Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Անմիջականի սպառողական քաղաքակրթութիւնը զանգուածներուն կը պարտադրէ «ինձմէ ետք` ջրհեղեղ» եսասիրական պատշաճեցման կարճատեսութիւնը:
Դադրած ենք մենք մեզի հարցնելէ, թէ ի՞նչ ապագայ կը նախատեսուի մարդատեսակին եւ ընդհանրապէս կեանքին համար:
Այս ընդհանուր հրաժարումներուն մէջ, փոքրիկ ժողովուրդներն ալ, ներառեալ` հայութիւնը, չենք ուղղեր այն հարցումը, թէ ի՞նչ ապագայ կը նախատեսենք լայն առումով Հայաստանի եւ նոյնքան լայն առումով հայ ազգին համար:
Ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ փոխակերպումները արագ ընթացք ունին եւ կը սահմանուին ընդունուած mutation բառով, Հայաստան տառադարձութեամբ կ’ըսեն` մուտացիա:
Համաշխարհայնացումը լայն բացած է դարպասները միօրինականացումներու առջեւ, անոնք ըլլան` բարքերու, արժէքներու, կենցաղի, արտադրութեան, սպառման, լեզուի, մշակոյթի:
«Համպըրկըր»-ի ճաշարանները եւ «ճինզ» տաբատները` իրենց ծունկին վրայ բացուած կեղծ մաշումի խոռոչներով, դրսեւորումներն են կապկումի եւ միօրինականացման ընթացքին, որոնց կը յանձնուինք մեղկութեամբ:
Միօրինականացումները ահեղ թափ ունին: Հաղորդակցական միջոցներու ուղեղներու վրայ մրճահարումը ժամանակ չի թողուր մտածելու եւ ուղղութիւն ճշդելու: Մարդիկ, ընկերութիւններ, ժողովուրդներ, չեն ընտրեր միօրինականացման տանող ճանապարհները եւ պայմանները, անոնք կը պարտադրուին կա՛մ սպառողական-դրամատիրական-կայսերապաշտութեան եւ կամ հզօրութեան ու համրանքի ճնշումով:
Ա՞յնքան ցանկացուած եւ հոլովուած դատելու եւ ընտրելու «ազատութիւն»-ը բազմակողմ նախայարձակումներու ենթակայ է զիրար հակասող եւ յարափոփոխ լուսաբանութիւններով: Մեր ընտրանքները կ’որոշուին այլ տեղ, իսկ մեր ընտրելու իրաւունքի գիտակցութիւնը կը զսպանակուի ուրիշներու կողմէ:
Այլ խօսքով, մեր ազատութիւնները խաբկանքներ են, խաբուսիկ են:
Դրամի կայսերապաշտութիւնը եւ անոր զուգահեռ ընթացող սպառողական քաղաքակրթութիւնը աստիճանաբար ծնունդ կու տան Ճորճ Օրուէլի յայտնատեսած նոր մարդոց քաղաքակրթութեան, ուր բնական տարբերութիւնները կ’անհետանան, ինքնութիւններ եւ ինքնուրոյնութիւններ կը վերածուին թիւ-թուանշանի` արտադրող-սպառողի մեքենական յարաբերութեամբ: Հաւաքականութիւններու կարծիքները կը վերածուին տոկոսային թուանշաններու:
Օր մը իրականութիւն պիտի դառնա՞յ Հերպըրթ Մարքիուզի միատեսակ մարդը, արդեօ՞ք հիմա արդէն քիչ մը այդպէս չենք: Միատեսակ մարդ` գիտաշխատանոցի մէջ փորձ կատարողի պէս ձգտելով միատեսակութիւն ստեղծելու, նաեւ սեռերու վերացումով, որոշումով պարտադրելով էգի եւ արուի բնութեան օրէնքով եղած տարբերութիւնը:
«Ձանձրացող մտածողներ»-ու եւ «ինքնատպութիւն որոճացող քաղաքագէտներ»-ու զարտուղութիւններ: Հոմերոսէն մինչեւ ֆրանսացի առակագիր բանաստեղծ Լա Ֆոնթեն, անբնականի մասին խօսելով` ըսուած է. «Վտարեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»: Մի՞թէ ժամանակակիցներս կորսնցուցած ենք բնականի եւ անբնականի տարբերութեան ըմբռնումը, ինչպէս, օրինակ, միասեռ կենակցութիւններու եւ այդ երեւոյթի օրինականացման պարագային, նկատի ունենալով նաեւ հետեւանքները, ինչպէս` սերնդագործութիւնը, զաւակի որդեգրումը եւ բնականոն դաստիարակութիւնը:
Անբնականը ընդունելի դարձնող օրինականացումը նոր տեսակի բռնութիւն է, նոյնիսկ եթէ նման մտածում ընդունուած օրէնքի դէմ է:
Այս միօրինակութիւն ստեղծելու միտումը զանազան ուղղութիւններ ունի այսօր, եւ անխուսափելի պիտի ըլլան անոնց միջեւ բախումները: Ան անցեալին ծաւալապաշտութեամբ կը յատկանշուէր: Միօրինակութիւն ստեղծելու համար տարբեր միւսը բրտութեամբ կը բնաջնջուէր կամ կը ստրկացուէր: Այս ձգտումը կը շարունակուի նաեւ այսօր, կրօնական պայքարներով, իշխանութեան տիրանալու եւ տիրապետութիւն հաստատելու անսահմանափակ մրցակցութիւններով, կուսակցական, ընտանեկան կամ դասակարգային բռնատիրութիւններու հաստատումով, նոյնիսկ երբ անոնք կը շպարուին հաւասարութեան կամ ժողովրդավարութեան գոյներով, որոնք չեն անհետացներ անհաւասարութիւնները: Միօրինակութիւն ստեղծելու միտումը կը հետապնդէ կարծեցեալ «գերմարդ»-ու, ուժերու տիրապետութիւնը, անոնք ըլլան դրամատիրական թէ դասակարգային:
Այս պատճառներով ալ քաղաքականութիւնը վերածուած է թատրոնի, ուր անարդարութիւններ եւ շահագործումներ կը շարունակուին նմանին ծառայելու չիրականացող եւ վերսկսող խոստումներով:
Տնտեսական, սպառողական եւ կենցաղային միօրինականացման հասարակ յայտարար է նաեւ մշակութային միօրինականացումը: Երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր լեզուներու անհետացման մասին, որ բնական զարգացումները կը դարձնէ միատեսակ: Համաշխարհայնացումը եւ դրամատիրական վայրագ կայսերապաշտութիւնը, փոխան երկիրներու եւ ժողովուրդներու ներդաշնակ զարգացման եւ համակեցութեան, պատճառ են մնայուն բնոյթ ունեցող բազմաթիւ պատերազմներու եւ մարդոց տեղաշարժերու, որոնք ընթացքի մէջ են, ունին եւ պիտի ունենան աննախատեսելի պայթիւնավտանգ հետեւանքներ, եթէ շարունակենք եսասիրաբար մատներու արանքէն դիտել մեր մոլորակին խնդիրները:
Երկիրներու մէջ ընթացող դիրքապաշտական ընտրութիւններու բարոյականացման լծակ չեն այս խնդիրներու մարդկային ապագայի եւ բարօրութեան տեսանկիւնէ վիճարկումները: Կը խօսինք բնապահպանութեան մասին. համաժողովներ, խորհրդաժողովներ, որոշումներ: Բայց չենք խօսիր մշակութային, լեզուական եւ կենցաղներու տարբերութիւններու պաշտպանութեան մասին: Անոնք մի՞թէ մաս չեն կազմեր մարդկային որակի բնապահպանութեան: Այդ տարբերութիւններու ջնջումը քաղաքական եւ դիրքապաշտական հնարուած վարդապետութիւններով բնութեան հրաշք մարդու եւ մարդկութեան դէմ յոռեգոյն եւ բիրտ նախայարձակում է:
Եթէ համաշխարհայնացում-միօրինականացում ընթացքը շարունակուի, ո՞ւր պիտի հասնի կեանքը մոլորակին վրայ, թերեւս տիեզերքի մէջ, տասնամեակներ ետք, դարեր ետք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդը, երբ ան հասնի մրջիւններու միօրինակութեան:
Այս հարցերու քննութեան ժամանակը այսօ՛ր է, մեծերու եւ փոքրերուն համար: Մարդկութիւնը իր մէջ կրող իւրաքանչիւր անհատին համար:
Պէտք է միշտ յիշել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Ֆետրիքօ Մայորի 1987-ին ըսած խօսքը, որ` «Վաղը միշտ ուշ է»:
Որպէսզի վաղը ուշ չըլլայ, անհատապէս պատասխանատու պէտք է զգայ ինքզինք իւրաքանչիւր մարդ, քաղաքացի, քաղաքական գործիչ, մեծ կամ պզտիկ ժողովուրդ` փորձելով վերականգնել արժէքներու համապարփակ տախտակը, նոր տապանակ ուխտի մը, որպէսզի մարդկութիւնը մտնէ ինքնաիրականացման նոր ուղի, եւ մարդկային իրաւունքները դադրին սոսկ զարդարանք ըլլալէ:
Այս ընելու համար «աթոռ-աթոռակ»-ի եւ «սիւս»-ի քաղաքականութեան վերջ պէտք է տալ:
Այլապէս, յուսահատելով, պիտի ըսուի` «Վաղը միշտ ուշ է»…
2 դեկտեմբեր 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք