Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 9 Դեկտեմբերի Հնչեղութիւնը Պահելու Անհրաժեշտութիւնը

Դեկտեմբեր 9, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_120816

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամէնէն ուշագրաւ եւ քաղաքական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններէն մէկը ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օրուան որդեգրումն է:

Պաշտօնական Երեւանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը դեկտեմբեր 9-ը կը հռչակէ իբրեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»:

Օրուան ընտրութիւնը պատահական չէ անշուշտ: Դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է:

Օրուան ընտրութեան բովանդակային որեւէ յղում պիտի նկատէ, որ Ռաֆայէլ Լեմքինը, Ցեղասպանութիւն բառեզրի կերտիչը, նոր եզրոյթին  բացատրութիւն եւ իրաւական հիմնաւորում տալու պահուն բնութագրային օրինակ տուած է հայերու դէմ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ջարդերը:

Տրամաբանական հետեւութիւնը օրուան ընտրութեան կը յուշէ, որ բանաձեւը հիմնականին մէջ նախ եւ առաջ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան: Մարտավարական մօտեցումը, որ Երեւանը կատարած է այս առումով` առանց նշելու զուտ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նկատի ունենալով բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակը եւ մանաւանդ շեշտելով անոնց կանխարգիլումը միջազգային ընտանիքին կողմէ, արդիւնաւէտ ընթացք ունեցած է ըստ ամենայնի:

Բանաձեւի նախագիծը շատ արագ միացուցած է ՄԱԿ-ի մօտ տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համահեղինակներու ձեւաչափով ներկայացուցած ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին: Նախ նախագիծի համընդհանրութիւնը, երկրորդ` միջազգային ընտանիքի ընկալելիութեան նկատառումը, եւ ապա դարձեալ միջազգային հանրութեան բառապաշարին համապատասխան հնչեղութեամբ կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը շեշտելը, որդեգրելի բանաձեւը դարձուցած են անառարկելի:

Այնքան, որ Անգարան յայտնուած է անճրկած վիճակի մէջ եւ դարձած համահեղինակ պետութիւն այս բանաձեւին:

Թիրախին հասնելու հայկական մարտավարութիւնը արդիւնաւորուած է:  Անգարան թեւաթափուած վիճակի մէջ այլ ընելիք չունենալով միացած է բանաձեւին: Ընդհանուր ցեղասպանութիւններու մասին իրաւաքաղաքական եւ քարոզչական մօտեցումները իբրեւ հարցի արծարծման ընդհանուր մարտավարութիւն կ՛երեւան նաեւ այլ նախաձեռնութիւններու մէջ: Ցեղասպանագէտներու միջազգային համագումարի կազմակերպում Երեւանի մէջ: «100 կեանք» կարգախօսին տակ կազմակերպուած ծրագիրներ, տարբեր ցեղասպանութիւններու յատկացուած միացեալ գիտաժողովներ եւ որոշ երկիրներու խորհրդարաններու մէջ քուէարկուած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչումներ:

Ռաֆայէլ Լեմքինի Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ եզրոյթը բնութագրող  կարեւորագոյն օրինակ մինչեւ անցեալ տարուան բանաձեւի ընդունումը  ի պահանջել հարկին կ՛օգտագործուէր միայն հայկական շրջանակներու կողմէ: Հիմա 9 դեկտեմբերի բանաձեւով եւ ՄԱԿ-ի օրացոյցին մէջ յատուկ նշումով կը ստանայ միջազգային հնչեղութիւն, եթէ մանաւանդ այս մօտեցումով կարենանք միջազգային շրջանակներու մօտ համոզիչ դարձնել, որ ինչու Երեւանը նախաձեռնեց 9 դեկտեմբերը դարձնել բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի եւ հետագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը շեշտող օրուան միջազգայնացումին:

Նախորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

Յաջորդը

Լեւանտովսքի Պիտի Երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?