Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած «Աւանդական տօնավաճառ»-ի բացումը, նախագահութեամբ` Արփի Գալօղլեանի:
Քոլեճի Տիկնանց միութեան ատենապետ Ծովիկ Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ըսաւ, թէ Տիկնանց միութիւնը` վստահելով դպրոցի ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին ու աջակցութեան, փորձած է աւանդական տօնավաճառին ընդմէջէն այս տարի եւս տօնական ուրախ ու աշխուժ մթնոլորտ ստեղծել դպրոցին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանցի նախկին երկարամեայ անդամ` Արփի Գալօղլեանին, որ սիրայօժար ընդունած է տօնավաճառի նախագահութիւնը:
Արփի Գալօղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար` շեշտելով, որ ինք Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճը կը նկատէ իր երկրորդ տունը: Ան անդրադարձաւ նաեւ միացեալ աշխատանքի կարեւորութեան` շեշտելով, որ այս քոլեճը հիմնուած է ու կը գոյատեւէ տնօրէնութեան ու անոր շուրջ համախմբուած մարմիններուն եւ անհատներուն շնորհիւ:
Բարի գալուստի խօսք ու բարեմաղթութիւններ փոխանցեց նաեւ Արփի Գալօղլեանի հարսը` Ալվարդ Գալօղլեան:
Քոլեճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան ողջունեց տօնավաճառի նախագահը` նշելով, որ երբ քոլեճին հանդէպ պատկանելիութեան ու սիրոյ զգացումը առկայ ըլլայ անձի մը կամ այս պարագային ընտանիքի մը մօտ, այդ մէկը անպայման իր արտայայտութիւնը կը գտնէ նիւթական թէ բարոյական օժանդակութեան ձեւով եւ միշտ նեցուկ կանգնելով քոլեճին:
Ապա, քոլեճին տնօրէնը, Արփի եւ Ալվարդ Գալօղլեանները Տիկնանց յանձնախումբին ատենապետը եւ խնամակալութեան ներկայացուցիչը միասնաբար հատեցին քոլեճի նշանակը կրող ամանորի կարկանդակը:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին մանկապարտէզի եւ երրորդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան ամանորի երգերով ու արտասանութիւններով:
Ապա ներկաները առիթ ունեցան այցելելու տօնավաճառի սեղանները, ուր ճաշակաւոր կերպով տեղադրուած էին Հայկական զարդանմուշներ, գեղանկարներ, կաղանդի յատուկ կողովներ, ձեռագործներ, հայկական գինի, չոր մրգեղէն, խաղալիքներ ու նուէրի յարմար այլազան իրեր:
Տօնավաճառը բաց է ամէն օր, ժամը 8:00-էն 3:30, մինչեւ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր եւ իւրաքանչիւր օր քոլեճի նախակրթարանի կարգերէն աշակերտներ ներկաներուն պիտի հրամցնեն ամանորի ու Ս. Ծննդեան երգեր: