոլեճի ծնողներուն ու բարեկամներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջելով հրաւէրին` քաջալեր հանդիսացած էին յանձնախումբի գործունէութեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի` «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի` «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը  10:30-ին,  Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան  Մանուկեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց յանձնախումբին  կազմակերպած «Աւանդական տօնավաճառ»-ի բացումը,  նախագահութեամբ` Արփի Գալօղլեանի: Քոլեճի  Տիկնանց միութեան  ատենապետ  Ծովիկ Գէորգեան բարի գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն  ու   ըսաւ, թէ Տիկնանց  միութիւնը` վստահելով  դպրոցի  ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին  ու  աջակցութեան, փորձած է աւանդական տօնավաճառին  ընդմէջէն այս տարի եւս տօնական  ուրախ ու...

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութեան համար Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկը արդէն դարձած է աւանդական: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս վարժարանը նշեց անկախութեան տօնը, 20 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, զոր յոտնկայս երգեցին աշակերտները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 7-րդ կարգէն Քրիստինա Քէօկերեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Լիբանանի անկախութեան տօնը աշխարհին ուղղուած նամակ մըն...

Կաղանդի Տօնահանդէս Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Կաղանդի Տօնահանդէս Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը իրենց ողջ հմայքով, գոյներով ու մանաւանդ խորհուրդով այցելեցին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճ` 4 դեկտեմբեր 2015-ին: Շատոնց սպասուած այս տօնական օրուան ընթացքին Խանամիրեանի աշակերտները մօտ երկու ժամ երգով-պարով ապրեցան ու ապրեցուցին իրենց ծնողները, հիւրերը, բարեկամները, շէնշող ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ուր իշխողը միայն ժպիտն էր ու սէրը: Տօնական հանդէսը սկսաւ հանդիսավար Սեւան Կարապետեանի ողջոյնի խօսքով:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Քեսապ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նախագահն է Սուրիոյ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինին, վերջերս կարճ այցելութիւն մը տուաւ Քեսապ: Ան ժամանեց Լաթաքիայէն, ուր նախագահեց կիրակի օր տեղի ունեցած մատաղի օրհնութեան արարողութեան եւ մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ: Յայտնենք, որ սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ գիւղի պատասխանատուներուն հետ` քննարկելով ընդհանուր իրավիճակն ու գիւղացիներուն...

Կնոջ Բռնաբարումին Դէմ Տասնվեցօրեայ Արշաւ

Կնոջ Բռնաբարումին Դէմ Տասնվեցօրեայ Արշաւ

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատու 1991-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի «Ռոթճըրզ» համալսարանի «Սենթըր օֆ ուիմենզ կլոպըլ լիտըրշիփ»-ի կեդրոնը ծրագրեց տասնվեցօրեայ արշաւ մը` կնոջ բռնաբարումին դէմ: Այս արշաւին գլխաւոր նպատակն է լուսարձակի տակ առնել ամբողջ աշխարհի տարածքին կիներու դէմ գործուած բռնաբարութիւններն ու խոշտանգումի դէպքերը, որոնք պահ մը կ՛արթնցնեն մարդկային խիղճը` լուսարձակի տակ առնելով այդ դէպքերուն հետեւանքներն ու կնոջ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Նիւթեր Արաբերէնով` «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքին Վրայ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Նիւթեր Արաբերէնով` «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքին Վրայ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առթիւ «Ազդակ» արաբերէնի կայքը  նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ թարգմանաբար սկսաւ ներկայացնել կուսակցութեան վերաբերող տարբեր նիւթեր: Այսպիսով առաջին անգամն ըլլալով արաբերէն լեզուով հետեւեալ նիւթերը հասանելի կը դառնան արաբ ընթերցողին: Դաշնակցութեան հիմնադրութեան հոլովոյթը, պատմական ակնարկ, կազմութիւնն ու նպատակը, զինանշանին խորհուրդը, Ընդհանուր ժողովներէն բխած կարեւոր հատուածներ` օրինակ 1907-ին քաղաքական պահանջները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հիմունքները ըստ Դաշնակցութեան, 1982-ին ճշդուած քաղաքական...

Արամ Հայկազ, Մոռցուած Էջեր, Հատոր Զ. (1973-1975)  Երեւան, «Տիգրան Մեծ», 2015

Արամ Հայկազ, Մոռցուած Էջեր, Հատոր Զ. (1973-1975) Երեւան, «Տիգրան Մեծ», 2015

Կազմող Եւ Ծանօթագրող` Բանասիրական Գիտ. Դոկտոր Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեան Ներկայացնող` Թորոս Թորանեան Հատորը նուիրուած է մատենաշարի խմբագիրին`  Գէորգ Եազըճեանի մօր` Արփինէ Հայրապետեանի յիշատակին: Այս մէկը` արժանի յիշատակում: Յարգարժան ընթերցողնե՛ր, Հիմա պիտի ըսէք` այս ի՜նչ հեղեղային գործ, որ Արամ Հայկազ սփիւռքահայ գրողէն կը հրատարակուի 6 հատոր գիրք եւ այդ ալ` մինչեւ 1973-1975: Այդ կը նշանակէ, թէ տակաւին յաջորդելիք հատորներ կան, քանի...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Ահազանգը Կը Սաստկանայ, Բայց Լսողը Ո՜վ Է…

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Նոյեմբեր 1-ի Թուրքիոյ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան նախագահ Էրտողանի վճռական յաղթանակով: Օսմանեան Թուրքիոյ «սուլթանական փառք»-ը նոր ժամանակներու տարազով վերականգնելու ցնորքին անձնատուր թուրք «պետական այր»-ը խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովեց իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Քաղաքական մեկնաբանները, ներառեալ` ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի հայ միտքը առաջնորդող հրապարակագիրները, արդէն սկսած են քննել Էրտողանի հաւանական յաջորդ քայլը, որ կը նկատուի գերազանց լիազօրութիւններով...

«Ղարաբաղեան Կարգաւորման Բանալին Մոսկուայում Ու Ուաշինկթընում Չէ»

«Ղարաբաղեան Կարգաւորման Բանալին Մոսկուայում Ու Ուաշինկթընում Չէ»

Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւնների հանրաքուէի նախօրէին երկրի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը հարցազրոյց է տուել «Տէօյչէ Վելլէ» թերթին: Նա ոչ միայն պարզաբանել է իր դիրքորոշումն այդ հարցի վերաբերեալ, այլեւ` պատմել այն մասին, թէ ումից է կախուած հակամարտութեան հանգուցալուծումը Լեռնային Ղարաբաղում, ամփոփել է Հայաստանի համարկումի ընտրութեան առաջին արդիւնքներն ու կանխատեսել է Եւրոպական Միութեան հետ Երեւանի յարաբերութիւնների զարգացման հնարաւորութիւնները: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դեկտեմբերի 6-ին Հայաստանում տեղի...

Ազրպէյճանը Իսլամական Պետութեան Գլխաւոր Աջակիցներէն Է

Ազրպէյճանը Իսլամական Պետութեան Գլխաւոր Աջակիցներէն Է

Ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը կը հաղորդէ, որ ռուսական յատուկ ծառայութիւնները արձանագրած են Ազրպէյճանէն Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման կատարուող դրամական փոխանցումները: Յատուկ ծառայութիւնները պարզաբանած են, որ այդ գումարներուն հաւաքման հիմնական միջոցը համացանցն է: Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներու շարքին, Իսլամական պետութեան նիւթական ամենաշատ աջակցութիւն տրամադրող երկիրը Ղազախստանն է, իսկ երկրորդը` Ազրպէյճանը: Երրորդ դիրքի վրայ է Թիւրքմենիստանը:

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Նասրէտտին Շահի Հայ Լուսանկարիչին Եւ Անոր Որդիին Աշխատանքները Ամփոփուեցան Մատենադարանին Մէջ Պարսկաստանի միապետ Նասրէտտին շահի անձնական հայ լուսանկարիչ Անթուան Խան Սեւրուգինի եւ անոր որդիին` գեղանկարիչ Անտրէ (Տերուիշ) Սեւրուգեանի աշխատանքները համալրեցին Մատենադարանի գանձերու շարքը: Միջազգային ճանաչում վայելող լուսանկարիչին եւ անոր որդիին աշխատանքները կը ցուցադրուին աշխարհի ամէնէն նշանաւոր թանգարաններուն մէջ: «Մինչեւ օրս Սեւրուգիները թիւրիմացաբար ներկայացուած են որպէս ռուս, վրացի,...

Page 984 of 1110 1 … 983 984 985 … 1,110

Արխիւներ