Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Կ՛երթայ Հայ Երգը (5)

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Միայն յեղափոխական երգերը չեն, որ իւրայատուկ են հայ երաժշտութեան մէջ:

Տարբեր ազգերու երաժշտութեան մէջ, չենք հանդիպիր նաեւ աշուղական երգերու, որոնցմէ ամենանշանաւորը Սայաթ Նովան է անկասկած:

Նմանապէս, զուտ հայկական բնոյթ ունին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երգերը, որոնք նախ եղած են ողբի ու սուգի երգեր.

«Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան»:

Ապա, յիսնամեակէն ետք անոնք դարձած են պահանջատիրական եւ բողոքի երգեր:

Ցեղասպանութեան նուիրուած երգեր հայ արուեստագէտներու կողմէ մեկնաբանուած են նաեւ օտար լեզուներով, որոնցմէ կարելի է յիշել երկու օրինակ.

Armenia (The Five Fingers, 1972), Ils sont tombés (Charles Aznavour, 1976).

Հալէպահայ Աւօ Գաթրճեան, լման հատոր մը յատկացուցած է ցեղասպանութեան նուիրուած երգերուն:

«Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երաժշտութեան վրայ»:

Տիտանական աշխատանք:

Ունեցած ենք նաեւ անզուգական Կոմիտաս վարդապետը, որ յօրինած ու երգած է շարականներ եւ… սիրային երգեր:

Սայաթ Նովա եւ Կոմիտաս կը մնան հայ երաժշտութեան գագաթին, ուր ցարդ ոչ ոք կարողացած է գէթ մօտենալ:

Ունեցած ենք Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, ապա`

«Գիւղէն իջաւ Ղազարը» եւ «Նիւ Եորք, Պոսթըն, Քալիֆորնիա»:

Ի՜նչ հեգնանք:

Կը հպարտանանք անցեալով: Կը ցաւինք ներկայով:

* * *

Անկասկած ուրախալի երեւոյթ է հայ տուներէն ներս հայկական երաժշտութեան մուտքը (աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` ընդհանրանալը), նաեւ շատ աւելի ուրախալի երեւոյթ` թրքերէն երգերուն հեռանալը:

Թրքերէն երաժշտութիւնը, որքան ալ արմատախիլ եղած կը թուի ըլլալ, անբուժելի վէրք մը ձգած է որոշ հայերու մօտ, որոնք տակաւին թրքերէն կ՛ունկնդրեն… հայերէն բառերով:

Բազմաթիւ են մայր հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող հայ երգիչները, որոնց երգելու ոճը թրքերէնի շատ աւելի մօտ է, քան` հայերէնի:

Հայկական երաժշտութիւն ունկնդրողներուն մէջ դժբախտաբար տակաւին գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն թրքաբարոյ երգեցողութիւնը` յիշելով եւ «ապրելով» այն օրերը, երբ կը «հմայուէին» թրքերէն երաժշտութեամբ:

Նաեւ դժբախտ իրականութիւն մըն է, որ իսկական մաքուր հայերէն երգողները շատ աւելի նուազ կը գնահատուին կամ ժողովրդականութիւն ունին, քան` «թրքա-հայերէն» երգողները:

Մամուլի մէջ յաճախ կը կարդանք քերականական օրէնքներու սխալ գործածութեան մասին, սակայն ո՛չ ոք կ’անդրադառնայ հայերէն երգերու սխալ երգեցողութեան մասին:

Երգիչի մը լաւ ձայն ունենալը կարեւոր է, սակայն` ոչ բաւարար:

Լաւ ականջ ունենալը` պայման:

Օրինակով մը բացատրեմ միտքս:

Տարիներ առաջ մեծահամբաւ երգահան-խմբավար Բարսեղ Կանաչեան Հալէպի մէջ կը ձեռնարկէ հայկական երգչախումբի մը կազմութեան:

Մամուլով կը յայտարարուի, որ հետաքրքրուողները անձամբ ներկայանան:

Հայահոծ թաղերէն մէկուն մէջ կայ հայ սափրիչ մը, որ շրջանին մէջ ծանօթ է որպէս լաւ երգիչ: Անկասկած լաւ ձայն ունենալու է: Բարեկամներն ու դրացիներ կ’առաջարկեն, որ մաս կազմէ Կանաչեանի երգչախումբին:

Երիտասարդ սափրիչը կը ներկայանայ, սակայն առաջին իսկ «ականջի քննութենէն» Կանաչեան կը նշմարէ սոյն անձին «ականջ»-է զուրկ ըլլալը, ու կը մերժէ լաւ կարծուած երգիչին մասնակցութիւնը իր երգչախումբին մէջ:

Ամէնքը կը զարմանան: Կարելի՞ բան է նման, որ երգիչ մը մերժուի: Վստահաբար թիւրիմացութիւն մը ըլլալու է:

Բարեկամներուն ստիպումով սափրիչ-երգիչը դարձեալ կը ներկայանայ, եւ Կանաչեան դարձեալ «քննելէ» ետք երգիչին «ականջ»-ը`

– «Տղա՛ս, կոյր եմ, սակայն խուլ չեմ»:

* * *

Երբ արեւմտահայ երգիչներ կը փորձեն արեւելահայու նման հնչել, երբեմն շատ ծիծաղելի բառերու կը հանդիպինք:

Ինչպէս գիտենք, արեւելահայերէնի մէջ «Բ» տառը,  կը հնչուի «Պ» (կամ` անոր մօտ հնչիւն մը): «Գ» կը հնչուի «Կ»: Շատ մը երգիչներ, նոյնիսկ ամենատարրական ուղղագրութենէն գաղափար իսկ չունենալով, երբ  «Գ»-ի  կամ «Ք»-ի հանդիպին, կը հնչեն «Կ», «Բ» կամ «Փ»` կը հնչեն «Պ», իսկ «Դ» կամ «Թ»` երկուքն ալ «Տ»:

Արեւմտահայերուս համար դժուար է հնչել արեւելահայու նման, որովհետեւ իրականութեան մէջ «Գ»-ը պէտք է հնչել «Գ»,ի եւ «Ք»-ի միջեւ հնչիւն մը, այլապէս, յաճախ ծիծաղելի կը դառնայ:

Իրական պատահած օրինակ մը:

«Գաղափար»-ը արեւելահայու նման հնչել փորձող երգիչ մը «Գաղափարի հերոսները» երգած է «Կաղապարի հերոսներ»:

Գալով արեւելահայ երգիչներուն (ի մասնաւորի Հայաստանէն արտագաղթած)` ներելի չէ, երբ մայր հայրենիքը լքած ու հաստատուած սփիւռքի մէջ, երգեն`

«Երկիր մ’ունինք մենք Հայաստան,
Ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան»:

Ո՞վ է ստիպողը, որ հայրենիքը լքելով «ապրին օտարութեան» մէջ:

Յեղափոխական-ազգային կարգ մը երգերու եղանակները խանդավառ են, սակայն նիւթը` տխուր:

Կարգ մը երգիչներ, տարուած խանդավառ եղանակէն, առանց երգին բառերուն ուշադրութիւն դարձնելու, կը խանդավառուին ու կը փորձեն խանդավառել ներկաները:

«Երբ որ Սերոբ թաղեցին,
Հայ քաջեր սեւ կապեցին»:

Ծա՛փ, ծա՛փ, ծա՛փ, եւ ունկնդիրներէն շատեր, «հլու հնազանդ, Սերոբի մահուան սուգին կը մասնակցին… ծափերով:

Յեղափոխական երգերու եղանակները որքան ալ խանդավառ ըլլան, պարեղանակներ չեն: Մեզի համար տեսակ մը շարականներ են:

Անկասկած ունինք բազմաթիւ տաղանդաւոր հայ երգիչներ, սակայն աստուածատուր տաղանդին կողքին, ոեւէ արուեստագէտ իր ժողովրդականութիւնը կը պարտի ժողովուրդէն եկած գնահատանքին ու քաջալերանքին: Ոեւէ արուեստագէտ պարտի ըլլալ համեստ նկարագրի տէր:

Անբարտաւանութիւնն ու ինքնահաւանութիւնը ներելի չեն:

Համեստութիւնն ու պարզութիւնը` խիստ գնահատելի:

Երգիչը նաեւ պէտք է ունենայ որոշ զարգացում:

Լաւ ձայնով ու լաւ «ականջ»-ով օժտուած երգիչ մը նաեւ պայման է, որ որոշ տեղեկութիւն ունենայ հայ գրականութենէն ու հայոց պատմութենէն:

Օրինակներով կրնամ լաւագոյն ձեւով բացատրել միտքս:

Երգիչի մը տալիք երգահանդէսին փորձերը կ’ընէինք: Ձեռքին բռնած «Շիրակ» երգարանը, երգերուն բառերուն հետեւելով` կ’երգէր: Էջի վերջաւորութեան երկու տող գրուած էր:

«Այն ազգը, որ երգ չունի, դատապարտուած է ձուլումի» (Գրիգոր Զօհրապ):

Սոյն երգիչը կարդալէ ետք մեծ գրագէտին խօսքերը`

– Գրիգոր Զօհրապ: Հա՞յ է: Մականունը ինչո՞ւ «եան» չունի վերջաւորութեան:

Երաժիշտներէն մէկը, չդիմանալով, երգիչի երեսն ի վեր պոռաց.

– Ի՞նչ տեսակ հայ ես, որ Գրիգոր Զօհրապին ո՛վ ըլլալը չես գիտեր»:

– Պայմա՞ն է, որ բոլոր երգիչները ճանչնամ:

  Յիշատակներ…Անցած Օրեր (Հատուած):

Բազմաթիւ են նման օրինակներ, սակայն այս մէկը իսկապէս որ «գլուխ գործոց» մըն է, որ ցոյց կու տայ երգիչին անհաւատալի տգիտութիւնը:

Տարբեր օրինակ մը:

«Սեւ աչեր»: Կա՞յ մէկը, որ լսած չըլլայ այդ սիրային երգը:

«Մութ ու ահեղ, չարքեր շատ կան
Սեւ աչերը, մի՛ սիրիր»:

Ամենաշատ ժողովրդականութիւն ունեցող երգիչներէն մէկը հետեւեալ ձեւով մեկնաբանած է այս երգը:

«Մութ ու ահեղ, շարուէ շարան
Սեւ աչերը, մի՛ սիրիր»:

Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ:

Յուսանք, որ օր մը այս խեղկատակութիւնները վերջ կ՛ունենան:

«Այս է յոյսը ողջ հայութեան,
Համբերէ՛ հոգիս…համբերէ՛» (ժող. երգ):

Լոս Անճելըս, 2016

Շար. 5 եւ Վերջ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Արուեստագէտը Եւ Յանձնառու Արուեստը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?