Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Յունաստանի Համազգայինի 60-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Յունաստանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին նշումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ, շաբաթ, 26 նոյեմբերի երեկոյեան: Յայտագիրը սկսաւ այս առիթով յատուկ պատրաստուած պատմական-վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ անցեալն ու ներկան ցոյց տալու ծառայեց: Պաստառին վրայ տողանցեցին միութեան թատերական, պարախումբի եւ երգչախումբի վարչութեանց, Համազգայինի գրական-գեղարուեստական երեկոներուն...




















