Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Երաժիշտ Պէյ Ռուն Պէյրութի Մէջ

Դեկտեմբեր 9, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

bei-ru_120916

Սփիւռքահայ երիտասարդ երաժիշտ Պէյ Ռուն իր հայկական, Միջինարեւելեան եւ Արեւմտեան խառնուրդով ստեղծագործած եւ երբեմն ալ վերամշակած երաժշտութիւններով եւ մեղեդիներով պիտի ներկայանայ «ՊԷյրութ եւ աւելին» փառատօնին ընթացքին, շաբաթ դեկտեմբեր 10-ին «Սթէյշն»-ի մէջ: Այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցանք Պէյ Ռուին հետ` մօտէն ծանօթանալու համար անոր գործին:

Պարոյր-Պէյրութ-Պէյ Ռու

«Անունս Պարոյր է (Փանոսեան): Լոս Անճելըս մեծնալով` ոչ հայ ընկերներուս համար դժուար եղած է անունս արտասանել, հետեւաբար զայն  կրճատած են «Պարու»ի եւ աւելի ուշ միայն «Րու»ի: Եւ քանի որ ծնողքս նախքան Լոս Անճելըս գաղթելը Լիբանան ծնած ու ապրած են, «ՊԷյրութ» բառը ինծի ծածկանուն եղած է: Ես ալ այս երկուքը իրար միացնելով` յառաջացուցած եմ «Պէյ Ռու» բեմի անունս»:

«Միջին Արեւելքի մշակոյթը ընդհանրապէս եւ հայկական մշակոյթը յատկապէս մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իմ կրթութեանս վրայ` իրենց զանազան դրսեւորումներով. օրինակ` մայրս միշտ միջինարեւելեան եւ հայկական ճաշերով կը հարստացնէր մեր ճաշասեղանները, որուն կողքին մեր տան մէջ անպակաս էր հայ երաժշտութիւն, եւ ծնողներս մեզ միշտ ալ կը տանէին հայկական մշակութային ձեռնարկներու եւ դասական երաժշտութիւններու ելոյթներու: Այս սովորութիւնները պատճառ դարձած են, որ աւելի հասուն տարիքիս սէր ունենամ պրպտումներ ընելու եւ յայտնաբերելու նուազ ծանօթ հայ երաժշտութիւններու ձայնապնակներ: Երբ իմ անձնական երաժշտութիւնս արտադրելու սկսայ, միջինարեւելեան եւ հայկական մշակոյթները բնական մասը դարձան իմ երաժշտութիւններուս: Անշուշտ ստեղծագործութիւններուս մէջ Լոս Անճելըսն ալ ունի իր իւրայատուկ մշակութային ազդեցութիւնը, որուն կնիքը կայ իմ անձիս կազմաւորման մէջ»:

Պէյ Ռուի ստեղծագործութեան ընթացքը

«Եթէ պիտի խօսիմ արուեստանոցիս մասին, հոն կը գտնենք մեքենայ թմբուկ (drum machine), երգեհոն (keyboard), հարուածային գործիքներ, ելեկտրոնային կիթառ, ուտ եւ բազմաթիւ արձանագրութիւններ (records): Այս գործիքներով ես կը ստեղծագործեմ երաժշտութիւնս: Երբեմն թմբուկին ու հարուածային գործիքներուն մեքենայական ծրագիրները կը դասաւորեմ եւ անոր շուրջ կը խաղամ, երբեմն միտքս մեղեդի մը կ՛ունենամ եւ անոր հետ կ՛աշխատիմ, երբեմն ալ հին ձայնագրութիւններէ բաժիններ կ՛օգտագործեմ` որպէս մեկնակէտ եւ կամ գաղափար մը կ՛ունենամ ու կը փորձեմ սեւագիրէ վերստեղծել ատիկա»:

«Առաջին ալպոմս կը կոչուի «Փոքրիկ Հայաստան»: Հոն լուսարձակի տակ առած եմ 1970-ական, 80-ական թուականներու հայկական կարգ մը երգեր, որոնք իմ սերունդիս համար նուազ ծանօթ կրնային ըլլալ ու զանոնք վերամշակած եմ: Երկրորդ ալպոմս 2014-ին լոյս տեսած է եւ կը կոչուի «Շաբաթ գիշեր կախարդական լապտերի շուրջ», իսկ երրորդ ալպոմս` «Էլ. Էյ. կենդանաբանական պարտէզ», որուն միտք բանին ծնունդ առած է Լոս Անճելըսին կենդանաբանական պարտէզի մը նման ըլլալէն, ուր մարդիկն ու անասունները համատեղ կ՛ապրին: Այս երրորդ ալպոմս նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Լոս Անճելըսի կեանքը, նաեւ` ընդհանրապէս մեր հասարակ կեանքերը, եւ թէ ինչպէս մեր ընկերային կազմութիւնը կը նմանի անասուններուն թագաւորութիւններուն: Հոս երաժշտութիւնը աւելի զանազանութիւն ունի եւ կը պարունակէ Ճազ, ելեկտրոնային երաժշտութիւն (electronic music)` խառնուած միջինարեւելեան մեղեդիներուն»:

Պէյ Ռուին վարժանիստը Հայաստանի Թումօ
ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ

«Թումոյի մէջ վարժանիստ մը կազմակերպելը հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր ինծի համար: Հիացած էի Թումոյի աշակերտներուն արհեստագիտութեան մակարդակին եւ երեխաներուն մատուցուած անվճար ծառայութիւններուն: Շատ տաղանդաւոր երեխաները կան հոն, որոնք կը փայլին տարբեր ոլորտներու մէջ ու բաւական լաւատեղեակ են ժամանակակից երաժշտութեան եւ անոնց ծրագիրներուն հետ, հետեւաբար անոնց հետ աշխատիլը հեշտ էր: Հետաքքրական էր անոնց նորութիւններ սորվելու փափաքը, ու քաջալերական է տեսնել մեր աշխատանքին պտուղը: Այս երեւոյթը ուրախալի է, քանի որ կը մտածես, թէ ապագային որքան փայլուն ձիրքերով լեցուած պիտի ըլլայ Հայաստանը:

Պէյ Ռուին ելոյթը Պէյրութի մէջ

«Յաճախակի ացելութիւններ տուած ենք Լիբանան, Այնճար ազգականներ ունինք, որոնց անշուշտ պիտի այցելեմ: Վերջին անգամ Պէյրութ եկած էի 2015-ին, նախորդ ալպոմիս շրջագայութեան համար: Թէեւ արաբերէն չեմ խօսիր, բայց ամէն ինչ հարազատ կը թուի ինծի հոս: Ուրախ եմ, որ այս տարի ալ եկայ անգամ մը եւս գործերս ներկայացնելու Պէյրութի մէջ: Փառատօնին պիտի ներկայացնեմ փառատօնին համար յատուկ պատրաստուած մենակատարութիւններ, որոնք պիտի ըլլան փունջ մը բոլոր ալպոմներէս:

Պէյ Ռուին գործերը կարելի է լսել համացանցային ծրագիրներէ, ինչպէս Itunes, spotify եւ Bandcamp, նաեւ Պէյ Ռուի անձնական կայքէն Beirumusic.com

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Լուէյզի` 92-94

Յաջորդը

«Երեք Շաբաթ Երեւանի Մէջ»-ը Լիբանանի Հանդիսատեսը Կը Փոխադրէ Երեւան

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?