Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khanamirian-(1)_112015

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութեան համար Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկը արդէն դարձած է աւանդական: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս վարժարանը նշեց անկախութեան տօնը, 20 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, զոր յոտնկայս երգեցին աշակերտները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 7-րդ կարգէն Քրիստինա Քէօկերեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Լիբանանի անկախութեան տօնը աշխարհին ուղղուած նամակ մըն է, որուն մէջ նահատակներու արեամբ գրուած է` «Լիբանանը չ՛ընկրկիր, չի նահանջեր»: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` լիբանանցին գիտէ ապրիլ արժանապատիւ ու արժանավայել:

Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Որպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, մենք` աշակերտներս, կ՛ուխտենք հաւատարիմ քաղաքացիներ ըլլալ երկրին, կը խոստանանք աշխատիլ ամէն գնով զարգացնելու մեր սիրելի երկիրը` Լիբանանը»:

Լիբանանի դրօշակները, լիբանանեան աւանդական հիւրասիրութիւնները, հայրենասիրական երգերը ա՛լ աւելի տօնական դարձուցին մթնոլորտը:

khanamirian-(2)_112015

Բոլոր կարգերու աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական յայտագրին: Զ. Է. Ը. կարգերու աշակերտները երգեցին հայրենիքի փառքը հիւսող փունջ մը  երգեր: Իսկ Ա. կարգի աշակերտները արտասանեցին Լիբանանի դրօշին նուիրուած ոտանաւոր մը: Ուշագրաւ էր մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարումը: Անոնք մանկական անմեղ ձայներով երգեցին Լիբանանի հանդէպ իրենց սէրն ու կապուածութիւնը: Բ. կարգի աշակերտները Լիբանանի անկախութեան պատմութիւնը ներկայացուցին:

Ձեռնարկի աւարտին Դ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին արաբական պար մը:

Հակառակ գեղարուեստական յայտագրին համեստ ըլլալուն` անկախութեան տօնին խորհուրդը ամբողջացաւ աշակերտներուն ստեղծած խանդավառութեամբ, որ արդիւնք էր դեռ փոքր տարիքէն երկրին հանդէպ պարտականութեան բարձր գիտակցութեան:

Նախորդը

Կաղանդի Տօնահանդէս Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի` «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?