Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Լիբանանի Անկախութեան Իւրայատուկ Տօնակատարութիւն

December 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

aksor_111915

Այս տարի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը երկու տարբեր նախաձեռնութիւններով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015-ին, վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները կարգապահ շարքերով մեկնեցան Լիբանանի Ազգային թանգարան: Այս այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Լիբանանի պատմութեան, անոր ներկայացուցած արժէքին եւ ունեցած հարստութեան: Թանգարանի մուտքին աշակերտները դիմաւորուեցան պաշտօնէութեան կողմէ եւ դիտեցին  թանգարանին մէջ ցուցադրուած գաճէ արձանները, դրամները, կուժերը եւ պատմական արժէք ներկայացնող իրերը: Աւարտին, մեծ պաստառի վրայ դիտեցին Լիբանանի պետական թանգարանի հիմնադրութեան, քանդումին եւ վերականգնումին մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:

Յաջորդ օրը` ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ յայտագիրով տօնեց Լիբանանի անկախութեան տօնը` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքը արտասանեց հինգերորդ դասարանի աշակերտ Հրակ Գէորգ, որ 1943 թուականը կարեւոր նկատեց, որովհետեւ այդ օր Լիբանան իր «Ո՛չ»-ը ըսաւ բռնագրաւումին եւ «անկախութիւն» ու «ազատութիւն» պահանջեց: Հրակ Գէորգ նշեց, որ իբրեւ լիբանանահայեր` պարտք կը զգանք տօնելու Լիբանանի անկախութիւնը, որովհետեւ այս երկիրը 1915-ի ջարդէն վերապրած մեր նախահայրերը ընդունեց, իրաւունքներ տուաւ մեզի, ապրելու ազատութիւն եւ յարմարութիւններ: Իր խօսքի աւարտին ան դասընկերներուն անունով խոստացաւ լիբանանցի եղբայրներուն հետ վերաշինելու Լիբանանը եւ դիմադրելու բոլոր դժուարութիւններուն:

Ապա սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Նախակրթարանի բոլոր աշակերտները կարգով բեմ բարձրացան եւ Լիբանանը գովերգող արաբերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով արժեւորեցին անկախութեան տօնը: Յիշարժան էր առաջին դասարանի աշակերտներուն մեկնաբանած «Լիբանան իմ հայրենիքս է» խմբերգը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին: Հուսկ, բեմին վրայ ներկայ աւարտական դասարանի աշակերտները հարազատ խօսքերով ներկայացուցին իրենց երազած ապագայ Լիբանանի տեսլականը: Այստեղ կ՛ուզենք մատնանշել արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներուն անուրանալի դերը` արտասանութիւններու առոգանութեան եւ յայտագիրի պատրաստութեան առումով:

Յայտագրի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան կատարեց փակման խօսքը: Ան մատնանշեց, որ իբրեւ լիբանանցի քաղաքացիներ` պէտք է կատարենք մեր պարտաւորութիւնները, եւ կոչ ուղղեց` չմոռնալու Լիբանանի պատմութիւնը:

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով երկու նախաձեռնութիւնները անջնջելի դրոշմ ձգեցին աշակերտներու յիշողութեան մէջ:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ծնողական Մարմինի Ճաշկերոյթը

Յաջորդը

Մոնթեվիտէօն Տօնախմբեց ՀՅԴ-ի 125-Ամեակը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.