Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Արմէնն ու Րաֆֆին «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» «ապրելէ» ետք Վահիկ Փիրհամզէի, Վահէ Պէրպէրեանի եւ ժապաւէնի արտադրիչներէն Վիգէն Պայրամեանին հետ կը հասնին սփիւռքահայու մայրաքաղաքներէն` Լիբանան, որպէսզի մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ, լիբանանահայը տանին «իրենց Երեւան»-ը: Այս կեցութեան ընթացքին անոնց հետ կը հանդիպինք «Ազդակ»-ի մէջ, որպէսզի մուտք գործենք «իրենց Երեւանի» դռներէն ներս ու ժապաւէնին նայինք եռատարած միջոցով:
Ընդհանուր ակնարկ նիւթին եւ ատոր ենթահողին մասին
Վահէ Պէրպէրեան կ՛ըսէ. «Այս ժապաւէնը յորդորական չէ, այսինքն յստակ ուղղութիւններ կամ պատասխաններ չկան հոն: «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ»ը («Թրի ուիքս ին Երեւան») կը ստեղծէ վիճակներ, որոնք դիտողը կը փոխադրեն եզրայանգումներու` լուսարձակ բանալով սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան վրայ, որ դրսեւորուած է հայաստանցիին հետ երկու սփիւռքահայերուն վստահութեան եւ համագործակցութեան ընդմէջէն: Հետաքրքրական է սփիւռքի մտայնութիւնը եւ հայաստանցիին ակնկալութիւնները սփիւռքահայէն: Այս ամբողջութեան մէջ ժապաւէնը կարելի եղածին չափ իրապաշտ պատկեր մը կը փոխանցէ»:
Փաստօրէն թատրերգութիւնը զերծ չէր կրնար մնալ Հայաստանի յատուկ մշակութային խօսելաոճէն ու կենցաղային յատկութիւններէն: Այս մէկը օտարին ընկալելի ըլլալու մասին Վահէ Փիրհամզէ կ՛ընդգծէ. «Ժապաւէնը կազմուած է պատմութենէ ու կերպարներէ: Երբ թեթեւ պատմութիւն ես նկատի առնում, ուրեմն կերպարներն պէտք է խիտ, տարբեր շերտերից պատրաստուած լինեն: Այն ինչ որ երկրին մէջ է կատարւում, որոնք դուրս են գալիս մշակութային յղումներով, կատարւում են տեղացու կողմից: Հեղինակը դա կատարած է` մտածելով, որ մեզ համար էլ է դա նորութիւն, եւ օտարն էլ պէտք է մեզ պէս տեսնի էդ: Մշակոյթը մի բան է, սովորութիւնները` ուրիշ բան»:
Խօսելով համաշխարհային սովորութիւնները եւ տուեալ ժողովուրդի մը յատուկ սովորութիւնները մեծ պաստառի հասնելու եւ այդ մէկը հասկնալի դարձնելու մասին` Վահէ Պէրպէրեան կը հաստատէ. ««Վարդագոյն Փիղ» թատրոնին, որ այդ ժամանակ խաղացած էինք տարբեր երկիրներ, ինչպէս Իրլանտա, Յունաստան եւ այլ տեղեր, յաջողութեան դասերէն մէկը ժողովուրդին առանձնայատկութիւնները եւ անկէ բխած վիճակները ցոյց տալն էր: Ես 100 տոկոս համոզուած եմ, թէ որքան առանձնայատկութիւններ ցոյց տաս, նոյնքան հասարակաց վիճակ կը դառնայ ատիկա»:
Վահէ Փիրհամզէ կը շարունակէ. «Հասարակաց կարող է լինի, օրինակ, երեքի միջեւ գոյութիւն ունեցող ընկերութիւնն ու սէրը, երեքին համար սէրն ու ընկերութեան կարեւոր լինելը, քան ժապաւէն պատրաստելը, մանաւանդ երբ վերջում վիճաբանութեան ընթացքին Րաֆֆին Արմէնին ասում է. «Թքած ունեմ փողի վրայ, ընկերութիւնն ա կարեւոր». դրանք ընդհանուրին կը պատկանին»:
Լիբանանահայ, զուիցերիաբնակ արտադրիչ Վիգէն Պայրամեան, որ ասպարէզով փաստաբան է եւ` «Ֆիլտ Սոլուշընզ» ընկերութեան հիմնադիր, կ՛աւելցնէ, «Օրինակ` հարցերուն մօտեցումը Ռուպոյի մօտ, որ կ՛ըսէ. «Դու փրոպլեմ չունես», յետ-խորհրդային մօտեցում մըն է եւ առկայ է նաեւ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ մէջ: Այս մէկը հարցերու դրապաշտ մօտեցում մըն է, երբ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ ալ ժողովուրդը կը գործածէ, թէկուզ պատրանքի մէջ ապրի, ու ատիկա իրենց համար ապահովութիւն է եւ հոգեբանականօրէն պէտք է»:
Պէրպէրեանն ու Փիրհամզէն «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնի բեմադրելուն եւ դեր վերցնելուն մարտահրաւէրներուն մասին կը խօսին:
«Երբ Հայաստան հասանք, Արմէնի կերպարին մէջ մի հատ փոփոխութիւն եղաւ: Հայաստան որ հասնում ես, ուտել-խմելը հաստատ ծրագիր է: Երբ գիշեր-ցերեկ աշխատում էինք եւ քիչ էինք քնում, անընդհատ ուտում-խմում էինք, այդ իմաստով ժապաւէնի մէջ Արմէնը միշտ էլ ուտում էր, դրա համար դերից դուրս եւ ներս գալը երեսուն օրուան մէջ շատ հեշտ էր,- կը կատակէ Վահիկ Փիրհամզէն` շարունակելով,- «դու հասնում ես մէկ տեղ քու դերասանութեանդ մէջ, ուր հասկանում ես քամերայի ետեւ կանգնած քո ընկերոջը` իբրեւ բեմադրիչի: Վստահութիւն ունես, որ ինքը զգուշ է եւ դրա համար դու հանգիստ ես մտնում կերպարի մէջ եւ աւարտին դուրս ես գալիս դէպի իրականութիւն»:
Այս իմաստով Վահէ Պէրպէրեան կ՛աւելցնէ. «Նկարահանման ընթացքը շատ յոգնեցուցիչ էր, մէկ վայրկեան նկարահանման գործիքին առջեւ եւ միւս վայրկեան ետեւն ես: Բարեբախտաբար մեր կերպարները այնքան մը նոյնացած էին, որ պէտք չունէինք յստակ կերպարանափոխում մը ապրելու, այլապէս շատ աւելի դժուար կ՛ըլլար»:
Վահիկ Փիրհամզէ, որ նաեւ ասպարէզով բեմադրիչ, արտադրիչ, հեղինակ եւ դերասան է, խօսելով Վահէ արտադրիչին եւ իր դերին` Արմէն արտադրիչին նմանութիւններուն մասին` կ՛ըսէ. «Կեանքի փորձն է, որ երբ դու ժապաւէն ես արտադրել, հասկանում ես, թէ ինչպիսի նրբութիւններ կան: Արմէն արտադրողը մէկն է, որ իրան չես կարողանում հաւատալ, բայց միեւնոյն ժամանակ հաւատում ես: Էնպէս կերպար ենք մտածում, որ Արմէնը ինչ խօսք որ ասում է դու չգիտես ճի՞շդ է, խօսում, թէ՞ սուտ. բայց ուզում ես լսել նրան, որովհետեւ ինքը էդ տպաւորութիւնն է թողնում վրադ: Իսկ Վահիկ արտադրողը յստակօրէն պէտք է սկիզբից իմանայ, որ էդ գործը պէտք է կատարուի: Նկարահանման ընթացքին ամէն պահի, ամէն օր հարց է լինում, եւ Վահիկը պէտք է դրա լուծումը գտնի ու կարողանայ յառաջ գնալ: Երբ սկսում ես գործը, շատ աւելի հաշիւներ կան, եւ դու էդ փորձերից սովորում ես: Վահէի հետ որոշուեց, որ Արմէնի կերպարը էդպէս լինի, որ նրան սիրես ու յարգես, բայց միեւնոյն ժամանակ չգիտես` ճի՞շդ է ասում, թէ՞ չէ: ժապաւէնի վերջում տեսնում ես մէկ-մէկ արժէքները բարձրացնում է, բաց ասում է ընկերոջ մօտ այն, ինչ որ կայ: էդպէս է նրա կերպարը»:
