Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ի Թուրքիոյ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան նախագահ Էրտողանի վճռական յաղթանակով:
Օսմանեան Թուրքիոյ «սուլթանական փառք»-ը նոր ժամանակներու տարազով վերականգնելու ցնորքին անձնատուր թուրք «պետական այր»-ը խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովեց իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան:
Քաղաքական մեկնաբանները, ներառեալ` ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի հայ միտքը առաջնորդող հրապարակագիրները, արդէն սկսած են քննել Էրտողանի հաւանական յաջորդ քայլը, որ կը նկատուի գերազանց լիազօրութիւններով օժտուած կառավարման նախագահական համակարգի մը հաստատագրումը` Թուրքիոյ սահմանադրութեան համապատասխան պատշաճեցումով:
Փորձութիւնը մեծ է, անշուշտ, այս առիթով օրուան մտածումին սլաքը կեդրոնացնելու նախագահ Էրտողանի Թուրքիոյ եւ նախագահ Սարգսեանի` Հայաստանին դիմագրաւած սահմանադրական փոփոխութեանց հեռանկարը յատկանշող հեգնական հակասութեան վրայ. մինչ ժողովրդավարական վերափոխման երկար, այլ դժուարին ուղի կտրած թուրք հասարակութեան մէջ այսպէս գլուխ կը ցցէ կեդրոնաձիգ իշխանութեան անցնելու «ուրուականը», անդին` իր անկախութիւնը վերականգնած եւ ամբողջատիրական դարաշրջանի լճացումէն վերազարթնող Հայաստանի մէջ նորովի փորձ կը կատարուի նախագահական կեդրոնաձիգ կառավարումէն անցնելու խորհրդարանական հակակշռումի եւ հաւասարակշռումի վարչաձեւին:
Բայց որքան ալ փորձիչ ըլլայ, այդ հակասութեան հանգիստ քննարկումին ու արժեւորումին համար բաւարար ժամանակը ունինք:
Նոյն հանգստութեամբ մտածելու եւ շարժելու ժամանակը չկայ` Թուրքիոյ դէպի ամբողջատիրական կամ կեդրոնաձիգ պետական իշխանութիւն շրջադարձը դիմագրաւելու առումով:
Միայն Թուրքիոյ հարցը եւ այն ալ սոսկ թուրքերու ներքին խնդիրը չէ, որ Մերձաւոր Արեւելքը, Պալքանները եւ Միջերկրական ծովու աւազանը աւելի քան եօթը դար կառավարած թրքական պետութիւնը իր երբեմնի փառքն ու տեղը կ՛ուզէ վերանուաճել նոր աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ…
Օսմանական-սուլթանական ոճով իշխանապետութիւն մը հաստատելու նախագահ Էրտողանի նկրտումները բացառապէս Թուրքիոյ վաղուան հեռանկարը մտահոգող սոսկ ներքին խնդիր մը չեն: Իշխանութեան ծայրայեղ կեդրոնացումի էրտողանեան ախորժակները սպառնալիք մը կը հանդիսանան նախ նոյնինքն թուրք հասարակութեան ժողովրդավարական վերափոխման համար, ապա եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան բռնակցուած ազգային միաւորներուն (քիւրտեր, ալեւիներ, հայեր, յոյներ) եւ անոնց հայրենի հողերուն ազգային ինքնութիւնն ու քաղաքակրթական բազմակողմանի զարգացումը արգելակելու առումով:
Էրտողանի իշխանապետութեան բացարձակացումը, նաեւ ու մանաւա՛նդ, միայն Թուրքիան յուզող վտանգ չէ:
Կրօնական եւ ցեղային գերակշռութեան ֆաշական նեխած հոտը կու գայ Էրտողանի հետապնդած կեդրոնաձիգ իշխանապետութենէն, որ իր աշխարհաքաղաքական հիւսուածքով ու յաւակնութիւններով կը սպառնայ ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի, այլեւ` Պալքաններու եւ մինչեւ իսկ Եւրոպայի ընկերաքաղաքական անդորրութեան, կայունութեան:
Իրաքի եւ Սուրիոյ ողբերգութիւնները միայն նախերգանքը պիտի ըլլան այն մեծ քաոսին, որուն յորձանքը անհակակշռելի թափով պիտի ժայթքի, եթէ նոր աշխարհակարգը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը ունեցող մեծապետական ուժերը շարունակեն չլսելու տալ շատոնց հնչող եւ այսօր արդէն սաստկացող ահազանգը էրտողանեան վտանգին դէմ:
Խորքին մէջ նոյեմբեր 1-ի Թուրքիոյ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը ինքնի՛ն ահագնացման տարաւ ահազանգը Էրտողանի տարիներէ ի վեր շղթայազերծած թրքական կայսերապետութեան դէմ:
Այո՛, մերօրեայ թրքական վտանգը թէեւ կը դրսեւորուի Էրտողանի կեդրոնաձիգ իշխանութեան նկրտումներով, բայց էապէս կը խմորուի թրքութեան մեծապետական հզօրութիւնը վերականգնելու ցեղապաշտական ախորժակներով:
Նախընտրական պայքարի ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիա թատերաբեմ դարձաւ Էրտողանի կողմէ հրահրուած ներքին թէ արտաքին ծայրայեղութեանց` «Իսլամական պետութեան» թէ թուրք ազգայնամոլ շարժումի անունին տակ գործող մութ ուժերու կատաղի գրգռութեանց, ձեռնարկած մաքրագործումներուն եւ օր-ցերեկով ահաբեկչութեանց, որոնց «մեղքի պտուղ»-ն է ահա՛ Էրտողանի անձնական եւ կուսակցական յաղթանակը, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեանց աւարտին:
10-15 տարի առաջ, երբ Էրտողանի իշխանութիւնը իր սկզբնական տարիներու ինքնահաստատման փուլին կը գտնուէր, նոր աշխարհակարգի ղեկավար ուժերը արար աշխարհին, նաեւ իրենց սեփական հանրութեան, կը փորձէին համոզել, թէ թուրք քաղաքական բեմին վրայ իշխանութեան ղեկին կու գայ պետական այրերու խոստմնալից սերունդ մը, որ իբր թէ ե՛ւ իսլամամէտ է, բայց արեւմտեան կողմնորոշում ունի, ե՛ւ չափաւորական սկզբունքներով կ՛առաջնորդուի, ծայրայեղական չէ…
Իր իշխանութեան քայլ առ քայլ ամրապնդումին եւ բացարձակացման հետ` նախագահ Էրտողանի Թուրքիան ոչ միայն սկսաւ մարտահրաւէրներու լեզուով խօսելու իր հարեւաններուն թէ մեծապետական «գործընկերներուն» հետ, այլեւ դրօշակիրն ու բանբերը դարձաւ թէ՛ իսլամ ծայրայեղականութեան, թէ՛ թրքական այլամերժութեան:
Նաեւ գործնական իր քայլերով Էրտողանի Թուրքիան իր կայսերապետական հզօրանքի վերականգնումին պատանդ դարձուց նոյնինքն մեծապետական ուժերը, որոնք իսլամ ծայրայեղականութեան դէմ «լաւագոյն» ու «վստահելի» զինակիցը ուզեցին տեսնել…թրքական պետութեան մէջ:
Տարիներէ՜ ի վեր կը հնչէ ահազանգը Թրքական Վտանգին պատեհապաշտ դրսեւորումներուն դէմ:
Բայց լսողը ո՜վ է:
Հիմա արդէն իր ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութեան քուէով ու վստահութեան յաղթաթուղթով Էրտողան կը խօսի իր վարքագիծէն դժգոհ ներքին թէ արտաքին ընդդիմախօսներուն հետ: