Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններ Միամեայ Աշխատանքային Ամբողջական Փոխհամաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Դեկտեմբեր 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran-arm-agreement_1210

5 դեկտեմբերին Իրանի եւ Հայաստանի միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի 2016 թուականը եզրափակող նիստերու աւարտին Իրանի ուժանիւթի նախարար Համիտ Չիթչեանի եւ Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեանի կողմէ ստորագրուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վերաբերող նշանակալից եւ ամբողջական համաձայնագիրը:

Երկու երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած նիստի աւարտին, որ կայացաւ Թեհրանի` ուժանիւթի նախարարութեան նիստերու դահլիճին մէջ, երկու երկիրներու նախարարները, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, յայտարարած են, որ ըստ ստորագրուած ամբողջական համաձայնագիրին, երկու երկիրներուն միջեւ աճ արձանագրող բազմաոլորտ յարաբերութիւններու կողքին կը նախատեսուի նաեւ ելեկտրականութեան փոխանակման ծաւալներու չորս անգամ աճ, որուն ֆինանսաւորումը կը կատարէ իրանական կողմը: Չիթչեան այս առնչութեամբ նշած է, որ կը նախատեսուի մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ կառուցել հողմային ելեկտրակայան, ինչ որ, մաքուր ուժանիւթի համար եղած պահանջին համաձայն, պիտի կառուցուի նման կայաններ ու սարքեր արտադրող իրանական ընկերութիւններու կողմէ:

Իրանի ուժանիւթի նախարարը կարեւոր նկատելով ուժանիւթի եւ բեռնափոխադրման ոլորտներուն մէջ ստորագրուած համաձայնագիրները` նշած է, որ այժմ ելեկտրականութեան փոխանակման ծաւալները չեն գերազանցեր 300 մեկաուաթի սահմանները, ինչ որ ցարդ կ՛արտադրուի գործող երկու հոսանքագիծերուն միջոցով: «Իսկ համաձայնագիրով նախատեսուած աշխատանքներու իրականացման շնորհիւ անիկա պիտի հասնի մինչեւ 1200 մեկաուաթի սահմանները», նշած է նախարարը եւ` աւելցուցած, որ փաստաթուղթին համաձայն, կարեւոր կը նկատուի նաեւ երկաթուղիի կառուցումը:

Աշոտ Մանուկեան իր կարգին ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ սերտ յարաբերութիւնները` նշած է, որ ըստ ստորագրուած ամբողջական փոխհամաձայնագիրին, յառաջիկայ տարուան ընթացքին հիմը պիտի դրուի երկարատեւ եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւններու, աւելցնելով, որ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող այս համաձայնագիրը կրնայ Իրանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ զարգացող համագործակցութեան խթան հանդիսանալ. այստեղ նախատեսուած է նաեւ Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի մասնակցութիւնը:

Նախարար Մանուկեան նաեւ շեշտը դրած է Հիւսիս-հարաւ միջազգային միջանցքի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներով Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն կապող միջազգային փոխադրութեան եւ տարանցիկ ուղիներու օգտագործման անհրաժեշտութեան վրայ` նշելով, որ անիկա կը շարունակէ մնալ աշխատանքային օրակարգի մէջ:

Նախարար Մանուկեանի համաձայն, երկու երկիրներու ելեկտրական հոսանքագիծերը իրարու միացնող երրորդ գիծի կառուցման աշխատանքները արագ թափով կ՛ընթանան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է իրանական ընկերութիւններու կողմէ Հայաստանի շրջաններուն մէջ իրականացուող կազի հասանելիութեան աշխատանքներուն համար` նշելով, որ Հայաստանը նոյնպէս հետեւողական աշխատանքներ կը կատարէ Արաքս գետի ջրային պաշարներու ապականումը կանխելու նպատակներով: Ան յայտնած է, որ ըստ ստորագրուած համաձայնագիրին, իրանական կողմի ունեցած փորձառութիւնը հաշուի առնելով, Հայաստանի մէջ եւս թափ կը ստանան շուկայի ազատ գօտիներ ստեղծելու աշխատանքները: Այս բոլորէն բացի` այս համաձայնագիրով նախատեսուած է նաեւ Արաքսի վրայ երկու երկիրներուն միջոցներով կառուցել ջրելեկտրակայան:

Նիստին Հայաստանէն մասնակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Նախորդը

Քաղաքակրթութիւններ Եւ Մշակոյթներ` Թիւի Միօրինակութիւն Ստեղծող Խառնարանի Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Ռոհանիի Հայաստան Այցին Ընդառաջ…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?