Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sweden1_120515

Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, հեռաւոր Սքանտինաւեան ափերուն վրայ գտնուող Շուէտի հայկական գաղութը Սոտէրթալիոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշեց ՀՅԴ-ի 125-ամեակը, կազմակերպութեամբ Շուէտի ՀՅԴ կազմակերպութեան ու ՀՅԴ ՇԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Ներկայ էին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արշակ Քաֆաֆեան, Շուէտի մէջ Հայաստանի  դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Կեդրոնական Եւրոպայի Սքանտինաւիոյ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի հայր Յովսէփ Պահէ,  Նորայր քահանայ Կանճումեան, ՇԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման», «Գարեգին Նժդեհ» խումբերու, ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ Համազգայինի մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տարբեր շրջաններէ եկած բազմահոծ շուէտահայեր:

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով. ապա օրուան բեմավար Վարդուկ Մահսերէճեան-Հայրապետեան  հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը այն նահատակներուն, որոնք ինկած են հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան ճամբուն վրայ: Բացման խօսքը արտասանեց Շուէտի ՀՅԴ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան` յիշելով ՀՅԴ-ի հիմնադիր երրորդութեան կողմէ դարբնուած այն գաղափարախօսութիւնը, որ ծառայած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ուղիին:

Sweden4_120515

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութեան «Գարեգին Նժդեհ» եւ «Նիկոլ Դուման» խումբերը` յեղափոխաշունչ երգերով ու ասմունքով, իսկ Համազգայինի «Ալիք» պարախումբը հանդէս եկաւ իր աւանդական պարերով:

Sweden2_120515

Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արշակ Քաֆաֆեանը, բեմ բարձրանալով գերազանցօրէն ասմունքեց «Գովք Դաշնակցութեան» բանաստեղծութիւնը:

Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանէն այս առիթով յատուկ հրաւիրուած «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Բանախօսը անդրադարձաւ միջին արեւելեան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց իբրեւ հետեւանք նոր գաղութներ կը կազմուին: Ան ըսաւ. «Իբրեւ հայկական գործօն, իբրեւ այս բոլոր իրադարձութիւններուն մօտակայ եւ հեռակայ ազդեցութիւնները կրողը, պէտք է կարենանք հաշուարկել մեզի համար ստեղծուելիք կացութիւնները, եւ եթէ ոչ անպայման առաւելներ, գէթ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ հրամցուող կացութիւններէն:

Sweden3_120515

«Փոփոխուող աշխարհակարգին հետ եթէ հայկական որոշ գաղթօճախներ կը նօսրանան, ուրիշներ աճ կ՛արձանագրեն: Շուէտահայ համայնքը` իբրեւ կազմակերպուող եւ քաղաքական գործօնի կայացման մէջ եղող համայնք, հայ քաղաքական մտքի ուշադրութեան առարկան դառնալու առարկայական պատճառներ ունի: Այստեղ կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական փորձ կուտակած աշխուժ ներկայացուցչութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Շուէտի ընտանիքը:

«Շուէտը յատուկ բանաձեւով, գրեթէ եզակի բնոյթով բացայայտած է օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Իր խորհրդարանով 2012-ին անիկա դէմ եղած է ազրպէյճանական դիւանագիտական ոտնձգութիւններուն` Արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն այլ հարթութիւն տեղափոխելուն: Սքանտինաւեան տարածաշրջանը եւ յատկապէս Շուէտը հայկական աշխարհին մէջ իր ուրոյն իւրայատկութիւններով յատուկ տեղ գրաւած է  եւ իբրեւ այդպիսին օգտագործելի կարողականութեան մը նախադրեալները կը պարզէ»:

Կատարելէ ետք վերջին ժամանակահատուածին Դաշնակցութեան արձանագրած իրագործումները համահայկական խնդիրներու արծարծման եւ պատմական ընթացքներու հունաւորման աշխատանքին մէջ, Շ. Գանտահարեան հաստատեց. «Տարին կը փակենք, եւ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել անցնող տարուան վրայ նկատելու եւ համոզուելու համար, որ ազգովին փայլուն ձեւով եւ ամենաարդիւնաւէտ մակարդակով յաջողեցանք նշել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Տարին շրջադարձային է, որովհետեւ մեր պահանջատիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ. վաղը շրջադարձային կ՛ըլլայ նաեւ, երբ հայրենի ժողովուրդը ընդունի բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը եւ երկիրը ընթանայ յաւելեալ ժողովրդավարացման ճանապարհով: Կազմակերպ ու հայաստանակեդրոն սփիւռքով դէպի միջազգային ճանաչում ընթացող Արցախով եւ համայն հայութեան հայրենիքը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեամբ մենք ազգովին համակարգաւորուած աշխատանքով կը յաջողինք անգերազանցելի դարձնել մեր մարտունակ բանակը, ապահովել Արցախի անկախութիւնը եւ ամրակայել մեր հայրենիքի հանրապետութիւնը», եզրափակեց ան:

Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը յայտնեց, որ ՀՅԴ 125-ամեակը ողջ հայ ժողովուրդին տօնն է: Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան խօսեցաւ հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհի անցած հոգեւոր կղերականներու դերակատարութեան մասին` օրինակ առնելով Խրիմեան Հայրիկի նուիրումը:

Ապա  հանդիսատեսները դիտեցին տեսերիզ մը` «ՀՅԴ պատմութիւն» խորագիրով: Իսկ ձեռնարկի աւարտին հանդէս եկաւ Համոն, որ իր նուագախումբով ոգեւորեց ներկաները` ազգային եւ յեղափոխական երգերով:

Շուէտի Մէջ 10 Նորագիրներ Միացան
ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

Sweden7_120515

Շաբաթ, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան Սթոքհոլմի Սոտեթելիէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութենէն ետք, 10 նորագիրներ` տալով դաշնակցականի երդում, համալրեցին ՀՅ  դաշնակցութեան Շուէտի կազմակերպութեան շարքերը:

Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութեան առիթով Շուէտ գործուղուած Շահան Գանտահարեան, որ խօսեցաւ դաշնակցականէն սպասուած պարտաւորութիւններուն մասին: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային խնդիրներուն իբրեւ հետեւանք մէկ կողմէ որոշ դասական գաղութներ կը նօսրանան, միւս կողմէ այլ գաղութներ նոր շունչ ու եռանդ եւ թուաքանակի աճ կ՛արձանագրեն: Այս իրականութեան դիմաց ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը նոր շունչ ստացող համայնքներու կազմակերպման եւ գործօնի վերածման մէջ հիմնական դերակատարութիւն վերցուցած է, ինչպէս է պարագան նաեւ Շուէտի. առ այդ նորագիրներուն յանձնարարեց տենդագին լծուիլ աշխատանքի: Նորագիր դաշնակցականները կոչուեցան ՀՅ դաշնակցութեան ժամանակակից մտաւորականութեան ամենապայծառ դէմքերէն «Հրաչ Տասնապետեան սերունդ»:

Նախորդը

Մոնթեվիտէօն Տօնախմբեց ՀՅԴ-ի 125-Ամեակը

Յաջորդը

«125 Տարիներու Ընթացքին Դաշնակցութիւն-Ժողովուրդ Ամուր Կապի Երաշխիքներն Են Հաւատարմութիւնը, Վստահութիւնը, Նուիրումն Ու Անկեղծութիւնը» «Բաց Քննարկում»-ի 9-րդ Յայտագիրին Հաստատեցին Դաշնակցութեան Համակիր Հիւրերը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?