Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի մեծ աղմուկ յառաջացուցած 29 նոյեմբերի յայտարարութեան (թէ` թրքական զինեալ ուժերը Սուրիա ներխուժած են նախագահ Ասատի իշխանութիւնը տապալելու նպատակով) շրջանային, միջազգային եւ նոյնիսկ թրքական արձագանգը չուշացաւ: Հրապարակուած յօդուածներուն ընկերացան նաեւ ընթերցողներու կարծիքներ, մեկնաբանութիւններ, նաեւ հրատարակուեցան երգիծական գրութիւններ եւ երգիծանկարներ:
Ն.
Էրտողանի Հակաասատական Խօսքը Կը Բացայայտէ Սուրիան Բաժնելու Անոր Ծրագիրը
«Ասատի իշխանութեան վերջ տալու» վերջին յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան չէ հրաժարած Սուրիան բաժնելու իր ծրագիրէն: Այս մասին ըսաւ Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Սալեհ Մուսլիմ:
Էրտողան կը կրկնէ այն, որ կ՛ըսէր 2011-ին (սուրիական տագնապի սկիզբը): Ատիկա կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ նախագահը իր ծրագիրները չէ փոխած:
Թրքական ներխուժումը տեղի ունեցաւ, երբ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը ձախողեցաւ Սուրիան բաժնել, ուրեմն Էրտողան կը կառչի իր հիմնական ծրագիրին: Ասատի իշխանութիւնը տապալելու մասին յայտարարութիւնը Էրտողան ըրաւ, երբ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Ասատի զօրակցող Ռուսիա քանի մը ամիսէ ի վեր Թուրքիոյ հետ հաշտութեան հոլովոյթ սկսած է: Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները լարուած էին նոյեմբեր 2015-ին ռուսական կործանիչի Թուրքիոյ կողմէ խոցումէն ի վեր: Անհաւանական է, որ Էրտողան յաջողի բնականոնացնել Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները:
ԱՏԵՄ ԱԼԹԱՆ
«Էյ.Էֆ.Փի»
Էրտողանի Խօսքը Ասատ Տապալելու Մասին` Քաղաքական Հռետորաբանութիւն Է Ներքին Սպառումի Համար
Պոլսոյ «Մարմարա» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի դասախօս Պեհլուլ Օզքան իր կարգին ըսաւ, որ Ասատը տապալելու մասին Թուրքիոյ նախագահին հռետորութիւնը իրականութիւնը չի ցոլացներ: Սուրիոյ նախագահին մասին Էրտողանի խօսքերուն նպատակն է «գոհացնել» թուրք ղեկավարին զօրակցութեան հիմքը: «Ասոնք հիմնականին մէջ քաղաքական հռետորաբանութիւն են, քան` իրականութիւն», ըսաւ Օզքան, որ մատնանշեց յայտարարութեան ժամանակը. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Երուսաղէմի Հարթակի միջխորհրդարանական խորհրդաժողովը:
Էրտողան իր յայտարարութիւնը ըրաւ այն ատեն, երբ Սուրիոյ բանակը եւ անոր դաշնակիցները մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցին Հալէպի մէջ` ծայրայեղական խմբաւորումներու գրաւած լայն տարածութիւններ ազատագրելով: Ակներեւ է, որ Էրտողանի համակիրներու եւ զօրակցողներու շարքերուն մէջ լուրջ դժգոհութիւններ կան Հալէպի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներէն: Թրքական ղեկավարութիւնը հիմնականին մէջ կ՛աջակցի զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներու` տապալելու համար Ասատը: Այդ խմբաւորումներէն ոմանք ներկայ են Հալէպի մէջ: Սուրիոյ հանդէպ Անգարայի ռազմավարութիւնը այդ ատենէն փոխուած է: Մինչեւ 2016 գլխաւոր նպատակն էր տապալել Ասատի վարչակարգը եւ աջակցիլ ընդիմութեան, ներառեալ` արմատական խմբաւորումներու: Ինծի կը թուի, թէ նպատակը փոխուած է: Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը այլեւս Ասատը տապալելը չէ, այլ` հիւսիսային Սուրիայէն ՏԱՀԷՇ-ը դուրս մղել եւ արգիլել քրտական ուժերուն յառաջանալ դէպի արեւմուտք:
«Էյ.Էֆ.Փի»
Թուրքիա Եւ Ռուսիա Պայմանաւորուած Են Սուրիոյ Հարցին Մէջ
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին պայմանաւորուած են, թէ որո՛ւ հակակշիռին տակ պիտի անցնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները: Եւ ասիկա այն պարագային, երբ երկու երկիրներու ղեկավարները սուրիական ճգնաժամի հարցին մէջ տարբեր կողմերու կ՛աջակցէին:
Ասոր ապացոյցն է այն հանգամանքը, որ վերջերս յաճախակի դարձած են Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ հեռաձայնային զրոյցները` Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի հարցով: Պաշտօնական Անգարայի գլխաւոր նպատակը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ ստեղծելն է անվտանգութեան գօտի, որուն շնորհիւ Թուրքիա պիտի զսպէ Սուրիոյ քրտական ուժերը:
Ըստ թրքական աղբիւրներու, Թուրքիա այժմ կը շարժի դէպի «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման հակակշիռին տակ գտնուող Սուրիոյ Պապ քաղաք: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն Պապը մաքրելէ ետք, Թուրքիա կանգ կ’առնէ եւ կը բանեցնէ դիւանագիտութիւն:
«Նիւ Եորք Թայմզ»
Էրտողան Մէկ Ելք Ունի` Գլուխը Պատին Զարնել
Ռ. Թ. Էրտողանի վարած արտաքին քաղաքականութիւնը ճահճացած է:
Թուրքիոյ եւ նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին իրենք այսքան ճահճացած արտաքին քաղաքականութեան բնօրինակ չեն ունեցած, եւ նախագահը, որ փաստացիօրէն յայտնուած է անել փողոցի մէջ, ունի միայն մէկ միջոց` գլուխը պատին զարնել:
Թուրքիան ներկայ պահուն փաստօրէն կը գտնուի Սուրիոյ հետ լայնածաւալ պատերազմի մէջ: Այս տարուան 24 նոյեմբերին սուրիական Ալ Պապ շրջանին մէջ թուրք զինուորներու հրթիռակոծումն ու մահը բնաւ պատահական չէին. աւելի՛ն, ատոր մէջ կար նաեւ Ռուսիոյ համաձայնութիւնը:
Այդ տարածքին մէջ միայն Ասատի եւ Ռուսիոյ կործանիչները կան: Եթէ Ռուսիա չէ հարուածած, ուրեմն Ասատի ուժերը հարուածած են, իսկ անոնք առանց Ռուսիոյ համաձայնութեան` թուրք-սուրիական սահմանին ոչինչ կ՛ընեն: Թուրք զինուորները Ալ Պապի մէջ սպաննուեցան 24 նոյեմբերին ` թրքական զինեալ ուժերու կողմէ ռուսական կործանիչի խոցման առաջին տարելիցին:
Ասատի իշխանութեան վերջ տալու Էրտողանի յայտարարութեան վերաբերեալ պէտք է շեշտել երեք խնդիրներ, որոնք թրքական զինեալ ուժերը կը ձգտին լուծել Սուրիոյ մէջ. Սուրիոյ քիւրտերու ոչնչացում, Ասատի վարչակարգի տապալում եւ իսլամական ծայրայեղականներուն աջակցութիւն:Միայն Ասատը տապալելու համար չէ այնտեղ, բայց կարեւորագոյնը ճիշդ ատիկա է:
ՕՐԱՆ ՊԱՍՔԸՆ
«Տիքըն.ԹիԱր.»
Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն Կապերը Միացած Են Արհեստական Շնչառութեան Սարքին
Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները վերջին շրջանին կործանման եզրին կը գտնուին: Այդ յարաբերութիւնները միացած են արհեստական շնչառութեան սարքին: Ներկայիս յարաբերութիւնները չեն կրնար երկար կեանք ունենալ: Եւրոպան Թուրքիոյ եւրոպական համարկման զերօ մակարդակի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ: Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները արդիւնք չեն տար: Անցնող 10 տարուան մէջ կողմերը 35 գլուխներէն միայն 16-ը քննարկած են, իսկ 8 գլուխ ընդհանրապէս փակուած է Թուրքիոյ` Կիպրոսի անկախութիւնը ճանչնալ չուզելու պատճառով: Իսկ կղզիի հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներու վերամիացման հարցին քննարկումը 22 նոյեմբերին վերջնականապէս փակուեցաւ:
Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք ծայր առած բռնութիւններու ալիքը կը հակասէ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն եւ օրէնքներուն, իսկ մահապատիժի օրէնքի վերականգնման մասին խօսակցությունները արդէն հատած են Եւրոպայի կողմէ սահմանուած «կարմիր գիծը»:
Անգարայի կողմէ Եւրոպական Միութեան հասցէին ուղղուած հռետորաբանութիւնը թշնամական է : ԵթԷ Թուրքիա չփորձԷ այս հարցին մէջ զսպուածութիւն դրսեւորել, Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա վերջնական բաժանումը միայն ժամանակի հարց է:
Էրտողան արեւմուտքը կը մեղադրէ Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութիւն եւ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումներու հետ կապերու համար: Արտաքին գործոց նախարարը ինքնագովութիւն կ’ընէ, թէ չէ պատասխանած գերմանացի գործընկերոջ հեռաձայնին: Իշխանամէտ թերթերը առանց ապացոյց ներկայացնելու կը գրեն, թէ Արեւմուտքը համախմբուած է Թուրքիոյ դէմ:
24 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանը 479 կողմ, 37 դԷմ եւ 107 ձեռնպահ քուէով ընդունած է Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջը բանակցութիւններու սառեցման մասին պատմական որոշում:
«ԷՔՈՆՈՄԻՍԹ»
Քաղաքականութիւնը Պէտք Չէ Այդ Աստիճան Կապիկութեան Վերածել
Թուրքիոյ առաջնորդին այս քաղաքականութիւնը նման է կապիկութեան, եւ մէկ կողմէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման ձգտող, միւս կողմէ` Ռուսիոյ դաշնակից Ասատին սպառնացող Էրտողանի այս յայտարարութեան պատճառը կրնայ ըլլալ Հալէպի մէջ առկայ եւ Թուրքիոյ ոչ ձեռնտու նոր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ մէջ թրքական բանակին եւ Ռուսիոյ կողմէ հովանաւորուող Ասատի ուժերու` մօտիկ ապագային մէջ անխուսափելի բախման գիտակցութեան արդիւնքը:
«Եփրատի վահան» անունը ստացած զինուորական գործողութեան նպատակը «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը վնասազերծելը չէ՞ր: Աւելի «լայն» խօսքով` «Իսլամական պետութիւն»-ն ու Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ազգային զինեալ միաւորները: Ժամանակին հետ պարզ դարձաւ, որ գործողութիւնը աւելի շատ ուղղուած է մեր սահմանի երկայնքով «քրտական միջանցքի» ստեղծման կանխարգիլման:
Թրքական բանակը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումէն ետք միայն կրցաւ մտնել Սուրիա, ուր չէր կրնար քայլ նետել տարի մը առաջ ռուսական կործանիչին խոցումէն ի վեր:
Ռուսերու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման լոյսին տակ Ռուսիոյ դաշնակիցը նկատուող Ասատի իշխանութեան ուղղուած հին եւ կտրուկ քննադատութիւնները ստիպուած դարակներուն մէջ փակեցինք, չէ՞:
Յանկարծ ի՞նչ եղաւ:
Ինչո՞ւ յանկարծ Էրտողան Ասատի տապալումը ներկայացուց իբրեւ հիմնական նպատակ:
Այս յայտարարութիւնը ընելու ատեն, ինչպիսի՞ արձագանգ կ՛ակնկալէր աշխարհէն: Եւ ամէնէն կարեւորը` Ռուսիայէն: Այն Ռուսիան, որ վերջին շրջանին կրնայ նկատուիլ մեր «միակ բարեկամը»:
Միացեալ Նահանգներու հետ շատ վատ կերպով փճացուցինք մեր յարաբերութիւնները: Եւրոպային կռնակ դարձուցինք: Միւս կողմէ` կը ճչանք, թէ մեզ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ առէ՛ք: Կ՛ըսենք` Ռուսիա արդէն թող վիզաները չեղեալ յայտարարէ, մեր լոլիկներն ալ գնէ»: Կը ճչանք Մոսկուային, թէ` «Մենք արդէն նախկինին պէս բարեկամ ենք. աւելի՛ն` նախկինէն աւելի սերտ բարեկամ ենք»: Յետոյ կը յայտարարենք, որ կը յարձակինք մէկու մը վրայ, որ կը հանդիսանայ Ռուսիոյ գրեթէ հաղթանակած սուրիական ճատրակային խաղի ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մէկը:
Ասիկա ի՞նչ թնճուկ է:
Չեմ դրսեւորեր այն խանդավառութիւնը, որ ունին «Ռուսիոյ հետ նոր տագնապ» ձեւի յայտարարութիւններ ընողները, սակայն այն, որ խնդրայարոյց իրավիճակ կայ, ակներեւ է: Թերեւս կրնանք մենք մեզ հանգստացնել` «Սխալ մեկնաբանած են, բառացի մի՛ հասկնաք» ըսելով, սակայն ռուսական լրատու միջոցներուն մէջ տարածուեցան բաւական բացասական յօդուածներ` ընդհուպ «Էրտողան Փութինը երկրորդ անգամ կռնակէն հարուածեց» վերնագրով նիւթեր:
Նախագահը որո՞ւ համար կը խօսի: Արտաքին քաղաքականութեան մասին, բայց ներքի՞ն լսարանի համար:
Շատ կը ներէք, պարոնա՛յք, քաղաքականութիւն կոչուող երեւոյթը պէտք չէ այդ աստիճան կապիկութեան վերածել: Շատ բա՞րդ է քիչ մը ազնիւ եւ յստակ ըլլալ:
Հիմա Էրտողանին նպատակը Ասատը տապալե՞լն է, թէ՞ ոչ: Այս հարցումին, կը խնդրեմ, յստակ պատասխան տուէ՛ք:
Իմ կարծիքովս, Էրտողան իր պատասխանը արդէն տուած է: Ան երբեք չի հրաժարիր իր նպատակներէն: Շարունակենք պարզունակ հարցումները. Ասատը ինչպէ՞ս պիտի տապալես, այդքան ուժ ունի՞ս: Ռուսիոյ դէմ կրնա՞ս ելլել, իսկ Իրանի՞, իսկ Չինաստանի՞: Կամ` «եւ՛ ՏԱՀԵՇ-ի, ե՛ւ Ասատի դէմ միաժամանակ պայքարիլը անմտութիւն է» ըսող Միացեալ Նահանգներու նոր ընտրուած նախագահ Թրամփի՞ դէմ: Էրտողան ինչո՞ւ նման բան կը յայտարարէ, որովհետեւ Հալէպը «ձեռքէն կ՛երթա՞յ», կամ` վտանգաւոր աստիճանի իրարու մօտեցած սուրիական բանակի (որ աջակցութիւն կը ստանայ Ռուսիոյ կողմէ) եւ թրքական զինեալ ուժերու հնարաւոր բախման մասին միտքերու ճնշումէ՞ն, թէ՞ Միջին Արեւելքի հարցին մէջ մեր քաղաքականութեան հերթական տապալման պատճառով:
Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին մանրամասնութիւնները յատակօրէն, մեզի չեն հաղորդուիր: Չեմ խօսիր այն մասին, որ չկայ նաեւ տեսաձայնագրութիւն, որ մեզի ցոյց տար երկու նախագահներու դիմախաղերը խօսելու ընթացքին: Բայց կարելի է ենթադրել, թէ Էրտողան արդարացած է` ըսելով, որ զինք սխալ հասկցած են, սակայն Փութին շեշտած է, որ շատ ալ լաւ եւ ճիշդ հասկցած է ամէն բան, եւ այդ պահուն կիրքերը հանդարտած են: Դուք կը մտածէք, որ այդ պարագային ես ի զուր կը գրեմ այս բոլորը:
Եթէ դուք չէք նկատեր, որ 2011 թուականին պայթած սուրիական ճգնաժամիՆ հետ յետընթաց արձանագրած եւ 2015 -ի 24 նոյեմբերին լարման գագաթնակէտին հասած ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, հակառակ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած բոլոր միջոցառումներուն, կ՛ապրին «վստահութեան ճգնաժամ», եւ ատիկա այս քայլով ա՛լ աւելի խորացաւ…
ՀԱՔԱՆ ԱՔՍԱՅ
«ԹԻ24»
Ընթերցողներու Արձագանգ
– «Այժմ յուսանք, որ Մոսկուա ստացած է պատգամը, թէ ռուսական կործանիչը վար առնուած է թուրք բռնապետին օրհնութեամբ, ռուս օդաչուն սպաննուած է Թուրքիոյ բռնապետին օրհնութեամբ, եւ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐԸ` Սուրիոյ գերիշխանութեան համար այդ երկրի հողերուն վրայ գործող ռուս յաւելեալ զինուորականներ յարձակումի պիտի ենթարկուին թուրք բռնապետին օրհնութեամբ: Բոլոր ռուսերը պէտք է ասոր գիտակցին»:
– «Շա՛տ լաւ, Փութի՛ն, քու հերքումիդ վրայ տակաւին պնդէ՛: Էրտողան քու ընկերդ է եւ քեզ կռնակէդ պիտի դաշունահարէ: Ան քու օդանաւդ չհարուածեց: Էրտողան կը սիրէ Ասատը եւ կ’ուզէ օգնել: Կաղանդ պապան քու ցանկիդ կը սպասէ»:
– «Յայտնի կռնակէն հարուածող` էրՏՈԿան»:
– «Փութին բնաւ պէտք չէ զգուշացներ զայն յեղաշրջման փորձին մասին:Այժմ Էրտողան իշխանութենէն տապալած կ’ըլլար»:
– «Թրքական ուժին մէջ այժմ Սի.Այ.Էյ. պիտի ըլլայ»:
– «Եւ տակաւին Ռուսիա կը վստահի այս մարդուն: ՍՔԱՆՉԵԼԻ՜…»:
– «Էրտի նմանակող դերասան է: Ան բան մը կ’ըսէ իր հաւատաւոր հետեւորդներուն եւ այլ բան մը` օտար դաշնակիցներուն: Անոր անկեղծ մտադրութիւնները կը ճշդուին միայն իսկական ժամանակին մէջ պարագաներու բերումով»:
– «Էրտողան ե՛ւ խենթ է, ե՛ւ անխելք: Որեւէ պարագայի, եթէ մէկը պիտի մեկնի, Ասատը չէ: Էրտողան պէտք է իշխանութենէն տապալի: Սպասեցէ՛ք եւ դիտեցէ՛ք: Միայն ժամանակի հարց է»:
– «Թուրքերուն կարելի չէ վստահիլ, անոնք երկգլխանի օձեր են, գարշահոտ անասուններէն վատ, մի՛ վստահիք անոնց»:
– «Մինչեւ ե՞րբ Փութին կռնակէն դաշունահարելու Էրտողանի ծրագիրը պիտի հերքէ: Էրտողան կը յայտարարէ իր ինչ ըլլալը, իսկ Փութին պատրուակներ կը հնարէ: Փութին Ասատը ծախեց, երբ Թուրքիա հրաւիրուեցաւ ներխուժելու»:
– «Թուրքիոյ բնաւ կարելի չէ վստահիլ: Տխրահռչակ է միջազգային եւ երկկողմանի համաձայնութիւնները չյարգելով, պատասխանատու է բարբարոսական արարքներու եւ պատերազմական ոճիրներու համար: Թուրքիա լաւագոյնը պէտք է մեկուսացուի: Եթէ Փութին կը կարծէ, թէ ինք պարզապէս կրնայ «օգտագործել» Թուրքիան, մեծ անակնկալի պիտի հանդիպի…»: