Յօդուածներ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին Ելոյթը Երեւանի Մէջ ՀՅԴ  125-Ամեակի Հանդիսաւոր Ձեռնարկին

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին Ելոյթը Երեւանի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Հանդիսաւոր Ձեռնարկին

Խօսելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ու դաշնակցականների մասին, ես պիտի խօսեմ հայրենիքի եւ հայ մարդու մասին: Չէր լինի Դաշնակցութիւն, եթէ հայրենիք ունենալը հեշտ լինէր, չէին լինի դաշնակցականներ, եթէ հայ լինելը հեշտ լինէր: Հարիւր քսանհինգ տարի առաջ` 1890 թուականին, երբ Արեւելքն` իբրեւ քաղաքակրթական բեւեռ, ժամանակաւորապէս կլանել էր Հայաստանը, երբ պետականութիւնից զրկուած մեր ժողովուրդը աստիճանաբար զրկւում էր նաեւ իր տուն ու տեղից, երբ...

Հաւատալ Եւ Գործել

Հաւատալ Եւ Գործել

Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի խօսքը` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութեան: Դաշնակցութեան` երեք դարերի վրայ երկարող դիւցազներգական ներկայութիւնը մէկ բացատրութիւն ունի: Այն մեր ինքնութեան, մեր տեսակի, մեր հայկականութեան հարազատ արտացոլումն է: Իբրեւ գաղափար եւ իբրեւ կառոյց: Այլ գաղտնիք գոյութիւն չունի: Մեր մշակոյթի, մեր հոգեւոր կեանքի, մեր ռազմիկի ու գիւղացու ազնուականութեան արդիւնք ինքնութիւնից, հայկականութիւնից ցանկացած օտարում Դաշնակցութեան...

Նամականի

Անդրադարձ. Ցեղասպանութեան Հռչակագիրը Եւ Միացեալ Նահանգները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նոյեմբեր 25-ը յիշարժան, սակայն մոռցուած թուական մըն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: 4 նոյեմբեր 1988-ին էր, որ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն Շիքակոյի Օ՛Հեր օդակայանին մէջ, 40 տարիներ ուշացումով, ստորագրեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ 9 դեկտեմբեր 1948-ին 44 անդամ պետութիւններու կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրը («Պայմանադրութիւն կանխարգիլելու եւ պատժելու ցեղասպանութեան ոճիրը», այսուհետեւ` «Հռչակագիր») որդեգրելով, օրէնքի ուժ տալով անոր Միացեալ Նահանգներու...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Աշխարհի Մէջ Հինգ Միլիառ Մարդ Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ ամիս իմ խմբագրականին մէջ տեղեկացուցած էի «Զոկպի» հետազօտական կեդրոնին կատարած հարցախոյզի արդիւնքներուն մասին, ըստ որոնց, ամերիկեան հասարակութեան միայն 35 տոկոսը տեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ես կը կարծէի, թէ ատիկա ցած ցուցանիշ է` ակնկալելով, որ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ պէտք էր իրազեկուած ըլլային Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Որոշ ընթերցողներ իրաւացիօրէն մատնանշեցին, որ...

Տեսակէտ. Խումբը Մեր Խումբն Է, Տղաքը` Ո՛չ Բոլորը

ՍԱՆԱՀԻՆ ՏԱՒՐՈՍ - Ազա՞տ ես, ըսի: - Զբաղած եմ,- ըսաւ:- Պասքեթպոլի մրցումի պիտի երթամ: Մեր տղաքը պիտի խաղան: Մե՞ր տղաքը: Դաշտ կը ներկայանայ հինգ հոգիէ բաղկացած խումբ մը: Երեքը` ամերիկացի, երկուքը` բնիկ լիբանանցի (կամ փիւնիկեցի, ինչպէս իրենք զիրենք կը սիրեն կոչել): ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը կը նուագէ Լիբանանի քայլերգը: Երկվայրկեաններու քար լռութենէ ետք դաշտը կը թնդայ բոլորին ոտքերուն տակ: ՀՄԸՄ-ի համակիրները միաձայն...

Մեղաւորին Շապիկը

Տարի մը եւս պիտի գլորուէր թէ՛ գեղեցիկ, թէ՛ ալ անախորժ օրերով, որոնք մեր ԳԻՐՔ-ին ո՛չ միայն էջերը պիտի ըլլան, չէ՛, այլ նաեւ` մեր ՆԱՄԱԿ-ը կամ պատմութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ հաւատացած եմ, որ իւրաքանչիւր էակ ունի իր նամակը, զոր ձեւով մը լսելի պէտք է դարձնէ իր շրջապատին: Եւ ահա «հրաշքներու» ամսուան` դեկտեմբերին սեմին էինք, երբ աշխատանքի բերումով պէտք է  ներկայ գտնուէի...

Երեւանի Դպրոցը` Սահմանապահ Զինուորի Եւ Դպրոցականի Կողքին

Երեւանի Դպրոցը` Սահմանապահ Զինուորի Եւ Դպրոցականի Կողքին

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Բերքաբեր, ետին` Գուարզին սարը, որ այսօր Ազրպէյճանի տարածքին մէջ է Ազրպէյճանական Մազամ գիւղը   Բերքաբեր գիւղը գտնւում է Տաւուշի մարզում` Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանի վրայ: Դէմ դիմաց գտնուող հարեւան ազրպէյճանական գիւղի` Մազամի հետ սահմանը անցնում է Ջողազի ջրամբարով: Այս ջրամբարը կառուցուել է Խորհրդային Միութեան վերջին տարիներին` Իջեւանի ու Նոյեմբերեանի եւ Ղազախի շրջանների հայկական եւ ազրպէյճանական գիւղերի այգիները եւ դաշտերը...

ՀՄԸՄ-ի Վկայեալ Կարգի Դասընթացք

ՀՄԸՄ-ի Վկայեալ Կարգի Դասընթացք

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, գործակցութեամբ Շրջանային խմբապետութեան հետ, 2014-2015 տարեշրջանին կազմակերպեց վկայեալ կարգի դասընթացք մը, որուն մասնակցեցան  ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Այնճար, Անթիլիաս, Ժտէյտէի մասնաճիւղերուն խմբապետերը: Սոյն կարգը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով: Ա. հանգրուանը (տեսական հանգրուան) ընթացք առաւ  26/11/2014-ին եւ աւարտեցաւ 10 մարտ 2015-ին: Վկայեալ կարգի թեկնածու անդամները շաբաթական դրութեամբ հետեւեցան եւ զարգացուցին իրենց գիտելիքները զանազան նիւթերու շուրջ`...

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Կը Նշեն Լիբանանի Անկախութեան 72-րդ Տարեդարձը

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Կը Նշեն Լիբանանի Անկախութեան 72-րդ Տարեդարձը

22 նոյեմբերին մայրիներու երկիր Լիբանանը կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը: Այս առիթով, ուրբաթ, 20 նոյեմբերին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը` ի պատիւ Լիբանանի անկախութեան 72-րդ տարեդարձին: Արդէն լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք լիբանանեան դրօշակին գոյներով հագած Ծաղիկ...

«Նեմեսիս» Եւ Սողոմոն Թեհլիրեան

«Նեմեսիս» Եւ Սողոմոն Թեհլիրեան

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Սողոմոն Թեհլիրեան Սողոմոն Թեհլիրեան (1915) 2008 թուականի ամառը կնոջս հետ շրջապտոյտի ելած էինք Միացեալ Նահանգներ, Ուաշինկթըն ու Քալիֆորնիա: Կ՛այցելէինք մեր հարազատներուն, որոնք լիբանանեան ներքին պատերազմին (1975-1990) պատճառով գաղթած էին հեռաւոր Ամերիկաներ: Այդ տարիներէն ի վեր զիրար չէինք տեսած: Մէկ երկու օրուան համար Ֆրեզնօ էինք: Այցելեցինք Ուիլիըմ Սարոյեանի անունով թատերասրահը, որուն մուտքին զետեղուած էր  հայ մեծ գրողին կիսանդրին:...

Հայը… Մենք Ենք

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (5). Մանկութեան Տարիներէս…

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Յակոբը եւ ես` երկուքս ալ Էշրեֆիէ ծնած ու «Ղազար Չարըքի դպրոցը» յաճախած ենք: Որոշ ժամանակ ետք, երկուքս ալ այդ շրջանէն հեռացած ենք: Ինք` Մըզհէր կը բնակի, իսկ ես... տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու, երկրագունդին հակառակ կողմը, սակայն երկուքս ալ նոյն զգացումներով լեցուած, կը հասնինք Էշրեֆիէ, ուր անցուցած ենք մեր մանկութեան քաղցր տարիները: Չաթալպաշեան վարժարանը Սուրբ Յակոբ եկեղեցի: Կողքին` Չաթալպաշեան...

Ժան Պօղոսեանի «Երկու Կրակներու Միջեւ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսը Բացաւ Իր Դռները

Ժան Պօղոսեանի «Երկու Կրակներու Միջեւ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսը Բացաւ Իր Դռները

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի  դեսպան Ալեքս Լենըրցի, գործակցութեամբ «Պօղոսեան հիմնարկ»-ին եւ «Աժեալ» ցուցասրահին, ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պիէլի «Պէյրութ Էկզիպիշըն սենթըր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Ժան Պօղոսեանի նկարչական «Երկու կրակներու միջեւ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը: Ժան Պօղոսեան ծնած է 1949-ին լիբանանահայ հօրմէ եւ իտալացի մօրմէ: 1970-էն սկսեալ ան թանկագին քարերու վաճառական է եւ ոսկեղէնի ձեւաւորող: 1992-ին իր հօր` Ռոպերին եւ...

Ակնարկ.  «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի Քափի Փէյսթը

Ակնարկ. «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի Քափի Փէյսթը

Առաջին անգամը չէ, որ «Լ՛Օրիան Լը ժուր»-ը լրագրական բարոյականութեան կամ աւելի ճիշդը բովանդակային սխալներու տեղի կու տայ: Երէկուան թիւով «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի 11-րդ էջին տակ ծուարած սիւնակին երկրորդ լրատուութիւնը կը կրէ «Լեռնային Ղարաբաղ» խորագիրը. այդ խորագիրին ներքոյ առաջին պարբերութիւնը կ՛ըսէ. «Ազրպէյճանական բանակը երէկ օգտագործեց հրասայլեր հրթիռակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական տարածքի ապստամբները. երեւոյթը (ըսել կ՛ուզուի հրասայլերու օգտագործումը) զինադադարի կնքումէն ետք...

Անդրադարձ.  Որպէսզի Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի  Ոգին Միշտ Վառ Մնայ Սրտերուն Մէջ

Անդրադարձ. Որպէսզի Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի Ոգին Միշտ Վառ Մնայ Սրտերուն Մէջ

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ 1915-ը հայ ազգին համար միայն ոչխարի հօտերու պէս մորթուելու, նախճիրի, ջարդերու, սպանութեան եւ անոր մէկ կարեւոր մասին ի սպառ ոչնչացման թուականը չէ, անիկա միայն հլու-հնազանդ Ցեղասպանութեան ծրագիրին ենթարկուելու թուականը չէ, միայն ամբողջ ազգ մը անճիտելու, անգլուխ, անղեկ ձգելու թուականը չէ: 1915 թուականը է նաեւ թուականը ոճրագործին դէմ ընբոստացումին, թուականն է Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ հայկական այլ շրջաններու մէջ գտնուող...

Ուրֆայի Հերոսամարտին Խոյանքը

Ուրֆայի Հերոսամարտին Խոյանքը

ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ 1915-ին գոյութեան այդ մարտին, երեսուն հազար հայեր, երեսուն հազար խիզախ հայ սրտեր վահանացան` խորտակելով մեր հերոսական ցեղի բնաջնջման նպատակով արձակուած թունաւոր նետերը: Ուրֆայի հերոսամարտով հայութիւնը կ՛ապրի անզուգական խոյանքով, կոտորածներու մէջ կոտորելով իյնալ ուխտած հերոսներով, որոնք մեզի տուին քաղցրութիւնն ու հպարտութիւնը մերժելու անապատի մահը, իյնալու հարազատ երդիքին տակ: Ուրֆան անմասն չմնաց 1895-ական թուականներու կոտորածներէն, բայց նոյնիսկ Սուլթան Համիտի օրով,...

Մահ Իմացեալ Անմահութիւն Է

Մահ Իմացեալ Անմահութիւն Է

Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ոչ ոք չէր նախատեսում - մարդկօրէն չէր կարող նախատեսել - այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններում հայ ժողովրդի վերաբերմամբ: Ենթադրում էին, այո՛, որ թուրքերը, պատերազմի ընթացքին, վայրագութիւններ կը գործեն: Հնարաւոր էր համարւում մանաւանդ մտաւորականութեան որոշ մասի բնաջնջումը եւ մտաւորականութիւնը պատրաստ էր զոհաբերուելու ժողովրդի փրկութեան համար, բայց ա՛յն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915-ին,...

Հերոսամարտին Իմաստը

Հերոսամարտին Իմաստը

ԱՐԱՄ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Չենք ուրանար Ուրֆայի անցեալ պատմութիւնը, սակայն կը նկատենք, որ հասնող սերունդը անմիջական երէկն է, որ կը փնտռէ, անով ինքզինք հպարտ զգալու համար: Հայկն ու Արամը` հին դարերուն խանդավառած են մեր պապերը: Այսօր եթէ անոնց կողքին նորերը չունենանք ներկայացնելիք, ցեղին ազնուականութիւնը եղծանուած պիտի նկատուի մեր զաւակներուն կողմէ: Վերջին կէս դարու մեր պատմութիւնը թուական մը ունի, որ, առանց Ուրֆաներու զովացնող...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

Մեր Խօսքը. Յառաջդիմականութիւնը` Պայման

ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ անհերքելի տեղ ունեցած է յառաջադէմ երիտասարդ ուսանողութիւնը: Յառաջդիմական գաղափարները բոլոր սթաթիւս քօ-ները հարցադրող, հարցերու տրամաբանական, իրապաշտ եւ այլընտրանքային լուծումներ որոնող գաղափարներն են: ՀՅԴ-ն ինքնին յառաջդիմական գաղափարներու ծնունդ է: Արդարեւ, ՀՅԴ հիմնադիր սերունդը թրծուած էր յառաջդիմական, յեղափոխական գաղափարներով: Անոնք լաւապէս ճանչնալով հայ ժողովուրդը` կրցան սոյն գաղափարները պատշաճեցնել անոր: Այսպէս, անոնք մերժեցին ամբոխային տրամաբանութիւնը, գծեցին իրենց ուրոյն ուղին եւ...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

Հին Եւ Նոր Մարտահրաւէրներ

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Կը թուի, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը արտացոլացումն է համայն հայ ժողովուրդի վերջին 125 տարուան պատմութեան` իր պայքարով, գոյութեան եւ կորստեան մարտահրաւէրներով, հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած դժուարին ճանապարհին հետ: Ան մեկնելով «ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» կարգախօսէն` յառաջ մղեց ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ անոր արդար դատի հետապնդման գործը: Դժուարին ճանապարհ մը` իրապէս, որուն ընթացքին պայքարեցաւ, կերտեց առաջին հանրապետութիւնը, սակայն...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Ընկեր»  բառը բացատրելը այնքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ անոր իմաստը կը զգանք ու կ՛ապրինք: Բառարանի սահմանումը պարզ է` «Մտերիմ, բարեկամ, ծանօթ, գաղափարով համախոհ, գործակից, օգնական», սակայն պէտք չէ բաւարարուիլ բառացի սահմանումով: «Ընկեր» բառը կը գործածուի հոն, ուր մէկէ աւելի անհատներ կան. կեանքի ընկեր, գործընկեր, դասընկեր, կուսակցական ընկեր... Կ՛ըսուի` չկայ լաւ ու վատ ընկեր, որովհետեւ ոչ մէկ ժխտական իմաստ...

Page 983 of 1110 1 … 982 983 984 … 1,110

Արխիւներ