Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնթեվիտէօն Տօնախմբեց ՀՅԴ-ի 125-Ամեակը

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000MONTEVIDEO1

Մոնթեվիտէօ շրջանի երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուեցաւ ՀՅԴ-ի 125-ամեակի փառաւոր տօնախմբութիւնը:

Ինչպէս արդէն 15 տարիէ ի վեր սովորութիւն դարձած է, նախքան տօնախմբութեան բուն ծրագիրին անցնիլը, յարգանքի տուրք կը մատուցուի «Վռամեան» ակումբի շրջափակը գտնուող շրջանի մահացած ընկերներուն նուիրուած յուշակոթողին մօտ: Ներկայ էին Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլնճեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Տիանա Իթութմազեան-Պոյաճեան:

Օրուան պատգամաբերն էր յատկապէս մայր հայրենիքէն հրաւիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ բաւական լայնածաւալ վերլուծական մը կատարելէ ետք կուսակցութեան 125 երկար տարիներու դերակատարութեան մանրամասնութիւններուն մասին, ծանրացաւ վերանկախացած Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան 25 տարիներու գործունէութեան: «Անցնող 25 տարիներուն Դաշնակցութեան գործը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անցաւ շարք մը փուլերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նոր փորձառութիւն կուտակեց կուսակցութեան համար: Սկիզբը որպէս հայրենադարձ կազմակերպութիւն, Դաշնակցութեան միակ սեւեռակէտը Արցախի ազատագրումն էր: Այդ գործը աւելի դժուար կ՛ըլլար, եթէ չըլլային այն հարիւրաւոր, հազարաւոր նուիրեալները, որոնք այդ օրերուն միացան Դաշնակցութեան շարքերուն կամ անոր առաջնորդած պայքարին: Անոնցմէ շատերուն կեանքին գնով էր, որ հայրենի հողին մէջ Դաշնակցութեան ցանած սերմերու աճը եղաւ շատ արագ, եւ Արցախի մէջ ժողովուրդը արդէն 1991-ին իր վստահութեան քուէն տուաւ Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ-ն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ դարձաւ իշխանութիւն», յայտնեց Մանոյեան:

Եզրակացնելով իր խօսքը` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Այսօր ունինք անկախ հայրենի պետութիւն, ազատագրուած Արցախ եւ ունինք քաղաքականապէս կազմակերպուած ու առաւել եւս կազմակերպուող սփիւռք: Այս բոլորը, բոլոր վտանգներով հանդերձ, մեզի կու տան հիմք, որ ճիշդ ուղղութեամբ, ճիշդ պայքարի պարագային, մենք կ՛ըլլանք ճիշդ ճամբու վրայ: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ պայքարին, այն ժամանակ մենք անպայման կը հասնինք մեր նպատակին, որ արդէն մասամբ իրականացած է: Անպայման կը հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին: Մենք չտեսնենք, մեր յաջորդները կը տեսնեն»:

Տօնական այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբը, Արժանթինի Քորտոպա քաղաքէն հրաւիրրուած երգիչ Մարթին Մերտինեան եւ մեր գաղութի «Երեւան-50» նուագախումբը, որոնք ոգեւորեցին եւ գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Նախորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Լիբանանի Անկախութեան Իւրայատուկ Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?