Յօդուածներ

Խմբագրական.  Երկրաշարժ Առանց Ցնցումի

Խմբագրական. Երկրաշարժ Առանց Ցնցումի

Սպիտակ-Գիւմրի երկրաշարժի քաղաքական հետեւանքները տակաւին վերլուծման առարկայ պիտի շարունակեն ըլլալ: Մեր երկրի կարեւոր մէկ հատուածը աւերած երկրաշարժին գրաւած համաշխարհային ուշադրութիւնը արտակարգ է իր տարողութեամբ: Չմոռնանք, որ երկրաշարժը կը պատահէր այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ տակաւին Երկաթէ վարագոյրը չէր վերցուած Խորհրդային Միութենէն եւ, ըստ էութեան, աշխարհի տարբեր երկիրներու այս տարողութեամբ եւ այս արագութեամբ առաջին թափանցումն էր ուղղակի խորհրդային հանրապետութիւն մը: Երկրաշարժը եթէ...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի  Գործադիր Մարմինը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանահայութեան`  Մասնակցելու «Իմ Արցախ» Կարգախօսով Դրամահաւաքին

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանահայութեան` Մասնակցելու «Իմ Արցախ» Կարգախօսով Դրամահաւաքին

Երկու տասնամեակէ ի վեր լիբանանահայութիւնը իր ազգային, կրթական, հոգեւոր, ընկերային բոլոր կառոյցներով, հասարակութեան բոլոր խաւերով կ՛արձագանգէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կոչերուն եւ իր արժանի մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ու հզօրացման համար կազմակերպուած ծրագիրներու իրականացման: Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնը կը կրէ «Իմ Արցախ» կարգախօսը: Դրամահաւաքը ընթացք պիտի առնէ այսօր` 7 դեկտեմբեր 2016, առաւօտեան...

7 Դեկտեմբեր 1988, Ժամը 11:41. Սպիտակի Երկրաշարժին Անմոռանալի Արհաւիրքն Ու Դասերը

7 Դեկտեմբեր 1988, Ժամը 11:41. Սպիտակի Երկրաշարժին Անմոռանալի Արհաւիրքն Ու Դասերը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Դեկտեմբեր 7-ին, 28 տարի առաջ, Հայաստանի հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով դիտեց ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան դէմ: Դեկտեմբեր 1988-ի այս օրը, ժամը ճիշդ 11:41-ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները` ընդհանրապէս Գիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառին պարզ, բայց արհաւրալի իմաստով... փուլ եկան: Կործանարար երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց ամբողջ շէներ,...

Իմ Մոլորուած Ու Վիրաւոր Կռունկ

Իմ Մոլորուած Ու Վիրաւոր Կռունկ

ՍՊԱՐՏԱԿ ՄԱԹՈՍԵԱՆ 88-ի աշխարհացունց երկրաշարժն ի՜նչ արժէքներ խլեց մեզանից: Յաճախակի մտածելով այն օրերի մարդկային անասելի տառապանքների ու զրկանքների մասին, սիրտս մղկտում է անհուն մի ցաւից ու ափսոսանքից... ... Իմ տան փլատակների տակ ես չգտայ 11-ամեայ աղջնակիս նոտատետրերից եւ ոչ մէկը: Մինչ զբաղուած էի ընտանիքիս վեց անդամներից ահաւոր վնասուածքներով փրկուած որդուս եւ կնոջս ապաքինումով, փրկարարներն արդէն ամբողջովին մաքրել, տեղափոխել էին մեր...

«Իրանի Գաղութին Նօսրացման Պարագային Դժուար Է Քաղաքական Կշիռը Պահելը, Բայց Գերմարդկային Ճիգ Ի Գործ Կը Դնենք». Կարէն Խանլարեան

«Իրանի Գաղութին Նօսրացման Պարագային Դժուար Է Քաղաքական Կշիռը Պահելը, Բայց Գերմարդկային Ճիգ Ի Գործ Կը Դնենք». Կարէն Խանլարեան

Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան «Թերթ»-ի թղթակից Հռիփսիմէ Յովհաննիսի հետ զրուցած է եւ հաստատած, որ Իրանի նախագահական ընտրութիւններէն եւ թեկնածուներէն իրանահայութեան ակնկալութիւնները մնացած են նոյնը` Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ դատապարտում: Ան դիտել տուած է, որ կը խուսափին Ղարաբաղի տագնապի հարցը Իրանի մէջ բարձրացնելէ: «Որովհետեւ, եթէ այդ մասին խօսիս, կարելիութիւն ու առիթ կը ստեղծես Ազրպէյճանին համար: Եթէ մենք պահանջները ներկայացնենք, ապա...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Ո՜ւր Կ՛երթայ Սփիւռքը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայկական սփիւռքը միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ: Ենթակայ ըլլալով տուեալ երկրի շրջապատէն պարտադրուած իրավիճակներու` սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախ զարգացուցած է իր սեփական նկարագրային եւ ոճային յատկութիւնները: Այս կացութիւնը, անշուշտ, արդիւնք է բնական հոլովոյթի, որ անխուսափելի է որեւէ հայկական գաղութի պարագային: Սակայն իր նպատակային կեցութեան մէջ հայկական սփիւռքը զարգացուցած է միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն կազմող...

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար». ՀՕՄ-ի Հայաստանի Միաւորը 25 Տարեկան Է

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար». ՀՕՄ-ի Հայաստանի Միաւորը 25 Տարեկան Է

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը 25 տարեկան է: Կամաւորներու միջազգային օրուան առիթով 5 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ համախմբուեցան Հայաստանի համայնքներուն մէջ գործող ՀՕՄ-ի 47 մասնաճիւղերէ կամաւորներ: Յոբելեանական նախաձեռնութիւնը կը կրէր «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» խորագիրը: Հայաստանի Հայ օգնութեան միութիւնը հիմնուած եւ պաշտօնական արձանագրուած է 1991-ին: Այսօր ՀՕՄ-ի աւելի քան 500 կամաւորներ բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ` ընդգրկելով...

Եռալեզու «Արցախ Քարտէսագիրք»-ը Ներկայացուեցաւ Հանրութեան

Եռալեզու «Արցախ Քարտէսագիրք»-ը Ներկայացուեցաւ Հանրութեան

«Հոգու պարտք» հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին պատրաստած «Արցախ քարտէսագիրք»-ը վերջերս հանրութեան ներկայացուած է: Այս բացառիկ աշխատութիւնը եռալեզու է` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Անիկա նաեւ համակարգչային տարբերակով Հայկական ճարտարապետութիւն ուսումնասիրող հիմնադրամի կայքին մէջ տեղադրուած է: Ասիկա Արցախին վերաբերող խնդիրները գիտական, սակայն աւելի հակիրճ ձեւաչափով ներկայացնող աշխատանք մըն է, որուն մէջ գտնուող իւրաքանչիւր քարտէս կը ներկայացնէ Արցախի (ներառեալ` Արցախի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Աջակցութեամբ Լոռիի Մարզին Մէջ 20 Ընտանիք Բնակարան Ստացած Է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի ֆինանսաւորմամբ եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին կողմէ իրականացուող ծրագրի ծիրին մէջ Լոռիի մարզին մէջ 20 ընտանիք բնակարան ստացած է: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան հիւրընկալուած են Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքը բնակող Սուքիասեաններուն կողմէ: «Հինգ տարի առաջ, երբ...

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Պաշտպան Ուժերը Աղտամի Մէջ

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերը Աղտամի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1993 յուլիսի սկիզբը հասած էին Աղտամի դուռերուն եւ քաղաքին շուրջ սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենային: Շրջանին ազերի բնակիչները եւ յաճախ` անոնցմէ առաջ ալ ազերի զինուորները խուճապահար փախուստ կու տային շրջանէն:  Բարոյալքումի վիճակը համատարած էր ազերիներուն մէջ: Աղտամ գտնուող ազերիական բարոյալքուած եւ յուսահատ ուժերը օգնական ուժեր ստացան Գանձակէն: Անոնք աւելի կարգապահ էին, լաւ զինուած եւ օժտուած`...

Խմբագրական.  Համասեփականատիրոջ Գիտակցութեամբ  (Ռատիոթոն 2016-ի Առիթով)

Խմբագրական. Համասեփականատիրոջ Գիտակցութեամբ (Ռատիոթոն 2016-ի Առիթով)

Բնականաբար Արցախի զարգացման միտուած օժանդակութիւնները այս տարի պիտի կեդրոնանային ապրիլեան պատերազմի պատճառով աւերուած շրջաններու վերականգնման վրայ: Պատերազմը, թէկուզ քառօրեայ, հսկայական հետեւանքներ կ՛ունենայ տարբեր առումներով: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւս ընթացիկ տարուան հանգանակութիւններու նպատակը միացուցած է այս առաջնահերթութեան, եւ հայկական աշխարհը իր լուման կը ներդնէ առաջնային այս գործին: Պատերազմի առաջին օրը ամբողջ հայութիւնը արտակարգ տարողութեամբ, արագութեամբ եւ ընդառաջումի չափով միասնականութեան գագաթ նուաճեց...

Պէյրութը, Հալէպը Եւ Երեւանի Մէջ «Հնչող Քննադատութիւնը»

Վա՛րձքդ Կատար, Քոմանտանթէ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 2000 թուականի օգոստոսին Թորոնթոյի Եորք համալսարանն էի յատուկ ծրագրով մը, որ մէկտեղած էր Լատինական Ամերիկայի երկիրներէն ընտրուած 25 գիտաշխատողներ եւ ակադեմականներ` միասնաբար քննարկելու համար տարածաշրջանի հիմնախնդիրները երրորդ հազարամեակին: Խումբին մաս կը կազմէր Քուպայէն գործընկեր մը` Սանթիակօ անունով, որ ուշագրաւ էր իր ուրախ տրամադրութեամբ եւ կատակաբանութեամբ: Դժուար տասնամեակ մըն էր քարայիպեան կղզիին համար: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Միացեալ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Մամուլը Եւ «Մամուլը» (Հետեւաբար Նաեւ` Լրագրողը Եւ «Լրագրողը»)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Օրը նոր, գայթակղութիւնը` նոր: Վերջինը կ՛առնչուի Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի Լիւքսամպուրկ ճամբորդութեան: Բնածին հակադաշնակցականութեամբ օժտուածները յուսախաբ ընելու համար անմիջապէս ըսեմ, որ նշեալ գայթակղութեան բուն հերոսը ոչ թէ նախարարն է, այլ...«մամուլ»-ի ներկայացուցիչ մը (իր նոյնքան չակերտեալ «լրագրող»-ով): Այսպէս, Հայաստանի մէջ գործող լրատուամիջոց մը (անունը շատ ալ կարեւոր չէ) քանի մը օր առաջ քաջ-նազարական ոճով հաղորդած էր, որ բնապահպանութեան...

Հարցազրոյց «Թիչ Ֆոր Արմենիա» Կազմակերպութեան Հաւաքագրման Եւ Ընտրութեան Տնօրէնի Թենի Աւագեանին Հետ

Հարցազրոյց «Թիչ Ֆոր Արմենիա» Կազմակերպութեան Հաւաքագրման Եւ Ընտրութեան Տնօրէնի Թենի Աւագեանին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԻԼՎԻ ԱԲԵԼԵԱՆ «Թիչ ֆոր Արմենիա»-ն երկամայ դասաւանդման ծրագիր է, որ կը միտի բացայայտել մասնակիցներուն մասնագիտական եւ առաջնորդական ներուժը` միաժամանակ նպաստելով գիւղական շրջանակներու զարգացման: Ծրագիրին մասնակիցները կը տեղաբաշխուին Հայաստանի տարբեր մարզերու դպրոցներուն մէջ, ուր կայ համապատասխան երիտասարդ ուսուցիչներու պակաս: Մասնակիցները իրենց հետ բերելով նորարար միտքեր եւ մեթոտներ` ընկալելի կը դարձնեն կրթական նիւթերը աշակերտներուն համար, կ՛ոգեշնչեն երեխաները եւ կը նպաստեն...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Վերասլաց Պահ Մը Հայկ Ազարեանի Ստեղծագործութեան Հետ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Լսելն ու ականատես ըլլալը որքա՜ն տարբեր բաներ են:Աբովեան քաղաքի նորակառոյց Սուրբ Յովհաննէս  եկեղեցւոյ մասին հիասքանչ արտայայտութիւններ լսած էի` թէ՛ կառոյցի, խաչքարային քանդակներու եւ թէ՛ սրբապատկերներու եւ գմբէթի պատկերազարդ «ներկայութեան» մասին: Անցեալ  տարուան մայիսեան  տօնական օրերուն, երբ հայրենիքի մէջ կը գտնուէի, այցելեցի նաեւ Աբովեան քաղաք` տեսնելու համար հրաշափառ տաճարը... Առաջին իսկ հայեացքով գմբէթը վերածուեցաւ գերերկրային ներկայութեան: Երկնակամարը, իրօք, պահ...

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով. «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Այս տարի «Նոազ արք»-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը, որուն առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ արդէն: Ցուցասրահի մը հիմնադրութեան գաղափարի ծնունդին, անոր անցած 20-ամեայ ուղիին մասին «Ազդակ»-ի հետ զրուցեց «Նոազ Արք»-ի տէր եւ տնօրէն արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան:  «Ա.».- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ հայկական ցուցասրահ հիմնելու գաղափարը ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Յղացքը եւ առաջարկը եկաւ արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանէն: 1994-ին ան իրեն հետ...

ՀՕՄ-ի Միջշրջանային Վարչութիւններուն Ժողովը

ՀՕՄ-ի Միջշրջանային Վարչութիւններուն Ժողովը

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով եւ Քանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ, շաբաթ, 12 նոյեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի միջվարչական ժողովը` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ նախկին կեդրոնական վարչութեանց անդամներուն հետ` ներկայութեամբ անցեալ կեդրոնական վարչութեանց չորս ատենապետներուն` Շաքէ Մինասեանի, Վանուհի Իսաջանեանի, Յասմիկ Տէրտէրեանի եւ Վիգի Մարաշլեանի: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին ժողովը բացուեցաւ Մոնրէալի...

Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ Ս. Ծննդեան Տօնավաճառը 6 Դեկտեմբերին Պիտի Բանայ Իր Դռները

Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ Ս. Ծննդեան Տօնավաճառը 6 Դեկտեմբերին Պիտի Բանայ Իր Դռները

Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ Ս. Ծննդեան տօնավճառը իր դռները պիտի բանայ 6 դեկտեմբերին: Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-սեփական մարզ  համագործակցութեան ծիրին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Ս. Ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիեռ Պաղտատեան նշեց, որ այցելողները այդտեղ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած բազմաթիւ իրեր կրնան գտնել: Մասնաւորապէս` յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք եւ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ քաղցրեղէնի լայն...

Լիբանանի Մասին Վատիկանեան Ընթացագիծը Եւ Ռայի Պատրիարքին Կողմէ Պապին Յանձնուած Տեղեկագիրը

Լիբանանի Մասին Վատիկանեան Ընթացագիծը Եւ Ռայի Պատրիարքին Կողմէ Պապին Յանձնուած Տեղեկագիրը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Վատիկանի գնահատումով, զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը, որ կը յատկանշուի Միջին Արեւելքի մէջ լիբանանեան պետութեան ունենալիք դերակատարութեամբ: Ըստ Վատիկանի, Լիբանան իր քրիստոնեայ Ա. իշխանութեամբ պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ Միջին Արեւելքի յարանուանական տագնապներն ու շրջանին նկատմամբ միջազգային քաղաքական տարակարծութիւնները զսպելու առումով: Իր կարեւորութեան համար Լիբանան անցեալ շաբթուան ընթացքին դարձաւ...

«Հին Ատեն Գծուածները Տակաւին Գոյութիւն Ունին, Բայց Անցեալէն Կու Գան, Երէկն Ալ Մէջն Է, Այսօրն Ալ Մէջն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զոհրապ

«Հին Ատեն Գծուածները Տակաւին Գոյութիւն Ունին, Բայց Անցեալէն Կու Գան, Երէկն Ալ Մէջն Է, Այսօրն Ալ Մէջն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զոհրապ

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Զոհրապ` գեղանկարչութեան արուեստի մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցող մարդը, արուեստագէտն ու հանճարը, այս տարուան իր երկրորդ ցուցահանդէսը կ՛ունենայ «Էկզոտ» ցուցասրահին մէջ, Էշրեֆիէ, «Աքքաուի» վայրէջքին վրայ: Կը մտնեմ ցուցասրահ: Ընդունարանին մէջ կլոր սեղանի մը շուրջ նստած է Զոհրապ եւ բաներ մը կը ստուերագծէ թուղթի կտորի մը վրայ: Իրարու ձեռք կը սեղմենք: Ան զիս կը հրաւիրէ իր կողքը` զրուցելու:...

Page 866 of 1110 1 … 865 866 867 … 1,110

Արխիւներ