Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիա Եւ Անկախութիւն

Դեկտեմբեր 9, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Միջազգային իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներէն կը նկատուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Ամէն ազգ ունենալով այս իրաւունքը` ազատօրէն կ’որոշէ իր քաղաքական կարգավիճակը եւ կը հետապնդէ իր տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը: Բազմաթիւ ազգեր օգտագործածելով այս իրաւունքը` հասած են իրենց նպատակին եւ վերջապէս դարձած են անկախ, ինչպէս` Հնդկաստանը, որ վերջ դրաւ բրիտանական հոգատարութեան 1947 թուականին: Սակայն շատ է թիւը այն ազգերուն կամ ժողովուրդներուն, որոնց դատը տակաւին չէ լուծուած. անոնց շարքին է արեւմտեան Եւրոպայի մէջ գտնուող Քաթալոնիան:

Սպանիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Քաթալոնիան ունի մօտ 32.000 քառ. մ տարածութիւն. անոր սահմանակից են Ֆրանսան եւ Անտորրան` հիւսիսէն Սպանիոյ Արակոն եւ Վալենսիա շրջանները` արեւմուտքէն, եւ Միջերկրական ծովը` արեւելքէն ու հարաւէն: Բնակչութեան թիւը 7,5 միլիոն է, որոնցմէ 5,2 միլիոնը կ՛ապրի շրջանի մայրաքաղաք Պարսելոնայի մէջ: Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Քաթալոնիան կ’ուզէ օգտագործել ինքնորոշման իրաւունքը եւ դուրս գալ Սպանիոյ իշխանութենէն` շատ մը պատճառներով:

Առաջին հերթին, Քաթալոնիոյ ժողովուրդը ինքզինք սպանացի չի սեպեր: Ըստ իրենց, իրենք կը կազմեն իւրայատուկ ազգ մը` ունենալով սեփական պատմութիւն, մշակոյթ եւ դրօշակ. ունին նաեւ տարբեր լեզու, որ պետական լեզու է Քաթալոնիոյ մէջ, սպաներէնի կողքին: Անկախութեան կողմնակիցները կը պնդեն, որ իրենց լեզուն եւ մշակոյթը բաւականաչափ ձեւով չեն յարգուիր Սպանիոյ պետութեան կողմէ: Անոնք մտահոգ են, որ առանց որեւէ արմատական փոփոխութեան` իրենց մշակոյթը ժամանակի ընթացքին պիտի անհետանայ, գտնուելով սպանական պետութեան հսկողութեան տակ. հետեւաբար միայն անկախ Քաթալոնիայով է, որ իրենց արժէքները պիտի պահպանուին:

Երկրորդ պատճառ մը, անկախութիւն պահանջելու, տնտեսական ներկայ իրավիճակն է: Քաթալոնիան կը գլխաւորէ Սպանիոյ տնտեսութիւնը` ունենալով երկրին ամենաբարձր համախառն ներքին արդիւնքը, որ կը ներկայացնէ Սպանիոյ 19 առ հարիւրը: Այսպէս, տարեկան 17 միլիառ տոլար կ’ուղարկուի Մատրիտի իշխանութիւններուն, սակայն Քաթալոնիոյ կը տրամադրուի տարեկան պիւտճէին միայն 9,5 առ հարիւրը, ինչ որ քաթալոնացիք անարդար կը նկատեն, տրուած ըլլալով, որ իրենց ճակտի քրտինքով շահած գումարը կ’օգտագործուի Սպանիոյ աղքատ շրջանները զարգացնելու համար: Արդարեւ, այս տրամադրուող գումարը տարուէ տարի սկսած է նուազիլ: Այս բոլորին պատճառով, հարուստ շրջան մը նկատուող Քաթալոնիան ընկղմած է պարտքերու մէջ` չկարենալով ապահովել հիմնական ծառայութիւններ իր սեփական ժողովուրդին: Աւելի՛ն. մայրաքաղաք Պարսելոնան Եւրոպայի ամենաշատ բնակչութիւն ունեցող քաղաքներէն է, ուր ճամբաներն ու մայրուղիները ինքնաբերաբար պէտք է ըլլան լայն ու կատարելագործուած: Սպանիոյ կեդրոնական կառավարութեան անտեսող կեցուածքին, ինչպէս նաեւ ներդրումի պակասին պատճառով շատ մը քաղաքացիներ կը մահանան ճամբաներու վատ վիճակին պատճառով:

Վերջապէս, քաթալոնացիները կը պնդեն թէ ինչպէս ամէն ազգ, իրենք ալ ունին ինքնորոշման իրաւունք: Կարգ մը հարցախոյզերու համաձայն, ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութիւնը կ’ուզէ անկախանալ Սպանիայէն, հետեւաբար հակաժողովրդավարական կը նկատեն իրենց արգիլել ինքնորոշման իրաւունքը օգտագործել: Կ’ուզեն իրենք իրենց ապագան որոշել եւ ըլլալ անկախ երկիր, տրուած ըլլալով, որ անիմաստ կը նկատեն ունենալ Սպանիոյ խորհրդարանի կողքին իրենց սեփական խորհրդարանը, երբ իրենց որդեգրած որոշումներուն մեծամասնութիւնը պիտի մերժուի Մատրիտի իշխանութիւններուն կողմէ: Հետեւաբար քաթալոնացիք չեն ուզեր ապրիլ սպանական կեդրոնացեալ «միապետութեան» մէջ, որուն հանդէպ ամէն պարագայի չեն զգար որեւէ տեսակի հարազատութիւն: Անոնք կը հաւատան, որ անկախ պետութեամբ մը աւելի դիւրին, մտածուած եւ արդիւնաբեր ձեւով կրնան աշխատիլ եւ զարգացնել պետականութիւնը:

Սպանիայէն անջատուելու եւ անկախ պետութիւն դառնալու Քաթալոնիոյ ժողովուրդին ձգտումը նոր չէ: Տարիներու աշխատանքով, 2005 թուականին ինքնավարութեան կարգավիճակի օրէնքը կ’որդեգրուի Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ, իսկ մէկ տարի ետք` Սպանիոյ խորհրդարանին: Տեղին է նշել, որ ժողովուրդին մէջ անկախանալու մտադրութիւնը  տարուէ տարի կը զարգանայ, եւ այս մէկը կը փաստեն Քաթալոնիոյ վերջին երկու խորհրդարանական ընրտրութիւններուն արդիւնքները: 2012-ի ընտրութիւններուն անկախութեան ձգտող երեք հիմնական կուսակցութիւնները շահեցան քուէներուն 13,4 առ հարիւրը, իսկ 2015-ին անոր եռապատիկէն աւելի` 47,8 առ հարիւրը: Այսպիսով, 2013 թուականին Քաթալոնիա կը խնդրէ Մատրիտէն կազմակերպել հանրաքուէ մը: Հակառակ անոր, որ կեդրոնական կառավարութիւնը կը մերժէ եւ ոչ սահմանադրական կ’որակէ այդ տեսակ քայլ մը, Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները կը կազմակերպեն հանրաքուէն եւ անկախ պետութիւն դառնալու թեր կը քուէարկէ ժողովուրդին 80,76 առ հարիւրը: 2015 թուականին կը շարունակուին Սպանիայէն անջատուելու ցոյցերը` մասնակցութեամբ միլիոնաւոր քաթալոնացիներու: Ուստի, Քաթալոնիոյ նախագահը կը յայտարարէ, որ 2017-ի երկրորդ կիսուն տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ մը, ինչ ալ ըլլայ Մատրիտի կեցուածքը:

Ինչ կը վերաբերի այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիրքորոշումներուն, տեղին է նշել, թէ Քաթալոնիոյ անկախացման դէմ արտայայտուողներուն թիւը զգալի մեծամասնութիւն կը կազմէ: Միջազգային ազգերու կազմակերպութիւնը կը պնդէ, որ Քաթալոնիա պէտք եղած պայմանները չի լրացներ, որպէսզի ինքնորոշման իրաւունքը պահանջէ. ըստ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, ինքնորոշման իրաւունք կրնան պահանջել միայն այն տարածաշրջանները, որոնք ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած են իբրեւ ոչ ինքնավար հողատարածքներ: Արդարեւ, ան կը հաւատայ Սպանիոյ միասնակամութեան եւ հողային ամբողջականութեան: Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը կը շեշտէ, որ Սպանիայէն անջատուելու պարագային, Քաթալոնիա դուրս պիտի գայ Եւրոպական միութենէն, եւ ներկայ բոլոր համաձայնագրերը չեղեալ պիտի համարուին: Նոյն տրամաբանութեամբ, ՕԹԱՆ կը յայտնէ, որ Քաթալոնիա կազմակերպութեան մաս պիտի չկազմէ անկախանալէ ետք: Գերմանիա եւ Ֆրանսա եւս համաձայն չեն Քաթալոնիոյ իշխանութիւններուն առած քայլերուն: Միացեալ Նահանգներուն համաձայն, քաթալոնացիները ունին իւրայատուկ եւ սեփական մշակոյթ, սակայն անոնք մաս կը կազմեն Սպանիոյ: Վերջապէս, Մեծն Բրիտանիա կը հաւատայ, որ ժողովուրդի մը իրաւունքն է իր ապագան ճշդելը, բայց պէտք է բոլոր առնուած քայլերը ըլլան սահմանադրական:

Եզրակացնելու համար կարելի է ըսել, որ Քաթալոնիոյ վերջնական անկախացումը Սպանիայէն դժուար թէ պատահի մօտիկ ապագային, տրուած ըլլալով, որ կեդրոնական կառավարութեան կողմէ որդեգրուած որոշումները դէմ կը դնեն անջատողական քայլերու, ինչպէս նաեւ Քաթալոնիոյ անկախութեան ներկայիս չ՛աջակցիր որեւէ ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութիւն կամ պետութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Արհեստագիտութիւնն Ու Հայութիւնը

Յաջորդը

«Ցեղասպանութիւն» Բառը

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?