Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թռչնակրիփ – Bird Flu

Փետրուար 2, 2017
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Թռչնակրիփը մասնաւորապէս թռչնազգիներու ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը ինֆլուենզա Ա ժահրի պատկանող որոշ խմբաւորումներ են, մասնաւորապէս` H եւ N խմբաւորումները: Այս ժահրը կը հարուածէ մասնաւորապէս` հաւերը, բադերը, սագերը եւ հնդկահաւերը:

Յարուցիչ ժահրը կ՛ապրի վարակուած թռչունին քիթի, բերանի եւ աչքի հեղուկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց կղկղանքին մէջ:

Թռչունէ թռչուն ժահրի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ անմիջական դիպչելով:

Թռչնակրիփը տեսնուած է նաեւ խոզերու մօտ:

Թռչնակրիփը 20-30 ժամուան ընթացքին կրնայ շուտով համաճարակի վերածուիլ ագարակներու մէջ եւ միլիոնաւոր թռչնազգիներ կը մահանան շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ:

Թռչնակրիփէ վարակուող հաւերը կ՛ունենան հետեւեալ ախտանշանները` խորշոմած փետուրներ, սակաւակերութիւն, մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, փորքշուկ, հազ եւ անհաւասարակշռութիւն: Անոնց հաւկիթի արտադրութիւնը որոշապէս կը նուազի:

Այս ժահրը կրնայ այլափոխուիլ եւ ի վերջոյ հասնիլ մարդուն: Այլափոխուած ժահրը թռչուններէն մարդուն կը փոխանցուի զանազան ձեւերով: Այն անձերը, որոնք կ՛ապրին ագարակներու մէջ, ուր կը գտնուին վարակուած թռչուններ, շուտով կը վարակուին այս հիւանդութեամբ, երբ անոնք անմիջական հպում ունենան վարակուած թռչուններուն հետ: Նոյնիսկ ագարակ այցելողներ նոյն ձեւով կրնան շուտով վարակուիլ այս հիւանդութեամբ: Ամէնէն դիւրին փոխանցման ձեւը վարակուած հաւը մորթելն է: Ժահրը կրնայ փոխանցուիլ մարդուն նոյնիսկ մեռած հաւերու եւ ագարակի մէջ գործածուած իրերու դպնալով:

Վարակուող անձը ախտանշաններ կ՛ունենայ, երբ բաւարար քանակութեամբ յարուցիչ ժահրեր կը տեղաւորուին անոր քիթին, բերնին եւ աչքին մէջ: Քիթին եւ բերնին վարակիչ ժահրերը շուտով կը հասնին թոքեր եւ կը պատճառեն թոքերու բորբոքում` թոքատապ:

Թռչուններէ մարդոց եւ մարդէ մարդ փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ անմիջական հպումով-դպչելով եւ օդի ճամբով, այսինքն ժահրը կրնայ տարածուիլ օդին մէջ եւ օդի ներշնչումով յարուցիչ ժահրը մուտք կը գործէ մարդուն քիթին, բերանին եւ աչքերուն մէջ:

Թռչնակրիփը մարդուն մօտ կը յառաջացնէ ինֆլուենզայի նման ախտանշաններ, որոնք կրնան ըլլալ մեղմ-դեդեւ եւ կամ ուժգին-զօրաւոր: Անոր ախտանշաններն են` ջերմութիւն, հազ, կոկորդի ցաւ, մկանային ցաւ, ակնազօդաբորբ (conjunctivitis) եւ շնչառութեան դժուարութիւն:

Առաջին վարակումով անհատը կ՛ունենայ վարակամերժողականութիւն-դիմադրողականութիւն այս ժահրին դէմ եւ, հետեւաբար, ապագային ան երկրորդ անգամ վարակում չ՛ունենար:

Թռչնակրիփով վարակուած անձը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ` թոքատապ  եւ շնչահեղձութիւն, խռչափողատապ եւ ձայնի խռպոտութիւն, փորի ցաւ եւ փորհարութիւն, փսխունք, նեարդային-ջղային փոփոխութիւններ, մարմնական ցնցումներ, մտային խանգարումներ եւ նոյնիսկ մահ:

Մարդկային թռչնակրիփի ախտաճանաչումին համար խիստ կարեւոր է վարակուած անձին պատմականը, այսինքն` անոր ասպարէզը, գործը, կեցութեան վայրը, ագարակ այցելած ըլլալը, հաւերու հետ հպում ունեցա՞ծ է եւ կամ հաւ մորթա՞ծ է: Ախտաճանաչումը կը կայանայ յարուցիչ ժահրին յայտնաբերումով վարակուած անձին քիթի եւ բերանի հեղուկներուն եւ մասնաւորապէս լորձունքին մէջ: Անշուշտ կը կատարուին արեան որոշ քննութիւններ եւ թոքերու նկարումներ:

Այս հիւանդութիւնը կը դարմանուի յատուկ հակաժահրային դեղերով: Թոքատապի պարագային կը գործածուին նաեւ հարկաւոր դեղեր:

Մարդկային թռչնակրիփը կարելի է կանխարգիլել նախազգուշական միջոցառումներով, պարզապէս` վարակուած ագարակներ չայցելելով եւ վարակուած հաւերէ հեռու մնալով:

2003-էն ետք թռչնակրիփը պատահած է շատ մը երկիրներու ագարակներու մէջ: Այս թուականէն ետք, համաձայն Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան, մարդկային թռչնակրիփը յայտնուած է հետեւեալ երկիրներու մէջ` Քանատա, Անգլիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան, Չինաստան, Հոնկ Քոնկ, Միացեալ Նահանգներ, Հոլանտա, Իրաք, Եգիպտոս, Քամպոտիա, Թայլանտ, Վիեթնամ եւ Ինտոնեզիա:

2004-ին Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգին մէջ 42 ագարակներու մէջ պատահած են թռչնակրիփի յայտնաբերումներ: Այս պատճառով պետութեան որոշումով ոչնչացուած են 17 միլիոն հաւեր: 2015-ին դարձեալ Քանատայի կարգ մը ագարակներու մէջ տեսնուած են թռչնակրիփի պարագաներ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ 2014-15 տարեշրջանին 21 նահանգներու ագարակներուն մէջ տեսնուած են անակնկալ մեծ թիւով պարագաներ:

Լիբանանի ագարակներէն մէկուն մէջ 2016-ին ոչնչացուած են 35 հազար հաւեր, որովհետեւ հոն յայտնաբերուած են թռչնակրիփի պարագաներ:

Թռչնակրիփը կը ստեղծէ տնտեսական մեծ վնասներ այն երկիրներու մէջ, ուր ան համաճարակի ձեւով կը յայտնուի ագարակներու մէջ: Միլիոնաւոր հաւեր կ՛ոչնչացուին, որպէսզի մարդկային թռչնակրիփի պարագաներ չպատահին եւ անոր տարածումը եւ փոխանցումը այլ ագարակներ տեղի չունենան:

 

 

Մոնրէալ, 20 հոկտեմբեր 2016

Նախորդը

Յուշատետր. Փորձանքին Քովէն Անցնիլ

Յաջորդը

Վիգէն Դարբինեանի «Վերադարձը»

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?