Վահէ Պէրպէրեան խօսելով թատրերգութեան ընթացքին մասին` կ՛ըսէ. «Շատ մը տարբեր ձեւերով ժապաւէնը ինքնանկարային է, մինչեւ այն աստիճան, որ մտածեցի անուններն անգամ չփոխել: Փորձեցի կարելի եղածին չափ հաւատարիմ ըլլալ կերպարին: Րաֆֆին այն կերպարն է, որ տարբեր է մենակատակներու Վահէէն: Իսկ ինչ կը վերաբերի Վահէի եւ Րաֆֆիի նմանութիւններուն, ես սակաւախօս մարդ մըն եմ ընդհանրապէս եւ խնդալիք բաներ ըսելու մնայուն մարմաջ մը չունիմ»:
Թէեւ ժապաւէնին գլխաւոր հերոսները Արմէնը, Րաֆֆին ու Ռուպոն են, սակայն անոնց կիները նուազ ներկայութիւն չունին ժապաւէնին մէջ: Այս մասին մանրամասնելով` Վահիկ Փիրհամզէ կը նշէ. «Վահէի շատ լաւ կէտերից մէկն այն է, որ ամէն օր, երբ արթնանում է, նորից ուզում է վերանայել գրուածքը: Ամէն օր խօսում էր կերպարների մասին եւ ինչ-որ բաներով ուժեղացնելու մասին կերպարները ուժեղացնելու մասին: Արմէնի կինը ունի ընդհանրական արժէքներ, որոնք անպայմանօրէն առանձնական չեն հայ կնոջ: Երբ Արմէնի կինը ասում է Արմէնին, որ եթէ չկարողանաս գործ անել յետ չգաս, բայց միեւնոյն ժամանակ ասում է` «յիշի, որ երեխայ ունենք», սա ընդհանրական արժէք է: Նունէի (Անի Գալստեան) կերպարը Րաֆֆիի հետ այնպիսին չի, որ մենակ սէր է ուզում արտայայտել: Նունէն միակն է, որ նախքան Րաֆֆիի Հայաստան հասնելը` կարդացել` նրա թատրերկը: Դա ցոյց է տալիս, որ մտածելակերպը տարբեր է եւ ինքը հասկանում է թէ ի՛նչ է գրուել, ու ինքն է քայլ անում` մօտենալու Րաֆֆիի: Երիտասարդ նոր հայ կինը կայ Նունէի մէջ, ու մենք տեսնում ենք, որ Նունէն աւելի արդի հայ երիտասարդն է: Իսկ ինչ վերաբերում է Անահիտին (Նանոր Պետրոսեան), նա Ռուպոյի աջ բազուկն է, որ նրա հետ աշխատում է»:
«Ժապաւէնը երկու-երեք անգամ պէտք է նայես, որ նոր բաներ նրա մէջ աւելի շատ գտնես: Կնոջ կերպարները այնպիսի են, որ չասես` այս կինը լաւն է, միւսը վատն է, իսկ երրորդը ուժեղն է»:
Թատերագիր Վահէ Պէրպէրեան կը յայտնէ, թէ «Երեք կիներու պարագաներուն ալ յստակ է, որ` անոնք կրաւորական կերպարներ չեն: Արմէնին եւ անոր կնոջ պարագային, կը տեսնենք, որ յստակօրէն անցեալ մը կայ անոնց մէջը, եւ կինը Արմէնին հանդէպ այնքան յարգանք ունի, որ կրնայ ձգել ու երթալ, եթէ Արմէնը չսթափի: Նունէն միտքիս մէջ յստակ էր, որ պէտք էր երիտասարդ մը ըլլար: Տարիքի յստակ տարբերութիւն կայ Նունէին եւ Րաֆֆիին միջեւ, եւ եթէ Նունէն քիչ մը աւելի մեծ ըլլար, անոնց միջեւ հրապուրանքը սիրոյ պատմութեան մը պիտի վերածուէր ու հոն հրապուրանքը պիտի կորսուէր, քանի որ դուն հրապուրուած չես ըլլար անձով, այլ այն բանով, որ այդ անձը կը ներկայացնէ: Իսկ Ռուպոյի պարագային հետաքրքրական է, որ ամբողջ ընթացքին զայն ղեկավարողը Անահիտն է: Անահիտին է վերջին խօսքը»:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ»` եռատարած միջոցով
