Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 9, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նասրէտտին Շահի Հայ Լուսանկարիչին Եւ
Անոր Որդիին Աշխատանքները
Ամփոփուեցան Մատենադարանին Մէջ

andre-(1)_120915andre-(2)_120915Պարսկաստանի միապետ Նասրէտտին շահի անձնական հայ լուսանկարիչ Անթուան Խան Սեւրուգինի եւ անոր որդիին` գեղանկարիչ Անտրէ (Տերուիշ) Սեւրուգեանի աշխատանքները համալրեցին Մատենադարանի գանձերու շարքը:

Միջազգային ճանաչում վայելող լուսանկարիչին եւ անոր որդիին աշխատանքները կը ցուցադրուին աշխարհի ամէնէն նշանաւոր թանգարաններուն մէջ:

«Մինչեւ օրս Սեւրուգիները թիւրիմացաբար ներկայացուած են որպէս ռուս, վրացի, ֆրանսացի կամ պարսիկ, եւ շատ քիչ տեղեր նշուած է անոնց հայ ըլլալը: Այդ խնդիրը ծագած է Անթուանի` Սեւրուգի մականունով ներկայանալէն, իսկ որդին արդէն իր մականունին վրայ աւելցուցած է եան-ը», ըսած է Մատենադարանի արաբատառ մատենագիրներու բաժինի գիտաշխատող Իւեթ Թաջարեանը, որ քսան տարի է կը զբաղի Անթուան Խան Սեւրուգինի եւ գեղանկարիչ Անտրէ Սեւրուգեանի արուեստի ուսումնասիրութեամբ:

Միջազգային ճանաչում վայելող լուսանկարիչին եւ անոր որդիին աշխատանքները Մատենադարանին նուիրած է Գերմանիա բնակող Անտրէ Սեւրուգեանի որդին` Էմանուիլ Սեւրուգեանը: Նուիրուած հաւաքածոները կը նախատեսուի յառաջիկային ներկայացնել թեմաթիք ցուցահանդէսներու ձեւով:

Նասրէտտին շահին անձնական լուսանկարիչը` Անթուան Սեւրուգին եղած է առաջին անձը, որ Իրան բերած է գեղանկարչական լուսանկարչութեան արուեստը: Ան շահին հաւատարիմ անձնաւորութիւնն էր, որ մուտք գործած է հարեմ:

«Անտրէ Սեւրուգեանի կտաւները փոխներթափանցման վառ օրինակ են, ուր դիցաբանական նախաշերտերը անվերջ շարժման մէջ են եւ յագեցած` հերոսականութեամբ եւ քնարականութեամբ: Անչափ շնորհակալ եմ Էմանուէլ Սեւրուգեանին Անթուան Խան Սեւրուգինի եւ գեղանկարիչ Անտրէ Սեւրուգեանի զարմանահրաշ հաւաքածոները Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրաբերելու համար»,  յայտնած է Մատենադարանի տնօրէն Հրայր Թամրազեանը: Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ 19-րդ դարու լուսանկարիչին եւ 20-րդ դարու սկիզբի նկարիչին աշխատանքները Ազգային պատկերասրահի կամ արխիւի փոխարէն` տեղ գտած են միջնադարեան ձեռագիրներու կողքին, Իւեթ Թաջարեանը ըսած է, որ 2005-ին Էմմանուէլ Սեւրուգեան անձամբ եկած է Հայաստան` իր եւ իր հօր աշխատանքները կտակելու Հայաստանին, սակայն այն ատեն համապատասխան կառոյցները չեն հետաքրքրուած այդ գործերը արխիւի վերածելով: «Միայն 2013-ին Հրայր Թամրազեանի հետ պայմանաւորուածութեան շնորհիւ նկարիչներուն արխիւները հանգրուանեցին Հայաստանի մէջ», բացատրած է ան:

«Մեծ Աղէտից Աւելի Քան Քառորդ Դար Անց»
Խորագիրով Ցուցահանդէս Գիւմրիի Մէջ

IMG_1341IMG_1302Գիւմրիի «Շիրակ» կեդրոնի գրասենեակին մէջ 4 դեկտեմբերին բացումը կատարուած է Սպիտակի կործանարար երկրաշարժի 27-րդ տարելիցին նուիրուած` «Մեծ աղէտից աւելի քան քառորդ դար անց» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին:

Ներկայացուած են աղէտի գօտիի, մասնաւորաբար Գիւմրիի տնակային աւաններու ու 27 տարի շարունակ անօթեւան մնացած ընտանիքներու վերջին մէկ տարուան ապրելակերպը պատկերող բազմաթիւ լուսանկարներ: Լուսանկարներուն հեղինակներն են արհեստավարժ նկարիչներ Գայեանէ Խաչատրեանը, Անուշ Բաբաջանեանը, Նազիկ Արմէնակեանը, Նարեկ Թումասեանը, ինչպէս նաեւ` սիրողական լուսանկարչութեամբ զբաղող երիտասարդներ:

Ցուցահանդէսը շրջուն է եւ Գիւմրիէն ետք պիտի փոխադրուի Երեւան, իսկ հետագային նպատակ կայ զայն ցուցադրելու նաեւ սփիւռքի մէջ: 7 դեկտեմբեր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն 27 տարի ետք Գիւմրիի մէջ դեռ կան տնակային աւաններ, աւելի՛ն, նոր սերունդը կը ծնի ու հասակ կը նետէ տնակներու մէջ, ուր ապրող մանուկը կ՛ունենայ այլ մտածողութիւն եւ հարցեր, երբեմն այնպիսի խնդիրներ, որոնք նոյնիսկ դժուար հասկնալի կ՛ըլլան մեծերուն կողմէ` տնակը տաքացնելէ մինչեւ առօրեայ ընկերային հարցեր:

Ցուցահանդէսի առաջին այցելուները այդ տնակներուն մէջ ապրող փոքրիկները եղած են, որոնք Տէրունական աղօթքէն ետք ծանօթացած են ներկայացուած գործերուն: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած են նաեւ Շիրակի փոխմարզպետ Յարութիւն Արշակեանն ու փոխքաղաքապետ Ռուբեն Սանոյեանը: Ցուցահանդէսին նպատակն է անօթեւան ընտանիքներուն խնդիրները լուսարձակի տակ բերել, տնակային աւաններուն մէջ ապրող ընտանիքներուն մասին յիշեցնել: «Լուսանկարներուն վրայ դիտումնաւոր կերպով չէ նշուած, թէ որո՛ւ լուսանկարն է, քանի որ նպատակը հարցին ներկայացումն է, ոչ թէ` լուսանկարիչին: Այդ է պատճառը, որ ցուցահանդէսը ներկայացուած է որպէս խմբային աշխատանք` հասարակութեան, իշխանութեան ուշադրութեան բեւեռացման նպատակով», «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Շիրակ» կեդրոնի տնօրէն Վահան Թումասեանը: Ցուցահանդէսին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաք` անօթեւան ընտանիքներուն համար ձմրան վառելափայտի ձեռքբերման նպատակով: Դրամահաւաքը պիտի շարունակուի նաեւ շրջուն ցուցահանդէսին տեւողութեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Փոխտնօրէնը`
Ցեղասպանագիտական Միջազգային
Ընկերակցութեան Յանձնախումբի Անդամ

 

suren_120915

Ցեղասպանագիտական միջազգային ընկերակցութեան Բանաձեւերու յանձնախումբին մէջ ներառուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը: Այս մասին նշուած է հիմնարկի պաշտօնական կայքին վրայ:

Կազմակերպութեան այս յանձնախումբին միւս անդամներն են նշանաւոր ցեղասպանագէտներ` Ճոյս Ասփել, Տանիէլ Ֆէյերսթայն, Ճութթա Լինտերթ եւ Ռաֆիքի Ուպալտօ:

Նշենք, որ Սուրէն Մանուկեան Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովի տնօրէնն էր:

«Հային Առանց Գրքի Չեմ
Պատկերացնում». Զօրի Բալայեան

1204zori

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 դեկտեմբերին հիւրընկալած է գրող, հրապարակախօս, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Զօրի Բալայեանը եւ անոր ծննդեան 80-ամեակին առիթով Ռուսիայէն Հայաստան եկած ռուս մտաւորականներու ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին` վաստակաշատ գրողներ, թատերագիրներ, բեմադրիչներ, լրագրողներ, հրապարակախօսներ, արուեստի եւ գրականութեան բնագաւառի շարք մը այլ գործիչներ: Անոնց աջակցութեամբ Մոսկուայի նշանաւոր «Խուտոժեսթուեննայա լիթերաթուրա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Զօրի Բալայեանի ստեղծագործութիւններու ութ հատորեակը:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած է հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, որոնք հանդիսանալով Հայաստանի բարեկամներ` տարիներ շարունակ իրենց գործունէութեամբ մեծապէս կը նպաստեն հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման եւ երկու երկիրներուն միջեւ մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ սերտ փոխգործակցութեան զարգացման: Նախագահը շնորհաւորած է Զօրի Բալայեանի տարեդարձը եւ անոր ստեղծագործութիւններու ժողովածուի հրատարակութիւնը` մաղթելով առողջութիւն, անսպառ եռանդ եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ:

Այս առիթով տեղի ունեցած է նաեւ շնորհահանդէս  եւ ներկայացուած է 8 հատորէ բաղկացած ռուսերէն ժողովածուն: «Հաւանաբար իւրաքանչիւր գրողի համար ժողովածուն գագաթնակէտն է: Երբ կը սկսիս աշխատելու, չես մտածեր` ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջը: Ժողովածուի գերխնդիրն է, որ լաւագոյն գործերը մէկ տեղ հաւաքուին: Անիկա մնայուն է: Եւս 8-ի համար նիւթեր կրնամ հաւաքել: Բայց այստեղ իւրաքանչիւր հատոր իր գերխնդիրը ունի», յայտնած է Զօրի Բալայեան: Գրողը հաստատած է, որ իրեն համար երջանիկ պահ է, երբ կը տեսնէ 8 հատորները: «Լսած եմ, թէ իւրաքանչիւր գիրք ճիշդ քանի կրամ կը կշռէ, եւ իւրաքանչիւրը ունի 600 էջէ աւելին: Բոլոր հատորներուն մէջ կան իմ գծանկարները, որոնք գծած եմ ճամբորդութեան ժամանակ` ոտքի վրայ, եւ` լուսանկարները: Ցաւալի է, երբ կ՛ըսեն, թէ հիմա գիրք չեն կարդար: Ինչպէ՞ս կարելի է գիրք չկարդալ, յատկապէս` Հայաստանի մէջ: Ես միայն իմ գրքերուս մասին չեմ խօսիր: Հայը առանց գիրքի չեմ պատկերացներ», նշած է Բալայեան:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան հատորներուն բովանդակութեան մասին խօսած է. «Գործերը տպագրուած են առանձին գիրքերով Հայաստանի մէջ, մէկ մասը` Ռուսիոյ մէջ, եւ հիմա ամփոփուած են եւ գոյացած է 8 հատոր: Մոսկուայի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին գիրքերը, գիտեմ, որ ընթերցողները կը հետաքրքրուին, կը կարդան: Հրաշալի է, որ գրողին աշխատանքը կ՛ամփոփուի ժողովածուի մէջ», ըսած է ան:

Ժողովածուի շնորհահանդէսին մասնակցած են նաեւ գրողներու պատուիրակութիւնը` Ռուսիայէն: Ռուսիոյ Գրողներու միութեան կառավարման խորհուրդի անդամ, «Նովայա քնիկա» (Նոր գիրք) հրատարակչութեան տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Ալեքսանտր Սմիշլեայեւը Զօրի Բալայեանը կը ճանչնայ երկար ատենէ ի վեր: «Ես այն ատեն երիտասարդ էի, դեռ նոր սկսած էի աշխատելու լրագրութեան ասպարէզին մէջ: Զօրի Բալայեան յայտնի էր աշխուժ ապրելու փափաքով: Ան տեսաւ մեր գեղեցիկ Քամչաթքան, սիրահարեցաւ անոր եւ սկսաւ գրել: Իր գրական առաջին փորձերը կատարած է մեր քով», նշած է ան: Ժողովածուին շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցած են Զօրի Բալայեանի ընկերներն ու գործընկերները, նուէրներ յանձնած են անոր եւ շնորհաւորած` հատորներու լոյս ընծայումն ու անոր ծննդեան յոբելեանը:

«Կարաս»-ի Բարեսիրական Մարաթոն`
«
Սահմանն Իմ Հոգում»

garas_120915

«Կարաս» ազգային սնունդի ցանցը յայտարարած է «Սահմանն իմ հոգում» բարեսիրական մարաթոնի սկիզբին մասին:

Այս Ամանորին ցանցը չեղեալ յայտարարած է բոլոր նախաձեռնութիւնները, զեղչերը եւ նուէրները` սկսելով բարեսիրական մարաթոնը, որուն իբրեւ արդիւնք` ցանցի վաճառքներուն 5 տոկոսը Տաւուշի 11 սահմանամերձ գիւղերու 992 դպրոցականներու եւ 336 ուսուցիչներու աջակցութեան հասնիլն է:

Հաւաքուած բոլոր միջոցներով «Կարաս»-ը պիտի գնէ սննդամթերք եւ գրենական պիտոյք:

«Մեր սահմանները պահող սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները բազմաթիւ լուրջ հարցեր ունին` ամէն օր վտանգի տակ ըլլալով: Միայն այն փաստը, որ անոնք կը դիմակայեն դժուարութիւնները եւ չեն լքեր իրենց հայրենիքը, արդէն հերոսութիւն է, որ մեզ բոլորս կ՛ոգեշնչէ եւ հոգեւոր ուժ կու տայ: «Սահմանն իմ հոգում» բարեգործական մարաթոնը «Կարաս»-ի շնորհակալութիւնն է թշնամիին նշանակէտին տակ գտնուող գիւղերու բնակիչներուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ուշադրութեան կարիք ունի: Մենք պէտք է նեցուկ կանգնինք, մեր հայրենակիցներուն կողքին գտնուինք եւ աջակցինք մեր միասնութեամբ», նշած է «Կարաս» ցանցի հիմնադիր Աշոտ Յարութիւնեան:

Նախագծի իրականացման համար «Կարաս» ցանցի հիմնադիրներ Տիգրան Իւզպաշեան եւ Աշոտ Յարութիւնեան այցելած են Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերը եւ մասնաւորապէս դպրոցները` ծանօթանալով դպրոցականներու, ուսուցիչներու եւ անոնց կեանքի առօրեայ հարցերուն:

Տեղեկանալով «Կարաս»-ի մտադրութիւններուն մասին` բարեսիրական մարաթոնին միացած են նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը եւ երգիչ-երգահան Դաւիթ Ամալեանը, իսկ տեղեկատուական աջակցութիւն ցուցաբերած է «Ռատիօ Վանը»:

«Այսօր շատեր կը խօսին մեր երկրին առկայ կեանքի դժուարութիւններուն եւ օգնութեան անհրաժեշտութեան մասին: Մենք որոշեցինք ո՛չ միայն խօսիլ, այլ նաեւ` գործել: «Սահմանն իմ հոգում» նախագծի նպատակն է ո՛չ միայն աջակցութիւն ցուցաբերել, այլ նաեւ` ուշադրութիւն գրաւել այս եւ նմանատիպ հարցերու վրայ: «Կարաս»-ը երախտապարտ է բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են միանալու այս բարեգործական մարաթոնին` նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ», նշած է «Կարաս» ցանցի հիմնադիր Տիգրան Իւզպաշեան:

Արտաքին Լուսաւորութեամբ Օժտուած
Տասներորդ Շրջանը Սահմանամերձ Գոմքն Է

VivaCell_120915

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը «Այլընտրանքային էներգիա» ծրագրի ծիրին մէջ աւարտած են այս տարուան ընթացքին իրականացուող միացեալ 10-րդ նախագիծը: Վայոց Ձորի մարզի Գոմք շրջանին մէջ տեղակայուած են 37 կէտէ բաղկացած արդիական «լետ» լամբեր:

Նախաձեռնութեան մասնակցած են` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան, Գոմք համայնքի ղեկավար Մխիթար Յովհաննիսեան եւ շրջանի բնակիչներ:

Նախիջեւանի սահմանէն մօտաւորապէս 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Գոմքը ունի մօտաւորապէս 300 բնակիչ: Հոն իրենց գործունէութեամբ յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւեն երիտասարդները: Տարբեր խումբերու ջանքերով Գոմքի մէջ կառուցուած է խաղահրապարակ, մշակութային տուն, կը գործէ փոքրիկներու զարգացման կեդրոն, կիներու համագործակցական` ներգրաւուած ջերմոցային, սառնարանային տնտեսութիւններուն մէջ, սերմերու եւ սածիլներու արտադրութեան մէջ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր համայնքին կարեւոր հիմնախնդիրներէն մէկը եղած է արտաքին լուսաւորութեան ենթակառուցուածքի բացակայութիւնը: Գոմքի մէջ տարուած աշխատանքներուն շնորհիւ` գործարկուած է արտաքին լուսաւորութեան «լետ» նոր համակարգը, որ պիտի լուսաւորէ գիւղին գրեթէ 60 տոկոսը` 1300 մեթր տարածութեամբ:

«Ընթացիկ տարուան ընթացքին այս մէկը մեր այցելած տասներորդ համայնքն է: Այս ծրագրի հիմքին մէջ կայ ընկերային աջակցութեան տարրը: Բուն նպատակը, սակայն, աւելի կարեւոր է` ձեր աչքերուն մէջ տեսնել յոյս եւ լաւատեսութիւն` վաղուան հանդէպ: Լուսաւորուած է Գոմքի տարածքի կէսէն աւելին: Եթէ իւրաքանչիւրիդ մէջ քիչ մը աւելնայ լաւատեսութիւնը, կրնանք ծրագիրը յաջողած համարել: Միշտ յիշեցէ՛ք, որ դուք մինակ չէք», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Բնապահպանական եւ ելեկտրական-արդիւնաւէտ «լետ» լամբերով 80 տոկոսով կը նուազի ելեկտրականութեան ծախսը: Ամրան շրջանին անոնք փողոցները պիտի լուսաւորեն ժամը 22:00-01:00, իսկ ձմրան` 18:30 00:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւնը պիտի ապահովուի ամբողջ գիշերուան ընթացքին: «Լետ» լամբերը արդիւնաւէտ են, դիմացկուն եւ կրնան շատ աւելի երկար ծառայել, քան` սովորական լամբերը:

VivaCell-MTS_logotype_high

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սապրայի Եւ Շաթիլայի Ջարդերը Եւ Շէյխ Ամին Ժըմայէլի Նախագահ Ընտրութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Իսլամական Պետութեան Գլխաւոր Աջակիցներէն Է

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?