Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնագրաքննութիւն Եւ Ինքնականոնակարգում

Դեկտեմբեր 11, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արդի Եգիպտոսի մէջ մամլոյ աշխատակիցին` լրագրողին, յօդուածագիրին պաշտօնը այսօր բաւական դժուար է, սակայն, հակառակ բոլոր արգելքներուն, Գահիրէի մամուլը կը ձգտի ինքնականոնակարգումի միջոցով վստահելիութիւն նուաճել:

Անգլիական «Կարտիըն» թերթի կայքի ընթերցողներու կարծիքներու բաժնի խմբագիր Սթիւըն Փրիչարտ անդրադարձած է Խալետ Սալահի, որ գլխաւոր խմբագիրն է Եգիպտոսի ամէնէն ժամանակակից լրատու գործակալութիւններէն մէկուն:

Salah_121115

Խալետ Սալահ անհաւանական ժիհատական մը կը թուի: Գահիրէի իր գրասենեակին մէջ նստած` կարծես թէ ան դժուար  կը  հաւատայ, որ այժմ գլխաւոր խմբագիրն է  Եգիպտոսի ամէնէն ժամանակակից լրատու գործակալութիւններէն մէկուն: Ասիկա երկար ուղեւորութիւն մըն է բանտի խուցէն, ուր մնացած է իր արմատական ընկերներուն հետ: Խալետ Սալահ անկեղծօրէն կը պատմէ իր պատանեկութեան տարիներուն մասին, երբ այլ երիտասարդներու հետ, իր մզկիթին մէջ, զինք քաջալերած են միանալու նախագահ Մուպարաքը տապալելու դաւադրութեան, որպէսզի ազատեն Եգիպտոսի բանակը` միանալու իսլամութեան համար Երուսաղէմը վերագրաւելու պայքարին:

Սալահ կ՛ըսէ, որ բանտարկութեան զանազան շրջաններուն հանդիպած է ուրիշ կարծր գիծի կողմնակիցներու, բայց երբ անոնք  արգիլած են, որ ինք կարդայ  իսլամութեան խաղաղ նպատակներու մասին, ինք սկսած է լուրջ կասկածներ ունենալ եւ վտարուած է ընտանիքին կողմէ, բանտէն ազատ արձակուելէ ետք:

«Ես այն ատեն 19 տարեկան էի: Այժմ ես 45 տարեկան եմ եւ կը ղեկավարեմ Եգիպտոսի միակ առաջին թուային թերթը», ըսաւ Խալետ Սալահ` այցելելով  Youm7 արաբերէն եւ անգլերէն վեց անջատ կայքեր եւ երկու թերթեր, որոնք ունին անձնակազմի 600 երիտասարդ եւ աշխուժ անդամներ:

Թերթին կայքէջին մէջ իր փորձառութիւնները  գրելու մասին Սալահ կ՛ըսէ. «Ծայրայեղական միտքերու ծուղակը ինկայ: Ես պատրաստ էի նահատակուելու Աստուծոյ շարիային համար: Այսպէս թուեցաւ աշխարհը ինծի, երբ ես երիտասարդ էի, եւ այսպէս կը թուի այժմ այս երկրի տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներուն համար: Այսօրուան երիտասարդները չեն ուզեր խամաճիկները ըլլալ իրենց մեծաւորներուն, որոնք կը ձեռնարկեն քաղաքական պատերազմի` իշխանութեան հասնելու համար»:

Ասիկա երկիւղ կը ստեղծէ ժամանակակից Եգիպտոսի արմատականութեան սրտին մէջ: «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը, որ տապալեցաւ նախագահ Սիսիի եւ բանակին կողմէ, ճանչցուած է ահաբեկչական, տեսակէտ մը, որ ըստ երեւոյթին հաստատած են  համապատասխան լրատու միջոցները: Բազմաթիւ լրագրողներ, որոնց հետ ես զրուցեցի, փորձեցին զիս համոզել, որ բանակի իշխանութիւնը կը ներկայացնէ շատ անհրաժեշտ կայունութիւնը, որ հազուադէպ էր Մուպարաքի տապալումին յաջորդած  խռովութիւններու տարիներուն: Կայունութեան ցանկութիւնը նոյնիսկ ունին ե՛ւ պետական, ե՛ւ սեփական լրատու միջոցներու 17 խմբագիրներ, ներառեալ` Խալետ Սալահ: Անոնք բոլորն ալ կը խոստանան չքննադատել բանակը, ոստիկանութիւնը եւ դատական համակարգը:

Սակայն, հակառակ այս ամբողջ պատրաստակամութեան, զիջողութեան, Լրագրողներու պաշտպանութեան խորհուրդը յստակ դարձուցած է, որ Եգիպտոս դժուար եւ վտանգաւոր տեղ է լրագրողներու համար: «Անկախ լրագրողութեան տարածքը սեղմուած է  տարիներու անկայունութեան, ահաբեկչութեան մտահոգութեան, կաղացող տնտեսութեան, իշխանութիւններու եւ հանրութեան` տեղեկատուական մարզէն յուսախաբութեան պատճառով», նշուած է տեղեկագիրին մէջ: Լրագրողներու պաշտպանութեան խորհուրդը 2013-ին Եգիպտոսը դասած է  լրագրողներու համար երրորդ ամէնէն վտանգաւոր երկիրը եւ կ՛ըսէ, թէ առնուազն վեց լրագրողներ սպաննուած են Սիսիի իշխանութեան գալէն ի վեր:

Այժմ վերստին կը սկսի դատավարութիւնը «Ժազիրա»-ի անձնակազմի անդամներ Պահեր Մոհամետի եւ  Մոհամետ Ֆահմիի, որոնք բանտարկուած են  «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան մեղսակցելու յանցանքին համար: Անոնք կը հերքեն մեղադրանքը եւ կ՛ըսեն, թէ իրենք պարզապէս լուրերը կը հաղորդեն:  Առնուազն 67 լրագրողներ այսօր կը գտնուին եգիպտական բանտերու մէջ:

lrakrogh_121115

Բոլոր այս լուրջ սպառնալիքներով (զուգորդուած`  ինքնագրաքննութեան աստիճանով մը), դուք պիտի կարծէք, թէ ինքնակարգաւորումը վերջին  առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ Եգիպտոսի մամուլին, բայց եգիպտացի խմբագիրները համոզուած են, որ լրատու միջոցներուն մէջ վստահութիւնը չնչին է, եւ թէ ամրացնելով  պատասխանատուութիւնը` անոնք կրնան բարձրացնել վստահելիութիւնը:

Img2_121115

Ամբողջ աշխարհի սիւննի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդը նկատուող Ազհարի իմամ շէյխ Մոհամետ Թայիպի հետ միջազգային լրատու գործակալութիւններու եւ Լրագրողներու պաշտպանութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ: Իմամը, որ խստիւ կը դատապարտէ  ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական արարքները, դժգոհութիւն յայտնեց, որ իսլամները տառապած են վատ լրագրութենէ` ե՛ւ Արեւելքի, ե՛ւ Արեւմուտքի մէջ: «Եգիպտոսի մէջ մենք ունինք տեղեկատուական մարզ մը, որ կը նախընտրէ գրգռել, հրահրել ժողովուրդը, իսկ արեւմտեան լրատու աղբիւրներ կ՛անտեսեն նոյն այդ մարդոց իրաւունքները», ըսաւ ան:

Img3_121115

«Շարլի Հեպտօ»-ի երգիծանկարները երբ քննարկեցինք, շէյխ Մոհամետ Թայիպի ուզեց գիտնալ, որ  Լրագրողներու պաշտպանութեան խորհուրդը լիազօրութիւն ունի՞ պարտադրելու թերթերուն, որպէսզի պատասխանատուութեամբ գործեն: Մենք անոր բացատրեցինք, որ մերը բռնատիրական իշխանութիւն մը չէ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Գրաքննութիւն Եւ Ինքնագրաքննութիւն

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?