Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ճաշի Հաւաքոյթը

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

yeghishe_112015yeghishe1_112015Ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, «Վիա Վենիւ» ճաշարանին  մէջ տեղի ունեցաւ Եղիշէ  Մանուկեան ազգային քոլեճի  Տիկնանց յանձնախումբին վերամուտի  առիթով կազմակերպած ճաշի հաւաքոյթը` նախագահութեամբ Ռեբեքա Կէօզիւպէօիւքեանի եւ ներկայութեամբ քոլեճի ծնողներուն ու բարեկամներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջելով հրաւէրին` քաջալեր հանդիսացած էին յանձնախումբի գործունէութեան:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահ Ռեբեքա Կէօզիւպէօիւքեանին, որ երկարատեւ տարիներու ընթացքին դարձած է քոլեճի ընտանիքին հարազատ մէկ անդամը, նախ` իբրեւ ծնող, ապա` որպէս տիկնանցի անդամ ու ատենապետ, մինչ իր ամուսինը եւս իր ներդրումը կ՛ունենար որպէս քոլեճի խնամակալութեան անդամ ու ատենապետ: Ան հաստատեց, որ Ռ. Կէօզիւպէօիւքեանին զաւակները, այժմ` շրջանաւարտներ, կը շարունակեն նեցուկ հանդիսանալ քոլեճին, եւ որոնցմէ Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեան տարիներէ ի վեր ստանձնած է քոլեճի խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը:

Ապա ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, որոնք կամաւոր կերպով իրենց ժամանակն ու աշխատանքը կը տրամադրեն քոլեճին` յանձնախումբին ճամբով:

Իր խօսքի աւարտին ատենապետը հաստատեց, որ ներկաներուն զօրակցութեան ապաւինելով է, որ տիկնանց յանձնախումբը կը ծրագրէ ու կ՛իրագործէ այլազան ձեռնարկներ, որոնք հարազատ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն քոլեճի ընկերային կեանքին մէջ, եւ որոնց հասոյթը օգտակար կը հանդիսանայ քոլեճի նիւթական կարիքներուն:

Ապա խօսք առաւ օրուան նախագահ Ռեբեքա Կէօզիւպէօիւքեանը, որ հպարտութիւն յայտնեց չորս զաւակներուն դաստիարակութիւնը Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին վստահելուն համար` դիտել տալով, որ այդ օրէն հաստատուած կապը տարիներու ընթացքին ամրապնդուած ու սերտացած է:

Ան բարձր գնահատեց քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին աշխատանքը` հաստատելով, որ տարիներ շարունակ աշխատած ըլլալով իրերայաջորդ տիկնանց յանձնախումբերու մէջ` լաւապէս կը գիտակցի այդ աշխատանքի տարողութեան ու արժէքին: Իր խօսքի աւարտին ան յաջողութիւն ու նորանոր իրագործումներ մաղթեց քոլեճին:

Ապա յանձնախումբին կողմէ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն Ռ. Կէօզիւպէիւքեանին տրուեցաւ հայկական ձեռագործ  յուշանուէր մը:

Տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան խօսք առնելով` իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու  շեշտեց հաւաքական աշխատանքին կարեւորութիւնը` ծրագիրներու յաջողութեան մէջ:

Ապա ան թուեց 2015-16  տարեշրջանին քոլեճին մէջ կայանալիք բարեկարգումները` հաստատելով, թէ մանկապարտէզի բակը արդէն իսկ ծածկուած է արհեստական խոտով ու նոր խաղալիքներ ապսպրուած են, դասարանները interactive board-ով եւ համակարգիչով օժտելու հանգրուանը գրեթէ հասած է իր աւարտին:

Ան լայնօրէն անդրադարձաւ քոլեճին մէջ հաստատուած Մանկավարժական խորհրդատւութեան բաժանմունքին մասին` նշելով, թէ այնտեղ գործող չորս մասնագէտները  իրենց գիտութիւնը ի սպաս պիտի դնեն կրթական թէ լեզուական դժուարութիւններ դիմագրաւող աշակերտներուն օգտակար  հանդիսանալու:

Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի տիկիններուն` իրենց կամաւոր աշխատանքին համար եւ բեմ հրաւիրեց ու ներկաներուն ծանօթացուց տիկնանց յանձնախումբին նոր միացած անդամուհիները:

Հայկական աշուղական ու գաւառական երգերով ձեռնարկը ճոխացուց երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:

Խանդավառուելով ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտէն ու գիտակցելով հայ դպրոցի վսեմ առաքելութեան` ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի` «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ծնողական Մարմինի Ճաշկերոյթը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?