
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առթիւ «Ազդակ» արաբերէնի կայքը նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ թարգմանաբար սկսաւ ներկայացնել կուսակցութեան վերաբերող տարբեր նիւթեր: Այսպիսով առաջին անգամն ըլլալով արաբերէն լեզուով հետեւեալ նիւթերը հասանելի կը դառնան արաբ ընթերցողին:

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան հոլովոյթը, պատմական ակնարկ, կազմութիւնն ու նպատակը, զինանշանին խորհուրդը, Ընդհանուր ժողովներէն բխած կարեւոր հատուածներ` օրինակ 1907-ին քաղաքական պահանջները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հիմունքները ըստ Դաշնակցութեան, 1982-ին ճշդուած քաղաքական նպատակները, հիմնադիրներուն` Քրիստափոր Միքայէլեանին, Ռոստոմին, Սիմոն Զաւարեանին կենսագրականները եւ այլ նիւթեր: Արաբական շրջանակին մէջ այս նիւթերը լայն տարածում ունեցան եւ մեծ թիւով ընթերցողներու գնահատանքին արժանացան:


