Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդի Տօնահանդէս Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

December 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khanamirian-gaghant-(2)_120415

Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը իրենց ողջ հմայքով, գոյներով ու մանաւանդ խորհուրդով այցելեցին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճ` 4 դեկտեմբեր 2015-ին: Շատոնց սպասուած այս տօնական օրուան ընթացքին Խանամիրեանի աշակերտները մօտ երկու ժամ երգով-պարով ապրեցան ու ապրեցուցին իրենց ծնողները, հիւրերը, բարեկամները, շէնշող ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ուր իշխողը միայն ժպիտն էր ու սէրը:

Տօնական հանդէսը սկսաւ հանդիսավար Սեւան Կարապետեանի ողջոյնի խօսքով: Ան ամենաբարին ցանկաց ծնողներուն եւ մաղթեց, որ աշակերտներուն աշխուժութիւնն ու կորովը պահպանուի ամբողջ տարուան ընթացքին:

khanamirian-gaghant-(1)_120415khanamirian-gaghant-(3)_120415Այնուհետեւ բոլոր դասարաններու աշակերտները հերթաբար ներկայացուցին իրենց ելոյթները: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինը սկսաւ կոկոն դասարանի փոքրիկներուն մեկնաբանած Կաղանդի խառն երգով, որուն յաջորդեց  Բ. կարգի արտայայտիչ երգն ու Դ. կարգի արաբական պարը: Զ. կարգի աշակերտները գեղեցիկ ձեւով բեմականացուցին Ծնունդի նուիրուած շարական մը, որմէ ետք Ա. կարգի աշակերտները զուարթ երգերով ուրախութիւն տարածեցին ամէն կողմ: Յայտագիրին առաջին բաժինը աւարտին հասաւ Թ. կարգի աշակերտներուն անակնկալ մուտքով, պարով ու ծափով: Այնուհետեւ խօսք առաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ տօներուն առիթով շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ մաղթեց, որ բոլորին ապագան ըլլայ յոյսով ու հաւատքով լեցուն, ինչպէս նաեւ բարին ու դրականը գերակշռող ըլլան գալիք տարուան ընթացքին, իսկ աշակերտներուն մաղթեց, որ իրենց առջեւ բացուին լուսաւոր դռներ, առողջ ու անհոգ օրեր:

Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբին կատարած հիւրասիրութենէն ետք աշակերտները կրկին բարձրացան բեմ` ներկայացնելու յայտագիրին Բ. բաժինը: Հանդէս եկան բողբոջ դասարանի աշակերտները, որոնք մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը իրենց մանկական անմեղ ձայնով ու շարժումներով: Ուշագրաւ էր Գ. կարգի հայկական պարը եւ ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կաղանդի երգերը: Գեղեցիկ շարականով մը հանդէս եկան Ե. կարգի աշակերտները, եւ վերջապէս Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Ծնունդի խորհուրդը» խորագիրը կրող ներկայացումը: Անոնք իրենց դերերով ներկաներուն փոխանցեցին Ծնունդի լաւագոյն պատգամը, որ կ՛ըսէ, աշխարհի վրայ միայն սէրն ու բարութիւնը կ՛արժեն: Հարստութիւնն ու գանձերը կարեւոր չեն կեանքի մէջ. կարեւորը Յիսուս փրկիչը ճանչնալն է իբրեւ թագաւոր, եւ այս մէկը կրնան ընել մարդիկ նոյնիսկ իրենց աղքատութեամբ:

Տօնահանդէսի աւարտին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զանազան ուտելիքներու եւ անուշեղէններու վաճառք` դպրոցին տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.