Արմենակին Ըսած Են` Որ «Հայրենիքը Կնոջ Պէս Է, Պէտք Է Սիրես Հոն Երթալու Համար»
ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա Բեւեռային ցուրտ է: Քաջերն անգամ հացի համար տունէն դուրս չեն գար: Աստ եւ անդ քաղաքական թատրոն կայ: Նախագահ ըլլալու ծարաւիներ: Ամերիկան նախագահ ընտրեց, մէկուն յոյս ներշնչող, միւսին` զայրոյթ: Ահաբեկչութեան սարսափ կայ: Եւ ինչե՜ր: Կայ տագնապող Կեդրոնականցին: Եթէ հեռատեսիլի կայան ունենար, նորոյթ բառով «փիփըլ» առաքեալ կ՛ըլլար եւ հայոց հոգիները կը փրկէր: Եթէ լսող գտնէր: Եկաւ: Ձեռքերը դրաւ...
















