ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր այս մարզախաղը, քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին, գահակալութեան առաջին օրէն, արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռելիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (*) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքի Ռըմման բլուրի միջազգային ռելիին: Սակայն Յորդանանի մէջ տեղական ակումբային մակարդակով եւ հանգրուանային դրութեամբ այս խաղը ցարդ չէր կիրարկուած:
Վերոնշեալ ռելիները յստակ քարտէսով, որոշուած ճամբաներու վրայ արագութեան եւ ճարտարութեան մրցումներ են, մինչ ռելի փէյփըրներու պարագային, հանգրուանէ հանգրուան հանելուկ լուծելով է, որ կը յայտնուի յաջորդ կայանը` ուղեւորութիւնը, յար եւ նման սկաուտական հետախուզական արշաւներուն, սակայն` ինքնաշարժով: Երթեւեկի օրէնքները պէտք է ամբողջութեամբ յարգուին, իսկ առաւելութիւնը կը կայանայ հանելուկը արագ լուծելու եւ քաղաքին կամ շրջանին մէջ գտնուող պատմական, մշակութային եւ այլազան մարզերու մէջ յայտնի վայրերուն ծանօթ ըլլալուն եւ քաջատեղեակ` շրջանի փողոցներուն, յարմարագոյն ճամբաներով ու նուազագոյն ժամանակամիջոցին ուղղուելու համար դէպի յաջորդ հանգրուան:
Լիբանանի մէջ 1960-ական տարիներէն սկսեալ մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմը` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղը եւ տեղական այլ ակումբներ ու համալսարանական միութիւններ կը կազմակերպէին ռելի փէյփըրներ, որուն մասնակցած եմ երկու անգամ` իբրեւ վարորդի օգնականներէն մէկը, զինուած քարտէսներով, բառարաններով, զբօսաշրջային գրականութեամբ ու այլ պիտանի գիրքերով: Այս բոլոր մրցումներուն առաջին տեղը կը գրաւէին հայկական խմբակները, որոնց մէջ անպարտելի էր բարձրահասակ ու թիկնեղ, մէկ բազուկը անդամահատուած վարորդ Վարդանին «համայնագէտ» խմբակը` իր «Մինի քուփըր» ինքնաշարժով: Վերջին տարիներուն վերսկսած են այս մրցումները` լիբանանեան համալսարանական շրջանակին մէջ:
Իբրեւ մարզական մրցակցային նորութիւն, 1976-ին ՀՄԸՄ-ի Ամմանի վարչութիւնը որոշեց առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպել ռելի փէյփըր` խանդավառելու համար յատկապէս 200-ի հասնող երիտասարդականի անդամները եւ համայնքը` ընդհանրապէս: Այս խաղին ծանօթ միակ փորձառու վարչականին` ինծի վստահուեցաւ խաղին մասնագիտական բաժինը` պատրաստել խաղին կանոնները, հանգրուանները եւ «հանելուկ» հարցարանները, որ սակայն` ծրագիրին համեմատաբար դիւրին ու փոքր աշխատանքն է:
Առաջին հերթին պէտք էր ապահովել մասնակցիլ փափաքող նուազագոյնը տասը խումբ-ինքնաշարժ, որուն հիման վրայ ստանալ արտօնութիւն պատկան մարմիններէն: Այսպիսի մրցումներու հեղինակութիւնն է «Յորդանանի թագաւորական ինքնաշարժներու ակումբ»-ը, որ տալով արտօնութիւն` իր կարգին տեղեակ կը պահէ երթեւեկի տնօրէնութիւնը եւ ապահովական մարմինները: Վարչութիւնը ապահովելէ ետք այս արտօնութիւնը, նաեւ իր կարգին, բարեբախտաբար պաշտօնապէս տեղեակ պահեց ապահովական մարմինները եւ ապահովագրեց մասնակիցները մէկ օրուան համար:
Երկրորդ աշխատանքն էր` ապահովել ծանուցումներ, զարդարելու համար ինքնաշարժները, ակումբը ու ակումբի թաղամասը, ինչպէս նաեւ ապահովել պարգեւներ` առաջին երեք շահող խումբերուն համար, ու բոլոր մասնակիցներուն դրօշակներ, «թիշըրթ» շապիկներ, գլխարկներ եւ այլ տեսակի նուէրներ: Նաեւ, վերջապէս, մրցումի աւարտին կազմակերպել խրախճանք` մասնակիցներուն եւ ակումբի անդամներուն ու համակիրներուն համար:
Պարտադիր կանոն է խաղէն մէկ օր առաջ մասնակիցներուն եւ հանգրուանի պատասխանատուներուն մանրամասնօրէն բացատրել խաղին կանոնները, արժեւորումի կէտերու դրութիւնը, պատիժները, խաղին աշխարհագրական շրջանը եւ յանձնել ինքնաշարժներուն յատուկ կպչուն համարները եւ ծանուցում-զարդարանքները: Պէտք է նշել, որ բջիջային հեռաձայն, «Կուկըլ քարտէս» ու «ճի փի էս» գոյութիւն չունէին տակաւին, ու պարտադիր էր նաեւ ապահովել իրաւարար կազմ մը, որ ինքնաշարժով շրջագայելով հանգրուաններուն միջեւ` ստուգէր խաղին ընթացքը:
Որոշուեցաւ խաղը սահմանափակել Ամմանի եւ արուարձաններուն մէջ, առաւօտեան ժամը 8-13:00, շուրջ հինգ ժամ, ընդգրկելով 10 հանգրուան, դիւրին հանելուկներով, իւրաքանչիւր հանգրուանի յատկացնելով միջին հաշուով տրամաբանական ու բաւարար շուրջ կէս ժամ: Ունեցանք մասնակցողներու 14 խումբ-ինքնաշարժ, երիտասարդ եւ երէց անդամներով, ու տասը հանգրուաններու պատասխանատու 20 անդամներ, որոնք միայն վերջին պահուն տեղեկացան իրենց ճշդուած վայրը: Այս ձեւով շուրջ 70 անդամ, ներառեալ` մրցակիցները, ուղղակիօրէն մասնակից դարձան այս խաղին, ու վարչութիւնը լրիւ կազմով կը հետեւէր իրադարձութիւններուն` շրջագայելով նաեւ հանգրուաններուն միջեւ: Պէտք է ըսել, որ գաղտնապահութիւնը մնաց տիրական, ու սքանչելի աշխատանք տարին մասնաճիւղին վարչութիւնը եւ երիտասարդականի յանձնախումբը:
Հանգրուաններուն հանելուկները պատրաստելէ ետք Հարմանտայեանին զաւկին հետ անոր գրասենեակի պատճէնահանով բազմագրեցինք 10 հարցարանները 15 օրինակով, 150 պահարան` հանգրուանի թիւերով: Հանելուկներէն երկուքը կը յիշեմ. առաջինը` պանդոկ «Շեփըրտ»-ն էր, որուն հանելուկն էր տաք ջերմաչափ, անգլերէնով` hot, L տառը, եւ հովիւ մը` shepherd: Երկրորդը` Ամմանի հարաւային արուարձաններէն Ապու Ալանտայի մէջ գտնուող յայտնի հնութիւնը` «Եօթը ննջողներուն քարայր»-ն էր` Ահլըլ Քահֆ, որուն մասին գրուած է Քուրանի 18-րդ գլխուն մէջ. եօթը անձեր իրենց հաւատքին պատճառով հալածանքէ խուսափելու համար 300 տարի պահուըտած ու քնացած են այդ քարայրին մէջ. որուն հանելուկը` եօթը քնացողներու գծագրութիւնն էր գլուխներուն վերեւ «խը՜ռ խըռ» գրութեամբ` թիւր կարծիքովս, թէ` ամէնէն դիւրին հանելուկն էր այս, սակայն…
Ուրբաթ առաւօտ աներեւակայելի խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր ակումբին մէջ` մասնակիցներու եւ անդամներու եռուզեռով, դրօշակներով եւ ծանուցումներով զարդարուած ինքնաշարժները, թաղամասը ու ակումբին սրահը, ուրկէ սկիզբ առաւ մրցումը` խաղին կանոններուն վերաքաղ կատարելէ ետք, ու մանաւա՛նդ յիշեցնելով մրցումին աշխարհագրական ծիրը: Այսպէս, իւրաքանչիւր խմբակէ մէկ ներկայացուցիչ սրահին յետսամասին շարուած, ազդանշանին` վազելով պիտի յառաջանային ու խլէին սեղանին վրայ շարուած թիւ մէկ պահարանը` ուղղուելու համար դէպի առաջին հանգրուան: Այս իրարանցումէն ետք նկատեցինք, որ տակաւին կը մնար մէկ պահարան… Ժամանակ մը ետք իմացանք, որ Յարութին խմբակը առանց պահարանը առնելու ճամբայ ելած էր, առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր պիտի երթային… Ու հեռաձայնելէ ետք, թէ ո՛ւր պիտի երթային, վերադարձան ակումբ` ստանձնելու համար պահարանը:
Տրուած ըլլալով, որ մրցակիցներուն մէջ փորձառու մասնակցողներ չկային, մրցումը հեզասահ չընթացաւ, եւ գրեթէ որեւէ խումբ անսխալ կերպով չաւարտեց տասը հանգրուանները` հեռաձայնելով ակումբ ստանալու համար ցուցմունքներ, կամ` խախտելով կանոններ, ու այսպիսով կորսնցնելով նիշեր, սակայն` առանց կորսնցնելու գեր-խանդավառութիւնը ու ոգեւորութիւնը, որ մնաց տիրական, նոյնիսկ` խաղէն շաբաթներ ետք:
Բարեբախտաբար առանց ինքնաշարժի արկածի, խումբերը մէկ-մէկ վերադարձան ակումբ` իւրաքանչիւրը պատմելով պատահարներուն եւ ընդհանրապէս զաւեշտալի իրավիճակներուն մասին` խնդուք-պոռչտուք-գանգատներով հարուստ: Երէց մասնակից խումբերէն մէկուն պատասխանատու Գէորգը ակումբ հասնելուն բարկացկոտ բացագանչեց, թէ կազմակերպիչները մոռցած էին «Փիֆ-փաֆ» ու քիթ-բերան ծածկող դիմակներ բաժնելու խումբերուն… Այսպէս, իր խումբը, հարցարան-հանելուկ մը սխալ մեկնաբանելով, մեկնած էր Ամմանի ճանճերով լեցուն գարշահոտ աղբանոցը, որ կը գտնուի քաղաքէն դուրս` խաղին որոշուած շրջագիծէն շատ հեռու, եւ հեգնօրէն` իրենց հետեւած են նաեւ երկու այլ խումբեր…
Խրախճանքը աներեւակայելիօրէն ուրախ մթնոլորտի մը մէջ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Իւրաքանչիւրը պատմելով իրենց տեսակաւոր արկածախնդրութիւնները, առանց իմանալու, մինչ այդ մեր միջավայրէն ու մթնոլորտէն հեռու` անմեղ անհատ մը գաղտնի սպասարկութեան հետապնդումին կ՛ենթարկուէր…
Այսպէս, խումբերէն մէկը չկարենալով մեկնաբանել «ամէնէն դիւրին» հանելուկը` «Եօթը ննջողներուն քարայրը», մտած են քանի մը խանութ` ցոյց տալով հանելուկ-նկարը` իմանալու համար անոնց կարծիք-մեկնաբանութիւնը… Ու վերջին խանութին մէջ մոռցած են հարցարանը, ուր այդ պահուն կը գտնուէր գաղտնի սպասարկութեան անդամ մը… Իսկ հարցարանը, որ բազմագրած էինք Հարմանտայեանի գրասենեակը, օգտագործած էինք Հարմանտայեանի նախկին տեղացի գործընկերոջ անունով այլեւս անպէտք դարձած նամակի թուղթերը…
Գաղտնի սպասարկութեան «ժրաջան» անդամը կարծելով, որ հանելուկը գերեզման-գանձի մը քարտէսն էր, տեսնելով նամակաթուղթին վրայի անունը, կը սկսին հետապնդել զայն, ու խեղճ մարդը ուշ գիշերին կը գտնեն, կը ձերբակալեն ու կը տանին հարցաքննութեան: Հանելուկ-նամակաթուղթէն բոլորովին անտեղեակ ու շուարած` ի զուր կը բացատրէ, թէ այդ նամակաթուղթը հին ընկերութեան մը կը պատկանէր, որ դադրած է գործելէ, յայտնելով Ապու Իպրահիմ Հարմանտայեանի հետ այժմ դադրած գործընկերութեան մասին: Վերջապէս, ուշ գիշերին, բերման կ՛ենթարկուի նաեւ Հարմանտայեանը, որուն վկայութիւնը ու ՀՄԸՄ-ի կողմէ ռելի փէյփըրին համար առնուած արտօնութիւնը ստուգելէ ետք, խեղճ մարդուն ազատ կ՛արձակեն:
Մինչ բոլոր մասնակիցները, անտեղեակ այս կողմնակի իրադարձութիւններէն, յատկապէս` հանելուկը նպարավաճառին քով մոռցող խումբը, խանդավառօրէն մեկնեցան: Վարչութիւնն ու զայրացած Ապու Իպրահիմ Հարմանտայեանը օրուան խանդավառութեան հակաստիճան վիճակի մը մէջ անհաճոյ ժամեր անցուցինք` աւարտելով այս առաջին ու վերջի՛ն ռելի փէյփըրի երկար օրը:
28 նոյեմբեր 2016
(*) (http://www.atcl.org/autosport.aspx?sec=1)