ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Սպարտակ Ղարաբաղցեանը իր պատմուածքներու այս թանգարանը անուանած է իրաւամբ «Արեւի բնակավայր»:
Այս անուանումը յիշեցուց ինծի, որ ատենին Փարիզի մէջ ես ալ հրատարակեցի գիրք մը, զոր կոչեցի «Արեւ ես խմած դարերով»:
Այս երկու գիրքերն ալ Հայաստանի մասին են, հայ մարդու մասին, ՄԱՐԴՈՒ մասին, զի ոեւէ գրող ինչ նիւթ ալ ներկայացնէ, գրած պիտի ըլլայ մարդու մասին:
Հայ գրողը հայ մարդու մասին գրելով` հայը մեկուսացումի չէ ենթարկած:
Հայը աշխարհին մաս կը կազմէ իր աղ ու հացով:
Մեր ընծայականը Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայր»-ի մասին է, որուն մէկ մասն է ինքը` հեղինակը, իր ամբողջ հոգիով, իր բանաւոր թէ գրաւոր խօսքով:
Մեր ծանօթութիւնը իրարու հետ տասնամեակներու հաշիւ ունի: Ծանօթացած ենք Երեւանի մէջ, սակայն եւ հանդիպած ենք սփիւռքի զանազան քաղաքներու, մանաւանդ տասնեակ
անգամ Հալէպի մէջ, որ եթէ երէկ երազային կը կոչուէր, այսօր ջարդուփշուր դարձած քաղաքի մը վերածուած է միջազգային յելուզակներու կողմէ:
Սպարտակ Ղարաբաղցեանը մեր գաղութներուն իր տուած բազմաթիւ այցելութիւններով, սփիւռք-հայրենիք զօրացումին կը նպաստէր ինքնակամօրէն, հայրենիքէն հայրենի հրատարակութիւններ բերելով մեզ մօտ, ու հայրենիք կը փոխադրէր սփիւռքեան հրատարակութիւններ: Իր միտքը հարստութիւն դիզելու մղումը չէր, ոսկի կը բերէր ու կը տանէր ոսկի: Հայ գիրքն էր այդ ոսկին:
Հիմա` բազմաթիւ հայ գիրքերու երթուդարձէն ետք, իր սեփական գիրքը`«Արեւի բնակավայր» հատորին պատմուածքները, արեւի շողեր, սիրելի՛ ընթերցողներ, ինչպէ՞ս կարելի է, կը կարծէք, տալ երկու կամ երեք էջերու վրայ, երբ երկու ամբողջական օր` 48 ժամ, յատկացուցած եմ ընթերցումի եւ 23 էջ նոթեր արձանագրած:
Նախ եւ առաջ թոյլ տուէք, որ այս գիրքին հեղինակը կոչեմ ուղիղին ուղեւորը: Եթէ հոս հանդիպիք չափազանցումի, այդ կու գայ ո՛չ թէ հեղինակէն, այլ` դէպքին ուժգնութենէն:
Իմ կարդացած բնագիրիս մէջ գիրքը հեռու է բաժանումներ ունենալէ, բայց թէ հատորը լոյսին պիտի գայ բաժանումներով, ոչ թէ բաժան-բաժան ըլլալու համար, քանի նոյն ոգին կ’ըլլայ միակտուր ու անբաժան, այլ հոս, պարզապէս բաժիններ ունենալու համար.- հայրենական, մանուկներու բաժին, Սուրիա, (յատկապէս Հալէպ, Գամիշլի, Քեսապ) եւ քիչ մը Ֆրանսա ու Ամերիկա: Զի աշխարհատարած է հայը, ու հայուն գրիչը բոլոր հայերուն համար կը գործէ, քանի հայը ուր ալ ըլլայ բաժանումներ ունենալու չէ, իր արեւելումը ունի մէկ ուղղութիւն` Դէպի Ղարաբաղցեանի կոչած «Արեւի բնակավայր»:
Գիրքին պատմուածքներէն մին է, որ ոչ թէ մասնաւորուած է Սերոբ-Քերոբ երկուորեակները զանազանելու համար, այլ գրուած է իրաւակարգի իշխանաւոր թաղապետին պատեանապատ նագանով մը սափրիչ Յակոբին խանութը ժամանելուն մասին: Թաղապետը երբ զէնքով էր, հպարտ դիրք մը որդեգրած էր, արհամարհանք տարածելով իր շուրջ, բայց երբ քիչ ետք իր բազմած աթոռին վրայ խորունկ քունով մը կը քնանայ, ու ներկաներէն մէկը այդ զէնքը պատեանէն սահեցնելէ ետք դիմացի դաշտին խոտերուն մէջ կը նետէ. զարթնելով իր խոր քունէն, թաղապետը մէջքի պատեանը կը գտնէ պարապ` աղաչանք-պաղատանք կը դառնայ ամբողջովին «հոգեւին» կ’երդնու զէնքը գտնողները չպատժել: Գտնուած զէնքը իր պատեանին մէջ տեղաւորելէ ետք, կը պատժէ ներկաները: Այդպէս ուխտադրուժ են բոլոր զէնք ունեցողները: Այդպէս չեղա՞ն օսմանցիները պատմական Հայաստանի մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար մինչեւ այս տողերուն գրուիլը:
Հեղինակը լաւ գիտէ իր նիւթը, երկրին շունչով կ’ապրի, անոր ձեռքը ժողովուրդին բազկերակին վրայ է: Դուրսէն եկողները կը ճանչնայ նոյնպէս ու չի վարանիր նշելէ անոնց բերած բարիքները:
Իսկ «Խանութպանը» պատմուածքը փշաքաղիչ նիւթ մը լոյսին կը բերէ գրողի ճարտարութեամբ, զոր Հայաստանի բնակիչներ անմիջապէս կը հասկնան, որովհետեւ այդ նոյն կեանքը ապրած են: Սփիւռքէն եկողը դժուար կը հասկնայ, այդ կեանքով ապրած չըլլալուն: Բազմախօս է այս պատմուածքը` հմայիչ սկիզբով մը, որ կը սկսի այսպէս. «Բազմալեզու մի մեծ ընտանիք էր յիշեցնում մեր հին թաղը, Սպահանից ներգաղթած Սերժենք Օմար Խայեամի երգեցիկ պարսկերէնն էին բերել, Արգենտինայից քեռի Լեւոնենք` իսպաներէնը, Սիրիայից ու Լիբանանից եկածները` արաբերէնն ու թուրքերէնը, Աթէնքից ներգաղթած Զմբոյեանների գերդաստանը` յունարէնը… Այս բոլորին, սակայն, Հայաստանն ու հայերէնն էր հաւաքել այստեղ… ի՛նչ փառահեղ էր պոլսահայ Ասատուրի Արեւմտահայերէնը…»:
Այս շունչն է եղբայրութիւն ստեղծողը:
Նոյն պատմուածքին մէջ Առաքելը հաց ու շաքար տուած է գերմանացի ռազմագերիի մը, Լենդրոշը պատժել տուած է այս բարի Առաքելը: Պատերազմէն ետք տուեալ ռազմագերիին թոռը, Հայաստան գալով Առաքելը փնտռած է, կամ անոր սերունդէն մէկը, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնէ անոնց: Մէկը` պատիժ, մէկը` շնորհակալ…: Հեղինակը վարժ պատմուածագիր է:
Նման նիւթեր անցեալէն եկող հին շղթայի մը ժանգոտած մասերը ցոյց կու տան` գրուած վարպետօրէն: Հինը ժանգոտած մասեր ունէր մերթ հոգեցունց, երբ հոգին անպարտելի է, բայց այդ շղթան ոսկեձոյլ մասեր եւս ունեցած է. էն պզտիկը` մեր ոգին պահելով մեր ապրիլն էր, այս հողը Հայաստան պահելն էր: Հեղինակը այդ մասին եւս ակնարկներ սեւեռած է:
Պատմուածքի ձեւով գիրքը ունի` նաեւ նամակներ մեր մտաւորականութենէն` արի կեցուածք պահանջող: Երկիրը բոլորիս կը պատկանի: Գրողը պարտաւոր է խօսիլ բոլորին անունով եւ ոչ թէ մէկ կողմի անունով: Ի՞նչ ընենք, որ ադամանդը բազմակողմ է, բայց… կտորի մը մէջ ամփոփուած իր բոլոր կողմերով ճաճանչագեղ: Թող հայը ադամանդի պէս ըլլայ: Հեղինակին խորապէս ուզածն ալ այդ է, երբ թերութիւնները ոչ թէ կը թանձրացնէ, այլ կը թուէ, որպէսզի չկրկնուին, անբուժելի վէրքի չվերածուին:
«Մեր խաղի ժամանակը» պատմուածքով հեղինակին պատմածը մենք որպէս հալէպցի, ճիշդ կը գտնենք.- Հալէպի հրեաները մէկ գիշերուան մէջ, առանց բացակայի լքելով իրենց բնակարանները մեկնած էին Իսրայէլ, հակառակ այն իրողութեան, որ սուրիական պետութիւնը որեւէ ժամանակ հակահրեական դիրք որդեգրած չէր: Այդ գիշեր, միայն մէկ հրեայ, բժիշկ մը մնացած էր Հալէպի մէջ, որ ծանր հիւանդ մը ունէր:
Հեղինակը ըսել ուզած է.- Մենք եւս գիտնանք, լա՛ւ գիտնանք մեր խաղին ժամանակը ու իմանանք մեր սխալները:
«Հեքիաթ մեծերի համար»-ը քարոզ մը չէ՛: Շան մը պատմութիւնն է, որ իր հանգիստը լքելով կը միանայ իր աղքատ, անհաց ցեղակիցներուն: Բազմիմաստ խօսք:
Ամբողջ գիրքին բովանդակութիւնը պատմելու նպատակը չունիմ, որովհետեւ մեր ուժերը հաւաքագրող գիրք մըն է: Կարդացէք, սփիւռքն ալ պիտի ճանչնաք իր բաղձալի Հալէպով, այսօրուան քանդուածութեամբ, երբ հոն Սուրիոյ նուիրուած հայութիւնը արաբներու կողմէ արժանացած էր բացառիկ յարգանքի:
Երբ երբեւէ կը հնչէր «Երեւանն է խօսում» ձայնասփիւռին ձայնը, հայերը ո՛չ միայն Գամիշլիի մէջ, այլ նաեւ Հալէպի, Ռաքքայի, Հոմսի, Քեսապի ու Դամասկոսի հայեր, անհամբեր յաջորդ երեկոյին կը սպասէին խապրիկներ լսելու համար երկրէն:
Հեղինակը բազմաթիւ այցելութիւններով խորապէս ճանչցած է մեր գաղութը եւ այդպէս ալ, որպէս գիտակ, այլ ոչ որպէս անցորդ ներկայացուցած է սփիւռքը: Այս հատորին մէջ ներկայացուած շարք մը հերոսներ Հայաստան հաստատուած ծանօթ հայեր են` դեղագործ Յակոբէն սկսեալ: Հեղինակը անձնապէս բարեկամացած է իր հերոսներուն հետ` անոնց զգացումները փոխանցելով բոլորիս. երբ սփիւռքի հայուն համար Ամերիկա, Քանատա կամ Աւստրալիա մշտական բնակութեան երթալը Տան փեսայ ըլլալու պէս բան մըն է:
Ես Հայաստանի մէջ պիտի մնամ,- կ’ըսէ հայր մը,- նոյնիսկ եթէ զաւակներս հոս մնալ չուզեն:
Հոս այս բոլորը արձանագրող, վարպետօրէն արձանագրող հեղինակին ըսեմ, որ անձնապէս Սուրիայէն եկող ընտանիքներու մէջ հանդիպեցայ երեխաներու, որոնք իրենց ծնողաց, ներկայութեան, ըսին. «Հայրիկ, մայրիկ, եթէ դուք երթալ ուզէք Հայաստանէն, մենք հոս պիտի մնանք»:
«Պատուիրան» պատմուածքը հետաքրքրական է նոյնպէս: Հայաստանի մէջ բանտարկեալը կը նստեցնեն, սփիւռքի մէջ կը պառկեցնեն: Բայց կարեւորը այն է, թէ ինչո՞ւ երբեմն չէ, այլ յաճախ բանտ մտնողները պէտք է ազատին, եւ ազատ ման եկողները նստեցուին: Այս է, որ պարզ չէ, կը յայտնէ հեղինակը: Դուրսէն ժողովրդավարութիւն կը պոռան, կը կործանեն Աֆղանիստանը, Իրաքը, Սուրիան:
Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը թող հակառակը ըլլայ դուրսինին: Թող ոչ մէկ հայ նստեցուի բանտին մէջ, բոլորը դառնան մէկ սիրտ, մէկ հոգի: Դժուա՞ր է: Այո, բայց ոչ անկարելի: Այդ ճամբուն ուղեւորն է հեղինակը:
«Անաւարտ վէճ» պատմուածքին մէջ վէճը երկու հոգիի միջեւ չէր, այլ` Քեսապի եւ Բէյլանի, որովհետեւ Թուրքին դէմ կռուելու համար բէյլանցիք զէնք խնդրած են քեսապցիներէն, որոնք զէնք ղրկած են, բայց… առանց փամփուշտի… այս է բանավէճին նիւթը: Հեղինակը կը պահէ պատմուածքներուն գրական մակարդակը:
Հայրենադարձ Յովակիմը իր տան մէջ պաստուրմա կը պատրաստէ, սուճուխ ալ: Թաղապետը կ’այցելէ նոր եկողը:
– Ինչպէ՞ս ես ընկեր Յովակիմ…
– Լաւ եմ:
– Պաստուրմայի հոտ կայ տանդ մէջ:
– Այո՛, ես կը պատրաստեմ:
– Ընտանիքով ինչպէ՞ս էք:
– Լաւ ենք. շահածս մեզի կը բաւէ…
– Ուրեմն կը ծախե՞ս ալ, հետս եկողէն ի՞նչ գանձեցիր:
– Հարցուցէք իրեն, քիչ մը տուի, դրամ տալ ուզեց, չեմ առած, գալ անգամ ըսի: Այդպէս չէ՞, այ մարդ:
Թաղապետին քովինը կրկնեց` այո՛, դրամ չառաւ, յաջորդ անգամ ըսաւ:
Յովակիմը թէ` «Ընկեր թաղապետ յաջորդ անգամ այս փիս մարդուն հետ մի գար, առանձին եկուր, մենք իրար կը հասկնանք, ընտանիք պիտի պահե՞նք, չէ՞»…
«Քեռի տը Գոլ» պատմուածքին մէջ Ֆրանսայէն հայրենադարձ ընտանիքը լաւագոյնս ներկայացուցած է դուրսն ու ներսը լա՛ւ իմացող գրողը Մատամ Ժագլին ֆրանսուհին այնքան անթերի ներկայացուցած է, որ գրած է. «Ո՜նց էի ուզում, որ Սուրմարլուեցի Մարգուշը, Կողբեցի Հայկանուշը, Սոլակցի Արաքսին® Մի քիչ մատամ Պոյաճեան լինէին…»:
Մատամ Պոյաճեանի մասին ըսի ըսածները շատ էին: Ան ի վերջոյ Տը Գոլին նամակ գրելով իր հայրենիքը վերադարձաւ… այսինքն` մեր սփիւռքի հայերը եւս հայրենիք վերադարձան: Բայց եկէք խոստովանենք միաժամանակ, հեղինակն ալ պէտք է, որ այսօրուան հայաստանաբնակ հայուհիները Մատամ Պոյաճեան ֆրանսացիէն շատ աւելի լաւ շպարուիլ գիտեն: Թող ֆրանսուհիները օրինակ առնեն մեր հայուհիներէն:
Հայութենէ «Հայութիւն» պատմուածքը պտոյտ մըն է Լաթաքիոյ մէջ.
– Հոն, «Հրես՜, քո հարազատին, քո արիւնակցին, քո եղբօրն ու քրոջը կը գտնես, մի՛ վարանիր, բարեւիր քո նախնիների լեզուով ու կը տեսնես, թէ ինչպէս են այդ մի հատիկ բառից մշուշւում դիմացինիդ աչքերը…»:
«Թուրքին գիլասը», «Խնամախօս Ասորին», «Թումասի ծառը», «Թէյավճար», «Գամիշլի», «Կարանտին» կարճ պատմուածքները գրուած են նոյն վարպետութեամբ ու սիրով, յաճախ թարմ ու հիւմորով, բայց զուսպ: Տեղ-տեղ զգալի են ռուսերէն բառերը նոյնիսկ գիւղացիներու հայերէնին մէջ: Հեղինակը լսածն է գրած:
Պատկերաւոր է հեղինակի լեզուն: Շուտով լոյս կը տեսնէ, լոյսը տարածող, լոյսն ու մութը լաւագոյնս նկարագրող այս գիրքը, կարդացուելու արժանի գրական այս գործը, որպէսզի ըսենք լոյս ձեր աչքերուն, ընթերցողնե՛ր:
Երեւան, 16 մայիս 2016