Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրաքննութիւն Եւ Ինքնագրաքննութիւն

December 11, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Helping-hand_121115Տեղեկատուական մարզի, մանաւանդ մամլոյ աշխատակիցներու առաքելութիւնն ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս` հակամարտութիւններու, տագնապներու, ներքին խռովութիւններու շրջաններուն մէջ, սկիզբէն իսկ Գողգոթայի նմանած է: Մարդկային տարրական իրաւունքներու, մամլոյ եւ կարծիքի ազատութիւններու, ընդհանրապէս ժողովրդավարութիւններու մասին պղտոր գաղափար ունեցող բռնատէրեր եւ մենատիրական վարչակարգեր հալածած են եւ, անշուշտ, տակաւին նոյն թափով ու ոգիով կը շարունակեն հալածել տեղեկատուական մարզի աշխատակիցներ` լաւագոյն պարագային զանոնք բանտարկելով: Այս ճնշումի ոճին հինէն ի վեր տխրահռչակ մասնագէտներն են Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան դրացիները` Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Վերջինիս պարագային, նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան նաեւ սովորութիւն ունի դատ բանալու լրագրողներու կամ յօդուածագիրներու դէմ, որոնք, ըստ իրեն, կը վիրաւորեն իր արժանապատուութիւնը: Եւ զարմանալի չէ, որ Էրտողան յաճախ կը շահի այդ դատերը` հասկնալի պատճառներով… Այս ճնշումները ձեւով մը կը յիշեցնեն սուլթան Համիտի մամլոյ օրէնքը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

soultan_1211151.- Թերթերը պարտաւոր են ամէնէն առաջ տեղեկութիւն տալ ժողովուրդին` վեհապետին առողջութեան մասին եւ ապա միայն խօսիլն առեւտրական կեանքին շուրջը:

2.- Արգիլուած է հրատարակել կրթական նախարարութեան կողմէ չվաւերացուած որեւէ գրութիւն:

3.- Արգիլուած է հրատարակել երկար յօդուածներ, եթէ թերթը չի կրնար լոյս ընծայել մէկ անգամով: Արգիլուած է գործածել «Շարունակելի» բառը եւ կամ` ուրիշ էջ մը փոխադրել յօդուածի մը շարունակութիւնը:

4.- Արգիլուած է բացեր ձգել կամ գործածել կախման կէտեր, որոնք կրնան աւելորդ ենթադրութեանց մղել ընթերցողը:

5.- Արգիլուած է քննադատել կայսրութեան անձնաւորութիւնները:

6.- Արգիլուած է հրատարակել բողոքներ` պետական պաշտօնատարներու դէմ:

7.- Արգիլուած է յիշատակել «Էրմէնիստան» (Հայաստան) բառը, ինչպէս նաեւ` այս իմաստով պատմական կամ աշխարհագրական որեւէ բացատրութիւն:

8.- Արգիլուած է տեղեկացնել ժողովուրդին` օտար երկիրներու մէջ գահակալներու կամ պետական մարդոց դէմ գործուած մահափորձերը: Նոյնպէս արգիլուած է տեղեակ պահել ժողովուրդը օտար երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու մասին:

9.- Արգիլուած է մեկնաբանել վերոյիշեալ հրահանգները, ինչպէս նաեւ` հրատարակել զանոնք թերթերու մէջ:

 

Նախորդը

Ինքնագրաքննութիւն Եւ Ինքնականոնակարգում

Յաջորդը

125 Տարիների Անկասելի Երթը

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.