Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթանակած Հալէպ

Փետրուար 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ

Յունուար 4-8, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Բերիոյ թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան առթիւ բախտը ունեցայ գտնուելու Հալէպ: Իրականութեան մէջ առաջին անգամ էր, որ կ՛այցելէի Հալէպ եւ, այսպէս ըսած, անոր ոսկեայ օրերուն մասին միայն լսած էի: Վերջին տարիներուն հետեւելով պատերազմին ստեղծած մարդկային տեղաշարժին եւ քանդումին` կ՛ենթադրէի տեսնել ուրիշ վիճակ եւ կացութիւն:

Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հալէպը միշտ լուսարձակներու տակ էր: Իբրեւ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք` ան ահաբեկչական խումբերու գլխաւոր թիրախներէն մէկն էր: Անոնք բազմաթիւ անգամներ յարձակումներ գործելով` փորձեցին իրենց հսկողութեան տակ պահել զայն: Առաջին հերթին, անոնք յաջողեցան Հալէպ նահանգի մէկ կարեւոր մասը գրաւել եւ յետոյ մուտք գործեցին Հալէպ քաղաքը:

Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայութիւնն ալ անմասն չմնաց այս պատերազմէն: Հայու անբախտ ճակատագիրը անգամ մը եւս ի յայտ կու գար եւ այս պարագային կը հարուածէր սփիւռքի հիմնական գաղութներէն` հալէպահայութիւնը: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հալէպ հաստատուած հայութիւնը կ՛ապրէր բարօր կեանք` ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային եռուզեռով: Սակայն պատերազմին ստեղծած պայմանները պատճառ դարձան, որ շատեր կորսնցնեն իրենց հարազատները, բնակարաններն ու գործատեղիները:  Հայոց նահատակներու փաղանգին մէջ աւելցաւ նոր խումբ մը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկած նահատակներու նման, հայութեան շահը գերադասելով անձնական շահին, լծուեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան աշխատանքին:

Ազգապատկան կալուածներն ալ անվնաս չմնացին` եկեղեցիներ, դպրոցներ, կեդրոններ եւ ակումբներ դարձան անապահով եւ հրթիռարձակման թիրախ: Այս կացութիւնը պարտադրեց  ազգային եւ եկեղեցական կեանքը սահմանափակել համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններու մէջ: Մեծ թիւով հալէպահայեր ստիպուած լքեցին իրենց տուները եւ անգամ մը եւս բռնեցին «գաղթականութեան» ճամբան: Մաս մը մնաց Սուրիա եւ փոխադրուեցաւ աւելի ապահով շրջաններ, այլ մաս մը ապաստանեցաւ Հայաստան եւ Լիբանան, իսկ այլ մաս մըն ալ գնաց դէպի ամերիկեան ցամաքամաս:

Այս մարդկային տեղաշարժը հաւանաբար պատերազմին պատճառած մեծագոյն վնասն էր թէ՛ հալէպահայութեան եւ թէ՛ համայն սփիւռքահայութեան: Վնաս մը, որ նիւթական կորուստէն աւելի ծանրակշիռ է, եւ որուն հետեւանքները, իբրեւ հայութիւն, պիտի կրենք յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Հակառակ այս բոլորին, 2016-ի վերջին ամիսներու սկիզբ առած Սուրիոյ բանակին ազատագրման յարձակումը արագօրէն տուաւ իր արդիւնքները, եւ դետկեմբերի կիսուն վիրաւոր Հալէպը ազատագրուեցաւ… Եւ հալէպահայութիւնը յաղթեց:  Յաղթեց` շնորհիւ նախ այն անսակարկ տղոց, որոնք գիշերը ցերեկին խառնելով` պաշտպանեցին թաղերը, հիւանդներուն դեղորայք հայթայթեցին, անօթիին հաց եւ ծարաւին ջուր, ապա` շնորհիւ ամբողջ հայութեան, որ առաջին օրէն իսկ թիկունք կեցաւ հալէպահայութեան` գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Ազատագրումէն ետք, բնական երեւոյթով, վեհափառ հայրապետը որոշեց Սուրբ Ծննդեան պատարագը մատուցել Հալէպի մէջ: Հալէպ այցելութեան առաջին կանգառը եղաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ուր ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ կը սպասէր վեհափառին: Եւ ահա` ինծի համար առաջին անակնկալը: Լրատուական միջոցներէն տեսած էի, որ Հալէպը փլատակ է եւ` լսած, որ պարպուած է հայութենէ: Բայց պատկերը տարբեր էր: Հալէպահայութիւնը ողջ է եւ տակաւին կ՛ապրի: Այդ օրը վեհափառին այցելեցին Հալէպի իսլամ եւ քրիստոնեայ համայքներու բարձրաստիճան կղերականները եւ բոլորն ալ գովասանքով արտայայտուեցան հալէպահայութեան մասին:

Յաջորդ օրը, Սուրբ Ծննդեան պատարագին եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր եւ, հակառակ սաստիկ ցուրտին` եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն մը: Պատարագէն ետք վեհափառը ընդունեց ժողովուրդը եւ ապա` Հալէպի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուները: Օրուան աւարտին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին` Հալէպի վերշինութեան կոչը, որ հիմնաքարը պիտի ըլլայ Հալէպի ապագային:

Երրորդ օրը կարելի է համարել այցելութեան կարեւորագոյն օրը:  Յաջորդաբար այցելեցինք Հալէպի ամէնէն աւելի վնասուած վայրերը: Հին Հալէպի մէջ գտնուող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը բաւական ծանր հարուածներ ստացած են: Եկեղեցւոյ գմբէթը ռմբակոծուած է, իսկ առաջնորդարանի գրադարանը` ամբողջովին հրկիզուած եւ քանդուած: Հարկ է նշել, որ ազատագրումէն ետք առաջին այցելողներն էինք եկեղեցի եւ առաջնորդարան: Հին Հալէպէն ետք յաջորդաբար այցելեցինք Օմայատներու մզկիթը, որ իսլամական աշխարհի մեծագոյն եւ հնագոյն մզկիթներէն մէկն է, նաեւ` Հալէպի պատմական բերդը: Մզկիթը երկու անգամ կողոպտուած է ահաբեկիչներուն կողմէ, եւ գողցուած թանկարժէք իրերուն մէկ մասը հասած է Թուրքիա:

Յաջորդ հանգրուանը հայկական Նոր Գիւղն էր: Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ՍՕ Խաչի բժշկական կեդրոն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Նոր Գիւղի ամենաշատ վնասուած հայկական շրջաններէն է: Դէպքերու առաջին օրերէն սկսեալ, անապահով կացութեան պատճառով բոլոր հաստատութիւնները մնացած են փակ, իսկ ժողովուրդը` տեղափոխուած: Առիթը օգտագործելով` ահաբեկիչները մուտք գործած են Սուրբ Գէորգ եկեղեցի եւ` ներսէն ամբողջովին հրկիզած: Թէեւ ազատագրումէն հազիւ անցած էր քանի մը շաբաթ, սակայն արդէն եռուզեռը սկսած էր ամայի դարձած այդ թաղերուն մէջ:

Իսկապէս Հալէպը եւ մասնաւորաբար հալէպահայութիւնը յաղթանակած է: Յաղթած է ահաբեկչութեան, վախին, վտանգին եւ սարսափին:

Առիթը ունեցայ գտնուելու «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի եւ ՀՄԸՄ-ի պարտէզի մէջ: Հոն կեանքը բնականոն է: Ընտանեկան եւ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէ: Տարօրինակ կենսունակութիւն մը գոյութիւն ունի հոն: Կարծէք բոլորը պատերազմին կ՛ըսեն. «Մենք յաղթեցինք»: Տնտեսական տագնապը եւ անգործութիւնը ծանր կը կշռէ բոլորին վրայ, բայց կարծես շրջանցած են այդ մէկը եւ քեզ կը հիւրասիրեն սրտբացօրէն: Բոլորը ժպտերես կը պատմեն պարտերազմի ընթացքին պատահած դէպքերու մասին: Թէեւ այդ դէպքերը ուրախանալի չեն, սակայն հալէպահայը զանոնք կը ներկայացնէ յաղթականի ոգիով: Վերջապէս, ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ պահակ տղաքը: Այս սաստիկ ցուրտին, անոնք ամբողջ օրուան ընթացքին, գիշեր թէ ցերեկ կը մնան իրենց դիրքերու վրայ` ուրախ եւ հպարտ: Անոնք ոչ միայն կ՛ապահովեն ֆիզիքական անվտանգութիւնը, այլ նաեւ ճամբէն անցնողին կու տան հոգեկան հանգստութիւնը, որ «Մեր տղաք»-ը կազմ ու պատրաստ են:

Այս է հայութեան ճակատագիրը: Դիմագրաւել ահաւոր վտանգներ, կենաց մահու պահեր եւ ամէն անգամ յարութիւն առնել, ապրիլ եւ գոյատեւել:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Սահմանագիծին Վրայ Թուրքիոյ Կառուցած «Ամօթի Պատը»

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?