Ելլելով պաստառէն դուրս եւ մտնելով պաստառին ու հանդիսատեսին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարածքին մէջ` կ՛արծարծենք նաեւ ժապաւէնին այլ ուղղութիւններուն մասին: Վահէ Պէրպէրեան կը մատնանշէ ժապաւէնին կարեւորութիւնը` ըսելով, «Ժապաւէնին կարեւորագոյն կէտերէն մէկը այն է, որ Հայաստանը հիմա ձեւով մը վերստեղծման շրջան մը կ՛ապրի: Հայաստանը այսքան բաց չէ եղած սփիւռքին, եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը այսքան անմիջական չեն եղած երբեւիցէ: Զիրար հասկնալու փորձ մը կայ մնայուն կերպով, մանաւանդ որ ներկայիս բազմաթիւ սփիւռքահայեր Հայաստանէն բնակարաններ կը գնեն եւ հոն փոխադրուելու մասին կը մտածեն»:
«Այլ կարեւոր կէտ մըն ալ հաստատելն է, թէ կարելի է հայերէն ժապաւէն պատրաստել եւ միջազգային շուկայ իջեցնել: Այս մէկը շատ կարեւոր կէտ մըն է, որուն պէտք է անդրադառնանք: Ներկայիս զանազան հնարաւորութիւններ կան ժապաւէններ պատրաստելու եւ տարբեր միջոցներով, մանաւանդ տողատակի թարգմանութեամբ դիտելու: Երբ Ամերիկայի մէջ մեր ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը կազմակերպեցինք, մեզի բեմադրիչներ մօտեցան եւ հետաքրքրութիւն յայտնեցին Երեւանի մէջ նկարահանումներ ընելու. նոյնիսկ հարցուցին արտադրութիւններու միջին ծախսի մասին: Եթէ կարենանք արտադրութեան համար դուրսէն Հայաստան բեմադրիչներ, արտադրիչներ տանիլ, հոյակապ գործ մը կ՛ըլլայ երկրին համար», կ՛ըսէ Պէրպէրեան:
Վահիկ Փիրհամզէ կը միջամտէ` ըսելով. «Աւելացնեմ, որ ժապաւէնը, քանի որ ամերիկեան շուկայում արդէն շարժապատկերների սրահներում ցուցադրուեց, մենք նամակ ստացանք «Աքատեմի Ըուըրտ»-ի գրադարանից: Անոնք ամէն տարի որոշում են տարբեր ժապաւէններ, մանաւանդ` միջազգային ժապաւէններից, եւ ուզում եւ ընդունում նրանց բեմագրութիւնները, որպէսզի իրենց գրադարանում պահեն: Նրանք ընտրեր են «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ»-ը, որ արդէն «Աքատեմի Ըուըրտ»-ի գրադարանում է իբրեւ Հայաստանում արտադրուած ժապաւէն: Նրանք նկատում են, որ մի ժապաւէն է դուրս եկել, քանի որ (համացանցի ժապաւէնների շտեմարանի կայքը) IMDB-ում իրենք տեսնում են»:
«Ժապաւէնը յաջողութիւն է գտել Երեւանում, երկուքուկէս ամիս ցուցադրուել է Ամերիկայում: Մենք այցելել ենք` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա. այսօր իմ համար պատիւ է, որ Լիբանան, Պէյրութ ես ձեր կողքին եմ: Եւ ուրախ եմ, որ Լիբանանում ոչ թէ միայն մի սրահում, ուր միայն հայերն են գալու ժապաւէնը դիտելու, այլ հինգ-վեց հատ երկրի կարեւոր սրահներում արաբերէն լեզուով տողատակի թարգմանուած պիտի լինի: Դա ինքնին յաջողութիւն է ու մի մրցանակ է, որ մենք շահել ենք»:
