Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կնոջ Բռնաբարումին Դէմ Տասնվեցօրեայ Արշաւ

Դեկտեմբեր 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանցի կիներու
ազգային խորհուրդի պատասխանատու

16-Days-of-Activism_120915

1991-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգի «Ռոթճըրզ» համալսարանի «Սենթըր օֆ ուիմենզ կլոպըլ լիտըրշիփ»-ի կեդրոնը ծրագրեց տասնվեցօրեայ արշաւ մը` կնոջ բռնաբարումին դէմ:

Այս արշաւին գլխաւոր նպատակն է լուսարձակի տակ առնել ամբողջ աշխարհի տարածքին կիներու դէմ գործուած բռնաբարութիւններն ու խոշտանգումի դէպքերը, որոնք պահ մը կ՛արթնցնեն մարդկային խիղճը` լուսարձակի տակ առնելով այդ դէպքերուն հետեւանքներն ու կնոջ վրայ անոր ունեցած ժխտական անդրադարձը, որ կ՛երեւի հետագային զանոնք շրջապահող ընկերութեան մէջ:

Նկատի ունենալով, որ ՄԱԿ-ի կողմէ 25 նոյեմբերը ճշդուած է «Կիներու բռնաբարումին դէմ պայքարի օր» եւ 10 դեկտեմբերը «Մարդկային իրաւունքներու օր» եւ տրուած ըլլալով, որ կնոջ բռնաբարումին դէմ պայքարը կը բխի մարդկային իրաւունքներու սկզբունքէն, այս արշաւը կը սկսի ամէն տարի 25 նոյեմբերին եւ կը տեւէ մինչեւ 10 դեկտեմբեր:

Այս արշաւին կը մասնակցին` ՄԱԿ-ը, զանազան երկիրներու պետական մարմիններ, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ եւ համալսարաններ:

Ներկայիս այս արշաւին մասնակցող երկիրներուն թիւը հասաւ 180-ի, միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն թիւը` 5478-ի: Օրըստօրէ այդ կազմակերպութիւններուն թիւը կ՛աւելնայ, տիրող պատերազմական իրավիճակին մէջ բռնաբարումներու բազմացումով:

Լիբանան եւս կը մասնակցի այս արշաւին, թէ՛ լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին եւ թէ՛ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ առաջադրուած տարբեր նախաձեռնութիւններով:

Այս արշաւին համար իւրաքանչիւր տարի կը ճշդուի թեմա մը. այս տարուան համար ընտրուած թեման էր հետեւեալը. «Ուսման եւ կրթութեան դերակատարութիւնը` կիներու բռնաբարումը կանխարգիլելու առումով»:

Այս շրջագիծին մէջ հարկ է նշել, որ Մարդկային իրաւունքներու համաձայնագիրին մէջ տեղ գրաւող կարեւորագոյն կէտերէն է 26-րդ յօդուածը, որ կը շեշտէ ուսում եւ կրթութիւն ստանալու եւ զարգանալու իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքը: Այս իրաւունքը նշուած է նաեւ կարգ մը այլ միջազգային համաձայնագիրներու մէջ, սակայն հակառակ այս բոլորին` տակաւին կան երկիրներ եւ շրջանակներ, ուր իգական սեռը զրկուած է այս իրաւունքէն` տգիտութեան, չքաւորութեան եւ պատերազմներու պատճառով:

Այս հանգրուանին կատարուած վիճակագրութիւններու պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն, աշխարհի մէջ 38 միլիոն իգական սեռի ներկայացուցիչներ կ՛ապրին գաղթական վիճակի մէջ`  տեղահանութեան պատճառով:

Անոնցմէ 16,7 միլիոնը պատերազմի պատճառով ապաստանած են իրենց երկիրներէն դուրս, ուր կ՛ապրին սարսափելի պայմաններու եւ հոգեկան շատ տագնապալի վիճակի մէջ:

Իբրեւ հայեր` մեզի համար յստակ է այս պատկերը, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի զաւակներուն ապրած նոյն տառապանքը Ցեղասպանութեան օրերուն: Ներկայիս նոյն վիճակը կը տիրէ նաեւ քիւրտ, եզիտի եւ ափրիկեցի կիներուն մօտ:

Բռնաբարումի վատագոյն ձեւերէն մէկը անչափահաս աղջիկներու բռնի ամուսնութիւնն է, կամ` անոնց «վաճառք»-ը: Իսկ այլոց մօտ` իրենց մարմիններու վաճառքը` ապահովելու համար օրուան հացը: Այս իրավիճակը տիրական է գաղթականներուն մէջ:

Դարձեալ վիճակագրութիւններու համաձայն, ներկայիս 58 միլիոն աղջնակներ միջոցը չունին դպրոց յաճախելու, 31 միլիոնը հազիւ նախնական ուսում ստացած են, 34 միլիոն երիտասարդուհիներ երկրորդական ուսում իսկ չունին, իսկ 15 միլիոն երիտասարդ կիներ լրիւ անուս են:

Ահա այս է պատկերը, որուն հիման վրայ կը բացայայտուի կնոջ իրավիճակը` ներկայ աշխարհին մէջ, ուր պետութիւնները կը հպարտանան, թէ իրենց զինամթերքի տարեկան պիւտճէն 1,8 եռիլիոնի կը հասնի, սակայն, աւա՜ղ, ուսման մակարդակը, աղքատութեան եւ պատերազմի իբրեւ հետեւանք, անկումներ կը կրէ, իսկ անապահովութիւնը, անօթութիւնը եւ վատառողջ պայմանները կ՛առաջնորդեն սերունդներու փճացման եւ ընկերութիւններու քայքայումին:

Ո՞ւր են մարդկային իրաւունքները եւ անոնց ընդմէջէն զարգանալու եւ ուսում ստանալու կիներու իրաւունքը: Ուսումն ու զարգացումը կրնան դառնալ միջոցներ` աղքատութիւնը եւ չքաւորութիւնը չէզոքացնելու եւ առողջ միտքերով առողջ ընկերութիւններ պատրաստելու, յառաջ բերելու զարգացած կիներ, որոնք աշխարհը կը փոխեն եւ աւելի լաւ միջավայր մը կը պատրաստեն գալիք սերունդներուն համար` ծառայելով անոնց բարգաւաճման:

Ուրեմն օգտուինք այս տասնվեցօրեայ արշաւէն` յիշեցնելով բոլորին դպրոցի, ուսման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը: Իսկ մենք, իբրեւ հայ մայրեր եւ քոյրեր, դարձեալ յիշենք, որ ժառանգորդներն ենք մեր այն մամիկներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն իսկ իրենց զաւակներուն սորվեցուցին հայ տառերը` անապատի աւազին վրայ:

 

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Նիւթեր Արաբերէնով` «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքին Վրայ

Յաջորդը

Գաղթի Ճամբուն Վրայ. Արինա Թէքէեան Փրկուած` 4 Ժամ Լողալէ Ետք

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?