Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Մահուան 20-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Փետրուար 2, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական ազգային հանդէսին, երեքշաբթի, 31 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի մահուան 20-րդ տարելիցին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Ծաղիկ» գրական հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան նկատել տուաւ, որ մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան աւելի քան կէս դար իր հայրենասէր առաքելութեամբ ծառայած է լիբանանահայ համայնքին հանդիսանալով ո՛չ միայն հայ կարկառուն դէմք մը, այլ նաեւ լիբանանեան քաղաքական անուանի դէմքերու ու լիբանանեան ընկերային կեանքին մէջ բոլորին կողմէ սիրուած, յարգուած, մեծարուած անձնաւորութիւն մը: Յ. Տիւնեայեան նաեւ յայտնեց, որ սոյն յուշ-երեկոյին առիթով մեթր Սեդրակեանի կինը` Մարլեն Մելքոնեան-Սեդրակեան Միացեալ Նահանգներէն ուղարկած է ողջոյնի գիր ու գնահատանք, նաեւ Սեդրակեանի աշակերտներէն Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեան իր կարգին փոխանցած է ողջոյնի գիր ու գնահատանք:

Այնուհետեւ տեսերիզի ընդմէջէն ցուցադրուեցան մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի ձայնէն յորդող, տպաւորիչ եւ ջերմ խօսքեր, որմէ ետք Յ. Տիւնեայեան կարդաց ողջոյնի գիրերը:

Օրուան բանախօսն էր երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Բ. Թորոսեան, որ իր նիւթը ներկայացուց «փաուըր փոյնթ»-ով: Ան նկատել տուաւ, որ պատմութիւնը միայն պատերազմներու եւ յաղթանակներու մասին չէ, այլ նաեւ մարդոց մասին,  որոնք կարեւոր հետք ձգած են իրենց ետին,  աւելցնելով, որ լիբանանահայ գաղութը մեծ բան կը պարտի մեթր Սեդրակեանին:

Բանախօսը իր ներկայացման ընդմէջէն անդրադարձաւ մեթր Սեդրակեանի ծնունդին, Եոզկաթի մէջ, 1916-ին, անոր ընտանեկան կեանքին, ուսանողական տարիներուն: Բանախօսը նաեւ ըսաւ, որ մեթր Սեդրակեան եղած է ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի համալսարանականներու ուսանողական միութեան հիմնադիրներէն: Ան նաեւ  1946-1948 տարիներուն կարեւոր ներդրում ունեցած է ներգաղթի մէջ, երբ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն մեծ թիւով ընտանիքներ

ներգաղթեցին Հայաստան: Թորոսեան անդրադարձաւ նաեւ մեթր Սեդրակեանի` ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի շրջանակներուն մէջ ունեցած ներդրումին` աւելցնելով, որ ան կարեւոր գործունէութիւններ ունեցած է լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Թորոսեան խօսեցաւ մեթր Սեդրակեանի նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւններուն, անոր պարգեւատրումներուն, ստացած գնահատագիրներուն եւ մետալներուն, նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններու անոր հանդէպ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:

Բանախօսութեան աւարտին Յակոբ Տիւնեայեան յուշանուէր մը յանձնեց Պետրոս Բ. Թորոսեանի` առ ի գնահատանք անոր ազգային հասարակական կեանքին մէջ ունեցած գործունէութեան:

Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Թուխիկ Աւետիսեան, որ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ մարդ էլ» քերթուածները:

Աւարտին Յակոբ Տիւնեայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն յուշ-երեկոյի յաջողութեան:

Նախորդը

Քրիսթիան Տիորի Անժամանցելի Խորհուրդները

Յաջորդը

Յուշատետր. Փորձանքին Քովէն Անցնիլ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?