Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օքսֆորտէն Շրջանաւարտ Լիբանանահայ Երիտասարդը Պոլսոյ Մէջ Իսլամացած Հայերուն Հայերէն Կը Դասաւանդէ Անվճար Կերպով

Դեկտեմբեր 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1201teachingarmenian1

Պէյրութահայ, Օքսֆորտ համալսարանի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեան քանի մը ամիսէ ի վեր կամաւոր Պոլսոյ մէջ Տէրսիմի հայերուն արեւմտահայերէնի անվճար դասընթացք կը կազմակերպէ` հասարակական, մշակութային, կրթական, պատմական եւ կրօնի հարցերով ուսումնասիրութեամբ ու խորհրդատուութեամբ զբաղող «Հայ Դեր» եւ «Սեբաստիոյ հայերն ու անոնց բարեկամները» միութիւններու միատեղ ջանքերով:

Շաբաթներ առաջ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան միացեալ ջանքերով Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումները 21-րդ դարուն խոցելիութիւն առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովի ընթացքին Հրակ Փափազեան ներկայացուց իր «Հայերն ու «այլ» հայերը Թուրքիոյ մէջ» վերնագիրով զեկուցումը, որ հիմնուած է տակաւին իր պատրաստութեան փուլին մէջ եղող Փափազեանի դոկտորական աշխատանքի առաջին փուլի ուսումնասիրութեան վրայ:

Հրակ Փափազեան չի ծածկեր իր յուզումն ու ուրախութիւնը, երբ ամիսներ ետք կը տեսնէ, թէ իր աշակերտները արդէն կրնան գրել հայերէն նախադասութիւններ:

1201teachinarmenian

«Այսօր հունձքի օր էր: Աշակերտներս ամիսներ ետք սկսան ինքնուրոյն կերպով, առանց օգնութեան, հայերէն նախադասութիւններ կազմել միայն հինգ վարկեանէն: Այսպիսով ստացայ «աշխատանքիս վարձատրութիւնը», նշած է Հրակ Փափազեան:

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երիտասարդ հայ ուսումնասիրողը պատմեց, որ իր աշակերտներուն մեծամասնութիւնը տէրսիմցի եւ սասունցի իսլամացած հայեր են, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ կան սեբաստիացիներ, կեսարացիներ եւ կաստամոնցիներ:

Դասընթացքին մասնակցողներէն սասունցի Տիգրան Զունգիոր, որ Մուշ ծնած է, իր տպաւորութիւնները կիսելով` ըսած է. «Շատ ոգեւորուած եմ, շատ կը սիրեմ մեր լեզուն: Բնականաբար քիչ մը կը դժուարանամ, սակայն ուշ թէ կանուխ պիտի յաղթահարեմ ամէն խոչընդոտ»:

Իսկ տէրսիմցի Նուարդ Գրիոքթաշ, որ արդէն բաւական հասուն տարիքին սկսած էր մայրենին սորվիլ, կը նշէ, որ, թէեւ իր երիտասարդութիւնը որպէս հայ չէ ապրած, սակայն ժամանակը հասած է, որ ներքին ազգային ինքնագիտակցութիւնը աւելի զօրաւոր ըլլայ:

«Տէրսիմի մէջ հայերէն չէին խօսիր: Ես որպէս հայ չեմ մեծցած: Փափաքս էր, որ լեզուս գիտնամ ու սորվիմ: Շատ ուրախ եմ հայերէն սորվելով: Հիմա արդէն հայրենիքիս հին հայկական անունները աւելի դիւրին սկսած եմ ընկալել», կը նշէ Գիոքթաշ:

Նշենք, որ Թուրքիյ մէջ իսլամացած հայերուն` հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէն սորվելու կարելիութիւն չկայ` երկիրի օրէնքներուն պատճառով: Թուրքիոյ սահմանադրութեան համաձայն, երկրին մէջ ապրող բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները` կրօնական փոքրամասնութիւն:

Ըստ Լոզանի դաշնագիրին երրորդ պարբերութեան 37-45 կէտերու, կրօնական փոքրամասնութիւն նկատուելու շնորհիւ` հայերը իրաւունք ունեցած են իրենց մայրենի լեզուն սորվելու, բան մը, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզները, լազերը եւ առհասարակ ոչ թուրք բոլոր իսլամները:

Այսպիսով, Պոլսոյ հայկական գաղութին պատկանող դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` մկրտութեան վկայագիր ներկայացնելով:

Փաստօրէն այս գործընթացէն դուրս կը մնան իսլամացած եւ ալեւի դարձած բոլոր այն հայերը, որոնց մօտ հայերէն սորվելու ձգտողներուն դիմաց առկայ միակ բաց «պատուհանը» կը հանդիսանայ վերջին տարիներուն որոշ միութիւններու կամ անհատներու կողմէ նախաձեռնուող բաց դասընթացքները, որոնք նախապէս սկսած են կազմակերպուիլ Տիգրանակերտի, Տէրսիմի եւ Մշոյ մէջ: Սակայն յաճախ այս դասընթացքները տնտեսական աջակցութեան չգոյութեան պատճառով շարունակական բնոյթ չեն կրեր:

Նախորդը

Ընծայական

Յաջորդը

«Եթէ Եւրոպական Սկզբունքներով Թուրքիա Մը Գոյութիւն Պիտի Ունենայ Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալով` Թէ՛ Հայաստանին Եւ Թէ՛ Մեր Ժողովուրդին Համար Ընդհանրապէս Նպաստաւոր Կ՛ըլլայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գասպար Կարապետեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?