ԿԻՐՕ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Աշխարհայնացման սրընթաց տարածման ընթացքին ժողովուրդներ կ՛որդեգրեն սովորութիւններ ու նորութիւններ, քաղաքականութիւններ ու ռազմավարութիւններ, հաւաքական նպատակներ ու անհատական ցանկութիւններ: Շատ անգամ այս որդեգրումները կը պատահին` առանց հասկնալու պատճառը, պարագաները եւ այդ երեւոյթներուն ծնունդ տուած կարիքները, իրենց սկզբնական միջավայրին մէջ: Նաեւ շատ անգամներ կ՛որդեգրուին սխալ կամ մակերեսային ձեւով` առանց հասկնալու ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Հետեւաբար, արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու գաղափարի կիրառական թարգմանութիւնը կ՛ըլլայ` գնել նորագոյն «այ-ֆոն»-ը (iPhone) կամ նոր համակարգիչ մը, երբ կարիքը չկայ, կամ տկար համակարգիչներ եւ արհեստագիտական իրեր գործածել, ուր անհրաժեշտ են աւելի բարձր մակարդակի գործիքներ: Նմանապէս` համակարգչային դասընթացքները կամ փոխանցումները կը սահմանափակուին արդէն անգործնական դարձած գիտելիքներով կամ տարրական դասընթացքներով եւ կամ պարզապէս փորձելով կապկել դրութիւն մը կամ արհեստագիտական նորութիւն մը, առանց խորապէս ըմբռնելու զայն: Եւ այս` «ամէն ինչ «քոմփիւթըր» կ՛ըլլայ», կամ` «ապագան համակարգիչին է»: Այսպիսով, լաւագոյն պարագայի քայլ մը ետ նահանջելով աշխարհի նորութիւններէն, առանց նկատի առնելու հետեւանքները, որոնց կանխարգիլման առիթ իսկ չ՛ըլլար այս ձեւով:
Արհեստագիտութեան նորութիւնները կուրօրէն որդեգրելով մեր առօրեայ կեանքին մէջ թէ տարբեր առիթներով` կամայ թէ ակամայ կախեալ կ՛ըլլանք օտար լեզուներու եւ գաղափարներու ազդեցութիւններէն, թէեւ կարելի՛ է օգտագործել սոյն արհեստագիտութիւնը, որպէսզի պաշտպանուինք եւ նոյնիսկ պահպանենք մեր մշակոյթը, յատկապէս` հաղորդակցութեան, մամուլի, մանկավարժութեան եւ դաստիարակութեան իմաստով:
Հայերէն գրաշարութեան համար ուղղագրութիւնը ստուգող եւ սրբագրող համակարգչային ծրագրաշար մը կամ «սոֆթուէր» մը (software) օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս կրնանք քաջալերել մայրենիի օգտագործումը հայերէն գրաշարութեան համար: Այլ ձեւ մըն է օրինակ` «Եամլի»-ի (yamli) նման միջոցներու, գործիքներու կամ «թուլ»-երու (tools) կիրարկումը կամ օգտագործումը, ինչ որ մեծապէս կ՛օգնէ եւ կը դիւրացնէ գրաշարութիւնը կամ համակարգչային մեքենագրութիւնը, հայերէն ստեղնաշար կամ «քիպորտ» (keyboard) չունեցողներուն համար: Օրինակ, «Եամլի»-ն (yamli) լատինատառ արաբերէնը կը վերածէ արաբերէնի: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ նաեւ ձայնի ճանաչումը (voice recognition): «Այ-ֆոն» (iPhone)-ի «Սիրի»-ն (Siri) կը ճանչնայ անգլերէն հրահանգներ եւ նախադասութիւններ: Այսուհանդերձ, թելադրելի է կանգ առնել եւ մտածել` խուսափելու համար կուրօրէն եւ առանց մտածելու որդեգրելու դիւրին եւ արագ աշխատելաոճի «թակարդ»-էն: Աւելի՛ն. քննել, թէ որքանո՞վ այսպիսի գործիքներ կ՛օգնեն գաղութին եւ մշակոյթին, որքանո՞վ հայերէն չգիտցողներ կը մղեն ու կը քաջալերեն մօտենալ հայերէնին, եւ թէ անիկա որքանո՞վ կը քաջալերէ ծուլութիւնը խթանելով առանց այդ ալ միշտ «դիւրին»-ին դիմելու տրամադիր եղողները:
Ուրիշ նորութիւն մը կրնայ ըլլալ հայերէն առցանց կամ «անլայն» (online) բառարանի մը օգտագործման կարելիութեան ստեղծումը: Կրնայ ըլլալ, որ անցեալ դարուն էր, որ թուղթի վրայ նայելով քանի մը տողերէ աւելի բառ կարդացած եմ: Ներկայիս հազուադէպօրէն թուղթ կը կարդամ, օրինակ` երբ տուգանքի թուղթ մը ստանամ (երբ ինքնաշարժս սխալ տեղ մը շարած եմ): Հետեւաբար, երբ բառարանի մը պէտք ունիմ, ինչո՞ւ ուրեմն պիտի չկարենամ ակնթարթի մը մէջ բառ մը գտնել առցանց (online) բառարանի դիմելով: Մատներու ճկունութիւ՞նը կը մարզենք արդեօք հայութեան էջերը դարձնելով: Ծանօթ է կամ ճանչցուած է, օրինակ, «Նայիրի» (nayiri.com) առցանց բառարանը, որ սակայն վստահաբար կրնայ բարելաւուիլ մանաւանդ արեւմտահայերէնի մէջ: Նայիրիի կայքի (site) միջոցաւ կրնանք հայերէնէ հայերէն, հայերէնէ ֆրանսերէն եւ հայերէնէ անգլերէն կամ հակառակը բառերու իմաստը փնտռել: Հայերէն բառարանը կը պարունակէ 17,663 գլխաւոր բառեր: Կայքը ունի 88 բառարան եւ 1 գիրք:
Բայց բառարանը միակ հարցը չէ: Դարաւոր, չըսելու համար հազարաւոր տարիներու մեր մշակոյթը տակաւին անհասանելի է հայութեան կարեւոր մէկ զանգուածին, յատկապէս` առցանց (online) հետեւողներու կամ ընթերցողներու: Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ) արդէն սկսած է համակարգիչին յանձնել, մեքենագրել, կամ «սքան» ընել հայերէն գիրքեր` առանց սակայն համակարգչային դրութեամբ ցանկագրելու կամ «Օ-Սի-Ար» ընելու(OCR-ed) ինչ որ անկարելի կը դարձնէ բառ մը կամ նիւթ մը փնտռելը: Այլ խօսքով, այդ նիւթերը դժուար թէ մատչելի ըլլան սովորական պրպտողի մը համար, համակարգչային լեզուով` «սըրչըպըլ» չեն:
Կարելի չէ հերքել, որ գոյութիւն ունին շատ մը հայկական կայքեր, մեծ մասամբ` լրատուական կամ մամուլի կայքեր: Սակայն հոն ալ կուրօրէն կ՛որդեգրուին տպագրական ոչ հայերէն օտար տառատեսակներու կամ «ֆոնթ»-երու (font) տարբերակներ: Այս մասին գիտական հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ տպագրութեան յատուկ տառատեսակներու տարբերակները երբեմն դժուար կը յարմարին եւ նոյնիսկ վնասակար կրնան ըլլալ լուսաւոր պաստառիկէ կամ «ըսքրին»-է ընթերցողի մը համար: Այս մէկը սակայն միայն հայկական չէ, այլ համաշխարհային հարց է, տպագրութէնէն համակարգչային պաստառի անցնելու միջոցին մարդիկ օգտագործեցին ծանօթ տառատեսակներ կամ «ֆոնթ»-եր: Կան նաեւ տարբեր յատկանիշներ, որոնք պաստառիկին բովանդակութիւնը կամ նիւթը կը վերածեն աւելի ընթեռնլի, ինչպէս` գրութեան գոյնը, չափը, տառատեսակի կցորդով օժտուած կամ «պոչիկային» (serif) ըլլալը կամ` առանց կցորդի «ոչ պոչիկային» (sans-serif) ըլլալը եւ այլն: Այս մասին աւելի մասնագիտական բացատրութիւն եւ լուծում կրնայ տալ օրինակ` ցանցային նախագծող մը (web designer) կամ կրաֆիք ձեւաւորող մը (graphic designer), բայց ինչ որ յստակ է, այն է, որ ներկայիս առցանց կամ պատառիկի վրայով (on screen) հայերէն կարդալը հեզասահ չէ չըսելու համար նեղացուցիչ կամ անհանգստացնող է:
Բացի գիրքերէ եւ ընթերցողական պարունակութենէ, չկան հայկական առցանց ֆիլմաշարեր կամ «սերիներ» կամ` առցանց ցուցադրութիւններ (online show): Դժբախտաբար տակաւին հեռատեսիլի հայկական կայան չունինք, գէթ Լիբանանի մէջ: Կը յիշեմ ժամանակին մանուկ եղած ատենս «Էյ-Թի-Էն» (ATN) անունով կայան մը կար: Թերեւս ներկայի պայմաններուն մէջ ծախսալից ըլլայ հեռատեսիլի կայանի մը հիմնումը, սակայն «Եու-թիուպ» (Youtube) կայան մը շատ աւելի մատչելի կրնայ ըլլալ: Այս իմաստով քաջալերական է, օրինակ, հայրենիքի մէջ սփռուող «Արմ-քոմետի» (ArmComedy) կոչուած (հայաստանեան) յայտագիրը: Ծիծաղի եւ երգիծանքի բնոյթով ներկայացում, որ խիստ հետաքրքրական է. անիկա նոյնիսկ Արցախի «Ապրիլեան քառօրեայ» պատերազմի ընթացքին պատրաստած էր յատուկ դրուագ (episode) մը` արծարծելով այդ դէպքերու նիւթը: Հարցին գծով անգլերէնով ալ պատրաստուած տարբերակ մը կար, որպէսզի միայն ազրպէյճանական անհիմն սուտերը չհասնին օտարներուն:
Երբ մենք տակաւին համացանցի մասին կը զրուցենք, անդին աշխարհ արդէն թեւակոխած է հեռախօսներու կիրառական նորանոր ոճերու կամ «էփ»երու (app) փուլը: Ցաւալի է, որ տակաւին չկան կամ չեն մշակուած-ծրագրաւորուած հայկական կիրառական ծրագիրներ կամ «էփ»-եր` (app) բացի հայերէնի ուսուցման յատուկ քանի՞ մը ծրագիրներէ (որոնց գծով տեղեակ չեմ, թէ անոնց քանի առ հարիւր համեմատութիւնը արեւմտահայերէն է): Այս հանգամանքը անյետաձգելի եւ հրամայական պահանջ կը դարձնէ առցանց օգտագործման կարելիութիւններով եւ բովանդակութեամբ (content) պատրաստ ծրագիրներու մշակումը, յատկապէս` հայկական մեր առօրեայի հեւքին մէջ յաճախակիօրէն գործածուող նիւթերու կամ կարիքներու համար, ինչպէս, օրինակ, հայկական մեր ազգային իւրայատկութեան կամ պատկանելիութեան առնչուող դէպքեր, երեւոյթներ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ եւ, ինչո՞ւ չէ նոյնիսկ հայկական ճաշերու պատրաստութեան յատուկ ծրագիր մը (app): Օրինակ ամերիկեան քաղաքի մը մէջ, երբ հայ երիտասարդ մը հիւր պիտի ընդունի, վստահաբար պիտի չդիմէ իր մեծ մօրը, որպէսզի գայ եւ օգնէ իրեն, այլ կրնայ «app»-ը գործածել եւ տպաւորել բարեկամները հայկական ճաշերով: Տակաւին, կարելի է յատուկ սիւնակ մըն ալ տրամադրել, ուր բացատրուի ճաշին ծագումը, գաւառը, առնչակից սովորութիւնները (հայապահպանման անուղղակի ոճ):
Հաւանաբար հին եւ նոր սերունդներու ապրած տարբեր միջավայրերը եւ անոնց միջեւ շարունակուող խարխափումը դեր ունին այս ներկայ իրավիճակին ստեղծման մէջ: Մէկ կողմէ կայ սերունդ մը, որ կարծես հեռախօսը ձեռքը ծնած է, միւս կողմէ` կայ սերունդ մը, որ տակաւին կը փորձէ կառչած մնալ թուղթէ գիրքերու եւ թերթերու, կարծէք` աշխարհի ծառերը «բնաջնջելու» արշաւի ելած է: Այնքան ատեն որ չենք յաջողած համոզել կամ խրախուսել նոր սերունդները, որ փնտռեն եւ կարդան հայերէն գիրքեր, միաժամանակ, սակայն, անոնց տրամադրենք հեռախօսներ կամ համացանցի սարքեր, ուր չկան հայկական բովանդակութեամբ նիւթեր (content), այն ատեն ակամայ հայութենէն հեռացուցած պիտի ըլլանք կամ նոյնիսկ պիտի կորսնցնենք հայ երիտասարդութեան զգալի տոկոսը:
Հոս կը ծագին անխուսափելի հարցադրումներ, օրինակ` հա՞րկ է հայուն ամենապարզ գործը վերածել կնճռոտ պայքարի: Արդեօ՞ք հարկ է, որ հայ երիտասարդը օրուան ընթացքին, ամէն երկվայրկեան յաւելեալ ճիգ թափէ, որպէսզի չհեռանայ իր ինքնութէնէն: Պահ մը մտածենք, թէ որքա՜ն ժամանակ եւ ճիգ խնայած կրնանք ըլլալ` լուծումներ գտնելով հայորդիներու համացանցային «յորդառատ» այս խնդիրներուն, ինչ որ առիթ կու տայ, որ հայ նորահաս սերունդը իր ժամանակը աւելիով տրամադրէ ի նպաստ ժողովուրդին եւ Հայ դատի ծառայութեան, փոխանակ իր սուղ պահերը վատնելու եւ մխրճուելու զինք չարչրկող այս կամ այն հարցին պատասխանը աւանդական կամ սկզբնական միջոցներով փնտռտուքի տաղտուկին մէջ:
Հետեւաբար հարկ է առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ հայ մանուկին` փոքր տարիքէն ներկայացնելու «հայկականը», առանց զայն զրկելու արհեստագիտութէնէն: Բոլոր մանուկներն ալ կը սիրեն խաղերը: Ընդհանրապէս խաղերուն պատմութիւնը կը վերաբերի որոշ շրջանի մը կամ տուեալ ազգի մը պատմական դիւցազնական դրուագներուն: Հոս կրնանք համակարգչային, արհեստագիտական յատուկ ոճերով պատրաստուած ծրագիրներով ներկայացնել մեր պատմութիւնը, ազգային դիւցազնավէպերը, Հայկ նահապետէն մինչեւ Առիւծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ, Վարդանանց ու մերօրեայ Արցախը Լիզպոնն ու Շուշին… Այսպիսով, օրինակ, աշակերտները կրնան խանդավառուիլ հայոց պատմութիւն «սորվեցնող» խաղերը ամբողջացնել` իբրեւ տնային աշխատանքի տարբերակ:
Եւ որպէսզի կարենանք քայլ պահել կամ, ինչպէս կ՛ըսեն, «ափ թու տէյթ» (up to date) մնալ արհեստագիտական զարգացումներուն, կարելի է այսօրէն իսկ սկսիլ պատրաստել կամ մշակել «Շրջուած իրականութիւն» (Virtual Reality-VR) կամ «Յատուկ յաւելուածներով օժտուած» (Augmented Reality-AR) պիտակներով ծանօթ համացանցային յատուկ ծրագիրներ: «Վի.Ար.»-ը (VR) եւ «Էյ.Ար»-ը (AR) նոր միջոցներ են տարբեր տեսակի նիւթեր ներկայացնելու, ուր ընդհանրապէս այդ տարօրինակ ակնոցի դերը կատարող գործիքները կ՛օգտագործուին ու գործածողը ինքզինք կը զգայ այդ աշխարհին մէջ, որ կը ներկայացուի իրեն:
Հաւանաբար դժուար թուի նման ոճի կիրարկումը, սակայն երբ թուղթի գործածութիւնը կը տարածուէր, չկայի՞ն մարդիկ, որոնք կը փորձէին կառչած մնալ սալիկներու վրայ քանդակելու արհեստագիտութեան: Հետեւաբար պէտք է անդրադառնանք, որ քանդակները, գիրքը կամ համակարգիչը ինքնանապատակ չեն, այլ կը ծառայեն գաղափարայկան, փիլիսոփայական եւ մշակութային նպատակներու: