
Երեքշաբթի, 24 յունուար 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ յատկացուած պարգեւներու տուչութիւն` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող երկու ուսուցիչներու, ի յարգանս անոնց վաստակին ու դաստիարակչական ներդրումին:
Պարգեւատրուող ուսուցիչներն էին
Պարոյր Աղպաշեան` «Մայրենի դեսպան» շքանշանով ու վկայագիրով եւ Նորայր Պաղտասարեան` «Երախտագիտութեան» շքանշանով ու վկայագիրով:


