Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ոչ Առարկայական Զեկուցում Մը

Փետրուար 2, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

31 հոկտեմբեր 1940-ին Վենտել Ուիլքիի (1940-ին Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու) եւ օրին Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին եղող Էլիոնոր Ռուզվելթի կողմէ հիմնուած ուաշինկթընեան «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց 2016-ի վերաբերող իր «Ազատութիւնը աշխարհի վրայ 2017» զեկուցումը, որուն մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները յաջորդաբար ստացած են առաւելագոյն 100 կէտերէն 45 եւ 33 կէտերը:

Մեր երկու հանրապետութիւններուն կողքին «Մասնակի ազատ» երկիրներու շարքին դասուած է Թուրքիան, որ զեկուցումին համաձայն, վերջին 5 տարիներուն ընթացքին աշխարհի վրայ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու առումով մեծագոյն նահանջը արձանագրած երկիրը ըլլալով հանդերձ, ապահոված է 53 կէտ եւ գրաւած հայկական հանրապետութիւններէն աւելի բարձր դիրք մը:

Իրողութիւններուն անծանօթ անձ մը այս զեկուցումը կարդալէ ետք կրնայ մտածել, թէ մեր երկու հանրապետութիւններուն իրավիճակը այնքան վատ ըլլալու է, որ Թուրքիան, հակառակ վերջին 5 տարիներուն ընթացքին մեծագոյն նահանջը արձանագրած երկիրը ըլլալուն, տակաւին յարաբերաբար աւելի լաւ վայր մը կը մնայ, քան Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը: Սակայն երբ պահ մը աչքէ անցընէ 2016-ի իրադարձութիւնները, անոր թիւր տպաւորութիւնը իսկոյն կը չքանայ:

Անցեալ տարուան 17 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Էրեբունիի պարեկապահակային կեդրոնի բռնագրաւումը, որ աւարտեցաւ 14 օր ետք` 31 յուլիսին, սակայն  15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք ընթացք առաւ «վհուկներու որս» մը, որ կը յամենայ: 94,867 պետական պաշտօնեաներ կիւլենական ըլլալու մեղադրանքով գործէ արձակուած են, տասնեակ հազարաւոր ուսուցիչներ, ակադեմականներ, բանակայիններ, ոստիկաններ եւ դատաւորներ նոյն մեղադրանքով գործէ արձակուած են, բազմաթիւ լրագրողներ ձերբակալուած են եւ պատկերասփիւռի կայաններ ու թերթեր փակուած,  քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան տասնեակէ մը աւելի երեսփոխաններ ձերբակալուած են:

Այս բոլորը արդեօք իրապէս վրիպա՞ծ է «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի զեկուցումի հեղինակներուն ուշադրութենէն: Դժուար, թէ այդպէս եղած ըլլայ: Իսկ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ զգայացունց միակ զարգացումը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն էր, որուն մէջ նախայարձակը Ազրպէյճանն էր: Արդեօք պատերազմի դաշտին վրայ հայկական կողմին արձանագրած յաջողութի՞ւնն է պատճառը, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները աւելի խիստ գնահատականներ ստացած են, քան բռնատիրութեան մութ ամպերով կուտակուած Թուրքիան:

Յամենայն դէպս, պարզ տրամաբանութիւնն իսկ ցոյց կու տայ, թէ հանրութեան ներկայացուածը ոչ առարկայական զեկուցում մըն է:

 

Նախորդը

Վեր. Հայտոսթեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

«Սի.Այ.Էյ.»-ը Համացանցի Վրայ Տեղադրած Է Իր 50-Ամեայ Գործունէութիւնը Ընդգրկող Փաստաթուղթեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?