Յօդուածներ

Խենթանոց

Ո՞ւր Կ՛երթայ Հայ Երգը (5)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Միայն յեղափոխական երգերը չեն, որ իւրայատուկ են հայ երաժշտութեան մէջ: Տարբեր ազգերու երաժշտութեան մէջ, չենք հանդիպիր նաեւ աշուղական երգերու, որոնցմէ ամենանշանաւորը Սայաթ Նովան է անկասկած: Նմանապէս, զուտ հայկական բնոյթ ունին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երգերը, որոնք նախ եղած են ողբի ու սուգի երգեր. «Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան»: Ապա, յիսնամեակէն ետք անոնք դարձած են պահանջատիրական...

Հարցազրոյց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին Հետ

Հարցազրոյց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջերս  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց  Լիբանան: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռազմիկ Փանոսեանին հետ` մօտէն հետեւելու հիմնարկութեան կազմակերպած ու հովանաւորած ձեռնարկներուն ու գիտաժողովներու ընթացքին եւ քննարկելու ուսումնական ծրագիրներու նոր մեթոտաբանութեան եւ արհեստագիտութեան անհրաժեշտութեան, մարդուժի տագնապին, հայ սփիւռքի մարտահրաւէրներուն եւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ այլ հարցերու մասին: Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան նախ ներկայացնելով...

Նախագահ Ռոհանիի Հայաստան Այցին Ընդառաջ…

Նախագահ Ռոհանիի Հայաստան Այցին Ընդառաջ…

Դ. Մ. Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթային ենթակառուցուածքների եւ բնական պաշարների նախարարի գլխաւորութեամբ (Իրան-Հայաստան միջկառավարական յանձնաժողովի հայկական կողմի նախագահ) Իրան է այցելել հայաստանեան ներկայացուցչական պատուիրակութիւն, որն երէկ ու այսօր Թեհրանում հետեւողական քննարկում-բանակցութիւններ է վարել իրանցի իր գործընկերների եւ պատասխանատուների հետ: Ուժանիւթային ու տնտեսաքաղաքական, բնապահպանութեան, փոխադրամիջոցների եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնների ոլորտներին առնչուող երկուստեք փոխյարաբերութիւններին նոր ու ծաւալուն ընթացք հաղորդելու Իրան-Հայաստան միջկառավարական աշխատանքները վերջին ամիսներին,...

Իրանի Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններ Միամեայ Աշխատանքային Ամբողջական Փոխհամաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Իրանի Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններ Միամեայ Աշխատանքային Ամբողջական Փոխհամաձայնագիրի Ստորագրութիւն

5 դեկտեմբերին Իրանի եւ Հայաստանի միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի 2016 թուականը եզրափակող նիստերու աւարտին Իրանի ուժանիւթի նախարար Համիտ Չիթչեանի եւ Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեանի կողմէ ստորագրուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վերաբերող նշանակալից եւ ամբողջական համաձայնագիրը: Երկու երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած նիստի աւարտին, որ կայացաւ Թեհրանի` ուժանիւթի նախարարութեան նիստերու դահլիճին մէջ, երկու երկիրներու նախարարները, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն,...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Քաղաքակրթութիւններ Եւ Մշակոյթներ` Թիւի Միօրինակութիւն Ստեղծող Խառնարանի Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Անմիջականի սպառողական քաղաքակրթութիւնը զանգուածներուն կը պարտադրէ «ինձմէ ետք` ջրհեղեղ» եսասիրական պատշաճեցման կարճատեսութիւնը: Դադրած ենք մենք մեզի հարցնելէ, թէ ի՞նչ ապագայ կը նախատեսուի մարդատեսակին եւ ընդհանրապէս կեանքին համար: Այս ընդհանուր հրաժարումներուն մէջ, փոքրիկ ժողովուրդներն ալ, ներառեալ` հայութիւնը, չենք ուղղեր այն հարցումը, թէ ի՞նչ ապագայ կը նախատեսենք լայն առումով Հայաստանի եւ նոյնքան լայն առումով հայ ազգին համար: Ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ...

Նամականի

Անդրադարձ. Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցում` «Ռելի Փէյփըր» Ամմանի Մէջ (Յուշեր)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր այս մարզախաղը, քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին, գահակալութեան առաջին օրէն, արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին  Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռելիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (*) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքի Ռըմման բլուրի միջազգային ռելիին:...

Խմբագրական.   9 Դեկտեմբերի Հնչեղութիւնը  Պահելու Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. 9 Դեկտեմբերի Հնչեղութիւնը Պահելու Անհրաժեշտութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամէնէն ուշագրաւ եւ քաղաքական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններէն մէկը ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օրուան որդեգրումն է: Պաշտօնական Երեւանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը դեկտեմբեր 9-ը կը հռչակէ իբրեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»: Օրուան ընտրութիւնը պատահական չէ անշուշտ: Դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի...

«… Պոլսահայն Ալ, Միւս Բոլոր Հայերուն Նման, Կը Յիշէ Եւ Կը Պահանջէ…». Բագրատ Էսդուքեան.   «… Եթէ Թուրքիա Ժողովրդավար Երկիր Մը Ըլլայ, Ցեղասպանութեան Հարցն Ալ Կը Լուծուի». Սայաթ Թեքիր

«Ցեղասպանութիւն» Բառը

ՌՈՒԲԻՆԱ 24 յունիս 1941-ին, վարչապետ Չըրչըլի ճառը, գերմանական բանակին արշաւներուն եւ անոնց ռազմավարութեան վերաբերեալ, կեդրոնական եւ հարաւարեւելեան Եւրոպայի մէջ ձայնասփիւռէն կը սփռուի. «  անուն չունեցող ոճիրի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք»: Այս պայմաններուն մէջ է, որ լեհ իրաւաբանը` Ռաֆայէլ Լեմքինը կը կազմէ «ցեղասպանութիւն» բառը յունարէն «genos» (ցեղ-) եւ լատիներէն «-cide» (սպան-) արմատներէն. «Նոր միտքերը նոր բառերու կը կարօտին», կը բացատրէ...

«… Պոլսահայն Ալ, Միւս Բոլոր Հայերուն Նման, Կը Յիշէ Եւ Կը Պահանջէ…». Բագրատ Էսդուքեան.   «… Եթէ Թուրքիա Ժողովրդավար Երկիր Մը Ըլլայ, Ցեղասպանութեան Հարցն Ալ Կը Լուծուի». Սայաթ Թեքիր

Քաթալոնիա Եւ Անկախութիւն

Խ. ԹԱՊԱՔԵԱՆ Միջազգային իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներէն կը նկատուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Ամէն ազգ ունենալով այս իրաւունքը` ազատօրէն կ’որոշէ իր քաղաքական կարգավիճակը եւ կը հետապնդէ իր տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը: Բազմաթիւ ազգեր օգտագործածելով այս իրաւունքը` հասած են իրենց նպատակին եւ վերջապէս դարձած են անկախ, ինչպէս` Հնդկաստանը, որ վերջ դրաւ բրիտանական հոգատարութեան 1947 թուականին: Սակայն շատ է թիւը այն ազգերուն կամ...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Արհեստագիտութիւնն Ու Հայութիւնը

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Աշխարհայնացման սրընթաց տարածման ընթացքին ժողովուրդներ կ՛որդեգրեն սովորութիւններ ու նորութիւններ, քաղաքականութիւններ ու ռազմավարութիւններ, հաւաքական նպատակներ ու անհատական ցանկութիւններ: Շատ անգամ այս որդեգրումները կը պատահին` առանց հասկնալու պատճառը, պարագաները եւ այդ երեւոյթներուն ծնունդ տուած կարիքները, իրենց սկզբնական միջավայրին մէջ: Նաեւ շատ անգամներ կ՛որդեգրուին սխալ կամ մակերեսային ձեւով` առանց հասկնալու ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Հետեւաբար, արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու գաղափարի կիրառական թարգմանութիւնը...

«… Պոլսահայն Ալ, Միւս Բոլոր Հայերուն Նման, Կը Յիշէ Եւ Կը Պահանջէ…». Բագրատ Էսդուքեան.   «… Եթէ Թուրքիա Ժողովրդավար Երկիր Մը Ըլլայ, Ցեղասպանութեան Հարցն Ալ Կը Լուծուի». Սայաթ Թեքիր

Տեղեկատու

- ՀՈՐԻԶՈՆ կեդրոնի կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին` ԶՈՄ-ը պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ «Ընդունինք, ուղղենք, դաստիարակենք» թմրամոլութեան նախազգուշական համագումարին: - ԶՈՄ-ի կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան գրասենեակի տնօրէն Արինա Զոհրապեանին հետ, «Աբրահամ Աշճեան»  երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ: - ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց  ZOMTalks-ի  իր առաջին հանդիպումը  ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2016-ին»: «Աբրահամ Աշճեան» ուսանողական-երիտասարդական...

Սիրելի Գիրք «Մեր Թաղը» Մատենաշարից

Սիրելի Գիրք «Մեր Թաղը» Մատենաշարից

ՖԵԼԻՔՍ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ Սպարտակ Ղարաբաղցեան` «Արեւի բնակավայր»: Սկսում եմ կարդալ` «Բազմալեզու մի մեծ ընտանիք էր յիշեցնում մեր Հին թաղը...»: Կանգ առնել այլեւս հնարաւոր չէ, ոչ էլ` արագ-արագ շրջել էջերը, առաւել եւս` փակել այն իր երեսի վրայ: Շարունակում եմ կարդալ` առանց կանգ առնելու, սրտխփոցի արագացումով, կարդում եմ մինչեւ վերջ ու լռում: Լռութիւնս երկարում է: Մտաբերում եմ իմաստուն խօսքը` «Ջուրը մտնողը թրջուելուց պէտք...

Էրտողան Ինքն Իր Դէմքը Քողազերծեց

Էրտողան Ինքն Իր Դէմքը Քողազերծեց

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի մեծ աղմուկ յառաջացուցած 29 նոյեմբերի յայտարարութեան (թէ` թրքական զինեալ ուժերը  Սուրիա ներխուժած են նախագահ Ասատի իշխանութիւնը տապալելու նպատակով) շրջանային, միջազգային եւ նոյնիսկ թրքական արձագանգը չուշացաւ: Հրապարակուած յօդուածներուն ընկերացան նաեւ ընթերցողներու կարծիքներ, մեկնաբանութիւններ, նաեւ հրատարակուեցան երգիծական գրութիւններ եւ երգիծանկարներ: Ն. Էրտողանի Հակաասատական Խօսքը Կը Բացայայտէ Սուրիան Բաժնելու Անոր Ծրագիրը «Ասատի իշխանութեան վերջ տալու»...

«Երեք Շաբաթ Երեւանի Մէջ»-ը Լիբանանի Հանդիսատեսը Կը Փոխադրէ Երեւան

«Երեք Շաբաթ Երեւանի Մէջ»-ը Լիբանանի Հանդիսատեսը Կը Փոխադրէ Երեւան

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Արմէնն ու Րաֆֆին «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» «ապրելէ» ետք Վահիկ Փիրհամզէի, Վահէ Պէրպէրեանի եւ ժապաւէնի արտադրիչներէն Վիգէն Պայրամեանին հետ կը հասնին սփիւռքահայու մայրաքաղաքներէն` Լիբանան, որպէսզի մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ, լիբանանահայը տանին «իրենց Երեւան»-ը: Այս կեցութեան ընթացքին անոնց հետ կը հանդիպինք «Ազդակ»-ի մէջ, որպէսզի մուտք գործենք «իրենց Երեւանի» դռներէն ներս ու ժապաւէնին նայինք եռատարած միջոցով: Ընդհանուր ակնարկ նիւթին եւ...

Սփիւռքահայ Երաժիշտ Պէյ Ռուն Պէյրութի Մէջ

Սփիւռքահայ Երաժիշտ Պէյ Ռուն Պէյրութի Մէջ

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Սփիւռքահայ երիտասարդ երաժիշտ Պէյ Ռուն իր հայկական, Միջինարեւելեան եւ Արեւմտեան խառնուրդով ստեղծագործած եւ երբեմն ալ վերամշակած երաժշտութիւններով եւ մեղեդիներով պիտի ներկայանայ «ՊԷյրութ եւ աւելին» փառատօնին ընթացքին, շաբաթ դեկտեմբեր 10-ին «Սթէյշն»-ի մէջ: Այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցանք Պէյ Ռուին հետ` մօտէն ծանօթանալու համար անոր գործին: Պարոյր-Պէյրութ-Պէյ Ռու «Անունս Պարոյր է (Փանոսեան): Լոս Անճելըս մեծնալով` ոչ հայ ընկերներուս...

«Եթէ Եւրոպական Սկզբունքներով Թուրքիա Մը Գոյութիւն Պիտի Ունենայ Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալով` Թէ՛ Հայաստանին Եւ Թէ՛ Մեր Ժողովուրդին Համար Ընդհանրապէս Նպաստաւոր Կ՛ըլլայ»  «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գասպար Կարապետեան

«Եթէ Եւրոպական Սկզբունքներով Թուրքիա Մը Գոյութիւն Պիտի Ունենայ Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալով` Թէ՛ Հայաստանին Եւ Թէ՛ Մեր Ժողովուրդին Համար Ընդհանրապէս Նպաստաւոր Կ՛ըլլայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գասպար Կարապետեան

Հարցազրոյցը արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԵԼԵԱՆ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2016-ին այցելեց «Ազդակ», ուր հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ: Քննարկուեցան Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: «Ազդակ» այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցաւ Գասպար Կարապետեանին հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ստորեւ հարցազրոյցը. «ԱԶԴԱԿ».- Թուրքիա-Եւրոպական...

Օքսֆորտէն Շրջանաւարտ Լիբանանահայ Երիտասարդը Պոլսոյ Մէջ Իսլամացած Հայերուն Հայերէն Կը Դասաւանդէ Անվճար Կերպով

Օքսֆորտէն Շրջանաւարտ Լիբանանահայ Երիտասարդը Պոլսոյ Մէջ Իսլամացած Հայերուն Հայերէն Կը Դասաւանդէ Անվճար Կերպով

Պէյրութահայ, Օքսֆորտ համալսարանի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեան քանի մը ամիսէ ի վեր կամաւոր Պոլսոյ մէջ Տէրսիմի հայերուն արեւմտահայերէնի անվճար դասընթացք կը կազմակերպէ` հասարակական, մշակութային, կրթական, պատմական եւ կրօնի հարցերով ուսումնասիրութեամբ ու խորհրդատուութեամբ զբաղող «Հայ Դեր» եւ «Սեբաստիոյ հայերն ու անոնց բարեկամները» միութիւններու միատեղ ջանքերով: Շաբաթներ առաջ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան միացեալ ջանքերով Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած...

Հայկ Ղազարեանի «Կեսարիոյ Նախճիրները Էջեր Օրագրէս»

Ընծայական

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը իր պատմուածքներու այս թանգարանը անուանած է իրաւամբ «Արեւի բնակավայր»: Այս անուանումը յիշեցուց ինծի, որ ատենին Փարիզի մէջ ես ալ հրատարակեցի գիրք մը, զոր կոչեցի «Արեւ ես խմած դարերով»: Այս երկու գիրքերն ալ Հայաստանի մասին են, հայ մարդու մասին, ՄԱՐԴՈՒ մասին, զի ոեւէ գրող ինչ նիւթ ալ ներկայացնէ, գրած պիտի ըլլայ մարդու մասին: Հայ գրողը հայ մարդու...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Պաշտպան Ուժերը Ղուբաթլիի Մէջ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերը Ղուբաթլիի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի հարաւային գօտին` Ֆիզուլին եւ Ճիպրայիլը իրենց հակակշիռին տակ առնելէ ետք, հայկական ուժերը 31 օգոստոս 1993-ին գրաւեցին Ղուբաթլի քաղաքը, որ կը գտնուի Հայաստանի սահմանէն եօթը քիլոմեթր հեռու, խզեցին Ղուբաթլի-Զանգելան ճամբան եւ պաշարման տակ առին աւելի հարաւ գտնուող Զանգելանը: Լաչինի անցքէն դէպի հարաւ տարածուող շրջանին մէջ, հայկական ուժերու գործողութիւնները ինքնապաշտպանութեան համար էին, որովհետեւ ազերիները նախընթաց օրերուն յարձակումներ գործած էին...

Աւետիս Իսահակեանի Կեանքը Պատմող Խօսուն Իրեր

Աւետիս Իսահակեանի Կեանքը Պատմող Խօսուն Իրեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բանաստեղծ, արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Իսահակեանը ծնած է 30 հոկտեմբեր 1875-ին, Ալեքսանդրապոլ գաւառի Ղազարապատ գիւղը, որ ներկայիս կը կրէ բանաստեղծին անունը` Իսահակեան: 81 տարեկանին մահացած Իսահակեանը թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: 1945-ին մեծ բանաստեղծին ծննդեան 70-ամեակին առիթով Հայաստանի  կառավարութիւնը առանձնատուն մը կը նուիրէ Իսահակեանին: Շէնքը կը կառուցուի ճարտապետ Պերճանոյշ Մսըրեանի նախագիծով եւ Իսահակեանի ցանկութեամբ` սրբատաշ...

Page 865 of 1110 1 … 864 865 866 … 1,110

Արխիւներ