Մրցանակներու մասին խօսելով` Վահէ ՊԷրպէրեան կը յայտնէ, որ «Աքատեմի Ըուըրտ»-ի յանձնախումբը տեսնելէ ետք ժապաւէնը, առաջարկած է, որ ժապաւէնը մասնակցի փառատօնին, բայց ժամանակին չհասցնելուն պատճառով կարելի չէ եղած այդ մէկը իրականացնել: Ժամանակին չհասցնելուն պատճառով ժապաւէնը չէ կրցած մասնակցիլ նաեւ Քաննի միջազգային փառատօնին: Վահէ Պէրպէրեան կը բացատրէ. «Եթէ որոշէինք ժամանակը անցնելէ ետք տակաւին մասնակցիլ ու մեր գործը փառատօներուն ցուցադրել, ստիպուած պիտի ըլլայինք մէկ տարի սպասել: Նման փառատօներ պայման ունին, որ մասնակից ժապաւէնը շուկայ իջած պէտք չէ ըլլայ: Մենք որոշեցինք չսպասել եւ հանրութեան ներկայանալ: Ըսեմ, որ նպատակ ունինք ժապաւէնը ուղարկելու այն փառատօներուն, որոնք նման պայմաններ չունին»:
Կը շարունակենք խօսիլ «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» գործի յատկանիշներուն մասին: Վահիկ Փիրհամզէ կը վկայէ. «Էս ժապաւէնը պատրաստուած է եղել անգլերէն լեզուով, նպատակ է եղել ժապաւէնը ցուցադրել եւ ոչ հայերը կարողանան դիտել: Փորձերից յետոյ, որ ես իմացել եմ, թէ շարժապատկերի աշխարհն ինչպէս է աշխատում, մանաւանդ` Ամերիկայում, երբ աշխատի ես դու Հոլիվուտի դերասանների միութեան անդամներով, շատ հաշիւներ կան, որ պէտք է անես: Երբ Վահէի եւ Հրանդի հետ որոշում էինք աշխատել, այդ պահին մեզ համար կարեւորը այն էր, որ սկսենք մի աշխատանք, որ աւարտ ունենայ: Գործ սկսել ու աւարտելը հեշտ չի շարժապատկերի մէջ, քանի որ անկախ ժապաւէնների մէջ տասից ութը չեն կարողանում հասնել աւարտի: Էս պահին ունենալով Վիգէն Պայրամեանին, որպէս միւս արտադրիչ եւ իրա կողքին այլ արտադրիչներ, որոնք իրականացրին գործը: Իմ համար կարեւոր է, քանի՞ մարդ կը դիտի, որովհետեւ դա է չափանիշը: Մանաւանդ որ առաջին հայերէն լեզուով ու տողատակի անգլերէն թարգմանութեամբ ժապաւէնն է, որ Լոս Անճելըսում եւ ամբողջ Ամերիկայում, իբրեւ միջազգային օտար ժապաւէն, շարժապատկերների սրահներում ցուցադրուել է»:
Վահէ ՊԷրպէրեան խօսելով բեմագրութեան հասուննալուն մասին, կը բացատրէ. «Սկիզբը անգլերէնով գրուած էր բեմագութեան, քանի որ կերպարներէն մէկը միայն անգլիախօս էր: Ժամանակին ընթացքին այս նկարահանման համար վերստին գրուեցաւ եւ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան կերպարներուն մէջ: Փուլ մը կար, երբ տակաւին որոշած էինք պահել անգլերէնով` ունենալով երկու մտահոգութիւն. առաջինը այն էր, որ կ՛ուզէինք ժապաւէնը օտար հանրութեան մատչելի դարձնել, առանց որ ես լեզուական կատակներ ընելու փորձութեան մատնուիմ, երկրորդ պատճառն ալ, որպէսզի ապագային, երբ հայերէնի թարգմանուի որեւէ իմաստ չկորսուի թարգմանութեան մէջ: Ի դէպ, մենք Երեւան անգլերէն բեմագրութեան գացինք, եւ դերասաններուն հետ նստելէ ետք է, որ իւրաքանչիւրին հետ նստանք եւ իւրաքանչիւրին լեզուով անգամ մը եւս գրեցինք տողերը: Մեծ տարբերութիւն կ՛ընէ, երբ գիտես, թէ ո՛վ է դերասանը, եւ իր լեզուով կը գրես»:
Վահիկ Փիրհամզէ խօսելով նկարահանման արհեստագիտութեան մասին` կը նշէ. «Նկարահանման ոճը տարբեր է միւս ժապաւէններից: Մենք տեսախցիկները Ամերիկայից ենք տարել, որպէսզի մեղմ եւ հնաոճ տեսք տայ: Հայաստան մենք քանի անգամ որ գնացել ենք ծառի եւ տերեւների գոյնը էդ տեսախցիկներից կարող ենք եղել նկարել: Նկարահանման մէջ տաքութիւն է տալիս, որ հետեւողական է: Նկարահանման ոճին մէջ շարժում քիչ կայ, որովհետեւ տեսարաններ կան որ բնաւ չի շարժւում եւ տեսնում ես, որ դերասանները վեց րոպէ խօսում են: Դրա պատճառը այն է, որ ուզում էինք կեդրոնացումը լինէր կերպարի եւ թեմայի վրայ: Ամէն ինչը հաշուարկուած է, որ նկարենք, նպատակ ունենալով` ուրիշ մակարդակի լինի: Մենք ժապաւէնը չպատրաստեն, որ էսօր նայեն, ուրախանան, այլ գործը իր տեղը ունենայ»:
«Այս ժապաւէնը 20-30 տարի վերջ ալ եթէ դիտես, բան մը պիտի չկորսուի իմաստէն», կը հաստատէ Վահէ Պէրպէրեան:
Փաստօրէն, «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ»-ը ոչ միայն արուեստի գործ մըն է, այլ ընկերութեան եւ այդ ընկերութեան սիրոյն եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութեան պտուղն է: Հաւանաբար այսպէս պիտի ըլլար սփիւռք-Հայաստան կամրջող պարզ պատմութիւն պատմող շարժապատկերի գործ մը: Հաստատօրէն աւելի շատ հոն է ժապաւէնին արժէքը: Այս պատճառով ալ, երբ հարց տրուեցաւ Վիգէն Պայրամեանին, թէ ինչո՛ւ տրամադիր էր արտադրելու այս գործը, ան անկեղծութեամբ պատասխանեց. «Քանի որ Վահէն է: Վահէի հետ ընկերութիւնս հիմնուած է անկեղծութեան վրայ, որմէ կը բխի վստահութիւնը: Առաջին մեր խօսակցութենէն եւ նախքան պատմութիւնը իմանալս` արդէն ընդունեցի մաս կազմել: Անշուշտ մարտահրաւէրները շատ էին: Գիտէ՞ք` իմ գործս չէ ասիկա, ես փաստաբան եմ եւ Ժընեւի մէջ անձնական գրասենեակս ունիմ, բայց հայկական գետնի վրայ մենք այս ստեղծագործութեան պէտք ունինք, համեստ եւ պարզ մարդոց կողմէ: Ես շատ ուրախ եմ, որ մաս կը կազմեմ այս աշխատանքին: Իրականութեան մէջ ընկերութիւնս է Վահէին հետ, աւելի ուշ նաեւ Վահիկին եւ Հրանդին հետ եւ անոնց հետ մտաւորական մակարդակի յարաբերութիւնս անշուշտ, եւ հարցերուն մասին խօսիլն ու զուարթամտութիւնը, որոնք զիս մղեցին մասնակցելու աշխատանքին»:
«Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» ժապաւէնը կը ցուցադրուի «Սինեմա Սիթի»-ի մէջ` Տորա, «Լը Մոլ»` Տըպպայէ, «Սթար կէյթ»` Զահլէ, «Վոքս Սինեմա», Պէյրութ, «Սուքս» եւ «Ամփիր» Սոտեքօ: