Ռ. Հ.
Կեանքը բոլորին համար ունի փորձանքներու կամ վտանգներու պահեր: Ասոնք կրնան թեթեւ փորձանքներ ըլլալ, կրնան նաեւ ըլլալ ծանր փորձանքներ: Երբեմն առանց վնաս կրելու կ՛անցնինք կ՛երթանք անոնց քովէն, երբեմն ալ կը վնասուինք ծանր կամ թեթեւ կերպով:
Խուսափիլ չկայ: Որքան ալ ուշադիր ըլլանք մեր անվտանգութեան համար, փորձութիւնը անպայման մեր դիմաց պիտի ելլէ: Մեր կեանքին մէջ արդեօք քանի՞ անգամ կ՛անցնինք, կամ անցած ենք մահուան քովէն:
Մահուան քովէն անցնի՜լ:
Որոշ տարիքի հասած որո՛ւ որ հարցնեմ, պիտի ըսէ, որ մէկ կամ երկու անգամ ստոյգ կերպով անցած է մահուան քովէն: Շատ ծանր ու վտանգաւոր հիւանդութենէ մը փրկուած է, մինչ բժիշկներն անգամ լաւատես չէին: Երթեւեկի շատ ծանր արկածէ մը հրաշքով փրկուած է, մինչ իր ընկերակիցները մեռած են: Երկրաշարժէ մը անվնաս կերպով դուրս եկած է, մինչ իր բնակած շէնքը ամբողջովին փուլ եկած է: Ամէն մարդ պատմութիւն մը կրնայ ունենալ: Կը յիշեմ, որ անգամ մը երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքն ալ պատմած էր, թէ քանի անգամ անցած էր մահուան քովէն:
Ամէն մարդ պատմութիւն մը կրնայ ունենալ: Ամէն մարդ կրնայ պատմել, թէ ինչպէ՛ս փրկուած է մահէ: Բայց եթէ գիտենք, թէ մեր կեանքին մէջ քանի մը անգամ անցած ենք մահուան քովէն, չենք գիտեր, թէ քանի անգամ ալ դարձեալ մահուան քովէն անցած ենք առանց գիտնալու: Ատոր պատմութիւնը չունինք:
Եւ արդէն ամէնէն հետաքրքրականն ալ այս երկրորդն է: Ճիշդ կ՛ըլլայ երբեմն մտածել, թէ ո՜վ գիտէ` ինչ փորձանքներու քովէն անցանք առանց անդրադառնալու, առանց նշմարելու, որ անցած էինք բախտորոշ փորձանքի մը, նոյնիսկ մահուան քովէն: Չենք գիտեր: Բայց Աստուծոյ փառք կրնանք տալ անոնց համար: Եւ թերեւս լաւ է, որ չենք գիտեր: Աշխարհի վրայ փորձանք կամ վտանգ ըսուածը այնքան շատ է, որ մարդ կրնայ զարմանալ, թէ ինչպէ՜ս յաջողեր է անվնաս կերպով անցնիլ անոնց քովէն: Ապրիլը արդէն ինքնին ամէն վարկեան յաղթանակ է մահուան ու մահացու վտանգներու դէմ:
Այո՛, կեանքի մէջ քանի մը անգամ կ՛անցնինք մահուան քովէն:
Բայց հակառակն ալ կայ:
Կեանքի մէջ, ո՜վ գիտէ, քանի անգամ ալ բախտին կամ երջանկութեան քովէն անցած գացած ենք` առանց անդրադառնալու եւ առանց օգտուելու այդ բախտէն կամ երջանկութենէն: Այս մէկն ալ այնքան հետաքրքրական է, որքան հետաքրքրական է առանց գիտնալու մահուան քովէն անցած ըլլալու մտածումը: Ո՜վ գիտէ` մեր կեանքին մէջ ի՛նչ բարեբեր առիթներու, ի՛նչ բախտաբեր առաջարկներու քովէն անցանք` առանց կարենալ օգտուելու այդ բարիքներէն: Եւ անոնց մասին գաղափար իսկ չունեցանք: Որոշ տարիքի մը հասած մէկու մը համար, մանաւանդ եթէ ան չէ կրցած իրականացնել կեանքէ սպասած իր բարիքները, տխուր է անդրադառնալ այս անգիտակից վրիպումներուն: Տխուր է անդրադառնալ, որ կեանքի մէջ հաւանաբար շատ բան կորսնցուցինք «ոչ» ըսելով, փոխանակ « այո» ըսելու, կամ ընդհակառակը, կեանքի մէջ շատ բան կորսնցուցինք « այո» ըսելով, փոխանակ «ոչ» ըսելու: Որքան փոքրիկ բառեր են սա «այո» եւ «ոչ» բառերը, մեր լեզուին վրայ որքան մօտիկ են անոնք իրարու, եւ մարդիկ երբեմն որքան դիւրութեամբ կ՛ընտրեն այդ երկու բառերէն մէկը, «այո»-ն կամ «ոչ»-ը, առանց գիտնալու, որ սխալ ընտրութիւն մը ըրին ու առանց վայելելու` անցան բարիքի մը կամ յաջողութեան մը քովէն: Բայց Մայր Բնութիւնը մեզ ստեղծեր է, որպէսզի միշտ մնանք անորոշութիւններու առջեւ, որպէսզի դժուարանանք այդ «այո»-ին ու «ոչ»-ին միջեւ ճիշդ ընտրութիւն մը ընելու: Մարդուն մեծ ողբերգութիւններէն մէկն է այս: Իր իսկ կեանքին պատասխանատուն ըլլալ, չգիտնալ, թէ ո՛ր դուռը պէտք է բանայ իր առջեւ դրուած քանի մը դռներուն մէջէն: Պիտի ընդվզի՞նք ստեղծագործութեան այս կարգադրութեան դէմ: Մայր Բնութիւնը չէ՞ր կրնար մարդը օժտել ապագան աւելի ճիշդ տեսնելու, ապագայ փորձանքները առաջուց տեսնելու, կամ ապագայ բարիքներու ու յաջողութիւններու ուղղութիւնը ճիշդ տեսնելու կարողութեամբ մը: Մայր Բնութիւնը չէ՞ր կրնար մեր ներաշխարհին մէջ ստեղծել մեր որոշումներուն մէջ մեզի առաջնորդ ու ցուցարար ուժ մը, որ մեզ պիտի զգուշացնէր մահուան ու փորձանքի ծուղակներուն դիմաց, կամ ամէն խաչմերուկի դիմաց մեզի ցոյց պիտի տար մեզ դէպի երջանկութիւն ու բախտաւորութիւն տանող ճամբան:
Բայց կասկած չկայ, որ այս հարցումը ուղղելով` շատը ուզեցինք, անկարելին ուզեցինք: Մայր Բնութիւնը կրնա՞ր ստեղծել աշխարհ մը, ուր ամէն մարդ մէկ յաջողութենէ դէպի միւս յաջողութիւնը կ՛երթայ, ուր անյաջողութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի, ամէն ինչ նախաձեռնութիւն, յաջողութիւն է ու բարօրութիւն կը բերէ: Չէ՞ որ գիտենք, թէ Մայր Բնութիւնը ընդհանրապէս ամէն բանի հակառակն ալ ստեղծած է ստեղծագործական անծայրածիր համայնապատկերին մէջ, լաւին քով գէշը կայ, հարուստին քով աղքատը կայ, գեղեցիկին քով տգեղը կայ, խելացիին քով անմիտը կայ:
Մանաւանդ` այս վերջինը: Խելացիին քով անմիտը կայ: Մայր Բնութիւնը մեզի թերեւս պիտի ըսէր. «Ես քեզի խելք տուեր եմ, խելքդ գործածէ ու ճիշդ ընտրութիւն ըրէ»: Չէ՛: Մայր Բնութիւնը այս ալ չի կրնար ըսել, որովհետեւ եթէ ոմանց սուր խելք տուած է, ոմանց բնաւ խելք չէ տուած: