ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի հարաւային գօտին` Ֆիզուլին եւ Ճիպրայիլը իրենց հակակշիռին տակ առնելէ ետք, հայկական ուժերը 31 օգոստոս 1993-ին գրաւեցին Ղուբաթլի քաղաքը, որ կը գտնուի Հայաստանի սահմանէն եօթը քիլոմեթր հեռու, խզեցին Ղուբաթլի-Զանգելան ճամբան եւ պաշարման տակ առին աւելի հարաւ գտնուող Զանգելանը:
Լաչինի անցքէն դէպի հարաւ տարածուող շրջանին մէջ, հայկական ուժերու գործողութիւնները ինքնապաշտպանութեան համար էին, որովհետեւ ազերիները նախընթաց օրերուն յարձակումներ գործած էին դէպի Լաչինի անցքը, զայն խզելու դիտաւորութեամբ: Հայկական ուժերը կ՛աշխատէին լռութեան մատնել ազերիական կրակակէտերը:
Միւս կողմէ, ազերիական ուժերը յարձակում գործեցին ու ռմբակոծեցին Գորիսի, Տաւուշի, Կապանի եւ Իջեւանի շրջանները: Հայկական ուժերը Գորիսի մօտ վար առին ազերիական ուղղաթիռ մը: Ազերիները նաեւ քանի մը հայեր առեւանգելով Նախիջեւան տարին ու սպաննեցին:
Իր կարգին Թուրքիա կը փորձէր Արցախ-Ազրպէյճան հակամարտութեան մէջ խաղաքարտեր խառնողի դեր մը ստանձնել եւ վար առնելով արդէն իսկ պատռած իր դիմակը` անորոշ սպառնալիքներ տեղացուց հայերուն հասցէին, պահանջելով որ «հայկական ուժերը հեռանան Ազրպէյճանէն, այլապէս` Թուրքիա Ազրպէյճանը պաշտպանելու միջոցներու պիտի դիմէր»:
«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ իր ներքին դժուարութիւններէն իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելո՞ւ, թէ շրջանին մէջ իր ներկայութիւնը վերարժեւորելու մտահոգութիւններէն մղուած` Թուրքիա անգամ մը եւս կը փորձէր հայ-ազերի հակամարտութիւնը խաղաքարտի վերածել եւ յականէ անուանէ հրապարակ կու գար Ազրպէյճանի կողքին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ առաջին անգամը չէր, որ Թուրքիա Հայաստանի սահմանին մօտ ահազանգային վիճակ կը ստեղծէր եւ անուղղակիօրէն կը սպառնար շրջանային տագնապի վերածել Արցախի հարցը: Տագնապը իր տարողութենէն աւելի ծանր ցոյց տալու Թուրքիոյ ճիգերը անհիմն էին ու կը ծառայէին միայն «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» անոր ոչ-աննախընթաց քաղաքականութեան:
Արդարեւ Թուրքիա Հայաստանի սահմանին վրայ զօրաշարժ յայտարարեց եւ նոր ուժ ու հրասայլեր ղրկեց դէպի իր արեւելեան սահմանը, իսկ անոր օդանաւերը սկսան թռիչքներ կատարել այդ գօտիին վերեւ:
Թուրքիոյ պետական գերագոյն պատասխանատուները ժողով գումարեցին եւ յայտարարեցին, որ «Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու միջոցներ» ձեռք պիտի առնեն: Անոնք «բնական» նկատեցին որ նման միջոցառումներ որդեգրուին, «որովհետեւ Թուրքիոյ ապահովութիւնը վտանգուած էր»:
* * *
Արցախի պաշտպան ուժերը 1993 սեպտեմբեր 5-ին նոր յառաջխաղացք արձանագրեցին դէպի իրանեան սահման եւ գրաւեցին Հորատիզ աւանը, այդպիսով կտրելով Զանգելանի շրջանը երկրին արեւելեան գօտիին միացնող ճամբան:
Ճիպրայիլ-Ղուբաթլի-Զանգելան գօտիին մէջ բնակող ազերիներուն մեծ մասը արդէն հեռացած էր շրջանէն եւ ապաստանած` Պաքուի մօտակայ շրջաններու մէջ:
Ազրպէյճանի խորհրդարանը ջնջեց Արցախի հետ ուղղակի բանակցութիւն ունենալու իր վեթոն: Ազրպէյճան Արցախի իրողական ճանաչման գծով առաջին քայլը առած էր աւելի առաջ, երբ պաշտօնական գիրով մը զինադուլի առաջարկ ներկայացուցած էր Արցախի եւ այդ նամակին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնած էր «բարձրագոյն մակարդակով» բանակցութիւններ ունենալու: Աւելի ուշ, Պաքու դրժեց իր այդ խոստումն ու առաջարկը եւ խուսափեցաւ ուղղակի բանակցութեանց մասին զրոյցներէն:
* * *
«Ազդակ»-ի 7 սեպտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Հակահայ քարոզչութիւնը սահման ունի՞» խորագիրով նշմարով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ հակահայ քարոզչութիւնը եւ ազերիները իբրեւ «անմեղ զոհեր» ներկայացնելու միտող լրատուութիւնը չափ-սահման չունի:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով. ո՞վ ըսած է, որ պատերազմը մարդկային բան է. ո՞վ ըսաւ որ պատերազմի ընթացքին անմարդկային արարքներ չեն գործուիր, մանաւանդ երբ մէկը հարազատ մը, տուն մը, գիւղը, հողամաս մը կորսնցուցած է: Միջազգային մամուլը ինչո՛ւ երկու աչքերն ու ականջները, նաեւ յիշողութիւնը փակ կը պահէ Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի անժամանցելի փոկրոմներուն եւ Գետաշէնի ու Շահումեանի շրջաններուն հայաթափումին դիմաց: Արցախի հայուն ինքնապաշտպանութեան, կեանքը ապահովելու տարրական իրաւունքը ինչո՞ւ կը ներկայացուի իբրեւ նախայարձակի արարք, երբ ազերիական օդանաւեր եւ հրթիռարձակներ կրակ կը տեղան արցախեան եւ հայաստանեան սահմանային շրջաններու վրայ, իսկ միջազգային ազդու կողմեր «մատը մատին չեն զարներ» զսպելու համար զանոնք: Վերջապէս, ինչո՛ւ կը մոռցուի այն իրողութիւնը, որ Ազրպէյճան տարիներէ ի վեր պաշարման տակ առած է Արցախն ու Հայաստանը, իսկ այդ պաշարումը այնքա՜ն երկարատեւ եղաւ որ աշխարհին կողմէ կը դիտուի իբրեւ… սովորական կատարուած իրողութիւն մը:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. մեր պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ հակազդել հակահայ այս քարոզչութեան եւ իրականութիւնները, մոռցուած բայց դաժան իրականութիւնները յիշեցնել ու ծանօթացնել աշխարհին:
* * *
«Ազդակ», 23 սեպտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Հազար մղոն երթին դժուար փուլը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձ մը նուաճեցինք 23 սեպտեմբեր 1991-ին: Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կենսագործեցին պատմական քայլ մը եւ վերահաստատեցին անկախ պետականութիւնը, հետեւելով այն քայլին, որ արձանագրուած էր 28 մայիս 1918-ին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ անկախութեան վերականգնումը տեղի ունեցաւ այն դժնդակ պայմաններուն մէջ, որոնք հայ ժողովուրդին ու մեր հայրենիքին պարտադրուած էին – եւ տակաւին պարտադրուած են – Արցախեան արդար եւ նուիրական պայքարին իբրեւ հակադարձութիւն: Մեր հայրենիքը, ժողովուրդն ու մեր անկախութիւնը սուղ կը վճարեն մեր դարաւոր թշնամիին` Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի պարտադրած պաշարումին գինը: Արցախն ու անոր պաշտպան ազատամարտիկները կեանքով եւ արիւնով կը վճարեն պատմական սխալներու սրբագրումին գինը, յաճախ թիավարելով շրջանային եւ միջազգային շահադիտական խաղերուն ստեղծած հոսանքներն ի վեր:
«Ազդակ» կը նշէր, որ հայրենի քաղաքական կեանքին մէջ, 70 տարիներու բռնատիրական վարչակարգին ստեղծած վիճակն ու մտածողութիւնը մսխումներ կը պարտադրեն մեզի: Արտաքին եւ ներքին իրականութիւնները, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կը նսեմացնեն կամ կրնան արժեզրկել մեր անկախ պետականութիւնը: Խորքին մէջ, մեր հայրենիքը դէպի անկախացում առաջին եւ ամէնէն կարեւոր քայլը առաւ 1991-ին: Հազար մղոն երթը չէր կրնար սկսիլ, եթէ չառնուէր այդ վճռական քայլը: Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել 23 սեպտեմբերի պատմական նշանակութիւնը:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ երեւոյթները կրնան խաբուսիկ ըլլալ եւ մտածել տալ, թէ իբրեւ հայրենիք եւ ժողովուրդ կը գտնուինք ետ քալած ըլլալու վիճակին մէջ: Բայց ե՞րբ եւ ո՞ւր պատահած է, որ մեզի վիճակուած պայմաններուն մատնուած ժողովուրդներ ու երկիրներ հեզասահ կերպով կտրած ըլլան երկարաշունչ երթին առաջին հանգրուանները: Մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի մեր եւ այլ ժողովուրդներու պատմութիւնն իսկ պերճախօս վկան է, որ անկախութիւնը կը կերտուի պայքարով, արիւնով, բայց մանաւանդ քրտինքով ու տքնաջան աշխատանքով:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայրենիքի մը կերտումը կը կարօտի իր բոլոր զաւակներուն անսակարկ նուիրումին եւ աշխատանքին: Ոչ ոք իրաւունք ունի վերապահութեամբ մօտենալու հայրենիքին ծառայութեան, ոչ ալ խոչընդոտ կանգնեցնելու ծառայութիւն մատուցողներուն դիմաց: Վաղուան պատմագիրը պիտի գրէ, պէ՛տք է գրէ, որ հայ ժողովուրդը, 23 սեպտեմբերի անկիւնադարձէն կարճ ատեն ետք, կենսագործեց իր քաղաքական հասունութիւնը եւ իր լիարժէք պետականութեան հովանիին տակ խմբեց ու համակարգեց իր բոլոր ուժերը:
***
Ազերիական բանակը 12 հոկտեմբեր 1993-ին յարձակումի անցաւ Արցախի հարաւային գօտիի գրեթէ ամբողջ երկայնքին: Թիրախներն էին Հատրութ շրջանի գիւղերը` Էդիլլուն, Պետրոսաշէնը, Հին Թաղլարը, Առաքիւլը եւ Վանաձորը:
Արցախի ազատամարտիկները, ինը նահատակներու ծանր գնով, յաջողեցան կասեցնել եւ ետ մղել ազերիական դաւադիր փորձը:
Միւս կողմէ, Հայաստան ամբողջական պաշարումի ենթարկուած էր եւ խզուած` արտաքին աշխարհէն, նկատի ունենալով որ Վրաստանի նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէի ընդդիմադիր ուժերը փակած էին Վրաստանի ճամբով պարենաւորման Հայաստանի բոլոր ճամբաները: Իսկ Ազրպէյճանէն դէպի Հայաստան պարենաւորումի ճամբաները եւ երկաթուղագիծերը արդէն փակուած էին:
Արդարեւ, Կամսախուրտիայի հետեւորդները փակած էին Պաթումէն դէպի Հայաստան տանող շոգեկառքի գիծը, որ արտաքին աշխարհէն ներածումներու Հայաստանի հազուագիւտ «դուռ»-երէն մէկն էր: Կամսախուրտիայի ուժերուն կողմէ Փոթիի գրաւումէն ետք, այդ նաւահանգիստէն դէպի Հայաստան կենսանիւթերու փոխադրումը եւս դադրած էր:
***
«Ազդակ», 15 հոկտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Արցախի իրաւունքները սակարկելի նիւթ չեն» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախն ու իր քաջարի մարտիկները «համտեսեցին» «անկախ Ազրպէյճան»-ի առաջին նախագահ Այազ Մութալիպովի ասպատակումներն ու անոնց ծանր հետեւանքները: Արցախը ճաշակեց նաեւ Մութալիպովը տապալող Ապուլֆէզ Էլչիպէյի արշաւանքները: Հայաստան Արցախի պէս կրեց ու անոր հետ միասին կը շարունակէ կրել Ազրպէյճանի տնտեսական պաշարումին բոլոր հետեւանքները: Եւ Արցախն ու Հայաստան դէմ յանդիման գտնուեցան Էլչիպէյը տապալող «հին աղուէս»` Հայտար Ալիեւին:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ «ազերիական բոլոր հողերը (հայերէն) պիտի ազատագրեմ»-ով հրապարակ եկող Հայտար Ալիեւի սպառնալիքին արձագանգը չմարած` Արցախ արդէն ստացաւ գալիքին նախաճաշակը. ազերիական բանակները Հատրութի ճակատներուն վրայ ինը նահատակ խլեցին Արցախի պաշտպաններէն: Ո՞վ իմացաւ Հատրութի շրջանի բնակիչ արցախցիներուն կրած յարձակումին հետեւանքները: Ո՞վ իմացաւ ինը կտրիճներու նահատակութեան բօթը: Մօտակայ եւ հեռաւոր խաղաղարարներ, միջնորդներ եւ հաշտարարներ ինչո՞ւ կը շարունակեն աչք ու ականջ փակել իրականութիւններուն հանդէպ ու կը նախընտրեն անտեսել արցախցիին ամէնէն տարրական իրաւունքը` ապրելո՛ւ իրաւունքը:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ ոչ մէկ ժամանակացոյց կամ խաղաղութեան ծրագիր կրնայ արդիւնք ունենալ, եթէ անիկա անտեսէ Արցախի ժողովուրդին ռումբերու սպառնալիքէն ազատ ապրելու իրաւունքը: Իսկ այս պահանջը չի կրնար իրականանալ, եթէ չսրբագրուի 1920-ական տարիներուն գործուած պատմական սխալը եւ Արցախը միանգամընդմիշտ դուրս չբերուի «Ազրպէյճանի կազմ»-էն եւ Ալիեւի թնդանօթներուն փողերը չխցուին վերջնականապէս: Այս տարրական նախապայմանէն այլ որեւէ ընտրանք կամ լուծումի տարազ չի կրնար յուսատու արդիւնք խոստանալ, այլ պարզապէս պիտի նշանակէ, թէ շրջանին մէջ մեծապետական կամ փոքրապետական սակարկութիւնները կ՛ըլլան միշտ ի հեճուկս Արցախին եւ ի վնաս անոր քաջարի զաւակներուն:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Արցախը կուրծք տուած է Մութալիպովներու: Արցախը արեամբ հակահարուած տուաւ էլչիպէյեան շահատակութեանց եւ ասպատակումի փորձերուն: Արցախը գիտէ նաեւ ալիեւեան դաւերը զսպելու ձեւը: Թող ոչ ոք սակարկութեան խաղաքարտի վերածէ ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը պաշտպանող ափ մը ժողովուրդին անսակարկելի հողերը:
***
«Ազդակ»-ի 16 հոկտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Միայն արցախցին իրաւունք ունի նախապայման դնելու» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ ՄԱԿ-ը դարձեալ կոչ ուղղած է հայերուն եւ Ազրպէյճանի, որպէսզի Արցախի տագնապը «խաղաղ միջոցներով» լուծեն:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով. ո՞վ ըսաւ, որ հայկական կողմը չ՛ուզեր խաղաղ միջոցներով լուծել տագնապը: Ո՞վ չի յիշեր, որ Արցախի տագնապին շղթայազերծման առաջին իսկ օրէն, հայկական կողմը գրեթէ ամէն օր կրկնեց եւ վերահաստատեց խաղաղ լուծումի իր պահանջը: Բայց յայտնապէս շատեր մոռցած են, թէ Ազրպէյճանն էր, որ բոլոր հանգրուաններուն, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով խափանեց եւ ականահարեց խաղաղութեան ճիգերը եւ նախընտրեց հարցը լուծել իր հասկցած ձեւով` զէնքի ուժի դիմելով:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ Արցախն ու Հայաստան հաւասարապէս սուղ վճարեցին եւ կը վճարեն ազերիական ռազմապաշտութեան գինը: Գետաշէն-Շահումեան գօտին բռնագրաւուեցաւ. ազերիներ մինչեւ անգամ սպառնացին կուլ տալ Ստեփանակերտն ու Հատրութը. այդ օրերուն հայկական կողմը բազմիցս դիմեց ՄԱԿ-ին ու միջազգային այլ ատեաններու, որպէսզի ազերիական սանձարձակութիւններուն վերջ տրուի, սակայն այդ կոչերը ընդհանրապէս հանդիպեցան խուլ ձեւացող ականջներու: Արցախցին նետուեցաւ կենաց-մահու կռիւի մէջ, ազատամարտիկներու կեանքերով պաշտպանեց իր հողը, ձեռք բերաւ Մարտակերտէն Ասկերան ու Մարտունիէն Հատրութ, Շուշի, Ստեփանակերտ ու Հաթերք տարածութեան տարրական ապահովութիւնը: Ան տոկաց ազերիական պաշարումին դէմ եւ Հայաստանի իր ճակատագրակիցներուն պէս ապրեցաւ դաժան ձմեռ: Եւ ահա, Ազրպէյճան կը պահանջէ, որ հայերը «առանց նախապայմանի» քաշուին «ազերիական գրաւեալ հողերէ»: Որպէսզի ի՞նչ ըլլայ, որպէսզի ազերիական բանակը դարձեա՞լ ստեղծէ դժոխային այն պայմանները, որոնց նպատակն էր Արցախը պարպել իր իսկական բնակիչներէն եւ 1920-ական տարիներուն գործուած սխալը հասցնել իր լրումին:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ եթէ նախապայման դնող մը պիտի ըլլայ, ան ալ արցախցի հայը պէտք է ըլլայ. ան է, որ տասնամեակներ շարունակ ենթակայ էր հալածանքի, իրաւազրկումի, խտրականութեան, իսկ վերջին տարիներուն ալ` զինուորական արշաւանքներու եւ այլ բռնադատութեանց: Արցախցին միայն իրաւունք ունի նախապայմաններ դնելու, որպէսզի ապահովուին անոր ապրելու եւ իր դիմագիծը անաղարտ պահելու տարրական իրաւունքները: Անցեալի փորձառութիւնները ցոյց տուած են, որ նախկին վիճակին վերադարձը չ՛ապահովեր այդ նախադրեալները: Եզրակացութեան յանգիլը դժուար չէ այդ կէտէն անդին:
***
Արցախի սահմանային գօտիներուն վիճակը 1993 հոկտեմբերի կէսէն ետք օրըստօրէ դէպի վատթարացում կ՛ուղղուէր եւ զինադուլի խախտումի դէպքերը հետզհետէ աւելի յաճախակի կը դառնային:
Ազերիական հրետանին կը ռմբակոծէր Մարտակերտի շրջանի պաշտպանութեան դիրքերը: Զուգահեռաբար, Մարտակերտ-Ասկերան շրջանին դիմաց նոր ուժեր կը կեդրոնացուէին:
Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի իշխանութիւնները գիշերային կրակմարի դրութիւն հաստատեցին: