Յօդուածներ

Գերարագ Դարուն Մէջ Գերարագ Լեզու Սորվիլ

Գերարագ Դարուն Մէջ Գերարագ Լեզու Սորվիլ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այս գերարագ դարուն մէջ կարելի է շատ արագ նոր լեզու մը սորվիլ, բայց ատիկա արդեօք որքանո՞վ կ՛ընդգրկէ լեզուի մը ամբողջական տիրապետումը: Լեզուն գիտութիւն մըն է եւ կը պահանջէ ակադեմական աշխատանք, բայց խօսակցական լեզուն սորվիլը նուազ գիտական է եւ կը պահանջէ կամք, ընթերցում եւ վարժութիւն: Այստեղ կը ներկայացնենք փորձառուներու խրատներ` լեզուներ շուտ սորվելու համար: Ն.  Ինչպէ՞ս Բառեր Արագօրէն...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Միզային Համակարգի Հիւանդութիւններ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ մեր մարմինը կազմուած է զանազան օրկաններէ, որոնք  հաւաքուելով`...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  «Յետվիրաբուժութեան Խնամք»

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Յետվիրաբուժութեան Խնամք»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի 11 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետվիրաբուժութեան խնամք» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան: Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետ Սիրուն Վարդապետեան բացատրեց, որ առողջութիւնը իւրաքանչիւրիս պիտի ընկերանայ մինչեւ մահ: Ան դիտել տուաւ, որ առողջութիւնը կրնայ խախտիլ, վատթարանալ, ուստի պէտք...

ԼՕԽ-ի Հայ Աշակերտներու Եւ Ուսանողներու Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւնը

ԼՕԽ-ի Հայ Աշակերտներու Եւ Ուսանողներու Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւնը

Երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2016-ին, տօնական օրերու առիթով Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Հայկական ակումբ»-ի խումբ մը ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ դասարանին աշակերտներ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի հետ գործակցաբար, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ բնակող  հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, անոնք ուրախացուցին նշեալ ընտանիքները` անոնց տրամադրելով ուտեստեղէնի, հագուստեղէնի եւ խաղալիքներու...

Պարոյր Աղպաշեան Եւ Նորայր Պաղտասարեան Կը Պարգեւատրուին Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

Պարոյր Աղպաշեան Եւ Նորայր Պաղտասարեան Կը Պարգեւատրուին Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

Երեքշաբթի, 24 յունուար 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ յատկացուած պարգեւներու տուչութիւն` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող երկու ուսուցիչներու, ի յարգանս անոնց վաստակին ու դաստիարակչական ներդրումին: Պարգեւատրուող ուսուցիչներն էին Պարոյր Աղպաշեան` «Մայրենի դեսպան» շքանշանով ու վկայագիրով եւ Նորայր Պաղտասարեան` «Երախտագիտութեան» շքանշանով ու վկայագիրով:

Նշմար.  Ոչ Առարկայական Զեկուցում Մը

Նշմար. Ոչ Առարկայական Զեկուցում Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 31 հոկտեմբեր 1940-ին Վենտել Ուիլքիի (1940-ին Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու) եւ օրին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին եղող Էլիոնոր Ռուզվելթի կողմէ հիմնուած ուաշինկթընեան «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց 2016-ի վերաբերող իր «Ազատութիւնը աշխարհի վրայ 2017» զեկուցումը, որուն մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները յաջորդաբար ստացած են առաւելագոյն 100 կէտերէն 45 եւ 33 կէտերը: Մեր երկու հանրապետութիւններուն...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Այլատեացութիւնը Եւ Ցեղասպանութիւնը Ազգային-Պետական Քաղաքականութիւն Ազրպէյճանում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ Ազրպէյճանում բնակուող այլ ազգերի եւ ազգութիւնների նկատմամբ աւելի քան մի ամբողջ հարիւրամեակ իրագործուող քաղաքականութիւնը,  իրօք,  հնարաւոր չէ այլ կերպ բնորոշել, քան` այլատեացութեան  եւ ցեղասպանութեան ազգային-պետական քաղաքականութիւն: Ազգային-պետական, քանզի ձեւաւորուելով ազգային մտածողութեան եւ գաղափարախօսութեան հենքի վրայ` որպէս խաւարամիտ զանգուածների կրօնական մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան հետեւանք, այն հետագայում` 20-րդ դարի  երկրորդ տասնամեակի վերջերին, ազրպէյճանական պետականութեան կազմաւորմանը համընթաց, դարձել է պետական ծրագրային...

Շուէտահայութիւնը Հանդիսաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը

Շուէտահայութիւնը Հանդիսաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը

  22 յունուար 2017-ին Շուէտի Սոտէրթելիոյ շրջանի Փանորոմա սրահին մէջ, աւելի քան 350 հոգիի ներկայութեան նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 126-ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էին Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը եւ հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ վրդ. Պատօ, Նորայր քհնյ. Կարճումեան եւ Արշակ Քաֆաֆեանը: Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Վրաստան Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկներ «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի գլխաւոր  խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ  տարելիցին առթիւ, 21 յունուարին Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին  կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ: * Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ   Վազգէն  եպս. Միրզախանեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան  պաշտօն: *  Վիրահայոց  թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք  լուսանկարիչ  Ումուտ ...

Վիգէն Դարբինեանի «Վերադարձը»

Վիգէն Դարբինեանի «Վերադարձը»

  Մ. Լ. Երկար ատեն է, որ կը սպասէինք իր վերադարձին: Ձայնը կարօտցած էինք: Կը յիշեմ` արցախեան ազատագրական պայքարի օրերն էին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար անհաւասար կռիւ կը մղէին ղարաբաղցի տղաքը: Ինչպէս ամէնուր, ֆրանսահայութիւնն ալ ոտքի ելած էր: Ամէնուրեք` հանրահաւաքներ, զօրակոչի ձեռնարկներ... Եւ Վիգէնը բեմին վրայ էր, իր երգերով ու խօսքով կը քաջալերէր երիտասարդութիւնը: Իր «Զարթի՛ր, լաօ»-ն կը դղրդացնէր սրահները եւ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Թռչնակրիփ – Bird Flu

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Թռչնակրիփը մասնաւորապէս թռչնազգիներու ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը ինֆլուենզա Ա ժահրի պատկանող որոշ խմբաւորումներ են, մասնաւորապէս` H եւ N խմբաւորումները: Այս ժահրը կը հարուածէ մասնաւորապէս` հաւերը, բադերը, սագերը եւ հնդկահաւերը: Յարուցիչ ժահրը կ՛ապրի վարակուած թռչունին քիթի, բերանի եւ աչքի հեղուկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց կղկղանքին մէջ: Թռչունէ թռչուն ժահրի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ անմիջական դիպչելով: Թռչնակրիփը տեսնուած...

Ռ. Հատտէճեան – 90.  Առաստաղէն Դէպի Առաստաղին Միւս Կողմը

Յուշատետր. Փորձանքին Քովէն Անցնիլ

Ռ. Հ. Կեանքը բոլորին համար ունի փորձանքներու կամ վտանգներու պահեր: Ասոնք կրնան թեթեւ փորձանքներ ըլլալ, կրնան նաեւ ըլլալ ծանր փորձանքներ: Երբեմն առանց վնաս կրելու կ՛անցնինք կ՛երթանք անոնց քովէն, երբեմն ալ կը վնասուինք ծանր կամ թեթեւ կերպով: Խուսափիլ չկայ: Որքան ալ ուշադիր ըլլանք մեր անվտանգութեան համար, փորձութիւնը անպայման մեր դիմաց պիտի ելլէ: Մեր կեանքին մէջ արդեօք քանի՞ անգամ կ՛անցնինք, կամ անցած...

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Մահուան 20-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական ազգային հանդէսին, երեքշաբթի, 31 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի մահուան 20-րդ տարելիցին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Ծաղիկ» գրական հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան նկատել տուաւ, որ մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան աւելի քան կէս դար իր հայրենասէր առաքելութեամբ ծառայած է...

Ակնարկ.  7 Երկիրներու Ցանկին Ետին  Տեսանելի Քաղաքականութիւնը

Ակնարկ. 7 Երկիրներու Ցանկին Ետին Տեսանելի Քաղաքականութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին առաջին քայլերը արդէն վերլուծաբանները կը մղեն ընդգծելու նոր աշխարհակարգի ստեղծման տեսանելիութիւնը: Նոր աշխարհակարգը եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուի երկիրներու միջեւ պատերու կառուցումով, դիւանագիտական  յարաբերութիւններու խզումով, նոր լարուածութիւններով եւ նոր կացութիւններու ստեղծումով, միւս կողմէ այն առաջին երեւութական տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ նոր հարթութեան վրայ կը տեղափոխուի բեւեռի մը` Ուաշինկթընի եւ բեւեռացման ձգտող գերուժի մը` Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու...

Այնճարի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  126-Ամեակի Տօնակատարութիւն.  Շահան Գանտահարեան. «Դաշնակցութիւնը  Փորձառութիւն Ունի Փայլուն  Կատարողականութեամբ Ազգ-Բանակ Կերտելու»

Ազգ-Բանակ Հայեցակարգին Ներառել Նաեւ Սփիւռքի Մէջ Հայկական Համայնքներու Պաշտպանութեան Առաջադրանքը

(Այնճարի Մէջ ՀՅԴ 126-ամեակի Տօնակատարութեան Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը) Դաշնակցութեան օրուան Այնճարի մէջ նշումին ու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայոց բանակի  օրուան տօնակատարութեան թուականներու համատեղումը խորհրդաւոր զուգադիպութիւն է: Եթէ առաջինը հայ ազատագրական շարժումի առաջնորդ կուսակցութեան անցած դարաւոր ուղիի արժեւորումի եւ քաղաքական հետագայ գործունէութեան ուղենշման առիթ է, ապա երկրորդը ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ հետզհետէ նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Տեղի Ունեցաւ «Հրանդ Տինք. 10 Տարի Անց» Խորագիրով Կլոր Սեղան-Քննարկում 19 յունուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում», որուն իրենց մասնակացութիւնը բերին յայտնի գիտնականներ, թրքագէտներ, քաղաքագէտներ, պատմաբաններ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ քննարկման մասնակցողներուն ողղելով իր խօսքը, մասնաւորապէս նշեց. «Հրանդ Տինք,...

Յաղթանակած Հալէպ

Յաղթանակած Հալէպ

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Յունուար 4-8, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Բերիոյ թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան առթիւ բախտը ունեցայ գտնուելու Հալէպ: Իրականութեան մէջ առաջին անգամ էր, որ կ՛այցելէի Հալէպ եւ, այսպէս ըսած, անոր ոսկեայ օրերուն մասին միայն լսած էի: Վերջին տարիներուն հետեւելով պատերազմին ստեղծած մարդկային տեղաշարժին եւ քանդումին` կ՛ենթադրէի տեսնել ուրիշ վիճակ եւ կացութիւն: Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր...

Քեսապի Սահմանագիծին Վրայ Թուրքիոյ Կառուցած «Ամօթի Պատը»

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Այս օրերուս Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուեցաւ խորհրդաժողով մը` Ռուսաստանի դաշնութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան հովանիին ներքոյ, Սուրիոյ պետութեան եւ Սուրիոյ մէջ կռուող զինեալ ահաբեկչական կամ, այսպէս յորջորջուած,  «չափաւորական» ընդդիմադիր խմբաւորումներու միջեւ, Սուրիոյ ամբողջ տարածքին զինադուլի համաձայնութեան մը հասնելու համար: Սուրիական կառավարութեան աւագանին տագնապի անցնող վեց տարիներու ընթացքին ծայր աստիճան ճկունութիւն եւ համբերատարութիւն ցուցաբերեց Սուրիոյ...

«Ազդակ»` Իննսունամեակ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Դիրքային Բախումներ Եւ Ազերիական Ներթափանցումի Փորձեր

«Ազդակ»` Իննսունամեակ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Դիրքային Բախումներ Եւ Ազերիական Ներթափանցումի Փորձեր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Օմարի Լեռնանցքը Հայ Ազատամարտիկներու Հակակշիռին Տակ Արցախ-Ազրպէյճան ճակատումները 1994 փետրուարի սկիզբը վերածուած էին դիրքային բախումներու, որոնք ամէնօրեայ հերթականութեամբ կը շարունակուէին զանազան առանցքներու վրայ: Ազերիական օդանաւեր յաճախ կը փորձէին խզել Արցախի օդային տարածութիւնը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերել քանի մը ռումբով: Ազերիական բանակը փետրուար 9-ին խզեց Արցախի հետ չյայտարարուած զինադուլը եւ ցամաքային ու օդանաւային յարձակումի փորձեր կատարեց Արցախի վրայ:...

Անդրադարձ.  Թրքական Իշխանութիւններու Կեղծաւորութիւնը

Անդրադարձ. Թրքական Իշխանութիւններու Կեղծաւորութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 26 յունուար 2017-ին Դանիոյ խորհրդարանը որդեգրեց «Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագիրով բանաձեւ մը, որուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան կ՛ակնարկուի իբրեւ «1915-1923 ժամանակաշրջանին արեւելեան Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական եւ արիւնալի դէպքեր»: Բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Խորհրդարանը կ՛ափսոսայ, որ թրքական օրէնքը քաղաքացիներուն եւ լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլէ դէպքերուն վերաբերեալ «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործել, եւ ատիկա կը նկատէ ոչ ողջամիտ սահմանափակում մը թէ՛ ակադեմական ազատութեան,...

Page 848 of 1110 1 … 847 848 849 … 1,110

Արխիւներ