Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

UN_91215

9 դեկտեմբերը այսուհետեւ կը նշուի իբրեւ հայկական նախաձեռնութեամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած ՄԱԿ-ի օրացոյցին ներառուած յատուկ օր: Այս տարուան 11 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն նախագիծը ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, 9 դեկտեմբերը կը հռչակէր Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր:

Նման բանաձեւի ամրագրման մէջ հայկական առնչութիւններու ընդգծման փորձը հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն առիթ կու տայ:

Նախ անշուշտ այն, որ բանաձեւը ներկայացուած էր ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին կողմէ: Առաջարկի ներկայացման որոշումն ու մանաւանդ ենթահող գտնելը դիւանագիտական առումով նախապատրաստական երկարատեւ աշխատանքներու արդիւնք էր: Երեւանի նախաձեռնութեամբ բանաձեւին համահեղինակ դարձած էր 84 պետութիւն:

Ապա, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը, առաջարկուող բանաձեւը սեպտեմբեր 11-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու ընթացքին, խօսած էր իր «պարտքի զգացումին» մասին: Յարգանքի տուրք մատուցանելով Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ ստեղծած էր ցեղասպանութիւն եզրը, դեսպանը ըսած էր. «Միջազգային օրը կը վերականգնէ անցեալին անտարբերութեան մատնուած զոհերու արժանապատուութիւնը: Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի անձեռնմխելիութեան ժխտումը ծայրագոյն անարդարութիւն է: Ժխտողականութիւնը կը խոցէ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները: Մենք կը խօսինք մեր փորձէն մեկնած»:

Ընտրուած օրը` դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է: Փաստ է, որ եզրի բացատրողականին մէջ հեղինակը բնութագրման իր հիմնաւորումներուն մէջ ներկայացուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան օրինակը:

Հայկական առնչութիւններու այս ընդգծումը կարեւոր է, քանի որ բանաձեւը կը խօսի բոլոր ցեղասպանութիւններուն մասին: Ընկալումը այս պարագային կը վերաբերի թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան (100), թէ՛ Օշուիցի ազատագրման (40), թէ՛ Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու իրականացուցած սպանդի (40) ամեակներուն, բայց նաեւ Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի զոհերուն յիշատակին:

Հայկական մարտավարական մօտեցումը լիարժէք յաջողած էր  սեպտեմբեր 11-ին: Բանաձեւը ոչ միայն միաձայնութիւն չէր ստանար, այլ նաեւ կը խափանուէր, եթէ հայկական բնորոշումը ներառուած ըլլար:

Հայկական կողմէն  հերթական 9 դեկտեմբերի միջազգային  օրուան նշումը աւելիով կ՛ընդգծէ օրուան որդեգրումի հայկական նախաձեռնութեան իրողութիւնը եւ աւելիով կը ներառէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Նորացուած խորհուրդով  առաջին 9 դեկտեմբեր ըլլալուն պատճառով է հաւանաբար, որ հայկական քարոզչաքաղաքական դաշտին մէջ որոշ կրաւորականութիւն երեւցաւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակի միջազգային օրուան նկատմամբ: Քաղաքական մօտեցումը, գործադրուած մարտավարականին նմանողութեամբ կը յուշէ աշխուժ ոգեկոչում այս  առիթով:

Տարբեր պետութիւններու մայրաքաղաքներուն մէջ հայկական նախաձեռնութեամբ, բայց նաեւ ցեղասպանութիւններու ենթարկուած այլ ժողովուրդներու մասնակցութեամբ, այսինքն բանաձեւին համահեղինակութիւն ապահովելու քայլերուն նման, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան միջազգայնացումը նոր բարձրակէտեր կրնայ ապահովել այս ձեւով: Իւրաքանչիւր երկրի ՄԱԿ-ի գրասենեակներուն մօտ եւս հերթական 9 դեկտեմբերին յղուելիք յուշագիր, միայն դրական արձագանգում եւ գործնական մասնակցութիւն կրնայ ապահովել: Միջազգային որեւէ ներկայացուցչութիւն բնականաբար համապատասխան դրսեւորում կ՛ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին եւ հռչակուած օրուան խորհուրդին:

9 դեկտեմբերը 100-ամեակի կարեւոր ձեռքբերումներէն է: Անոր ոգեկոչումը եւս, որդեգրման եղանակին հետեւողութեամբ, մեր նախաձեռնութիւնը եւ այլոց միանալն ու զօրակցիլը կ՛ըլլայ անպայման:

 «Ա.»

Նախորդը

2016-ի Պիւտճէն Ընդունուեցաւ. Դաշնակցութիւնը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

Յաջորդը

Ռոնալտօ. «Փիքէ Կը Նախանձի Ռէալին»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?